Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Փորձ-Հարցարան. Նուէրի Ընտրութիւնը Հաճո՞յք, Թէ՞ Տաղտուկ Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը ուրախ առիթներ են` նուէրներ փոխանակելու, հաճոյք պատճառելու եւ, ինչո՞ւ չէ, նուէրի մը ճամբով պատգամ մը յղելու:

Ձեզի համար նուէր մը ընտրելն ու գնելը հաճո՞յք, տաղտո՞ւկ, թէ՞ պարտականութիւն է…

Կարդացէ՛ք ստորեւ տրուած հարցումները, պատասխանեցէ՛ք, ապա կարդացէք արդիւնքը:

– 1 –

Ձեր կարծիքով, նուէր մը պէտք է ըլլայ`

ա.- Մեծ եւ տպաւորիչ,
բ.- Անսովոր եւ իւրայատուկ,
գ.- Պարզ եւ խորհրդանշական:

– 2 –

Ձեր կարծիքով նուէրը`

ա.- Կ՛արտացոլէ մեր միտքն ու զգացումները,
բ.- Խորհրդանիշ մըն է,
գ.- Ազնիւ արարք մըն է:

– 3 –

Նուէր մը ընտրելու համար`

ա.- Մինչեւ մսխում կ՛երթաք,
բ.- Գինն ու արժէքը կշիռքի վրայ կը դնէք,
գ.- Ամէնէն աժանը կ՛ընտրէք:

– 4 –

Ի՞նչ հակազդեցութիւն կ՛ակնկալէք նուէր ստացող անձէն:

ա.- «Սքանչելի՛ է»,
բ.- «Շատ գործնական է»,
գ.- «Շնորհակալ եմ»:

– 5 –

Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք նուէր մը:

ա.- Առնուազն տասը խանութ կ՛այցելէք,
բ.- Գիտէք` ո՛ւր կը վաճառուին յարմարագոյն նուէրները,
գ.- Համացանցի վրայ կը փնտռէք:

– 6 –

Ձեր մտադրած նուէրը արդէն սպառած է շուկային մէջ…

ա.- Ուրիշի մը մասին կը մտածէք,
բ.- Տարբեր մասնաճիւղեր կը դիմէք,
գ.- Կը զայրանաք, քանի որ ստիպուած էք այլընտրանքի մը մասին մտածել:

– 7 –

Ձեր ստացած նուէրը չսիրելու պարագային,

ա.- Թէեւ չէք հակազդեր, բայց ձեր յուսախաբութիւնը յստակ է,
բ.- Կը փորձէք նուէրին լաւ երեսը տեսնել,
գ.- Ուրախ կը ձեւանաք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, նուէր ընտրելն ու մատուցելը հաճոյք են ձեզի համար: Նուէրի ընտրութեան ատեն, գինէն աւելի, կը մտածէք նուէրին պատճառելիք հաճոյքին մասին, ստացողին հակազդեցութեան եւ ձեր գոհունակութեան մասին: Սակայն ուշադիր եղէք, որովհետեւ շատ թանկարժէք նուէր մը կրնայ նեղ կացութեան մատնել դիմացինը, մանաւանդ եթէ միջոցը չունի նոյն ձեւով փոխադարձելու:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, ստեղծագործ միտք ունիք եւ նուէրի մը ընտրութիւնը ուղղակի վայելք է ձեզի համար: Լաւ կազմակերպուած անձ էք, ձեր ժամանակը կ՛առնէք, որպէսզի յարմարագոյնը ընտրէք ամէ՛ն իմաստով:

Յաճախ ձեր նուէրները հաճոյք կը պատճառեն, կը զարմացնեն, բայց մանաւանդ կը բաւարարեն ձեզ:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, կը սիրէք տօնական հաւաքոյթները, բայց աւելորդ կը գտնէք շուկայէ շուկայ թափառումները եւ մտքի չարչարանքները` նուէրի մը համար:

Նուիրելը, հաճոյքէ աւելի, պարտականութիւն է ձեզի համար եւ շատ յաճախ, տաղտկալի պարտականութիւն:

