Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
7 դեկտեմբեր 1988-ին, առաւօտեան ժամը 11:41-ին Հայաստանի հիւսիս-արեւմուտքը տեղի ունեցաւ ժամանակի ամենաաղէտալի երկրաշարժերէն մէկը, որուն պատճառով Սպիտակ քաղաքը գրեթէ հիմնովին աւերուեցաւ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Սպիտակը, Գիւմրին եւ Վանաձորը հարուածած աւերիչ երկրաշարժին զոհուեցաւ շուրջ 25 հազար մարդ, 140 հազար մարդ հաշմանդամ մնաց, իսկ 500 հազար մարդ` անօթեւան:
Աւերուած շրջաններու վերականգնման մասնակցեցան Խ. Միութեան գրեթէ բոլոր հանրապետութիւնները: Ընդամէնը 111 երկիրներ, ներառեալ` Լիբանանը, Պելճիքան, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան, Ամերիկան, Զուիցերիան, տրամադրեցին փրկարարական սարքաւորումներ, մասնագէտներ, սննդամթերք եւ դեղորայք. մասնակցեցան նաեւ վերականգնողական աշխատանքներուն:՛
Փորձ-Հարցարան
Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք
Ձեր Զաւկին Հետ
Իմանալու համար, թէ ինչպիսի՛ն են ձեր յարաբերութիւնները ձեր զաւկին հետ, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն` ընտրելով հաւանական պատասխաններէն մէկը, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1.- Մինչեւ օրս պահած էք`
ա.- Ձեր զաւկին բժշկական տետրակը:
բ.- Ձեր զաւկին առաջին բանաստեղծութիւնը:
գ.- Ձեր զաւկին կաթի ակռան:
2.- Ձեր զաակը կը կախակայուի իր մէկ յանցանքին համար:
ա.- Անմիջապէս դպրոց կը ներկայանաք եւ բացատրութիւն կը պահանջէք:
բ.- Զինք կը կանչէք եւ կ՛ուզէք իրմէ՛ լսել պատճառը:
գ.- Պատճառը իմանալէ ետք, խոստում կ՛առնէք, որ ուրիշ անգամ չկրկնէ:
3.- Մայրերու օրը մտքով կը կապէք`
ա.- Փունջ մը ծաղիկի հետ:
բ.- Ընտանեկան ընթրիքի հետ:
գ.- Սրտաբուխ մաղթանքի հետ:
4.- Մայր դառնալով, կը սորվիք`
ա.- Դատել եւ դատուիլ:
բ.- Ինքնամոռաց դառնալ:
գ.- Տկարանալ զաւկին դիմաց:
5.- Ձեր զաւակը առանց պատճառի նեղուած է:
ա.- Հետը կ՛առանձնանաք եւ բացատրութիւն կ՛ուզէք:
բ.- Կը սպասէք, որ հանդարտի եւ արտայայտուի:
գ.- Ձեր թեւերուն մէջ կ՛առնէք եւ պատճառը կը հարցնէք:
6.- Ձեր զաւակը դպրոցական քննութիւններու կը պատրաստուի.
ա.- Ձեր բոլոր գործերը կը ձգէք եւ քովը կը նստիք:
բ.- Պէտք եղած ցուցմունքները կու տաք եւ հեռուէն կը հսկէք:
գ.- Նախօրօք պատրաստած էք անոր աշխատանքի ժամանակացոյցն ու ծրագիրը, իրեն կը մնայ հետեւիլ ձեր ցուցմունքներուն:
7.- Երբ ձեր զաւակը լուրջ դժուարութիւն մը ունենայ,
ա.- Անմիջապէս ձեզի կը դիմէ, քանի որ իր սրտին խօսող լուծումներ կը գտնէք:
բ.- Ձեզի կը դիմէ, քանի որ կը հանգստացնէք զինք:
գ.- Ձեզի կը դիմէ, քանի որ շնորհիւ ձեզի` ամէն բան աւելի յստակ կը տեսնէ:
8.- Ձեր զաւակը ձեզի հետ չ՛ապրիր, բայց եւ այնպէս`
ա.- Իր սենեակը եղածին պէս պահած էք:
բ.- Շաբաթական դրութեամբ հետը կը խօսիք:
գ.- Տեւաբար ձեր կարծիքին կը դիմէ:
9.- Եթէ խաղալիքի մը վերածուէիք, պիտի ուզէիք ըլլալ`
ա.- Խոշոր արջուկ մը:
բ.- Լեկոյի խաղ մը:
գ.- Բառ խաղ մը:
10.- Յաճախ ձեր զաւակները ձեզ կը մեղադրեն, որ`
ա.- Անտեղի կը մտահոգուիք իրենց համար:
բ.- Շահ հարցու-փորձ կ՛ընէք:
գ.- Խստապահանջ էք:
ԱՐԴԻՒՆՔ
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կը նշանակէ, որ ձեր զաւակը ձեր կեանքին ամբողջ իմաստն է, ձեր գոյութեան միակ պատճառը: Շատ բնական կը գտնէք, որ մէկ կողմ ձգէք ձեր փափաքներն ու երազները եւ ամբողջովին նուիրուիք անոր: Ժամանակն է, որ քիչ-քիչ թեւեր տաք անոր, որպէսզի սորվի ինքնաբաւ ըլլալ, իսկ դուք զբաղեցէք ձեր անձով, եղէք «անձնասէր», նաեւ` որպէսզի հետագային մեծ յուսախաբութիւններ չապրիք:
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, որպէս ծնող` ոստիկան չէք: Չէք փափաքիր, որ ձեր զաւակը ձեզ տեսնէ որպէս օրէնքներ ճշդող եւ պարտադրող անձ, այլ կ՛ուզէք, որ մօտենայ ձեզի, հանգիստ արտայայտուի իր դժուարութիւններուն մասին, ձեզի հետ բաժնէ իր վիշտն ու ուրախութիւնը: Ազատ կը ձգէք, որ կեանքի մէջ իր ընտրութիւնները կատարէ եւ իր անձնական թեւերով թռչի:
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ձեր զաւկին դաստիարակութիւնը առաջնահերթ է ձեզի համար: Անոր համար կը ջանաք ստեղծել յարմար միջավայր եւ ճշդել որոշ օրէնքներ, որպէսզի ինքզինք կառուցէ եւ աւելի ուշ երախտապարտ ըլլայ ձեզի:
Զօրաւոր անհատականութիւն ունիք եւ նոյնիսկ ձեզմէ հեռու` կը փորձէք հսկել անոր վրայ, քանի որ երեխան կը մնայ` ըստ ձեզի:.
