Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դուրսը աշխատող մա՞յր էք, տակաւին տօնածառը չէ՞ք զարդարած, եւ ձեր զաւակները անհամբեր կը սպասե՞ն անոր, ահաւասիկ նոր եւ հետաքրքրական տօնածառի տարբերակներ` 2018-ը բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորելու համար:
Ամանորի Սեղանի Յարդարանք
Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի սեղանը պէտք է ըլլայ ճաշակաւոր, հիւրընկալ, բայց առաջին հերթին` երեխաներուն սրտին խօսող: Ստորեւ 4 հետաքրքրական յարդարանք` աթոռի, սեղանի ոտքի եւ սպասներու համար:
Ինչպէս նկատեցիք, թէ՛ ծառերը եւ թէ՛ սեղանի յարդարանքները դիւրին իրագործելի, եւ ոչ ծախսալից տարբերակներ են:
Առողջապահական
Կիտրոնի Հիւթով Ջուրին Բարիքները
Ամէն առտու բաժակ մը գաղջ ջուրին կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ անօթի փորով խմեցէք:
Սէ. կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ կիտրոնը եւ բաժակ մը գաղջ ջուրը ժամանակի ընթացքին`
Պիտի բարելաւեն եւ դիւրացնեն մարսողութիւնը,
Պիտի մաքրեն միզային անցքերը թունաւոր նիւթերէն,
Պիտի խթանեն մարմնին դիմադրականութիւնը,
Պիտի մաքրեն մորթը եւ բարելաւեն անոր տեսքը,
Պիտի բարելաւեն տրամադրութիւնը եւ կենսունակութիւն պիտի տան,
Պիտի արագացնեն վէրքերու սպիացումը,
Պիտի մաքրեն շունչը` բերնին գարշահոտութիւնը չէզոքացնելով
Պիտի օգնեն նիհարնալու,
Պիտի դարմանեն անքնութիւնը, պնդութիւնը եւ յոգնածութիւնը:
6 Ուտելիքներ, Որոնք Կարելի Չէ
Մանրալիքի Մէջ Տաքցնել
Կարգ մը ուտելիքներ, մանրալիքի մէջ տաքցնելու պարագային, կը կորսնցնեն իրենց սննդական արժէքը, հետեւաբար կը թելադրուի զանոնք հեռու պահել մանրալիքէն:
1.- Մարկարինը եւ կարագը կը կորսնցնեն իրենց սպիտակուցային արժէքը:
2.- Կաթը կը կորսնցնէ իր սննդարար նիւթերուն կէսը, իսկ ամբողջութեամբ` Պէ. 12 կենսանիւթը:
3.- Ծնեբեկը նոյնպէս կը կորսնցնէ իր սպիտակուցային արժէքը:
4.- Պրոքոլին ամէնէն շատ տուժողն է մանրալիքէն, անիկա 97 տոկոսով կը կորսնցնէ իր անդիոքսիտան յատկութիւնը:
5.- Բրինձը նոյնպէս կը կորսնցնէ իր սննդական յատկութիւնները. նախընտրելի է զայն տաքցնել սովորական օճախի վրայ:
6.- Սխտորը, ընդամէնը 1 վայրկեան մանրալիքի մէջ մնալու պարագային, ամբողջութեամբ կը կորսնցնէ իր սննդական արժէքը, նոյնիսկ կը դառնայ վնասակար:
Կաթը Քաղցկեղին Կը Նպաստէ
Նորվեկիացի գիտնականներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ուղղակի կապ գոյութիւն ունի կաթի եւ կրծքագեղձի քաղցկեղի միջեւ: Այն կիները, որոնք օրական 3 բաժակ կաթ կը խմեն, եռապատիկ ենթակայ են կուրծքի քաղցկեղ ունենալու հաւանականութեան, բաղդատած` այն կիներուն, որոնք կաթ չեն խմեր:
Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է ֆինլանտացի, շուէտացի, բրիտանացի, քանատացի եւ ամերիկացի կիներու վրայ, որոնք կաթի մեծ սպառում ունին: Արդիւնքը ցոյց տուած է, որ կաթի սպառումի տոկոսը ուղղակիօրէն կապուած է կուրծքի քաղցկեղի հաւանականութեան հետ: Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, կաթը կը պարունակէ հորմոններ, որոնք ունին քաղցկեղածին յատկութիւններ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Տէ. կենսանիւթի յաւելումներուն. այն կիները, որոնց մօտ յայտնաբերուած է կուրծքի քաղցկեղ, կրկնակի անգամ Տէ. կենսանիւթ սպառած կիներ են:
Կաթին հետ քաղցկեղի յառաջացման կը նպաստեն այլ գործօններ, ինչպէս` շաքարի, խմորի, միսի չափէն աւելի սպառումը:
Մարդու Կեանքին Սպառնացող
Վտանգներ
Մարդու կեանքին սպառնացող բոլոր վտանգները հաշուի առնելով` կարելի է առանձնացնել անոնցմէ 10 գլխաւորները:
Յաղթահարելով այս վտանգաւոր տասնեակը` մարդկութիւնը յառաջիկայ տարիներուն կրնայ նշանակալիօրէն աւելցնել կեանքի միջին տեւողութիւնը զարգացած երկիրներուն համար 5, իսկ զարգացող երկիրներուն համար մինչեւ 17 տարի: Այդ 10 գործօնները, ըստ իրենց կարեւորութեան եւ մարդու կեանքի տեւողութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան, հետեւեալներն են.
