Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծնած են ու կ՛ապրին արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՛անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ` «պահուըտած» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:
Ծանօթանանք անոնցմէ մէկ քանիին, քանի որ մեզի պատմելու շատ բան ունին:
Հայ նշանաւոր քանդակագործ եւ նկարիչ Երուանդ Քոչարը, որ ստալինեան բռնապետութեան զոհերէն էր, լաւ գիտէր ազատութեան գինը: Ան «Պիպլիական Դաւիթ»-ը քանդակեց Ստալինի մահէն անմիջապէս ետք, 1953-ին:
«Պիպլիական Դաւիթ»-ը երկար տարիներ մնաց Քոչարի աշխատանոցը եւ 56 տարի ետք, 27 հոկտեմբեր 2009-ին, հինգ անգամով մեծցուած տարբերակը տեղադրուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին բակը` ի յիշատակ 1999-ի 27 հոկտեմբերի ոճրագործութեան զոհերուն, յուշաքարի փոխարէն:
Թէեւ արձանը զոհուածներուն նուիրուած չէր, բայց իր մէջ ունի խոր ցաւ, վիշտ, կորուստ…
«Պիպլիական Դաւիթ»-ը կը խորհրդանշէ չարի եւ բարիի պայքարին մէջ բարիին յաղթանակը: Անիկա նաեւ իւրատեսակ կոչ է, որ չարը նոյնպէս յաւերժական է, եւ պէտք է զգօն ըլլալ:
«Ժամանակակից աշխարհի մարդկութեանը սպառնացող մարտահրաւէրներէն է ահաբեկչութիւնը, զոր պէտք է արմատախիլ ընել, ինչպէս չարը` առհասարակ», կ՛ըսէ Երուանդ Քոչարի թանգարանի տնօրէնուհի Լալա Քոչարը:
Առողջապահական
6 Համոզիչ Պատճառներ`
Կասիա Գործածելու Համար
Չիները արդէն իսկ 3000 տարի առաջ ծանօթ էին կասիային: Յետոյ անոր գործածութիւնը քիչ-քիչ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Կասիան որպէս բուրաւէտ համեմ` առաւելաբար կ՛օգտագործուի աղանդերներու եւ տաք գինիներու պատրաստութեան մէջ:
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ կասիան ունի բուժիչ յատկութիւններ, հետեւաբար թելադրելի է, որ անիկա յաճախ օգտագործենք խոհանոցին մէջ` օգտուելու համար անոր 6 անփոխարինելի բարիքներէն:
– 1 –
Կասիան կը խթանէ մարմնի դիմադրականութեան գործընթացը: Ձմեռնամուտին թելադրելի է կասիայով համեմուած տաք խմիչքներ օգտագործել` հարբուխէ եւ կրիփէ պաշտպանուելու համար:
– 2 –
Կասիան կը բալերաւէ մարսողական դրութիւնը: Անիկա նաեւ կը դարմանէ` ստամոքսի ցաւը, փորհարութիւնը, սրտխառնուքն ու փսխուքը:
– 3 –
Կասիան կ՛աշխուժացնէ ուղեղը, նաեւ զայն կը պաշտպանէ Փարքինսըն եւ Ալզայմըր հիւանդութիւններէն:
– 4 –
Կասիան նաեւ կը կարգաւորէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ:
– 5 –
Կասիան նաեւ կը պայքարի յոգնածութեան դէմ. ան կը պաշտպանէ թոյլ եւ տկար զգացողութիւններէն:
– 6 –
Կասիան հզօր անթիօքսիտան մըն է. անիկա կը պայքարի կանխահաս ծերութեան եւ վատառողջ բջիջներու զարգացման դէմ:
Ուղեղը աշխուժացնող տաք խմիչք
– 1 գաւաթ ջուր (250 մլ)
– 1 թէյի դգալ փոշի կասիա
– Կէս թէյի դգալ քրքում
– 1 թէյի դգալ մեղր
Պատրաստութիւն
Ջուրը եռացնել, աւելցնել կասիան եւ քրքումը: Կրակին վրայէն վերցնել եւ ձգել քառորդ ժամ: Հեղուկը քամոցէ անցընել, գաւաթի մէջ լեցնել եւ աւելցնել մեղրը:
Բուրաւէտ եւ համեղ այս խմիչքը կարելի է օգտագործել նախաճաշին կամ ճաշի ժումէն ետք:
Ինչպէ՞ս Խնամենք
Կաշի Պայուսակները
Որպէսզի մեր թանկարժէք կաշի պայուսակը երկար ժամանակ պահէ իր թարմութիւնը, ընդամէնը 4 բան հարկաւոր է:
– Առաջին` մաքրել զայն:
Փափուկ լաթի կտորով մը պէտք է յաճախակի մաքրենք զայն, յատկապէս` փոշիէն:
– Երկրորդ` «սնուցանել» զայն:
Բոլորս ալ ծանօթ ենք կօշիկներուն թարմ տեսք եւ փայլք տուող անգոյն ծեփուկներուն: Անոնցմէ ընտրենք որակեալը եւ ամսական դրութեամբ օգտագործենք մեր սիրելի պայուսակին նոր տեսք եւ փայլք տալու համար: Ծեփուկը տարածենք փափուկ լաթի մը միջոցով եւ համաչափ շարժումներով, ապա դարձեալ փափուկ խոզանակի մը միջոցով փայլեցնենք կաշին:
– Երրորդ` ջուրէն պաշտպանել:
Անձրեւը, խոնաւութիւնը մեծ աւեր կը գործեն որակեալ կաշի պայուսակին, հետեւաբար, ինչպէս կօշիկները, պայուսակները եւս պէտք է պաշտպանել անջրանցիկ նիւթով մը:
– Վերջապէս չորրորդ` ճիշդ ձեւով պահել զայն:
Կաշի պայուսակին մեծագոյն թշնամիներն են` փոշին, խոնաւութիւնը, արեւը… Կաշի պայուսակը պէտք է զետեղել կտորէ պարկի մը, կամ բարձի երեսի մը մէջ եւ տեղաւորել չոր, ապահով դարանի մը վրայ: Որպէսզի անիկա չտափակնայ եւ ձեւը պահէ, կրնանք մէջը թերթ թխմել:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
Որպէսզի շէկ շաքարը չքարանայ եւ պահէ իր փխրուն վիճակը, քանի մը կտոր նարինջի կեղեւ կամ քանի մը շերտ խնձոր դրէք կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշին մէջ:
***
Որպէսզի ձեր սթենլես սթիլ լուացարանը տեւաբար փայլի, զայն յաճախ մաքրեցէք քացախ-ջուրով: Այսպիսով, նաեւ կ՛անհետանան կիրի հետքերը:
***
Մանրալիքին մէջ փիցցա կամ ծոթրինով հաց տաքցնելու ատեն բաժակ մը ջուր զետեղեցէք, որպէսզի անոնք չչորնան, այլ փափուկ եւ հիւթեղ մնան:
***
Որպէսզի ամբողջ ձմեռը ձեռքի տակ ազատքեղ, անանուխ, կանաչ ծոթրին եւ խնկունի ունենաք, զանոնք մանրեցէք եւ սառոյցի կաղապարներուն մէջ լեցուցէք` վրան առատ ձէթ աւելցնելով: Սառելէ ետք հանեցէք եւ կերպընկալ տոպրակներու մէջ փոխադրեցէք:
***
Որպէսզի ձեր համակարգիչը չտաքնայ, անոր տակ զետեղեցէք հաւկիթի վերապահուած խոշոր խաւաքարտ մը, եւ հարցը արդէն լուծուած է:
Խոհագիր
Դդումի Մատիկներ
Բաղադրութիւն
– 3 խոշոր դդում
– 2 հաւկիթ
– Կէս գաւաթ կսկուծ
– Քառորդ գաւաթ տաշուած փարմըզան պանիր
– Աղ
– Կարմիր փոշի պղպեղ
– Սեւ փոշի պղպեղ
– Սխտորի փոշի
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Փուռի ափսէն ծածկել յատուկ թուղթով:
Դդումները ձեւաւոր, համաչափ, երկայնքին կտրտել:
Ամանի մը մէջ խառնել կսկուծը, պանիրը եւ համեմները:
Փոս ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները:
Դդումի կտորները նախ թաթխել հաւկիթին, ապա պանիրով խառնուրդին մէջ եւ շարել իւղով ծեփուած թուղթին վրայ:
Դդումները եփել 20-25 վայրկեան. եփի կիսուն զանոնք շրջել եւ շարունակել եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
Հրամցնել տաք վիճակի մէջ, ձեր ճաշակին համապատասխան թացանի մը կողքին:
Բացի փուռին մէջ եփելէ` կարելի է դդումի մատիկները տապկել տաք ձէթի մէջ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Տար Ինձ, Ժամանակ
Առ քո թեւերին, տար ինձ, ժամանակ,
Ես ետ մնալուց շատ եմ վախենում:
Յուշերից որքան հեռու եմ կենում,
Մէկ է, կապում են թեւերս նրանք:
Ակնթարթի մէջ դու կուլ ես տալիս
Այնպիսի մի նոր յաւիտենութիւն,
Որ խօսքս հազիւ հասած բերանիս,
Դառնում է արդէն խորին հնութիւն:
Դուրս հանիր ինձ այս մթին կիրճերից,
Որ քեզ հասկանամ եւ ինձ ճանաչեմ:
Փրկիր ինձ այս խուլ ախ ու ճիչերից,
Տուր ինձ քո ոգին, որ ես շառաչեմ:
Տուր ինձ քո ոգին, որ ես շառաչեմ,
Որ ես դադարեմ հանդարտ հոսելուց,
Ինձնից խօսելուց քեզնից չամաչեմ,
Ինձնից չամաչեմ քեզնից խօսելուց:
Տուր ինձ քո ոգին, քո միտքը ներհուն,
Առ ինձ հանճարեղ քո տարերքի մէջ,
Որ չմոլորուեմ քո ոլորտներում
Եւ իմ հոգու բարդ տիեզերքի մէջ:
Պարզեցրու, զտիր խոհերն իմ խառնակ,
Առ քո թեւ երին, տար ինձ, ժամանակ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