Հետաքրքրական

Մեր Մեծերուն Առաջին Սէրը

«Կինը բանաստեղծի կեանքում մեծ ու վճռական դեր է խաղում, եւ յաճախ մի կնոջ պատճառով բանաստեղծի կեանքը խորտակւում է եւ կամ փրկւում», ըսած է Յ. Թումանեան:

– Յովհաննէս Թումանեան առաջին անգամ սիրահարած է 11 տարեկանին: Ան կը յաճախէր Ջալալօղլուի դպրոցը եւ շատ կը սիրէր կարդալ: Դպրոցին տեսուչը` Տիգրան Տէր Դաւիթեանը մեծ գրադարան ունէր տունը, եւ այդ պատճառով ալ փոքրիկ Յովհաննէսը յաճախ կ՛այցելէր անոր տունը: Եւ օր մըն ալ ան կը սիրահարի տեսուչի աղջկան` գեղեցիկ Վերգինէին: Վերջինս կը նախատէ Յովհաննէսը, որպէսզի իրմով չտարուի եւ ուսումով զբաղի: Թումանեան Վերգինէին կը նուիրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնը.

Հոգուս հատոր, սրտիս կտոր,
Դասիս համար դու մի՛ հոգար,
Թէ կան դասեր, կայ նաեւ սէր,
Եւ ի՜նչ զարմանք, իմ աղաւնեակ,
Որ կենդանի մի պատանի
Սէրը սրտում դաս է կարդում:

Աւելի ուշ, երբ տեսուչը կը տեղեկանայ անոնց սիրոյ մասին, կ՛ուզէ պատժել պատանին, բայց Վերգինէին միջամտութեամբ Թումանեանը կ՛ազատի…

***

– Եղիշէ Չարենցը առաջին անգամ սիրահարած է 15 տարեկանին` Աստղիկ Ղոնդաղճեանին, որ կը յաճախէր Կարսի ռուսական դպրոցը: «Չարենցի հետ ծանօթացել  ենք Կարսում, Յովսէփ հօրեղբօրս տունը: Նա հօրեղբօրս տղաների ընկերն էր, իսկ աւելի ուշ սկսեց հետեւել ինձ: Չափազանց ամչկոտ էր, եւ էլ` սիրուն, վառվռուն, չարաճճի աղջիկ: Սկսեց աւելի յաճախ գնալ հօրեղբօրս տուն: Հօրեղբօրս տղաները Եղիշէին յայտնում էին իմ ներկայութեան մասին, ու նա անմիջապէս գալիս էր», իր յուշերուն մէջ գրած էր Աստղիկ Ղոնդաղճեանը:

Չարենցը իր «Երեք երգ տխրադալուկ աղջկան» ժողովածուն նուիրած էր Աստղիկին: Սիրահարած Չարենցը իր սէրը արտայայտած է նաեւ վարդ նուիրելով, որուն թերթիկները Աստղիկ չորցուցեր ու պահեր էր մինչեւ խոր ծերութիւն…

***

– Մարտիրոս Սարեանը առաջին անգամ սիրահարած է 9 տարեկանին` Փոլինա անունով ուքրանուհիի մը: Գեղանկարիչին առաջին մեծ սէրը եղած է իր մօրաքրոջ թոռնուհին` Նինա Թազեխուլաթեանը: 28 տարեկան Մարտիրոսը սիրած էր պղատոնական սէրով, քանի որ ընտանիք կազմելը անհնար էր: Աւելի ուշ` 36 տարեկանին պաշտելու աստիճան կը սիրէ Լուսիկ Աղայեանը, որ Սարեանին համար կանացի իտէալի մարմնաւորումն էր: Շուտով ան կը դառնայ նկարիչին կինը:

 

 Տօնական Պատառիկներ

Տօնական սեղանին զարդերն են տօնական պատառիկները, որոնք թէ՛ տեսքով եւ թէ՛ համով չափազանց ախորժաբեր են:

– Պատառիկները կարելի է պատրաստել տարբեր տեսակի հացերով, աղի կրկնեփներով եւ նոյնիսկ յատուկ դգալներու մէջ:

