Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխան արթնցնելը իսկական մարտահրաւէր է շատ մը ծնողներու համար: Երեխան չի կրնար եւ չ՛ուզեր արթննալ, բան մը, որ կը զայրացնէ ծնողքը, քանի որ իրենք ալ իրենց կարգին գործէ կ՛ուշանան: Բայց նախքան զայրանալը` ծնողները պէտք է հասկնան` ինչի՛ հետեւանք է այս երեւոյթը:
Ինչո՞ւ Երեխան Դժուար Կ՛արթննայ
Նախ մանկապարտէզ կամ դպրոց յաճախելը ինքնին լուրջ փոփոխութիւն է երեխային համար. արձակուրդէն դպրոց փոխանցումը պէտք է ըլլայ հեզասահ: Դպրոցական վերամուտէն առնուազն երկու շաբաթ առաջ երեխան պէտք է մէկ ժամ կանուխ քնանայ:
Եթէ երեխան վարժուի նոյն ժամուն քնանալ, անոր կենսաբանական ժամացոյցը զայն կը նախապատրաստէ կանուխ արթննալու:
Կանուխ եւ նոյն ժամուն քնանալը կը նպաստէ, որ բարելաւուի երեխային ջղային համակարգը, ան կը դառնայ աւելի հանդարտ, հաւասարակշռուած, ուշադիր եւ կեդրոնացած:
Ինչպէ՞ս Արթնցնել Երեխան
Երեխան պէտք է արթնցնել դանդաղ եւ հանգիստ: Կարելի է մեղմ երաժշտութիւն դնել, գլուխը թեթեւ շոյելով` անունը քանի մը անգամ կրկնել, գրկել եւ համբուրել, հարցնել` ինչպէ՞ս քնացաւ եւ ի՞նչ երազ տեսաւ:
Կարելի է անկողինին մէջ երեխային քանի մը շարժում ընել տալ` փոխանակ ստիպելու, որ անմիջապէս ոտքի ելլէ ու պատրաստուի:
Կարելի է նաեւ երեխային մէջ հաճելի զգացողութիւն արթնցնել` քանի մը վայրկեան անոր մարմինը մարձելով:
Ինչպէ՞ս Կարելի Չէ Արթնցնել Երեխան
ա.- Գոռալով եւ հրմշտելով,
բ.- Բարձր երաժշտութեամբ կամ զարթուցիչի բարձր ձայնով,
գ.- Զօրաւոր լոյս բանալով:
Այս պարագաներուն երեխան աչքերը կը բանայ շփոթած, ջղագար եւ խառնաշփոթ վիճակի մէջ:
Կին Դէմքեր
Մոնիքա Պելլուչի
«Բոլոր ժամանակներու ամենագեղեցիկ եւ ցանկայարոյց կին». զայն յաճախ այսպէս բնորոշեր են: Խօսքը կը վերաբերի իտալացի դերասանուհի եւ մանըքեն Մոնիքա Պելլուչիին, որ անցեալ շաբաթավերջին նշեց ծննդեան 53-րդ տարեդարձը: Դերասանուհին տարիքէն չի վախնար, աւելի՛ն, ան անիմաստ մտահոգութիւն կը համարէ զայն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Պելլուչիի հետաքրքրական միտքերը` գեղեցկութեան եւ տարիքի մասին:
- Շրթները կնոջ դիմայարդարման ամենաուժեղ զէնքն է:
- Ես երբեք ընկճախտի չեմ մատնուիր իմ տեսքիս պատճառով: Կը սիրեմ խնդալ, զուարճանալ եւ կեանքս հետաքրքրական ձեւով ապրիլ:
- Դերասանը կ՛աշխատի հոգիով եւ միտքով:«
- Գեղեցկութիւնը պարգեւ է, ինչպիսիք են նաեւ առողջութիւնն ու խելքը: Պէտք չէ հպարտանալ գեղեցկութեամբ, քանի որ դուն ոչինչ ըրած ես այդպիսին ըլլալու համար, պարզապէս անիկա քեզի տրուած է:
- Հազարէն մէկ սիրած եմ ուշադրութիւն գրաւել, իսկ երբ ատիկա տեղի ունեցած է, նախընտրած եմ ստուերի մէջ մնալ:
- Մենք բոլորս ալ պատրանքներու կարիք ունինք: Այդ է պատճառը, որ մարդիկ կը սիրեն շարժապատկեր դիտել:
- Սովորաբար չեմ տխրիր, երբ որեւէ լուրջ պատճառ չկայ: Ես կենսուրախ մարդ եմ, կը սիրեմ ապրիլ օրը օրին: Եթէ անասուն մը ըլլայի, պիտի փափաքէի փոքրիկ կատու մը ըլլալ, անոնք կեանքը շատ կը սիրեն…
- Գեղեցիկ է այն, ինչ որ բնական է: Երբ դուն արդէն դուն չես, դուն կը դառնաս արհեստական:
- Սիրոյ եւ գրաւչութեան համար երբեք պէտք չէ մտածել տարիքի մասին եւ անհանգստանալ անոր պատճառով:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ`
Մանրալիքին Մասին
Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին մանրալիքը դարձաւ մեր խոհանոցներուն տիրական սարքերէն մէկը, որմէ դժուար է հրաժարիլ` նկատի առնելով անոր գործնական առաւելութիւնները: Այսուհանդերձ, մանրալիքի դէմ արշաւը կը շարունակուի, եւ անոր կը վերագրուին այլազան չարիքներ: Արդարացի՞, թէ՞ սխալ են անոնք, եկէք` ստուգենք միասին:
– 1 –
Վտանգաւոր է աշխատող մանրալիքին դիմաց կենալը:
Մանրալիքին առջեւ կենալը եւ մէջը եփուող ուտելիքին հետեւիլը ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ, անոր ելեկտրական ալիքները ո՛չ դռնակէն եւ ո՛չ ալ ճեղքերէն դուրս կ՛ելլեն: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի նոր եւ որակաւոր մանրալիքներուն:
– 2 –
Մանրալիքի գործածութիւնը կ՛աւելցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը:
Երկար ատեն մեզ մտահոգած այս հաստատումը առայժմ անհիմն է, քանի որ ARC-ը (Քաղցկեղի հետազօտութեան հիմնարկը) կը հաստատէ, որ մինչեւ օրս տակաւին փաստուած չէ մանրալիքի գործածութեան եւ քաղցկեղի յառաջացման միջեւ ուղղակի կապի մը առկայութիւնը:
– 3 –
Մանրալիքին մէջ ուտելիքները կը կորսնցնեն իրենց կենսանիւթերն ու հանքայինները:
Այո՛, մանրալիքին մէջ կերակուրները 60 տոկոսով կը կորսնցնեն իրենց սննդական արժէքը, բայց այս երեւոյթը միայն մանրալիքին չի վերաբերիր, այլ բոլոր եփի ձեւերուն, որոնց ընթացքին ջերմաստիճանը բարձր է, այսինքն 100 ջերմաստիճանը կ՛անցնի:
– 4 –
Պէտք է խուսափինք մանրալիքին մէջ կերպընկալ ամանեղէն գործածելէ:
Այո՛, յանձնարարելի է ուտելիքները եփել կամ տաքցնել ապակեայ ամաններու մէջ, որոնք անվտանգ են եւ առողջապահական:
– 5 –
Մանրալիքին մէջ եփուող կերակուրը պէտք չէ համեմել, պէտք է սպասել եփի աւարտին:
Այո՛, նախօրօք համեմուած ուտելիքները կը կորսնցնեն իրենց համը: Նախընտրելի է զանոնք համեմել մանրալիքէն դուրս բերելէ ետք: Ինչ կը վերաբերի աղին, անիկա կը վնասէ ուտելիքին համաչափ եփին եւ կը չորցնէ զայն:
8 Սխալ Կարծիքներ`
Սննդականոնի Մասին
