Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Յաջողակ Զաւակներ Դաստիարակել

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ծնողներուն փափաքն է, որ իրենց զաւակները լաւ սորվին դպրոցը, խուսափին անյաջողութիւններէ եւ հիանալի ապագայ ունենան: Եւ հակառակ որ յաջողակ երեխայ դաստիարակելու յատուկ բաղադրատոմս չկայ, բայց եւ այնպէս, հոգեբանական հետազօտութիւնները լուսարձակի տակ կ՛առնեն ծնողներուն դերը, որմէ կախեալ է շատ բան: Ըստ ամերիկեան հետազօտութիւններու, ահա թէ ի՛նչ ընդհանրութիւններ ունին յաջողակ երեխաներու ծնողները`

– Անոնք երեխաներուն կը ստիպեն կատարել տնային կարգ մը գործեր` սենեակը կոկել, աղբը թափել, բոյսերը ջրել… Տան մէջ պարտականութիւններ ստանձնող երեխան հնարաւորութիւն կ՛ունենայ ինքնուրոյն դասաւորելու իր սեփական կեանքը եւ հասկնալու, որ հաւաքականութեան մէջ գործը գլուխ պիտի հանուի իւրաքանչիւրին ներդրումով:

***

– Անոնք խստապահանջ են երեխային նկատմամբ: Բազմամեայ հետազօտութիւններ կատարելով` գիտնականները յայտնաբերած են, որ երեխաներուն նկատմամբ դրսեւորուած ծնողներուն խստապահանջութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի անոնց ապագայ յաջողութիւններուն վրայ:

***

Ծնողները իրարու հետ առողջ յարաբերութիւններ ունին: Հետազօտութիւններուն համաձայն, անհամերաշխ ծնողներու զաւակները աւելի վատ կը զարգանան, քան` հանգիստ ծնողներ ունեցողները: Միւս կողմէ` նաեւ հաստատուած է, որ ծնողներու ամուսնալուծութեան ծանր հետեւանքները երեխաները շատ երկար տարիներ կը կրեն իրենց վրայ:

***

– Անոնք բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած ծնողներուն զաւակները աւելի կը ձգտին լաւ ուսում ստանալու.  հակառակի պարագային, երեխաներուն մեծ մասը կը հետեւի իր անուս ծնողներու օրինակին:

***

– Անոնք իրենց զաւակներուն շատ կանուխէն թուաբանութիւն սորվեցուցած են: Երեխաներուն փոքր տարիքէն թուաբանական հմտութիւններ ջամբելը հետագային կը վերածուի հսկայ առաւելութեան: Երեխան կանուխէն թող ճանչնայ թիւերը, գործնական հաշիւներ կատարէ եւ խաղայ անոնց հետ:

***

– Անոնք կ՛աշխատին: Աշխատող մայրերը իրենց երեխաներուն վրայ աւելի դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան: Թիւերու լեզուով, աշխատող մայրերու զաւակները 23 առ հարիւրով աւելի յաջողակ են, քան` իրենց այն ընկերները, որոնք չաշխատող մայրեր ունին:

***

– Անոնք հարուստ են եւ ազդեցիկ: Դժբախտաբար, սակայն, երախաներու հետագայ յաջողութիւններուն վրայ կրնան ազդել նաեւ ծնողներու հարստութիւնը եւ ընկերային դիրքը:

***

– Անոնք հեղինակութիւն ունին: Հետազօտողներ առանձնացուցած են երեխայի դաստիարակութեան 3 տիպ` թոյլատու ծնողներ, որոնք կը ձգտին բռնակալ չըլլալ եւ երեխան ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ է: Բռնակալ ծնողները որոնք կը փորձեն երեխան ձեւաւորել իրենց չափորոշիչներու համաձայն, եւ հեղինակաւոր ծնողներ, որոնք կը փորձեն միջին եզր մը գտնել:

Կատարեալը վերջինն է. երրորդ տիպի ծնողք ունեցող երեխան կը մեծնայ` որպէս իրմէ մեծերը յարգող եւ ինքզինք ճնշուած չզգացող անհատ:

***

Տակաւին շարքը երկար է, բաւարարուինք հիմնականներով:

Մելանիա Թրամփի Հագուստը

Միացեալ Նահանգներու Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփը Ամերիկայի պատմութեան Ազգային թանգարանին նուիրած է իր ճերմակ զգեստը, որ կրած էր յուլիս 20-ին, շքեղ պարահանդէսի մը ընթացքին:

Թանգարանի տնօրէն Ճոն Կրէյր յայտնած է, որ առաջին տիկիններու զգեստներու նուիրատուութեան աւանդութիւնը 100 տարուան պատմութիւն ունի: Առաջին զգեստը նուիրած է Հելեն Թաֆթը, որ կինն էր Միացեալ Նահանգներու 27-րդ նախագահ Ուիլիըմ Թաֆթին:

Ներկայիս թանգարանի հաւաքածոն բաղկացած է 26 զգեստներէ եւ 160 անձնական իրերէ:

Նշենք, որ հագուստը յղացած է ֆրանսացի ձեւագէտ Հերվէ Փիեռը, որ երկար տարիներ աշխատած է Քարոլինա Հերրերա նորաձեւութեան տան մէջ` որպէս տնօրէն: Հ. Փիեռ հագուստներ յղացած է նաեւ Հիլըրի Քլինթընին, Լորա Պուշին եւ Միշէլ Օպամային համար:

Փորձ Հարցարան

Առանց Դրամի՞, Թէ՞ Առանց Բջիջայինի
Տունէն Դուրս Չէք Ելլեր

Կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անձ ունի իր առաջնահերթութիւնները: Անոնք պատկերացում մը կու տան տուեալ անձին բնաւորութեան գիծերուն մասին: Պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած հարցումին` առանց դրամի՞, թէ՞ առանց բջիջայինի, ապա կարդացէք արդիւնքը…

Եթէ Տունէն Դուրս Չէք Ելլեր Առանց Դրամի, կը նշանակէ, որ ծախսել սիրող անձ էք: «Դրամը եղած է ծախսելու համար», այս սկզբունքէն մեկենելով` շատ արագ հրաժեշտ կու տաք անոր: Օրական բազմաթիւ փոքր գնումներ կ՛ընէք, բայց չէք վարանիր նաեւ մեծ գումարներ ծախսելէ: Յաճախ գումար փոխ կու տաք ձեր մտերիմներուն, կ՛օգնէք չքաւորներու… Այս բոլորը շատ գեղեցիկ կը հնչեն, բայց կարեւոր է դրամ խնայելը եւ անախորժ կացութիւններէ հեռու մնալը:

Ճշմարտութիւն է սակայն, որ մեծ հոգի եւ բարի սիրտ ունեցող մարդ էք:

***

Եթէ Տունէն Դուրս Չէք Ելլեր Առանց Բջիջայինի, կը նշանակէ, որ ոչ իսկ օր մը կրնաք ապրիլ առանց շփման մէջ մտնելու: Սովորութեան վերածած էք անընդհատ թարմացնել ընկերային ցանցերու էջերը, ծանօթանալ նորութիւններու, խօսիլ հարազատներու եւ բարեկամներու հետ… Չափազանց կախեալ էք ժամանակակից արհեստագիտութենէն, այս պատճառով ալ յաճախ ձեր տեսադաշտէն կը վրիպին կեանքի գեղեցիկ պահերը: Յիշեցէ՛ք, որ շրջապատին հետ կենդանի շփումը շատ աւելի հարազատ է եւ օգտակար:

Գիտէ՞Ք, Թէ…

Միսը շատ երկար տապկուելու պարագային, կը կորսնցնէ համը, տեսքը եւ սննդական արժէքը:

***

Խաշած միսը հիւթալի կ՛ըլլայ, եթէ կտորները եռացած ջուրի մէջ եւ թեթեւ կրակի վրայ եփին:

***

Որպէսզի միսը լաւ կարմրի, նախքան տապկելը` զայն ծծուն թուղթի վրայ ցամքեցնել:

***

Որպէսզի իւղը շատ չներծծուի, տապկելէ առաջ իւղին 1 դգալ քացախ աւելցնել:

***

Մէկ քիլօ միսը խաշելէ ետք կը մնայ 600 կրամ, իսկ տապկելէ ետք` 620-650 կրամ:

***

Յօշած միսը պէտք է արագ սպառել, որովհետեւ շուտ կը քայքայքուի, նոյնիսկ` սառնարանը պահելու պարագային:

***

Կարծր միսը կը փափկանայ, եթէ կտորները ծեծուին փայտէ մուրճով:

***

Եփած միսը աւելի բնասպիտ կը պարունակէ եւ աւելի դիւրամարս է, քան` հումը:

***

Միսերէն ամէնէն դիւրամարսը նապաստակի միսն է, ապա` հաւու, կովու եւ խոզի միսերը: Ամէնէն դժուարամարսը ոչխարինն է:

***

Միսին 100 կրամը կը պարունակէ երեք անգամ աւելի երկաթ, քան` կարգ մը ընդեղէններու եւ սոյային մէջ գտնուողը: Միսին պարունակած երկաթը մարմնին կողմէ աւելի դիւրին ներծծուելու առաւելութիւնը ունի:

Խոհագիր

Դդումի Չիփս

Բաղադրութիւն

– 4 դդում
– 150 կրամ ալիւր
– 4 ապուրի դգալ աղ
– Բուսաիւղ` տապկելու համար

Պատրաստութիւն

«Մանտոլին» գործիքով կամ ձեռքով դդումները շատ բարակ շերտերու վերածել:

Քամոցին մէջ փոխադրել դդումի շերտերը, վրան աղ ցանել, լաւ խառնել եւ ձգել կէս ժամ, որպէսզի ամբողջ հիւթը դուրս գայ:

Հոսող ջուրի տակ լաւ ցօղուել դդումները, ապա մաքուր լաթի մը վրայ ցամքեցնել:

Դդումի շերտերը թաթխել ալիւրին մէջ, ապա սառնարան պահել առնուազն քառորդ ժամ:

Տաք իւղի մէջ դդումի շերտերը տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Եթէ Մեռնե՜Լ

Եթէ մեռնե՜լ…
Թո՛ղ որ մեռնեմ
հուր-կայծակից`
Միանգամի՛ց,
մի վայրկեանո՛ւմ,
յանկարծակի՛,
Այնքա՜ ն արդար,
խղճիս ձայնին մի՛շտ ունկընդիր,
Որ` համաձայն բիբլիական հին լեգենդին`
Հանգիստ անցնեմ եւ ասեղի նեղլիկ ծակից…
Եթէ մեռնե՜լ…
Թող սպաննուե՛մ,
թող կործանուե՛մ
Այնպէս ապրած եւ բան արած,
Որ նորածին մանուկների տեսքով նորից
վերածնուեմ`
Իմ անունո՛վ կնքեն նրանց…
Եթէ գամուել`
փարոսի՜ պէս,
Արնաքամուել`
հերոսի՜ պէս,
Ու քրքրուել`
դրօշի՜ պէս…
Եթէ մեռնե՜լ…
Բայց առայժմ ապրե՛լ է պէտք:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>