Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Փորձառուներու Կարծիքով…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իսկական դալար ծառը աւելի կը դիմանայ եւ փուշերը նուազ կը թափին, եթէ անոր բունը խաչաձեւ ճեղքենք եւ զայն տնկենք խոնաւ հողով դոյլի մը մէջ:

* * *

Նախքան տօնածառը զարդարելը, թելադրելի է անոր վրայ սրսկել հաւասար համեմատութեամբ կլիսերինի եւ ջուրի խառնուրդ մը:

* * *

Որպէսզի տօնածառը երկար դիմանայ, անոր հողին կոճղին շուրջը 3-4 օրը անգամ մը սառոյցի կտորներ զետեղել: Սառոյցներուն ջուրը քիչ-քիչ կը թափանցէ հողին մէջ, առանց ծառին արմատները փտեցնելու:

* * *

Որպէսզի տօնածառը երկար ժամանակ դալար եւ թարմ մնայ, մինչեւ զարդարելը զայն դրէք ջուրով լեցուն դոյլի մը մէջ: Որպէսզի ջուրը լաւ ներծծուի, տօնածառին բունէն բարակ շերտ մը կտրեցէք:

 

Մեր Մեծերուն Անժամանցելի
Ամանորի Խօսքերը

«Նոր տարուան առիթով ցանկանում եմ, որ մեր զոհուած մարտիկների եւ կենդանի մնացածների արդար փափաքը` թշնամու ոչնչացումը արագ կատարի»:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
1 յունուար 1942, Երեւան

* * *

«Ցանկանք, որ այս տարի ով բաժան է` միանայ, ով անսէր է` սիրահարի, ով հիւանդ է, առողջանայ, առողջները երջանիկ լինեն եւ ով ինչ նուիրական իղձ ունի` կատարուի՜…»:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

* * *

«Ինչպէս մի երգ` սիրուած ու հին, շշնջում եմ անգիր, շնորհաւոր քո Նոր տարին, իմ Հայաստան երկիր, կանաչ մնաս եղեւնուդ պէս, ապրես կեանքով երկար, եւ ինչքան Նոր տարի տեսնես դու, նորանաս այնքան…»:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

* * *

«Տագնապալից սրտով այս նոր տարուան էլ յիշում եմ հայոց սփիւռքը: Այնտեղ կեանքի եւ մահուան կրակի մէջ է հայոց լեզուն: Ուրեմն հարկաւոր է հայոց լեզուի պաշտպանութիւնն ամէնօրեայ դարձնել ամէնուրեք»:

Այսօր շնորհաւորելով ամէնքիդ Նոր տարին, ուզում եմ ահազանգել, որ ամէն մի ազգի զաւակ պիտի պաշտէ մայրենին: Այն պատանին, որը գիտէ եօթ լեզու, եօթ անգամ համբուրելի է, բայց այն նոյն պատանին եթէ չի գիտեր իր մայրենի լեզուն, եթէ ամէնօրեայ օդ չէ նրա բերանում իր մայրենին, նա եօթը հազար անգամ նզովելի է»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

 

 Նուռ Ուտելու  10 Համոզիչ
Պատճառներ

1.- Կը բարձրացնէ հեմոկլոպինը եւ կը պայքարի արեան տկարութեան դէմ:
2.- Կը չափաւորէ արեան ճնշումը: Իսկ նուռին չորցուած կեղեւով պատրաստուած թէյը կը հանգստացնէ ջղային համակարգը եւ կը բարելաւէ քունին որակը:
3.- Կը վարակազերծէ կոկորդն ու բերանը:
4.- Այն քիչ պտուղներէն է, որ կ՛արտօնուի նոյնիսկ շաքարախտաւորներուն:
5.- Կը դարմանէ փորհարութիւնը:
6.- Կը մաքրէ մորթը եւ կը դարմանէ բշտիկները:
7.- Կը պաշտպանէ բորբոքային հիւանդութիւններէն:
8.- Կը կանխարգիլէ ուղեղին բջիջներուն կանխահաս ծերութիւնը եւ կը պաշտպանէ Ալզայմըր կոչուած հիւանդութենէն:
9.- Կը դիւրացնէ մարսողութիւնը:
10.- Կը պակսեցնէ գէշ քոլեսթրոլին տոկոսը:

Ինչպէ՞ս կեղուել ու մաքրել նուռը

Նախքան նուռը մաքրելը` նախ հագէք խոհանոցի գոգնոց մը, որպէսզի ձեր հագուստը պաշտպանէք հաւանական արատներէ:

Սուր դանակի մը միջոցով կտրեցէք նուռին երկու ծայրամասերը, ապա քառորդներու վերածեցէք:

Ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ իւրաքանչիւր քառորդի հատիկները բաժնեցէք: Ճերմակ մաշկերը պիտի ծփան իսկ կարմիր հատիկները պիտի մնան յատակին:

Ասիկա նուռ մաքրելու յարմարագոյն ձեւն է:

 

Տօնական Սեղանի
Յարդարանքներ

Նոր տարին դիմաւորելու հետաքրքրական պահերէն մէկը տան յարդարանքն է, իսկ ամէնէն գեղեցիկը` Ամանորի սեղանի յարդարանքը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամանորի սեղանը յարդարելու իւրայատուկ, բայց նաեւ ոչ ծախսալից եւ արագ պատրաստուող տարբերակներ:

Քանի մը մոմ, գինիի կամ շամփանիայի բաժակներ, Կաղանդի զարդարանքներ, տուրմ կամ ընկուզեղէն բաւարար են ձեր տօնական սեղանը աւելի ջերմ ու հիւրընկալ դարձնելու համար:

Ստորեւ` հետաքրքրական նմուշներ:

Խոհագիր

Կաղանդ Պապուկի
Գլխարկով Կարկանդակ

Պատրաստեցէք սովորական տուրմով կարկանդակ մը եւ զայն եփեցէք քառանկիւն ափսէի մը մէջ:

Պաղելէն ետք կլոր կաղապարի մը միջոցով կտրտեցէք պզտիկ, կլոր կարկանդակներ ստանալու համար:

Կարկանդակները շարեցէք ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ, իւրաքանչիւրին վրայ զետեղեցէք խոշոր ելակ մը, շուրջը զարդարեցէք սերով, նոյնպէս ալ` «գլխարկին» սրածայր բաժինը:

Այս կարկանդակը թէ՛ տեսքով եւ թէ՛ չափով շատ յարմար տարբերակ մըն է տօնական հիւրասիրութեան համար:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի`
Ես ու կինս լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած
Ութը անձ…
Սպասեցինք ընդերկար,
Որ շնչաւոր մէկը գար,
Զարնէր մեր դուռը ամուր
Եւ սրտալի բարեւ տար:

Սպասեցինք մենք ի զուր
Մեր հիւրերուն, մեր զաւկին,
Ու երբ որ ձայնը զանգին
Մնաց երկար քարացած,
Կինս ըսաւ. «Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը անգին
Մեր սիրելեաց բացակայ»:

Լռութեան մէջ անձկագին
Բաժակը լոկ զրնգաց,
Շրթները լուռ մնացին,
Պատերը` մերկ մեր դիմաց
Եւ չտուին արձագանգ:
Տօնածառը գլխահակ,
Իր լոյսերով ամօթխած,
Նայեցաւ մեզ ու գթաց…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>