«Տուրմը կը գիրցնէ», «դանդաղ ուտելը կը նիհարցնէ», «ջուր խմելը կը նիհարցնէ», նման հաստատումներու եւ սխալ կարծիքներու շարքը երկար է: Եկէք` ծանօթանանք քանի մը հատին եւ վերստուգենք մեր գիտելիքները, ինչ կը վերաբերի նիհարնալու սննդականոնին:
– 1 –
«Ջուր խմելը կը նիհարցնէ»: Մարդ ջուր խմելով չի նիհարնար, սակայն ջուր խմելը շատ կարեւոր է նիհարցնող սննդականոնի ընթացքին, քանի որ ջուրը ջերմուժ չի պարունակեր, կուշտ կը պահէ եւ կ՛օգնէ, որ մարմնէն թոյները մէզի եւ քրտինքի ճամբով դուրս գան: Մարդ միջին հաշուով օրական մէկուկէս լիթր ջուր պէտք է խմէ. այս քանակը կը տարբերի անձէ անձ եւ եղանակէ եղանակ:
– 2 –
«Հացը կը գիրցնէ»: Կախում ունի, թէ ի՛նչ տեսակ հաց կը սպառենք: Թելադրելի է ուտել ամբողջական հացահատիկով, բնաթելով հարուստ, դիւրամարս հացը: Ամբողջական հացահատիկով պատրաստուած 100 կրամ հացը կը պարունակէ 230 ջերմուժ, ֆրանսական պակեթը` 280: Տրուած ըլլալով, որ հացը դանդաղ շաքար կը պարունակէ, պէտք չէ, որ հրաժարինք անկէ, բայց զգուշանանք չափազանցելէ: Կարելի է օգտագործել շաքարէ եւ իւղէ զերծ հացի տեսակներ:
– 3 –
«Տայեթ» ուտելիքները կը նիհարցնեն»: Տայեթ արտադրութիւններուն մէկ կարեւոր մասը, եթէ զուրկ է շաքարէ, հարուստ է իւղով եւ` հակառակը: Հետեւաբար պէտք է շատ լաւ կարդալ պիտակները, չխաբուիլ խոշոր տառերով գրուած բացատրութենէն: Յաճախ տայեթ ուտելիքներն ու խմիչքները կը պարունակեն շաքարը փոխարինող կամ պահպանիչ նիւթեր:
– 4 –
«Մարզանքը կը նիհարցնէ»: Մարզանքը սքանչելի է, եթէ միեւնոյն ատեն որդեգրենք կեանքի ճիշդ ընթացք, առողջապահական ուտելիքներ եւ այլն… Շատեր իրենց ուտելիքին ուշադիր չեն ըլլար այն հաստատ համոզումով, որ օրական կէս ժամ կը քալեն կամ մարզանք կ՛ընեն:
Հետեւաբար սխալ է այն հաստատումը, որ մարզանքը կը նիհարցնէ. սակայն իմանանք, որ մարզանքը կ՛օգնէ, որ մարմնին իւղերը արագ այրին, արեան շրջագայութիւնը խթանուի եւ մարմինը սլացիք տեսք ստանայ:
– 5 –
«Ձիթապտուղին իւղը` ձէթը օգտակար է»: Այս հաստատումը ճիշդ ըլլալով հանդերձ, չի նշանակեր, որ անիկա անվնաս է: Յատկապէս նիհարնալու սննդականոնի հետեւողներուն ըսենք, որ ձէթը նոյնքան ջերմուժ կը պարունակէ, որքան` որեւէ ճարպային մարմին: Հետեւաբար կարելի չէ մտքի մեծ հանգստութեամբ առատ ձէթ սպառել:
– 6 –
«Տուրմը կը գիրցնէ»: Ինչպէս որեւէ շաքար պարունակող ուտելիք, տուրմը անշուշտ կը գիրցնէ, եթէ չափազանցենք: Սակայն անոր պարունակած հանքայինները կը մղեն, որ չզրկուինք անկէ, բայց չափաւորենք սպառումը:
– 7 –
«Անանասը կը նիհարցնէ»: Անհիմն հաստատում… Ճիշդ է, որ անանասը փրոմելին կոչուած նիւթը կը պարունակէ, եւ անիկա կը դիւրացնէ մարսողութիւնը եւ կը ներծծէ բնասպիտը, սակայն փրոմելինը կը գտնուի միայն պտուղին կեդրոնական բաժինին մէջ:
Շատեր կրիֆոնին եւ խնձորին նոյնպէս կը վերագրեն նիհարցնելու յատկութիւնը. ճիշդ է, որ երկու պտուղներն ալ քիչ ջերմուժ կը պարունակեն, սակայն ասոնց վրայ կեդրոնանալով` մարմինը կը զրկուի այլ կենսանիւթերէ եւ հանքայիններէ, միւս կողմէ` կորսնցուցած քիլոները շուտով կը վերականգնին:
– 8 –
«Մէկ ժում ուտելը կը նիհարցնէ»: Մարմինը ճաշի 3 ժումերու վարժեցնելը լաւագոյն ձեւն է: Ժում ջնջելով` կարելի չէ նիհարնալ, կարեւորը ուտելիքին տեսակն ու քանակն է, պատահական ժում մը զեղչելով մարսողական գործարաններուն կշռոյթը կը խախտենք, կը ստիպենք, որ անոնք կրկնապատկեն իրենց աշխատանքը` խախտած ժումերուն միջեւ:
Որո՞նք Են Աշխարհի
Նուազ «Առողջ» Երկիրները
Շաքարախտ, քաղցկեղ, սրտանօթային հիւանդութիւններ…
Բրիտանական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ալքոլի եւ ծխախոտի տարեկան սպառումի տոկոսը, ինչպէս նաեւ բնակչութեան մէջ սոնքութեան համեմատութիւնը շատ բան կ՛ըսեն տուեալ երկրի մը «առողջութեան» մասին:
Այս չափանիշներէն մեկնելով` Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը, երկու այլ կազմակերպութիւններու հետ, պատրաստած է զոյգ ցանկ` աշխարհի 10 նուազ «առողջ» եւ 10 «ամենաառողջ» երկիրներու. այսպէս, աշխարհի ամէնէն վատառողջ երկիրը հանդիսացած է Չեխիան, որուն կը յաջորդեն` Ռուսիան, Սլովենիան, Միացեալ Նահանգները, եւ Լիթուանիան…
Ինչ կը վերաբերի աշխարհի ամենաառողջ 10 երկիրներուն, ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ Աֆղանիստանը, որուն կը յաջորդեն Քենիան եւ Նիկերիան:
Խոհագիր
Խրթխրթան Ծաղկակաղմբ
Բաղադրութիւն
– Ծաղկակաղամբ
– Ձէթ
– Համեմներ (աղ, սեւ պղպեղ, սխտորի փոշի, կարմիր փոշի պղպեղ…)
– Կսկուծ
– Տաշուած փարմըզան պանիր
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել լուացուած եւ փոքրիկ փունջերու վերածուած ծաղկակաղամբը, աւելցնել ձէթը, համեմները, ծեծուած եւ փոշիի վերածուած կսկուծը եւ վերջապէս` փարմըզան պանիրը: Բոլորը միատեղ խառնել եւ ապա ափսէի մը մէջ տարածել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ շուրջ 35 վայրկեան եփել, մինչեւ որ ծաղկակաղամբները ոսկեգոյն դառնան:
Հրամցնել թացանի մը կամ աղցանի մը կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ:
Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ:
Մշտանորոգ ու միշտ հին` ան կը տեւէ դարէ դար,
Իր ճրագները` միշտ լոյս, իր օճախին հուրը` վառ,
Բարիքներով անսպառ լեցուն ամբարն ու մառան:
Հոն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթին ապագան…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