Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Աչք մը նետեցէք նկարին վրայ եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը շատ բան կը բացայայտէ ձեր մասին:

Թութակ

Թութակը կը խորհրդանշէ հոգիի ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը: Ձեր հոգին բոցավառ է եւ մարդիկ կը ձգտին դէպի այդ լոյսը: Բարեկամներով շրջապատուած, սիրուած եւ փնտռուած անձ էք:

Արմաւենի

Դուք արձակուրդի մասին կը մտածէք, ձեր նախասիրած վայրը ծովափն է, դուք «ամառ-մարդ» էք: Ձեզի անհրաժեշտ են` արեւ, լոյս, ջերմութիւն, կանաչ աշխարհ եւ մանաւանդ` ուրախ մթնոլորտ:

Ձեռք

Դուք կը սիրէք առաջնորդ, ղեկավար, «թագաւոր» ըլլալ: Կ՛ուզէք ամէն բան ձեր ձեռքերուն մէջ պահել, ամէն բան ղեկավարել: Դուք ի ծնէ ունիք ղեկավարի արժանիքներ եւ բոլոր տեսակի գործերը գլուխ կը հանէք:

 

Գեղեցիկ Երեւելու
Եօթը Պարզ Կանոններ

«Գեղեցիկ ըլլալու համար նախ պէտք է սկսիլ ներաշխարհէն եւ սիրտէն», ըսած է Գօգօ Շանել: Իրապէս, որքան ալ մեծ ազդեցութիւն ունին թանկարժէք միջոցներն ու հագուստը մարդու արտաքին տեսքին վրայ, այսուհանդերձ, իրական գրաւչութեան, գեղեցկութեան եւ խնամուած արտաքին ունենալու համար բաւարար է իմանալ քանի մը պարզ եւ ոչ թանկարժէք կանոններ:

Մաքրութիւնը գեղեցկութեան յենասիւնն է

Թափթփած տեսքը, գէշ յարդարուած մազերը, քրտինքի անախորժ հոտը, չխնամուած եղունգները մեր ներաշխարհի արտացոլումն են: Ժամանակ յատկացնենք լոգանքին, մաքուր եւ խնամուած պահենք մազերը, չանտեսենք ակռաներու եւ եղունգներու մաքրութիւնը… Այս բոլորը մեզմէ օրական հազիւ թէ մէկ ժամ ժամանակ խլեն, բայց գեղեցկութեան իմաստով մեզ քանի մը քայլ առաջ կը տանին:

* * *

Խնամուած արտաքին տեսքը

Խնամուած մաքուր եւ թարմ մորթ ունենալու համար պայման չէ մեծ գումարներ ծախսել: Մենք յաճախ կը դիմենք ծանօթ վաճառանիշով, սուղ արտադրութիւններու, մինչեւ տունը պատրաստուող դէմքի ծեփուկները հրաշք կը գործեն:

Հետեւաբար հոգ տանինք մեր դէմքի մորթին, օգտագործենք տնային պայմաններու մէջ պատրաստուող ծեփուկներ եւ յիշենք, որ թարմ տեսքով մորթը եւս գեղեցկութեան նախապայմաններէն մէկն է:

* * *

Առողջ կենսակերպը

Առողջ կենսակերպը լաւ ինքնազգացողութեան գրաւականն է, իսկ լաւ ինքնազգացողութիւնը` գեղեցկութեան անհրաժեշտ պայմանը:

Հետեւաբար հրաժարինք վնասակար ուտելիքներէն, լրջօրէն մտածենք մարզանքի մասին, մաքուր օդ շնչենք:

* * *

Ուղիղ կեցուածքն ու գեղեցիկ քալուածքը

Ուղիղ կեցուածքն ու գեղեցիկ քալուածքը շատ կարեւոր են արտաքին տեսքին համար: Ճիշդ ձեւով քալելու համար փորձենք քալել մեր գլխուն ծանր գիրք մը դրած: Գիրքը մեր գլխուն վրայ կը մնայ միայն այն պարագային, երբ մենք ուղիղ եւ ճիշդ կեցուածք ունենանք…

* * *

Սեփական ոճը

Պարտադիր չէ ծանօթ վաճառանիշով, սուղ հագուստ կրել` սեփական ոճը ընդգծելու համար: Քանի մը դասական կտոր եւ մեր ճաշակին համապատասխանող աքսեսուարներ բաւական են մեր սեփական ոճը ստեղծելու համար:

* * *

Ժպիտը

Բնական ժպիտը միշտ գրաւիչ է, անիկա յաւելեալ գեղեցկութիւն կու տայ դէմքին եւ դրական ազդեցութիւն կը գործէ մեր խօսակիցին վրայ:

* * *

Չափի զգացումը

Չափաւորութիւն` ամէն բանի մէջ. ա՛յս է վայելչութեան երաշխիքը. պարզութիւն` հագուստի, դիմայարդարման, խօսելու եւ խնդալու պարագային:

 

Գեղեցկութեան Երեք
Բնական Հնարքներ

Սեւ կէտերէն ձերբազատելու համար…

Քիթին եւ ծնօտին վրայի սեւ կէտերը շատ անախորժ են, անոնցմէ ձերբազատելու համար փորձեցէք հետեւեալ հնարքը.

