Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Ակնարկով

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Նկարին նայելով` ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին ակնարկով եւ բացայայտեցէք, թէ ինչպիսի անձ էք:

Եթէ Առաջին Ակնարկով 2 Կոկորդիլոս Տեսաք

Դուք էութեամբ ղեկավար էք, կը ձգտիք հասնիլ ամէն ինչի` առանց սխալելու: Դուք վստահ էք, որ կը յաղթահարէք բոլոր խոչընդոտները: Ձեր շրջապատը ձեզ կը համարէ ամենակարող, սակայն` բռնակալ ու մեծամիտ անձ մը:

***

Եթէ Առաջին Ակնարկով Թռչուն Տեսաք

Դուք էութեամբ բարի մարդ էք, կը հաւատաք բարութեան եւ համոզուած էք, որ կեանքի մէջ կարելի է հասնիլ ամէն ինչի` առանց ուրիշներուն վնասելու: Ձեր շրջապատը ձեզ կը համարէ բարի, սակայն` միամիտ եւ ոչ իրապաշտ անձ մը:

Մէջբերումներ`
Միքայէլ Նալպանտեանէն

Հայ լեզուն է այն սարսափելի ուժը, որի ընդդէմ տկար են նաեւ միլիոնաւոր բարբարոսների սուինները: Լեզուն է ազգութեանց դրօշակը, լեզուն է նոցա որպիսութեան եւ վիճակի յայտարարը:

***

Սուտ է այն լուսաւորութիւնը, որ պիտի լինի օտարի լեզուով: Այդպիսի դիպուածում դուք ձեր զաւակները օտարացնում էք ձեզանից: Զաւակները անունով միայն կը լինեն հայ, իսկ յաջորդ սերունդները աւելորդ կը համարեն այդ անունը կրել իւրեանց վրայ: Ուրեմն խելամիտ եղէք, եւ թող դպրոցներում հնչի մայրենի լեզուն:

***

Տարիներ առաջ, այս օրը (2 նոյեմբեր 1829) ծնած է հայ բանաստեղծ, արձակագիր, գրականագէտ Միքայէլ Նալպանտեանը: Անոր անունը գլխաւորաբար կապուած է շուրջ տասնեակ մը յեղափոխական երգերու հետ, որոնց մէջ ցոյց կու տայ ազատութեան սէրն ու գաղափարը` բուռն ու կրքոտ շեշտով: «Ազատութիւն, «Մանկութեան օրեր», «Մեր հայրենիք» եւ այլ բանաստեղծութիւններու ճամբով ան ձգտած է յեղափոխութիւն արթնցնել ժողովուրդին մէջ:

Միքայէլ Նալպանտեան կը ձերբակալուի ցարական ոստիկանութեան կողմէ եւ 36 տարեկանին թոքախտէ կը մեռնի աքսորավայրին` Կամիշինի մէջ:

Հայաստանի մէջ Միքայէլ Նալպանտեանի անունով կոչուած են փողոցներ, դպրոցներ, Գիւմրիի մանկավարժական հիմնարկը, գիւղ` Արմաւիրի մարզին մէջ…

Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ տեղադրուած է ազատութեան զինուորի եւ գաղափարի նահատակ բանաստեղծին արձանը:

Տան Յարդարանք

Պատի Զարդեր

Յաճախ մեր տան պատերը զարդարող շրջանակներուն մէջ ցուցադրուած կ՛ըլլան գեղանկարներ, լուսանկարներ, բայց ոչ` ասեղնագործեր, խոհանոցային իրեր, հագուստ եւ այլն…

Այո՛, տեսէք, թէ վառ երեւակայութեամբ, հնարամիտ մարդիկ ինչե՜ր կը ցուցադրեն սովորական շրջանակի մը մէջ:


ա.- Արժէքաւոր ասեղնագործ,


բ.- Հին դրամներու հաւաքածոյ,


գ.- Մեծ մայրիկին օժիտէն մնացած արծաթեայ դգալեղէնի նմուշներ,


դ.- Կնունքի հագուստ, կօշիկ եւ լուսանկարներ:

Շարքը երկար է, կարելի է ցուցադրել նաեւ նուագարան մը` տուտուկ կամ շուի, ընտանեկան հին զարդ մը` մանեակ կամ օղեր, մեծ հայրիկէն յիշատակ մնացած շղթայով ժամացոյց եւ այլն…

Դուք ալ ձեր երեւակայութեան զարկ տուէք եւ ձեր տան պատերը զարդարեցէք պատմութիւն պատմող, խօսուն իրերով:

Փորձուած Թելադրանքներ

Վարդերը, կամ որեւէ այլ ծաղիկ կրկնակի երկար կ՛ապրին, եթէ ծաղկամանին ջուրին մէջ կէս կամ լման (նայած ջուրին քանակին) ասփիրին մը լուծենք:

***

Ձեր հագո՞ւստը աղտոտեցիք, արատին վրայ անմիջապէս աղ ցանեցէք: Անշուշտ այս հնարքը բոլոր տեսակի արատներուն չի վերաբերիր:

***

Յատակը այրած տապակը կամ կաթսան կարելի է դիւրաւ մաքրել` անոր մէջ աղաջուր եռացնելով:

***

Ճակնդեղ կտրատելէ ետք կարելի է ձեռքերուն վրայի կարմիր ներկերը մաքրել կիսուած կիտրոնի մը օգնութեամբ:

***

Հացը դիւրին շերտելու համար դանակը վայրկեան մը մխրճեցէք եռացող ջուրի մէջ եւ ապա գործի անցէք:

Աւելի Նիհար Ցոյց Տուող
Հագուստներ Եւ Աքսեսուարներ

Կան հագուստներ, որոնք տեսողական խաբկանք կը ստեղծեն եւ աւելի նիհար տեսք կու տան կրողին:

***

Հագուստին կողմի սեւ հատուածները, դիտողին համար աւելի նիհար կը դարձնէ կազմուածքը, քանի որ հագուստին սեւ հատուածները «կը ծածկեն» աւելորդ քիլոները եւ մարմնին աւելի սլացիք տեսք կու տան:

***

«Նաւակ» կտրուածքը: Այսպիսի կտրուածք ունեցող հագուստը աչքի համար կը լայնցնէ ուսերու հատուածը, եւ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ կոնքերուն եւ ուսերուն միջեւ:

***

Երկար վզնոցները աւելի սլացիք տեսք կու տան իրանին եւ աւելի բարեկազմ կը դարձնեն: Նախապատւութիւնը տալ թեթեւ ու երկար վզնոցներուն:

***

Միջին մեծութեամբ պայուսակը լաւագոյն ընտրանքն է կազմուածքով լեցուն կիներուն համար: Փոքրիկ պայուսակը դիտողին աչքին աւելի զանգուածային կը դարձնէ խնդրոյ առարկայ անձը, իսկ խոշոր պայուսակը կը ծանրացնէ կերպարը:

***

Տաբատի գոյնէն կօշիկները ոտքերը երկար ցոյց կու տայ, ինչ որ աւելի սլացիք տեսք կու տայ մարմնին եւ բարեձեւ կը դարձնէ խնդրոյ առարկայ անձը: Մինչդեռ տաբատին գոյնին հակադրուող կօշիկները «կը կտրեն» հասակը եւ աւելի եւս կը շեշտեն լեցուն կազմուածքը:

Խոհագիր

Դդումով, Ֆեթթայով Եւ
Բրինձով Թարթ

Բաղադրութիւն

– 1 գաւաթ երկար հատիկ, ճերմակ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 դդում` շերտուած
– 150 կրամ ֆեթթա պանիր` փշրուած
– 100 կրամ չորցուած լոլիկ` մանրուած
– 6 կանաչ սոխ` մանրուած
– 2 ապուրի դգալ մանրուած, թարմ անանուխ
– 4 հաւկիթ` «զարնուած»

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:

Բրինձը խաշել, պաղ ջուրի տակ ցօղուել, քամոցէ անցընել եւ փոխադրել խոշոր, խորունկ ամանի մը մէջ:

Տապակի մը մէջ ձէթը տաքցնել, աւելցնել դդումի շերտերը, տեւաբար խառնել` մինչեւ շէկ գոյն ստանան: Բրինձին աւելցնել ֆեթթա պանիրը, անանուխը, հաւկիթը, լոլիկը, սոխը եւ դդումը: Միատեղ լաւ խառնել, ապա փոխադրել թարթի ամանի մը մէջ, ձեռքով ճնշել, որպէսզի տափակնայ եւ տաք փուռին մէջ եփել շուրջ 25 վայրկեան մինչեւ երեսը շէկ գոյն ստանայ:

Հրամցնել հազարի տերեւներով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայ Մշակոյթի Ամիս

Թո՛Ղ Համբուրեմ…

Հազա՜ր ողջոյն այն ձեռքերուն մեսրոպազօծ, որ միմիայն
Երեք տասնեակ այբբենգիմով ես տէ՛ր դարձայ հայ գանձատան
Մը հոգեւոր, եւ արքայի՛ պէս ես եղայ մեծահարո՛ւստ:

Թո՛ղ երջանիկ ու երկիւղած ես համբուրեմ որդիաբար
Այն ձեռքե՛րը, ձեռքե՛րը սուրբ եւ մայրական, որ խարխափող
Ձեռքերուս մէջ դրին իբրեւ կարկանդակ գի՛րքը հայերէն:

Քահանայի մը հանգոյն թո՛ղ նշխար որպէս ես համբուրեմ
Հայաճաճանչ ձեռքերը այն, որ` իմ կեանքիս արշալոյսին`
Այբբենգիմի մեսրոպակերտ տաճարին դո՛ւռն ինծի բացին:

Թանկ նուէր մը ստացողի պէս համբուրե՜մ շնորհապարտ`
Ձեռքերը այն, որ` նորաբաց աչքերուս դէմ զարմանահար`
Ծագեցուցին արշալոյսը մաշտոցածին Այբուբենին:

Թո՛ղ համբուրեմ ձեռքերն այն հայ, որ կը գրե՛ն երբ հայերէ՛ն`
Կը սրբանան միւռոնովը Այբբենգիմին, որ կը կաթի
Գրիչն ի վար մկրտելով եւ օծելով էջերը` հա՛յ:

Զմայլավա՜ռ թո՛ղ համբուրեմ հայ ձեռքերը ճարտարապետ,
Որ հայերէն երբոր գրեն, թէեւ թուղթի վրայ` հայ լեզուի
Կարծեք պալատ կը կառուցեն ոսկիէ թանկ Այբբենգիմով:

Ի՛նչ օրհնութիւն են ձեռքերն այն հայատրոփ, որ մայրական
Սուրբ ստինքի բաժակով ջինջ կաթին հետ` հայ մատեանէն
Հայ մանուկին կը խմցնեն նաեւ կաթը Այբուբենին:

Թո՛ղ համբուրեմ ձեռքերը այն, որ` խնջոյքի մը մէջ կարծէք`
Հայ մատեանին ճոխ սեղանէն կը խմցնեն կը կերցնեն
Այբբենգիմի հացը համեղ եւ հայ լեզուի գինին ազնիւ.

Զի մէն մի հայ տառ, զոր ձեռքը հայ գոհար գոհար կը շարէ,
Սուրբ Մեսրոպի մէկ համբոյրն է, որ կը ծաղկի նման վարդի
Որպէս հայ բառ, եւ կը բուրէ մասունքի պէս սրբութիւն:

Ըսէ՛ք, ի՞նչպէս չհամբուրեմ ես ձեռքերն այն հայաթաթաւ,
Որ ափերըս կը լեցնեն Այբբենգիմի վառ դրախտէն
Քաղուած գոյն գոյն ծաղիկներով, երբ կը գրեմ ես հայերէն:

Թո՛ղ համբուրեմ, իբր հայր օրհնեմ հրեշտակի անոյշ, բարի
Ձեռքերը այն, որ` մանկական ձեռքերուս մէջ` շոքոլա՛
Իբրեւ դրին Այբբենարան մը, որ եղաւ իմ մայրենի
Լեզուիս գիրքը առաջին:

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Օգոստոս 2017

Կարեւոր երկտող մը

Երբ կը գրեմ հայերէն, գրաւոր լեզուս կը դառնայ ժագերէն եւ խօսքս` ժագաբարբառ, իսկ ոճս` ժագաշունչ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>