Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տեսողութեան վրայ հիմնուած այս փորձը կրնայ բացատրել ձեր անձին բնորոշ յատկութիւնները: Փորձը հիմնուած է նկարին նկատամամբ ձեր հակազդեցութեան վրայ:

– Եթէ առաջին հերթին ծառ տեսաք, բարի եւ հաւատարիմ մարդ էք: Կը սիրէք յարաբերութիւններ հաստատել եւ կը գնահատէք ընկերութեան գաղափարը: Նաեւ գաղտնապահ էք ու վստահելի:
Ուրախ մարդ էք, ձեզմէ ջերմութիւն կը ճառագայթէ, եւ կը գրաւէք հակառակ սեռի ներկայացուցիչները: Բլուրին կանգնած` հանգիստ մարդ էք…

– Եթէ առաջին հերթին շուք տեսաք, կը նշանակէ` խելացի եւ բարի մարդ էք: Մեծ պատասխանատուութեամբ կը ստանձնէք ձեր պարտականութիւնները:
Գործի մէջ վճռական էք եւ խստապահանջ: Կրնաք շատ խիստ վարուիլ թոյլ եւ անպատասխանատու գործակիցներու հետ եւ շահիլ ոմանց համակրանքը:

– Եթէ առաջին հերթին դէմք տեսաք, նուրբ եւ զգայուն մարդ էք: Կը գերադասէք առանձնութիւնը` խոկալու եւ ծրագրելու համար:
Շատեր ձեզ կը համարեն հպարտ եւ մեծամիտ, տրուած ըլլալով, որ կը խուսափիք մարդոց հետ հաղորդակցելէ եւ գաղափարներ փոխանակելէ:

– Եթէ առաջին հերթին լուսին տեսաք, ստեղծագործ եւ ուրախ մարդ էք:
Կը սիրէք շրջապատուած ըլլալ բարեկամներով, հարազատներով եւ վայելել կեանքին շնորհած բոլոր բարիքները:

Շատեր գիտեն, որ կրնան ձեզի վստահիլ որեւէ նեղութեան կամ դժուարութեան պարագային:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեխան Ինչպէ՞ս
Ինքնավստահ Դարձնել

Խօսքին ուժը հզօր է:

Կան բառեր, որոնք կրնան «կախարդել» երեխան եւ անոր մէջ զարգացնել բնաւորութեան դրական գիծեր եւ զայն դարձնել յաջողակ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը «կախարդական» արտայայտութիւններ:

ԵՍ ՔԵԶԻ ԿԸ ՍԻՐԵՄ: Ձեր սէրը երեխային կայացած ըլլալու հիմքն է: Ձեր տուած սիրոյ միջոցով ան կրնայ աշխարհը տեսնել  գունաւոր եւ բարի:

* * *

ԵՍ ՔԵԶԻ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՄ: Երեխան պէտք է գիտնայ, որ դուք ոչ միայն կը սիրէք զինք, այլեւ բարձր կը գնահատէք իր կարողութիւնները:

* * *

ԴՈՒՆ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՍ: Այս խօսքով դուք ձեր զաւակին ինքնավստահութիւն կը ներշնչէք:

* * *

ԸՍԱԾԴ ՄՏՔԻՍ ՄԷՋ ՆՈՐ ՄԻՏՔ ՄԸ ԱՐԹՆՑՈՒՑ: Երեխան պէտք է զգայ իր եզակիութիւնը: Երեւակայեցէք անոր հոգեվիճակը, երբ գնահատուի իր խօսքը եւ ըսուի, որ իր շնորհիւ` դուք նոր գաղափար մը յղացած էք:

* * *

ԴՈՒՆ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՍ: Նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնը 2 խաղալիքի միջեւ է, այնուամենայնիւ, ձեր զաւկին սորվեցուցէք ընտրութիւն կատարել: Տեւաբար երկմտող, տատամսող երեխան չի կրնար ինքնավստահ դառնալ: Աւելի՛ն. դուք երբեք իր փոխարէն ընտրութիւն չընէք:

* * *

ԴՈՒՆ ԿՐՆԱՍ ՍԽԱԼԻԼ: Ինչպէս բոլորը, ձեր զաւակն ալ սխալելու իրաւունք ունի. չէ՞ որ իյնալով եւ բարձրանալով` մենք կը սորվինք ապրիլ: Պէտք է համբերատար ըլլալ:

* * *

ԵՍ ՀԱՄԱՁԱՅԱՅՆ ԵՄ ՔԵԶԻ: Ահա քաջալերական խօսք մը եւս. երբ երեխային որոշումներն ու կարծիքը կը յարգուին, ան կը դառնայ աւելի ինքնավստահ:

* * *

ԵՍ ՄԵԾ ՍԻՐՈՎ Կ՛ՕԳՆԵՄ ՔԵԶԻ: Երեխան պէտք է գիտնայ, թէ որեւէ ատեն կրնայ ձեր օգնութեան դիմել, իսկ դուք միշտ իր կողքին էք ու պատրաստ` օգնելու:

* * *

ԴՈՒՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՍ: Կարելի չէ թերագնահատել այս խօսքին ուժը: Անձ մը, որուն փոքր տարիքին երբեք չեն ըսած դուն գեղեցիկ ես, ինքզինք տեւական համեմատութեան մէջ կը դնէ շրջապատին հետ: Ան ինքզինք միշտ կը թերագնահատէ, նոյնիսկ եթէ ամենագեղեցիկն է:

 

Ընկճախտէ Ձերբազատելու
Դիւրին Միջոցներ

Ստորեւ` պարզ եւ արդիւնաւէտ միջոցներ, որոնք կ՛օգնեն յաղթահարել ընկճախտը:

1

Զուարճալի տեսահոլովակներ դիտելը կ՛օգնէ մեղմել սթրեսը եւ հանգստացնել գլուխը: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ աշխատանքի ընթացքին նման կարճ տեսահոլովակներ դիտողները աւելի արագ կը կատարեն բարդ առաջադրանքները:

2

Օրուան ընթացքին մէկ-երկու գաւաթ կանաչ թէյ խմելը կը հանգստացնէ ջղային համակարգը:

3

Պրազիլցի գիտնականները պարզած են, որ նարինջին բոյրը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել ընկճախտի մակարդակը: Ջղային լարուածութենէ ձերբազատելու համար կարելի է նարինջին կեղեւը ճզմել եւ բոյրը շնչել:

4

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ բարդ աշխատանք կատարելու ատեն երաժշտութիւն լսելը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը կարգաւորէ զարկերակը եւ սրտի մկանային կծկումներու յաճախականութիւնը:

5

Գլուխկոտուկներ լուծելը, փազըլներ կազմելը, խաչբառի վրայ կեդրոնանալը հիանալի միջոցներ են` հանգստանալու եւ ընկճախտը յաղթահարելու:

6

Ձեռքերը մարձելը հիանալի միջոց է հանգստանալու եւ ընկճախտէ ձերբազատելու համար: Մարձումը կարելի է կատարել նոյնիսկ աշխատավայրին մէջ եւ օգտագործել բուրաւէտ սերեր:

7

Ընտանի անասունի հետ զբօսնելը, անոր ժամանակ տրամադրելը կ՛օգնէ ձերբազատելու ընկճախտէ եւ լարուածութենէ: Մասնագէտներու կարծիքով, մինչեւ իսկ աքուարիոմի ձուկերը դիտելը կ՛օգնէ ջիղերը հանգստացնելու:

8

Պարտէզը մշակելը, տան բոյսերով զբաղիլը ձրի եւ դիւրին միջոցներ են հոգեկան բաւարարութիւն զգալու եւ ընկճախտը թօթափելու:

 

Նորաձեւութիւն

Յառաջիկայ Գարուն-Ամառ
Նորաձեւութեան Գլխաւոր Աքսեսուարը

2018 գարուն-ամառ նորաձեւութեան գլխաւոր աքսեսուարը կարելի է համարել ոտքի ապարանջանը:

Արդարեւ, նորաձեւութեան յայտնի տուներու ցուցադրութեան ժամանակ մանըքենները իրենց ոտքերուն կը կրէին տարբեր տեսակի շղթաներ:

Ոտքի ապարանջանները ընդհանրապէս նուրբ են, զանոնք կարելի է կրել հագուստներու, բայց նաեւ տաբատներու հետ: Կան փայլուն քարերով օժտուած տեսակներ, որոնք կը համադրուին պաշտօնական հագուստներու հետ, կան նաեւ տեսակներ` օրուան ընթացքին կամ ծովափը կրելու համար:

Ձեւագէտները նոյնիսկ կ՛առաջարկեն իւրաքանչիւր ոտքի ապարանջան մը կրել, սակայն` ոչ նոյնատեսակ, այլ նախընտրաբար` տարբեր տիպի:

Նշենք, որ ինչ ալ ըլլայ ձեր կազմուածքը, ընտրեցէք նուրբ եւ ոչ աչքառու ոտքի ապարանջաններ` սրունքներուն աւելի սլացիկ տեսք տալու համար:

 

Ձեռային Աշխատանք

Լաթակալով Պատրաստուիած
Գործնական Իրեր

Սովորական փայտեայ լաթակալներով կարելի է պատրաստել շատ հետաքրքրական իրեր` թաղարի ծածկ, տակդիր, հայելիի շրջանակ, գրասեղանի զարդ եւ այլն…

Փայտեայ լաթակալներով աշխատիլը շատ դիւրին է, անոնք նաեւ գունաւոր ներկուելու առաւելութիւնը ունին: Կը բաւէ, որ կլու կան մը ձեռք բերէք եւ ստորեւ տրուած նկարներուն հիմամբ պատրաստէք ձեր փափաքած իրը:

Խոհագիր

 Քպէյպեթ
(Ուրֆայի Ճաշ)

Բաղադրութիւն

– 3 գաւաթ մանր ճերմակ ձաւար
– 3 գաւաթ սիմիթ (բոկեղ)
– Բաւարար ջուր` խմորը շաղելու համար
– 1 թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– 1 ապուրի դգալ աղ
– 1 ափ ալիւր

Միջուկ.

– Կէս քիլօ միջակ յօշուած միս
– 1 միջակ սոխ` մանր մանրուած
– Կէս կապ մանրուած ազատքեղ
– Աղ
– Սեւ փոշի պղպեղ
– Անուշ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ձաւարը թրջել տաք ջուրով: Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել թրջած ձաւարն ու բոկեղը, աւելցնել աղը, ալիւրը եւ փոշի պղպեղը:

Բաւարար տաք ջուր գործածել ձաւարը եւ բոկեղը խառնելու եւ շաղելու համար: Ստացուած կպչուն խմորը խոնաւ լաթով մը ծածկել եւ կէս ժամ ձգել:

Պատրաստել միջուկը միսին աւելցնելով սոխը, ազատքեղը եւ համեմները:

Պատրաստել ընկոյզի մեծութեամբ քպէյպեթի կտորներ եւ մէջը լեցնել միջուկը` միջուկով կոլոլակի սկզբունքով: Մատները տեւաբար ջուրի մէջ թաթխել` կոլոլակները դիւրին ձեւաւորելու համար:

Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աւելցնել ապուրի դգալ մը աղ: Կոլոլակները եռացած ջուրին մէջ նետել, երբ անոնք սկսին ծփալու, մէկ գաւաթ պաղ ջուր աւելցնել եռացած ջուրին` զանոնք ջրոտ եւ հիւթեղ պահելու համար:

Ջուրէն հանել քպէյպեթները, ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել եւ շատ տաք վիճակով հրամցնել:

Աղցան մը եւ թթուաշը շատ լաւ կը յարմարին քպէյպեթին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Քո Դարձի Ճամբին

Ձմեռն էր փռուել քո ճանապարհին
Սիրած աղջկայ թաշկինակի պէս,
Խիղճդ պաղ զէնքի, արեան դէմ անմեղ
Մաքուր էր ձիւնի փաթիլներն ինչպէս,
Որ իջնում էին, այդ օրը կիսում`
Դարձած շուշաններ, մատներ փափկասուն,
Դարձած մաղթանքի օրհներգ մի անձայն,
Որ անփորձ լինէր քո դարձի ճամբան…
Ձմեռն իր ճերմակ դրօշը բացել,
Մեղմ ծածանւում էր որպէս պահապան,
Որ խաղաղ լինէր անաղարտ ճամբան,
Որով դու պիտի զինուոր գնայիր…
Անգամ ձեր այգու չինարին ջահել
Իր ձիւնէ քօղով,
Քո համբոյրները պահեց աչքերից,
Որ լուռ երդումի այրող խօսք որպէս
Դրոշմում էիր սիրած աղջկադ
Շուրթերին անբիծ…
Քեզ բնութիւնն էր օրհնանքով օծում,
Որ այսպէս անցնեն գարուններ լեցուն,
Ծով աշուններ գան,
Ու նամակներիդ կապը միշտ հիւսուած
Ոսկէ շղթայով`
Դէպի ձեր գիւղը ձգուէր ապահով…
Բայց ո՞ւր ես հիմա, ի՛մ լաւ հեռաւոր,
Քո դարձի ճամբին թողիր ինձ մոլոր…

ՄԵՏԱՔՍԷ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>