Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կին Դէմքեր. Օտրի Ազուլէ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարար Օտրի Ազուլէն ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն:

Ծագումով հրեայ` 45 տարեկան ֆրանսացի թեկնածուն անցեալ շաբաթավերջի, 5-րդ փուլի քուէարկութեան ժամանակ ստացած է 30 ձայն, իսկ մրցակիցը` Քաթարի մշակոյթի նախկին նախարար Համատ պըն Ապտուլազիզ Ալ-Քաուարին` 28 ձայն:

Նշենք, որ այս պաշտօնին իրենց թեկնածութիւնը դրած էին ազրպէյճանցի, չին, եգիպտացի, ֆրանսացի, կուաթեմալացի, իրաքցի, քաթարցի եւ լիբանանցի թեկնածուներ:

Օտրի Ազուլէ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարի պաշտօն վարած է 2016-ի փետրուար 11-էն 2017-ի մայիս 10-ը: Ան պիտի յաջորդէ պուլկարացի Իրինա Պոքովային, եթէ յառաջիկայ նոյեմբեր 10-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ երկիրներու խորհուրդը վաւերացնէ իր ընտրութիւնը` որպէս ընդհանուր տնօրէնի:

Քաղաքական ծալքեր ունեցող այս ընտրութիւնը անցած է 5 փուլերէ եւ դժգոհութեան ալիք բարձրացուցած է ափրիկեան եւ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Խնձորը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Բացի ուտելէ` ահա թէ ի՛նչ բաներու կարելի է օգտագործել խնձորը:

Ակռաները Մաքրելու

Ճաշէն ետք խնձոր մը խածնելով ուտելը կը մաքրէ ակռաները եւ անոնց մէջ տեղաւորուած ճաշի մնացորդները: Եթէ ակռաները խոզանակելու առիթը չունինք, խնձոր ուտենք:

***

Գլխու Ցաւը Անցընելու

Որքան ալ տարօրինակ թուի, բայց հաստատուած է, որ գլխու ցաւը կարելի է անցընել կիսուած կանաչ խնձոր մը հոտուըտալով… Այո՛, եթէ ցաւազերծիչ չունինք, այս միջոցին դիմենք գլխացաւէն ձերբազատելու համար:

***

Կանաչ Լոլիկը Հասունցնելու

Եթէ շուկայէն լոլիկ գնած ենք, եւ անոնք կիսով չափ կանաչ են, առնենք թուղթէ տոպրակ մը, լեցնենք լոլիկները, առաւել` խնձոր մը, սպասենք քանի մը օր եւ պիտի տեսնենք, որ լոլիկները լրիւ կարմրած են:

***

Շէկ Շաքարը Փափկացնելու

Շէկ շաքարը շատ արագ կը կարծրանայ խոնաւութեան պատճառով: Նման կացութեան մը դիմաց շաքարը լեցնենք կերպընկալ տոպրակի մը մէջ, աւելցնենք խնձորի կտոր մը, տոպրակին օդը պարպենք եւ բերանը փակենք: 2 օրէն շաքարը իր նախկին վիճակը կը վերագտնէ:

***

Հաւը Փափկացնելու

Եթէ փուռին մէջ հաւ կը խորովենք, անոր փորին մէջ խնձոր մը զետեղենք, որպէսզի եփի աւարտին հաւին միսը փափուկ եւ հիւթեղ ըլլայ:

***

Աղը Հաւասարակշռելու

Յաճախ կը պատահի, որ կամքէ անկախ մեր ապուրը կամ կերակուրը աղի ըլլայ, քանի մը կտոր խնձոր (կամ գետնախնձոր) նետենք կաթսային մէջ եւ 10 վայրկեան եփը շարունակենք, արդիւնքը շատ գոհացուցիչ կ՛ըլլայ:

***

Որպէս Դէմքի Ծեփուկ

Շաբաթը անգամ մը կեղւըուած եւ քերոցէ անցած խնձոր մը տարածենք մեր դէմքին վրայ, սպասենք քառորդ ժամ, ապա ցօղուենք գաղջ ջուրով: Այս ծեփուկը սնունդ եւ փայլք կու տայ մորթին եւ կը պաշտպանէ կանխահաս կնճիռներէ:

***

Որպէս Մոմակալ

Աշնանային ընթրիքները աւելի տպաւորիչ դարձնելու համար ընտրենք քանի մը գոյնի խնձոր, անոնց միջուկը փորենք եւ կեդրոնը մէկական մոմ զետեղենք:

 


Լուսաւոր
Գաղափարներ

Ինչպէ՞ս Չէզոքացնել
Կերակուրներուն Հոտը

Իւրաքանչիւր կերակուր ունի իր իւրայատուկ եւ հաճելի համն ու բոյրը, բայց երբեմն կարգ մը հոտեր կը մերժեն հեռանալ մեր խոհանոցէն, բայց նաեւ` մեր հագուստներուն, ձեռքերուն եւ մինչեւ իսկ մազերուն վրայէն: Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս տապկոցի, ծանր համեմներու, ձուկի, սոխի, սխտորի եւ հաւի հոտերուն:

Մեծ հարց մը չէ, երբ ընտանեկան ճաշ է եւ հիւրեր չենք սպասեր, բայց երբ հիւրեր կը սպասենք, կացութիւնը տարբեր է…