8 Նշան, Որ Դուք Ընկճախտի
Մատնուած Էք
Ընկճախտը յաճախ բոյն կը շինէ դանդաղ եւ աննկատ, այն պահուն, երբ դուք կը շարունակէք կարծել, թէ ամէն ինչ կարգին է:
Ահաւասիկ` 8 նշան, որ դուք ընկճախտի մէջ էք:
1.- Յաճախ մղձաւանջային երազներ կը տեսնէք:
2.- Յաճախ կը մսիք եւ կը հիւանդանաք:
3.- Յաճախ կը մոռնաք, իրեր ձեր ձեռքէն կ՛իյնան, իրեր կը կորսնցնէք:
4.- Կը գիրնաք, ստամոքսի խանգարումներ կը զգաք:
5.- Ականջներուն մէջ աղմուկ, զնգոց կը զգաք:
6.- Յաճախ կը քերէք ձեր մարմնին տարբեր մասերը` քիթ, յօնք…
7.- Ակռաներու հետ յաճախակի անհանգստութիւններ կ՛ունենաք:
8.- Ձեր մազերը մնայուն կը թափին:
Նոր Տարուան Նախօրեակին
Երեխաները Զուարճացնող
Կաղանդի Ուտեստներ
Կաղանդը առաջին հերթին երեխաներուն տօնն է: Պայման է, որ Կաղանդի սեղանը իր յարդարանքով եւ ուտեստներով զարմացնէ, զուարճացնէ եւ ուրախացնէ երեխաները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք դիւրին եւ արագ պատրաստուող, բայց նաեւ ոչ ծախսալից Կաղանդի ուտեստներ, որոնք անտարբեր պիտի չձգեն երեխաները, նոյնիսկ` մեծերը:
Խոհագիր
Ճակնդեղով Հումմոս
Բաղադրութիւն
Մէկ միջակ ճակնդեղ (խաշած)
Պահածոյ սիսեռ (պզտիկ տուփ մը)
3 պրճեղ սխտոր
Կէս կիտրոնի հիւթ
Կէս կիտրոնի տաշուք
Երկու ապուրի դգալ թահին
Երկու ապուրի դգալ ձէթ
Կէս թէյի դգալ քիմիոն
Աղ
Պատրաստութիւն
Հարիչին մէջ լեցնել բաղադրիչները եւ հարել:
Եթէ խառնուրդը շատ թանձր ստացուի, քիչ մը ջուր աւելցնել:
Լեցնել փոս ամանի մը մէջ, զարդարել շուշմայով, կարմիր փոշի պղպեղով կամ պարզապէս ձէթով:
Կարելի է ճակնդեղը փոխարինել խոշոր, նարնջագոյն դդումով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Աղէտ
Այս ինչ պատահեց հայոց աշխարհին
Ողբերգութիւն է համաշխարհային
Մի բուռ ազգ էինք, դարձել ենք կէս բուռ
Իսկ այդ կէս բուռն էլ արտասուք է լուռ:
Մենք այլոց տունը երբեք չենք քանդել,
Էլ ինչո՞ւ պիտի մեր տունը քանդուէր.
Մեր պաշտած հողը մեզ իր գիրկն առաւ
Մեր պաշտած քարը մեր գլխին ընկաւ:
Այո՛, կը յիշենք, նոյնիսկ կը գրենք,
Եթէ շատերս չխելագարուենք:
Բայց այս օրերին կայ լոկ մի՛ խորհուրդ`
Պիտի դիմանա՛ս, իմ հայ ժողովուրդ,
Դեռ պիտի յաղթես, ապրելո՛վ յաղթես.
Եւ նաեւ, նաեւ ծիծաղո՛վ յաղթես:
Մենք չմնացինք աշխարհում մենակ.
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ յենակ
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ թիկունք,
Շնորհակալ ենք` բոլորին յատուկ:
Մարդիկ զոհուեցին` ազնուութիւնը ո՛չ:
Սա՛ է պահելու ժողովուրդին ողջ:
Եւ ասա՛ Աստուած, եթէ խիղճ ունես,
Ի՞նչ ճակատագիր տուեցիր դու մեզ:
Մենք այսօր շատ ենք ցնցուած, բզկտուած,
Թող վերջին վիշտը լինի սա, Աստուա՛ծ:
ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