– Կարելի է կաղապարներու միջոցով սրտաձեւ, աստղաձեւ, եռանկիւն հացեր ձեւաւորել:

– Տօնական պատառիկներու գլխաւոր բաղադրիչներն են` սոմոն ֆիւմէն, ֆուս կրան, պանրեղէնը, ձկնկիթը, թթուաշը, խոզապուխտը, բանջարեղէնները եւ այլն… Այս բաղադրիչները կարելի է ընտրել ըստ քիմքի եւ պիւտճէի:

– Պատառիկները կարելի է զարդարել ցպիկներով` թէ՛ ուտելը դիւրացնելու եւ թէ՛ անոնց գեղեցիկ տեսք տալու համար:

– Տունը պատրաստուած պատառիկները կրնան շատ աւելի համեղ, մաքուր եւ առողջապահական ըլլալ, քան` տօնական օրերուն մեծաքանակ պատրաստուող ու վաճառուող տեսականին:

– Նկարներէն ներշնչուելով` կարելի է համեստ պիւտճէով մը ներկայանալի եւ համադամ պատառիկներ պատրաստել: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

Ձեռային Աշխատանք

Ճաշակաւոր Ծրարումներ

Սիրով ու հաճոյքով ընտրուած ու գնուած նուէրները պէտք է ունենան համապատասխան ծրարում:

Ստորեւ ներկայացուած ծրարումի 4 տարբերակները թէկուզ ժամանակ պահանջող, սակայն դիւրին եւ ոչ ծախսալից նմուշներ են. իսկ ժամանակ տակաւին ունինք…

Խոհագիր

Կաղանդի Աստղեր`
Փարմըզանով Եւ Խնկունիով

20 աստղի համար անհրաժեշտ են.-

– 180 կրամ ալիւր
– 70 կրամ կարագ
– 45 կրամ ձէթ
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– 50 կրամ փարմըզան պանիր
– 1 հաւկիթ
– 1 թէյի դգալ չոր խնկունի
– 1 թէյի դգալ չոր կանաչ ծոթրին
– Աղի փաթիլներ

Պատրաստութիւն

Կարագը սառնարանէն նախապէս հանել, որպէսզի կակուղնայ:

Վերոյիշեալ բաղադրիչները, բացի ալիւրէն եւ աղի փաթիլներէն, խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել եւ խառնել:

Աւելցնել ալիւրը եւ շաղել, մինչեւ որ խմորի գունդ մը ստացուի:

Սեղանին վրայ մոմ-թուղթի կտոր մը բանալ, վրան խմորի գունդը դնել, երկրորդ մոմ-թուղթով մը ծածկել գունդը եւ խմորի գլանով խմորը տարածել 0,5 սմ թանձրութեամբ:

Տարածուած խմորը սառնարանը պահել շուրջ մէկ ժամ:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խմորը սառնարանէն հանել, մոմ-թուղթը հանել եւ աստղաձեւ կաղապարի մը միջոցով խմորը ձեւաւորել եւ ստացուած աստղերը փոխադրել փուռի ափսէի մը մէջ այնպէս մը, որ իրարու չփակչին:

Վրձինով մը աստղերը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել, վրան խնկունի եւ աղի փաթիլներ ցանել, մատով քիչ մը ճնշել եւ փուռին մէջ եփել 10-15 վայրկեան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաղանդի Գիշեր

Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու
Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու
Տօնն է այս գիշեր –

Լոյսեր վառեցէք – եթէ չի բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին –
Տօն է այս գիշեր –

Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու
Տօնն է այս գիշեր –

Յոյսեր վառեցէք – եթէ չեն բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին –
Տօն է այս գիշեր –

Ի վերջոյ նորէն այսպէս մնալու
Քիչ մը աւելի յուսալքուելու
Տօնն է այս գիշեր –

Երգել փորձեցէք – եթէ չէք մոռցեր
Խանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան –
Տօն է այս գիշեր –

Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու –
Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռին
Տօնն է այս գիշեր –

Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն –
Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն –
Տօն է այս գիշեր –
Գոյատեւելու տօնն է այս գիշեր

ԶԱՀՐԱՏ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>