Ահաւասիկ քանի մը լուսաւոր գաղափարներ` խոհանոցի եւ կերակուրներու հոտերը չէզոքացնելու:

Խոհանոցի Գոգնոց Կրել

Այո, յատկապէս տապկոցի ժամանակ խոհանոցի գոգնոցը մեր հագուստները կը պաշտպանէ թէ՛ իւղէն եւ թէ՛ տապկոցի անախորժ հոտէն:

Գլխանոց Կրել

Գլխանոց կրելով` թէ՛ առաջքը կ՛առնենք, որ կերակուրին մէջ սխալմամբ մազ չիյնայ  եւ թէ՛ կը պաշտպանենք մեր մազերը մասնաւորաբար տապկոցի հոտէն:

Կերպընկալ Ձեռնոց Կրել

Երբ ձուկ կը մաքրենք կամ սոխ կը կեղուենք ու կը մանրենք, մեր ձեռքերէն երկար ժամեր չեն հեռանար անոնց անախորժ հոտերը, հետեւաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ խոհանոցի յատուկ կերպընկալէ ձեռնոցներ գործածենք եւ մէկ անգամ ընդ միշտ լուծենք այս հարցը:

Հոտ Կլանող Գործիքը Աշխատցնել

Ներկայիս խոհանոցները օժտուած են հոտ կլանող գործիքներով. հետեւաբար, նախքան կերակուրի պատրաստութեան ձեռնարկելը, նախ աշխատցնենք գործիքը եւ յետոյ անցնինք գործի:

Օգտագործենք Ճերմակ Քացախը

Եթէ խոհանոցը հոտ կլանող գործիք չունինք, դիմենք հետեւեալ հնարքին: Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնենք, ջուրին աւելցնենք սուրճի գաւաթ մը ճերմակ քացախ եւ ձգենք, որ կրակին  վրայ ջուրը եռայ: Կաթսային կիսաբաց կափարիչէն ելլող ջրաշոգին կը չէզոքացնէ անախորժ հոտերը:

Խոհանոցին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար երբեք չդիմենք խանութները վաճառուող հոտաւէտ սփրէյներուն, որոնք օդը աւելի եւս անշնչելի կը դարձնեն` կերակուրի եւ ծաղիկներու հոտի աններդաշնակ միախառնումով:

Խոհագիր

Ընկոյզով Եւ Շոմինով Աղցան

Բաղադրութիւն

1 քիլօ շոմին
1 բաժակ ընկոյզ
Քացախ կամ կիտրոնի հիւթ` 2-3 ապուրի դգալ
Կէս բաժակ մանրուած ազատքեղ
2 պճեղ սխտոր
Աղ, սեւ պղպեղ
Սոխ եւ նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար
Ապուրի դգալ մը ձէթ

Պատրաստութիւն

Շոմինը խաշել, մաղոցով աղալ, աւելցնել մանրուած ընկոյզը, ազատքեղը, ճզմուած սխտորը, քացախը կամ կիտրոնի հիւթը, ձէթը, աղն ու սեւ պղպեղը, խառնել միատարր խառնուրդ մը ստանալու համար, ապա զայն լեցնել փոքրիկ, փոս ամաններու մէջ եւ շրջել բաց ամանի մէջ:

Զարդարել նուռի հատիկներով, ընկոյզով եւ սոխի օղակներով:

 

Մէջբերումներ Վարդգէս Պետրոսեանէն

«Ապրած Եւ Չապրած Տարիներ»

Երեւի ամէն մարդ թանկ մէկին պիտի կորցնի, որ որոնի յետոյ ամբողջ կեանքում, քանի ապրում է: Հէնց գտաւ, ուրեմն նա չի: Նրան չպիտի գտնես:

* * *

Մարդ իր կեանքի ամէն օրը պիտի ապրի այնպէս, ինչպէս եթէ դա իր կեանքի վերջին օրն է. պիտի հասցնի սրիկային ասելու, որ նա սրիկայ է, պիտի հասցնի ատել, սիրել, հաւատալ: Վաղը կարող է ուշ լինի:

* * *

Ամէն մօտիկ մարդու մահով մեռնում է նաեւ մեր մի մասը, բայց ամէն մօտիկ մարդու մահով մեզ նաեւ պարտաւորեցնում է ապրել նրա չապրած տարիները…

* * *

Մարդուն հասակը տարիների գումար չէ միայն, այլ հայեացք` աշխարհին, մարդկանց, պատրաստակամութիւն` ամէն ինչ մերժելու կամ ամէն ինչ ընդունելու:

* * *

Բոլորն էլ ուզում են այն, ինչ կորցրել են կամ` չեն ունեցել: Ինչ որ ունեն կամ չեն կորցրել` ձանձրալի է:

* * *

Սո՛ւտ է, աշխարհում ոչ մէկից ու ոչ մի բանի հետք չի մնում. ոչ աւազի վրայ, ոչ ուրիշների յիշողութեան մէջ, ոչ ժամանակի ծալքերում: Մարդուն մնում են միայն ապրած եւ չապրած տարիները: Ուրիշ ոչինչ:

* * *

Մարդկանց պիտի սիրել կենդանի ժամանակ, նրանց  կենդանի ժամանակ պիտի զգուշ լինել: Զգուշ պիտի լինել, թէ ոչ` ո՞ւմ են պէտք ծաղիկներն ու արցունքները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>