Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մանուկ հասակիս ես կ՛երազէի փայլուն, պսպղուն հեծանիւ ունենալ. ժամերով կը կենայի խանութի ցուցափեղկին առջեւ ու կը դիտէի…
Երազիս մէջ ալ կը տեսնէի…
Եւ վերջապէս տնեցիները խոստացան, որ հեծանիւ կը գնեն: Վրայ հասաւ հանդիսաւոր օրը: Մեր ամբողջ ընտանիքը մօրս` Սանամի գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ դէպի խանութ: Մայրս հագած էր իր միակ տօնական զգեստը եւ կը գլխաւորէր երթը: Անոր ետեւէն կը քալէի ես` ձեռքիս ինծի վստահուած դրամապանակը: Ետեւէն կը քալէին քոյրերս եւ բակի բոլոր երեխաները փոքր եղբօրս` Աբոյի գլխաւորութեամբ: Եւ յանկարծ շատ մօտէն լսուեցաւ` «խօսում է Մոսկուան, խօսում է Մոսկուան…»:
Ես երկար կեցած էի ցուցափեղկին առջեւ, ուր փայլփլում էր իմ երազանքը` «Սեզա՛մ, բացուի՛ր…», իսկ դրան վրայ կար մեծ կղպանք մը, եւ` ինչ-որ մէկու արագ ձեռագիրով գրուած թուղթ մը` «Փակ է պատերազմի պատճառով»: Չորսուկէս տարի մանկութեան երազանքը մնաց փակ դրան ետեւ…
… Տարիներ շարունակ տարբեր գործուղումներէն վերադառնալով` ես տղուս կը բերէի կանաչ, կարմիր, երկնագոյն հեծանիւներ: Տղաս, մէկ-երկու վայրկեան քշելէ ետք, կ՛երթար «կռիւ-կռիւ» խաղալու:
Մէկ կողմ ինկած կը մնայինք ես ու հեծանիւները: Անգամ մըն ալ բարձրացուցի հեծանիւին աթոռը, նստայ ու քշեցի սենեակին մէջ: Վրէժ լուծեցի իմ մանկութեանս համար եւ հասկցայ շատ պարզ բան մը. մարդ ամէն ինչ պիտի ստանայ ժամանակին` ե՛ւ օրօրոցայինը, ե՛ւ առաջին հեծանիւը:
Նոր Տարուան Նախօրեակին
4 Խորհուրդ` Ձեր Զաւկին
Նուէրը Գնելէ Առաջ…
Նոր տարին կը մօտենայ, եւ դուք տակաւին չէք որոշած` ի՛նչ նուիրել ձեր երեխային. իսկակա՛ն գլուխ կոտրուկ մը…
Ահաւասիկ 4 գործնական խորհուրդ` այս անել վիճակէն դուրս գալու համար:
1
Նկատի առէք ձեր զաւկին հետաքրքրութիւնները:
Մի՛ տարուիք դարուս հոսանքին հետ եւ մի՛ գնէք «Այ փետ» մը կամ բջիջային մը, եթէ ձեր երեխան գծել, կառուցել կամ մարզական խաղեր կը սիրէ, բայց նաեւ` հակառակը:
«Այ փետ» մը անկասկած տեղւոյն վրայ պիտի դիւրացնէ զինք (մանաւանդ եթէ ընկերներէն շատեր նոյնէն ունին), բայց շատ արագ պիտի հրաժարի անկէ, եթէ ֆութպոլի գնդակ մը կամ փինկ-փոնկի ռաքեթ մը աւելի կը հետաքրքրեն զինք:
2
Ձեր անձնական ճաշակը մէկ կողմ դրէք:
Շատ յաճախ կը պատահի, որ ձեր զաւկին գնէք խաղալիք մը, որ ձեր մանկութեան ունեցած չէք եւ շատ պիտի փափաքէիք ստանալ: Այս սխալը մի՛ գործէք եւ ձեր զաւկին գնեցէք իրե՛ն հաճոյք պատճառող նուէր մը:
3
Խուսափեցէք «խելացի» նուէրներէն:
Կաղանդի նուէրի պարագային մէկ կողմ դրէք ձեր մանկավարժական սկզբունքները եւ ձեր զաւկին մի՛ պարտադրէք դաստիարակչական խաղեր կամ հանրագիտարաններ` առանց հաշուի առնելու իր նախասիրութիւնները:
Գիրքն ու դաստիարակչական խաղը թող անպայման ըլլան թէկուզ ձեզի համար «անիմաստ» խաղալիքի մը կողքին:
4
Տատամսումի պարագային խաղալիքներով մի՛ ողողէք զինք:
Եթէ կողմնորոշուելու դժուարութիւն ունիք, քանի մը տեսակ նուէրով մի՛ փորձէք լուծել ձեր հարցը: Մի՛ մտածէք, որ եթէ այս մէկը չուրախացնէ զինք, միւսներէն մէկը անպայման կը գոցէ բացը…