Իրարու հետ խառնեցէք 1 ապուրի դգալ գաղջ ջուր, 1 ապուրի դգալ ալիւր եւ 1 ապուրի դգալ մեղր: Բամպակը թաթխեցէք այս խառնուրդին մէջ եւ դրէք ձեր քիթին, ծնօտին վրայ. սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա լուացուեցէք:

* * *

Գեղեցիկ անութներու համար…

Դուք կրնաք աւելի բանալ ձեր անութներուն մորթին գոյնը` պարզապէս հում գետնախնձոր օգտագործելով: Առէք կեղւուած մաքուր գետնախնձոր մը, զայն քերոցէ անցուցէք եւ ստացուած թանձրուկը դրէք անութին վրայ: Սպասեցէք կէս ժամ, ապա լուացուեցէք: Կրկնեցէք շաբաթը 2-3 անգամ:

* * *

Փափուկ կրունկներու համար…

Ձեր կրունկները տեւաբար փափուկ պահելու համար օգտագործեցէք հետեւեալ խառնուրդը:

Կէս բաժակ սոտային աւելցնել 2 բաժակ գաղջ ջուր եւ 1 բաժակ քացախ. խառնել միատարր` նիւթ մը ստանալու համար: Կրունկները դրէք այդ լուծոյթին մէջ, սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք եւ ցամքեցուցէք զանոնք: Յետոյ օգտագործեցէք խոնաւցնող եւ սնուցող սեր մը:

 

Նորաձեւութիւն

Այշա Քատիրովի Հարսանեկան
Հագուստներու Հաւաքածոն

Չեչենիոյ նախագահ Ռամզան Քատիրովի 18 տարեկան դուստրը` Այշան, վերջերս Կրոզնիի մէջ ներկայացուց իր առաջին հաւաքածոն` նուիրուած մահմետական հարսնցուներուն:

Ձեռնարկին ներկայ էին նորաձեւութեան աշխարհի ռուս եւ օտար ներկայացուցիչներ:

Երիտասարդ ձեւագիտուհին ներկայացուց հարսանեկան 30 հագուստներ, որոնք, հօրը խօսքերով, «մէկական գլուխ գործոցներ» էին…

Հագուստներու իրականացման համար օգտագործուած էին` թաւիշը, մուսլինը, մետաքսը, ժանեակը եւ կիսաթանկագին քարեր:

Այշան, որ ներկայիս ստանձնած է «Ֆըրտաուս» նորաձեւութեան տան պատասխանատուութիւնը, նոյն ձեռնարկին առիթով նաեւ ներկայացուց հարսանեկան յատուկ նոր օծանելիք մը:

Ստորեւ քանի մը նմուշ` վերոյիշեալ հարսանեկան հագուստներէն:

 

Խոհագիր

Գետնախնձորով Թորթիլլա

Բաղադրութիւն 8 անձի համար

– 1 քիլօ գետնախնձոր
– 6 հաւկիթ
– 3 սոխ
– 1 ապուրի դգալ կաթ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
–  Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Խորունկ տապակի մը մէջ տաքցնել ձէթը եւ մէջը դարձնել մանրուած սոխը, մինչեւ որ շէկ գոյն ստանայ: Աւելցնել խորանարդաձեւ կտրտուած գետնախնձորը: Խառնուրդը եփել, մինչեւ որ գետնախնձորը փափկանայ եւ ոսկեգոյն դառնայ:

Առանձին ամանի մը մէջ խառնել` հաւկիթը, կաթը, աղն ու սեւ համեմը:

Առնել հաստ յատակով եւ չփակչող տապակ մը, կրակին վրայ տաքցնել եւ անմիջապէս լեցնել գետնախնձորներն ու հաւկիթով խառնուրդը:

Երբ օմլեթին մէկ երեսը եփի ու կարմրի, խոշոր ամանի մը օգնութեամբ զայն շրջել եւ երկրորդ երեսն ալ եփել:

Այս համեղ թորթիլլային կողքին հրամցնել ճոխ աղցան մը:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ուսուցիչ Ըլլալ

Ուսուցիչ ըլլալ
եւ սորվիլ ուզող ուղեղներէն ներս
նոր գիտելիքներ ներմուծել ջանալ
փորձե՞ր էք բնաւ

Չէք գիտեր ինչ խոր հաճոյք է – կը զգաք
Հեղ մը որ համը առիք – այրեցա՜ք –
Չէք կրնար դիւրաւ պրծիլ ազատիլ
Ձեզի ո՞վ ըսաւ ուսուցիչ ըլլաք

Ձեր ու սան կոչուած
Այդ փայլուն աչքով դէմքերուն միջեւ
Սիրոյ կամուրջ մը կը շինուի տակաւ
– Ա՛լ ուրիշ ճամբայ չկայ ձեր առջեւ
թակարդը ինկաք
Կը դառնաք դառնաք ու նորէն հոն էք

Փորձե՞ր էք բնաւ
Նոր գիտելիքներ ներմուծել ջանալ
Բան սորվիլ ուզող ուղեղներէն ներս
Սիրոյ կամուրջէն անցե՞ր էք բնաւ

ԶԱՀՐԱՏ

«ՄԱՂ մը ջուր» հատորէն
Պոլիս, 1995

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles