Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Երեխաներու Դաստիարակութիւն. Ծնողական 6 Սխալներ, Որոնցմէ Պէտք Է Խուսափիլ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բոլոր ծնողները լաւագոյնը կը ցանկան իրենց զաւակներուն, բայց յաճախ ծնողական սէրը կը կուրցնէ, եւ անոնք կը գործեն սխալներ, որոնք երեխան կը դարձնեն կամակոր, քմահաճ եւ ոչ ինքնաբաւ: Ստորեւ` 6 սխալները:

– 1 –

Երկրորդ կերակուր մը պատրաստել երեխային…

Եթէ ամբողջ ընտանիքին համար կերակուր պատրաստուած է, իսկ երեխան կը մերժէ ուտել, պէտք չէ զիջիլ եւ ենթարկուիլ անոր քմահաճոյքին ու երկրորդ կերակուր մը պատրաստել անոր համար: Շատ կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի ուտել մօր կողմէ սիրով եւ հաճոյքով պատրաստուած սննդարար ուտելիքները:

– 2 –

Կոկել երեխային սենեակը…

Սկիզբը ծնողքին օգնութեամբ, ապա երեխան ինքնուրոյն պէտք է կոկէ իր սենեակը: Կանուխէն ան պէտք է վարժուի խաղալիքները հաւաքելու, գիրքերը իրենց տեղերը շարելու, կօշիկները զոյգելու, մահճակալը ծածկելու…

– 3 –

Երեխային փոխարէն կատարել անոր տնային աշխատանքները…

Մեծագոյն սխալն է երեխային տնային աշխատանքները կատարելը. այդպիսով, ան կը զրկուի կեանքի դժուարութիւնները ինքնուրոյն դիմագրաւելու հնարաւորութենէն: Քանի մը միջամտութիւն, ցուցմունք ընդունելի են, բայց դասերը երեխային փոխարէն կատարելը աններելի մեծ սխալ է:

– 4 –

Ծրագրել երեխային օրը…

Պէտք չէ ստիպել երեխային յաճախել այս կամ այն ակումբը, երաժշտանոցը, արուեստի դպրոցը… Յաճախ ծնողները կ՛ուզեն իրենց երեխաներուն միջոցով իրականացնել սեփական անկատար երազանքները: Երեխային համար որեւէ խմբակ ընտրեու ատեն պէտք է նկատի առնել անոր ունակութիւններն ու նախասիրութիւնները:

– 5 –

Հագցնել երեխան…

Խօսքը շատ փոքրերու չի վերաբերիր: Աւելի մեծ տարիքի երեխաները պէտք է հագուին այնպէս, ինչպէս կ՛ուզեն: Հագուստի ընտրութիւնը անհատականութեան զարգացման մէկ դրսեւորումն է:

– 6 –

Լուծել երեխային հարցերը…

Ասիկա ծնողներուն ամենատարածուած սխալն է: Երեխաները պէտք է կարենան իրենց հարցերը լուծել առանց կողմնակի օգնութեան: Այսպիսով, երեխաները կը ծանօթանան կեանքի դժուարութիւններուն, իրենց յարաբերութիւններուն մէջ կ՛երթան փոխզիջումներու, բայց նաեւ կը պաշտպանեն իրենց իրաւունքները:

 

Անյայտ Արձաններ

«Սիրում Է, Չի Սիրում»

Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ «ծնած են» ու «կ՛ապրին» արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՛անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ` «պահուըտած է» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:

Ծանօթանանք անոնցմէ մէկուն, քանի որ մեզի պատմելու շատ բան ունի:

Կը սիրէ, չի սիրեր… Այս յաւերժական հարցումը նաեւ քանդակագործ Թերեզա Միրզոյեանի քանդակին անուանումն է. քանդակը ոչ մէկ պատասխան կը յուշէ, բայց որոշ շունչ կու տայ Աբովեան փողոցին:

Նստած կնոջ կերպարանքով խորհրդանշական քանդակը 1968-ին իր տեղը գտաւ Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ:

«1990-ականներու խաւարի ու ցրտի տարիներին արձանն ուղղակիօրէն ոչնչացուեց: Բարեբախտաբար դրանով չաւարտուեց «Սիրում է, չի սիրում» քանդակի կեանքը: 2012-ին վերականգնեցինք այն: Ճիշդ է` չստացուեց ճիշդ նախկին տեղում, բաց գոնէ հնարաւոր եղաւ հէնց Աբովեան փողոցում տեղադրել: Էրեբունի-Երեւան տօնին հասցնելու նպատակով շտապում էինք եւ լուսաւորութեան եւ հարեւանութեամբ նստարաններ տեղադրելու հարցերը մնացին: Այսօր էլ հարցը դեռ առկախ է», կը պատմէ Թերեզա Միրզոյեանի դուստրը` Անուշ Առաքելեանը:

Կանացի գեղեցկութեան, սիրոյ խորհրդանիշ արձանը Թերեզա Միրզոյեանը քանդակած էր 45 տարեկանին, 1967-ին: Տարի մը ետք, 1968-ին «Սիրում է, չի սիրում» քանդակը ցուցահանդէսի մը ընթացքին արժանացած է գերմանական պատուիրակութեան մը ուշադրութեան, անոնք ուզած են քանդակը գնել եւ իրենց քաղաքներէն մէկուն մէջ տեղադրել, բայց քանդակագործուհին մերժած է եւ փափաքած է, որ անիկա Երեւանի մէջ տեղադրուի:

«Նրա ցանկութիւնը այսօր իրականութիւն է: Այնուամենայնիւ, առաւել հաճելի կը լինէր Երեւանին նուիրուած քանդակը համապատասխան լուսաւորութեամբ եւ միջավայրում տեսնելը», կ՛աւելցնէ Անուշ Առաքելեանը:

Թերեզա Միրզոյեան (1922-2016)

Ծնած է 11 օգոստոս 1922-ին Վանաձոր: Աւարտած է Թիֆլիսի Անդրկովկասեան ճարտարապետութեան ուսումնարանը, 1946-ին` Գեղարուեստի ակադեմիան:

1968-էն սկսեալ դասաւանդած է Երեւանի գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ:

Միրզոյեանի արուեստին մէջ կը գերակշռեն սիրոյ, մայրութեան եւ գարնան թեմաները: Անոր գործերը ցուցադրուած են` Ռուսիոյ, Վրաստանի, Պուլկարիոյ, Լիբանանի, Լեհաստանի, Գերմանիոյ, Մ. Նահանգներու եւ Ռումանիոյ մէջ:

Միրզոյեանի գործերէն են նաեւ` «Ջուլհակուհին» (զետեղուած` Գիւմրիի մէջ), Յունան Աւետիսեանի կիսանդրին, «Ողբ»-ը եւ այլն…

Քանդակագործուհին մահացած է 2016-ին, 93 տարեկանին, Երեւան:

 

Փորձառուներու Կարծիքով

Տան Մաքրութեան Հետ
Կապուած Սխալներ

Տունը մաքրելու ժամանակ յաճախ կը գործենք փոքրիկ սխալներ, որոնց պատճառով երբեք սպասուած արդիւնքին չենք հասնիր: Թուենք այդ սխալներէն մէկ քանին.

Ապակիները մաքրել արեւոտ օդին:

Արեւը շատ արագ կը տաքցնէ ապակիները, իսկ զանոնք մաքրող հեղուկ դեղերը արեւին ճառագայթներուն տակ արագ կը չորնան եւ անբաղձալի հետքեր կը ձգեն, ինչ որ յաւելեալ ճիգ կը պահանջէ զանոնք անհետացնելու:

***

Մարմարը մաքրել կիտրոնով:

Տան մաքրութեան համար յաճախ կը գործածենք քացախը, սոտան, կիտրոնը: Սակայն կիտրոնի թթուն կը խամրեցնէ կարգ մը մակերեսներ, որոնց կարգին` մարմարը: Մարմարը պէտք է մաքրել անոր համար նախատեսուած յատուկ դեղով:

***

Գորգին արատները մաքրել` սրբելով:

Երբ գորգին վրայ հեղուկ մը թափի, շուտով խոնաւ, թաց լաթով մը եւ շրջանաձեւ շարժումներով կը փորձենք մաքրել զայն: Այս ձեւով թէ՛ արատը աւելի կը տարածուի եւ թէ գորգին հիւսուածքը կը վնասուի: Թափած հեղուկին արատը մաքրելու համար նախ չոր լաթով պէտք է ցամքեցնել գորգը, ապա սեղմող շարժումներով մաքրել արատը:

***

Մաքրութիւն ընել` առանց ձեռնոցի:

Տունը մաքրելու ժամանակ անհրաժեշտ է ձեռքերը պաշտպանող յատուկ ձեռնոց օգտագործել: Քիմիական դեղերը, բայց նոյնիսկ կարգ մը բնական միջոցներ կը վնասեն ձեռքի մորթին, կը գրգռեն, կը չորցնեն զայն:

***

Թաց ամանները պահարանը տեղաւորել:

Երբ լուացուած ամանները եւ այլ իրերը թաց կամ խոնաւ են, պէտք է սպասել, որ լաւապէս ցամքին եւ յետոյ միայն պահարանին մէջ շարուին: Մանրէները խոնաւ միջավայր շատ կը սիրեն եւ աւելի արագ կը բազմանան:

 

Խոհագիր

Գետնախնձորով Եւ
Բանջարեղէններով Շօթեր

Բաղադրութիւն

– 3 խոշոր գետնախնձոր
– 1 խոշոր ստեպղին
– 1 պրաս (ճերմակ բաժինը)
– 1 հաւկիթ
– 1 ապուրի դգալ ալիւր
– Պտղունց մը մշկընկոյզ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորներն ու ստեպղինը կեղուել եւ քերոցէ անցընել: Շատ մանր մանրել պրասը:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել բոլոր բաղադրիչները, մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստացուի:

Տապակին մէջ հազիւ յատակը ծածկելու չափ ձէթ տաքցնել եւ խիւսը ափերուն մէջ ձեւաւորելով` շօթերու վերածել ու տաք ձէթին մէջ տապկել, իւրաքանչիւր երես 7 – 8 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երջանիկ Բանաստեղծը

Բանաստեղծ եմ երջանիկ –
– Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Զիս կ՛ընդունին գրկաբաց
Ժպիտներուն ամէնէն քաղցրն իրենց դէմքին վրայ կը շողայ –

Երջանկութիւնն այս է կ՛ըսեմ ես ինծի –
– Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Կռնակի վրայ կը բացուի
Ասպնջական երգ մը կ՛իջնէ հոգիիս մէջ մեղրի պէս –

Ամէն մէկ դուռ մտերմօրէն կը բացուի
Ամէնէն տաք բարեւներով կ՛արծարծի հուրը սրտիս
Ու կը մոռնամ ինչու եկայ – ինչու այս դուռը զարկի
Երջանկութիւնն այս է կ՛ըսեմ համոզուած

Բանաստեղծ եմ երջանիկ –

Եւ այս գիշեր երբ բոլորուիք դուք սեղանին շուրջ ճաշի
Երբ առօրեայ ձեր հոգերէն ձերբազատ
Մանրէք շերտը թարմ հացին –
Սպաս մըն ալ ինծի դրէք մէկ անկիւնը սեղանին
– Գուցէ կու գամ ու ձեր դուռը կը զարնեմ

ԶԱՀՐԱՏ

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>