1.- Անբաւարար սնունդը,
2.- Չվտանգազերծուած սեռական յարաբերութիւնները,
3.- Արեան բարձր ճնշումը,
4.- Ծխախոտի եւ թմրանիւթի գործածութիւնը,
5.- Ոգելից ըմպելիները,
6.- Ապականած ջուրի օգտագործումը,
7.- Մարմնին մէջ երկաթի տոկոսի անբաւարարութիւնը,
8.- Թունաւոր ծուխերու եւ կազերու շնչումը,
9.- Արեան մէջ քոլեսթերոլի բարձր քանակը,
10.- Գիրութիւնը:
Հաւու Կրծքամիսի Վրայի
Սպիտակ Գիծը
Հաւու միսը բնասպիտի հրաշալի աղբիւր է, իսկ բնասպիտը կ՛օգնէ մկաններու աճումին եւ զօրացման: Այնուամենայնիւ, Օքսֆորտի գիտնականներ կարեւորութեամբ կ՛ընդգծեն, որ հաւու կրծքամիսին վրայ սկսած են շատնալ սպիտակ գիծերը:
Գիտնականներուն համաձայն, բաղդատած` 1957-ին, հաւերու աճի կշռոյթը աճած է 400 առ հարիւրով, իսկ ասոր մէջ կարեւոր դեր ունի յատուկ հորմոններու օգտագործումը:
Հետեւաբար գնելէ առաջ ուշադիր եղէք այդ գիծերուն:
Խոհագիր
Պուլանժեր
Բաղադրութիւն
1 քիլօ գետնախնձոր
2 սոխ
60 կրամ կարագ
200 մլ արգանակ
200 մլ կաթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորը կեղուել եւ շատ բարակ կլոր շերտերու վերածել, կարելի է «մանտոլին» գործիքը օգտագործել: Շերտերը աղով եւ սեւ պղպեղով համեմել: Օղակաձեւ կտրտել սոխը:
Ափսէն կարագով ծեփել, շարել գետնախնձորները, ապա` օղակաձեւ կտրտուած սոխը: Գործողութիւնը կրկնել, մինչեւ որ գետնախնձորները սպառին: Ուշադիր ըլլալ, որ վերջին շարքի գետնախնձորները համաչափ շարուին եւ գեղեցիկ տեսք ունենան:
Արգանակը տաքցնել, աւելցնել կաթը, ապա` տաք խառնուրդը թափել գետնախնձորներուն վրայ: Խառնուրդը պէտք է հասնի վերջին շերտին, բայց չծածկէ զայն: Մինչեւ ջեռոցը` դնելը` երեսի շերտին վրայ հալած կարագ թափել:
Ափսէին երեսը ծածկել ալիւմինիոմ թուղթով եւ 40 վայրկեան եփել 200 ջերմաստիճանով, յետոյ ափսէին երեսը բանալ, ջերմաստիճանը 180-ի իջեցնել եւ 40 վայրկեան եւս եփել:
Հրամցնել մսեղէնի մը կամ աղցանի մը կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Դո՛ւ
Դո՛ւ`
երկու տա՜ռ,
Դո՛ւ`
հասարա՜կ մի դերանուն,
Եւ ընդամէնն այդ քո երկո՛ւ հատիկ տառով
Այս բովանդակ աշխարհին ես ինձ տէր անում…
Դո՛ւ`
երկու տա՜ռ,
Ու ես գարնան հողի նման
Քո կենսատու ջերմութեանն եմ ընտելանում…
Դո՛ւ`
երկու տա՜ռ,
Եւ ահա ես
Երջանկութեան համն եմ զգում իմ բերանում,
Անջատումին ըմբերանում
Եւ թերանում եմ կատարել հրամանը տառապանքի…
Դո՛ւ`
երկու տա՜ռ,
Ու ես, անգի՛ն,
Ինձանից ինքս վերանում`
Փոշիացած հերոսների
Ու ծնուելիք հանճարների
Դասակին եմ ընկերանում…
Դո՛ւ`
երկու տա՜ռ,
Ու երբ յանկարծ
Թողնում ես ինձ ու հեռանում`
Լքուած տան պէս ճեղք եմ տալիս,
Ծեփըս թափում, անտէրանում,
Եւ կսկիծը, ցեցի նման,
Բոյն է դնում իմ սիւնի մէջ,
Ձեղունի մէջ ու գերանում…
Դո՛ւ`
երկու տա՜ռ,
Դո՛ւ`
հասարա՜կ մի դերանուն…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
1958թ. Մոսկուա