Այսպիսով, դուք կը մեծցնէք «շփացած եւ փճացած» զաւակ մը, որ ոչ միայն պիտի կորսնցնէ իրերուն արժէքը, այլ պիտի հասնի օրը, երբ ոչինչ պիտի ուրախացնէ կամ գոհացնէ զինք:
10 Բան, Որ Պէտք Է Ընել
Մինչեւ Նոր Տարի
Ամանորը նոր կեանք սկսելու հրաշալի առիթ է, եւ որպէսզի Նոր տարին սկսինք «մաքուր էջով», անհրաժեշտ է վատ բաները ձգել անցեալի մէջ, մոռնալ վէճերն ու անյաջողութիւնները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 բան, որ պէտք է ընել մինչեւ Նոր տարի:
1.- Մոռնալ վատը: Ամանորը նոր կեանքով սկսելու նախապայմանը ա՛յս է: Ձեր ետին ձգեցէք դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները: Ջանացէք տարեմուտը դիմաւորել բարձր տրամադրութեամբ:
2.- Ներել եւ հաշտուիլ: Ամանորէն առաջ անպայման հաշտուեցէք այն անձերուն հետ, որոնց հետ վիճած էք` ներելով անոնց սխալները: Ձեր ետին ձգեցէք վիրաւորանքներն ու սրտնեղութիւնները:
3.- Կատարել խոստումները: Եթէ ոեւէ մէկուն բան մը խոստացած էք, կատարեցէք ձեր խոստումը, արդէն շատ քիչ ժամանակ մնացած է մինչեւ տարեվերջ:
4.- Վերադարձնել պարտքերը: Պէտք չէ տարին սկսիլ նախորդ տարուան կուտակուած պարտքերով: Ազատեցէք այդ բեռէն, որպէսզի Ամանորը թեթեւ սրտով դիմաւորէք:
5.- Տունը կոկել: Նոր տարիէն առաջ ընդհանուր մաքրութիւն մը ըրէք եւ մանաւանդ ձերբազատեցէք հին ու անգործածելի իրերէն:
6.- Զարդարել տունը եւ տօնածառը: Անհնար է պատկերացնել Ամանորը` առանց տօնածառի: Ժամանակ տրամադրեցէք եւ տունը զարդարեցէք Կաղանդի համապատասխան զարդարանքներով:
7.- Նոր հագուստ գնել: Պայման չէ, որ հագուստը նոր ըլլայ, կրնաք ձեր ունեցած մէկ հագուստին յարմարցնել նոր կօշիկներ, նոր վզկապ, նոր զարդեղէն, այլ խօսքով` նոր աքսեսուար մը, որպէսզի դուք եւս մտնէք տօնական մթնոլորտին մէջ:
8.- Կարգի բերել արտաքինը: Խիստ սննդականոնի մը հետեւելով` քանի մը քիլօ կորսնցուցէք, ձեր մազերուն գոյնը կամ սանտրուածքը փոխեցէք, անուշահոտի նոր բոյր մը ընտրեցէք… Այս բոլորը կը բարձրացնեն ձեր տրամադրութիւնը:
9.- Նուէրներ գնել: Անպայման ժամանակ գտէք ձեր սիրելիներուն նուէրներ գնելու եւ ծրարելու: Այս հաճելի պարտականութիւնը վերջին օրուան մի՛ ձգէք:
10.- Անպէտք իրերէն ձերբազատիլ: Մինչեւ Ամանոր ձերբազատեցէք տան աւելորդ, անպէտք ու հին իրերէն, որպէսզի Նոր տարիին «տեղ բացուի» նորերուն համար:
Տօնական Շպարներ
Տօնական օրերու նախօրեակին դիմայարդարները արդէն իսկ իրենց պատկերացումները ունին, ինչ կը վերաբերի տօնական շպարներուն:
Այդ շպարներէն շատեր կը յատկանշուին ոսկեգոյնի տիրական ներկայութեամբ, բայց կան նաեւ արտասովոր շպարներ` տօնածառի եւ այլ թեմաներով: Ստորեւ` քանի մը նմուշ…
Կաղանդի Բացիկներ
Կաղանդի շնորհաւորական բացիկներ փոխանակելու սովորութիւնը դժբախտաբար նահանջած է, բայց եւ այնպէս բոլորովին անհետացած չէ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Կաղանդի բացիկի հետաքրքրական տարբերակներ, որոնց պատրաստութիւնը շատ դիւրին եւ արագ է: Կարելի է նոյներուն փոքր չափի տարբերակները պատրաստել եւ կցել նուէրի ծրարին: Միշտ ալ Կաղանդի բարեմաղթանքները հաճոյք կը պատճառեն ստացողին եւ կը ջերմացնեն սիրտերը:
Խոհագիր
Անուշապուր
– Կէս բաժակ ցորեն
– 6 բաժակ ջուր
– 3/4 բաժակ մանրուած ծիրանաչիր
– 3/4 բաժակ առանց կուտի մանր չամիչ
– 1 բաժակ շաքար
– 1 թէյի դգալ կասիա
– 1/4 բաժակ մանրուած ընկոյզ
– 3/4 բաժակ նուշ
– 1/4 բաժակ նուռի հատիկ
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ ջուր լեցնել, աւելցնել ցորենը եւ բարձր կրակի վրայ եփել մինչեւ եռման աստիճան: Կաթսային տակը մարել եւ ամբողջ գիշեր մը մէկ կողմ ձգել:
Յաջորդ օրը խառնուրդը տկար կրակի վրայ եփել, աւելցնել մանրուած ծիրանաչիրը, չամիչն ու շաքարը եւ պարբերաբար խառնել: Անհրաժեշտութեան պարագային քիչ մը տաք ջուր աւելցնել կէս ժամ եւս եփել, աւելցնել կասիան:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել խառնուրդը, երեսը զարդարել ընկոյզով, նուշով եւ նուռի հատիկներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նոր Տարու Հետ Նորանալով
Հրաժեշտի ու հանդիպման
Երանելի մի ակնթարթ …
Զրը՜նգ, զրը՜նգ, – ծոր է տալիս
Ժամացոյցի զանգը հանդարտ:
Սեղանների վրայ թողած
Իր օրհնութիւնն ու իր բարին,
Հարազատի յօժարութեամբ
Հեռանում է յոգնած տարին:
Մանուկ տարին իր սպիտակ
Խանձարուրից աչքը բանում,
Ուրախութիւն, ուրախութիւն,
Ուրախութիւն է խոստանում:
Ուրախանանք նոր տարու հետ ¬
Նոր տարու հետ նորանալով,
Հին հոգսի հետ մեր քունքերի
Ճերմակն անգամ մոռանալով …
Եկէք մաղթենք ¬ այսպէս կանգնած
Սեղանների շուրջը հարուստ ¬
Գնացողին` բարի ճամբայ
Ու եկողին` բարի գալուստ:
Խմենք կենացն այս նոր տարու,
Մի քիչ բացուինք ու արթնանանք,
Տխրութիւնը միշտ կը լինի,
Այսօր մի լաւ ուրախանանք,
Մեր սրտերում ուրախութեան
Կրակն այսպէս թող ճարճատի,
Որ ծիծաղներ ծաղկին` ծալ-ծալ
Ակօսներում մեր ճակատի:
Ուրախանանք նոր տարու հետ,
Նոր տարու հետ նորանալով,
Դալարելո՛վ մեր կեանքն ապրենք,
Ոչ թէ դանդաղ չորանալով …
Խաղաղութիւն մաղթենք հողին,
Մաղթենք` ամէն սար ու ձորում
Բողբոջներին բացուելու բախտ
Եւ ծիլերին` հասկաւորում:
Սիրողներին մաքուր սիրոյ
Հաւատ մաղթենք մի հաստատուն,
Իմաստունին կորով մաղթենք,
Եւ կտրիճին` իմաստութիւն:
Մերձաւորին վստահութիւն,
Մեծաւորին ներող հոգի,
Բարուն ազատ թեւեր մաղթենք
Եւ բարութիւն` ամէն ոքի:
Բոլոր մարդկանց մաղթենք` իրար
Ջերմացնող մի ջերմութիւն,
Մի մտերիմ, մի մտերիմ,
Մի մտերիմ մտերմութիւն:
Ուրախանանք նոր տարու հետ
Նոր տարու հետ նորանալով,-
Մեզ աւելի լաւ ճանաչենք
Մեր հոգու մէջ խորանալով…
Եկէք խմենք մեր այս միակ,
Անկրկնելի կեանքի կենաց,
Մեր ձեռքերի ճարտարութեան
Ու մեր արդար ջանքի կենաց,
Այս նոր տարուայ առաջին ձեան
Եւ առաջին ծաղկի կենաց …
Զարկենք թասերն ու դատարկենք
Մեր այս սեղան-սինու կենաց,
Քանի գինին մեզ չի խմել,
Խմենք նաեւ գինու կենաց …
Մեր սրտերում ուրախութեան
Կրակն այնպէս թող ճարճատի,
Որ էլ հոգսի հետք չմնայ
Կնճիռներում մեր ճակատի:
Ուրախանանք նոր տարու հետ,
Նոր տարու հետ զօրանալով, –
Շտկենք սապատն այս աշխարհի,
Թէկուզ մի քիչ կորանալով:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