Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայերուս մէջ դարերէ ի վեր հացը նոյնացած է ճաշի, հիւրընկալութեան, խաղաղութեան, հաշտութեան, խնճոյքի եւ տօնի հետ:
Հայերս մինչեւ օրս հացասէր եւ հաց շատ ուտող ժողովուրդ ենք: Հին Հայաստանի մէջ հացը եղած է առատութեան, հիւրասիրութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ: Եթէ հայը հիւրին առջեւ հաց դնէր, կը նշանակէր, որ իր տան դռներն ու սիրտը բաց են անոր համար: Հոնկէ ալ եկած է աղուհացով դիմաւորելու հայկական սովորութիւնը:
Հացին Հետ Կապուած Հետաքրքրական Գիտելիքներ
– Հայաստանի հեռաւոր գիւղերուն մէջ մինչեւ օրս ալ հացը դանակով չեն կտրեր, այլ կը բաժնեն ձեռքով, որպէսզի հացը ցաւ չզգայ դանակի սուր շեղբէն:
– Հայկական աւանդական հարսանեկան արարողութեան մէջ հացը գլխաւոր դեր ունի. տան շեմին փեսային հայրը մէկական լաւաշ կը փռէ նորապսակներու ուսերուն, որպէսզի հարսը «հացով մտնէ տուն»:
– Հայերը սուրբ համարած են թոնիրը, որուն մէջ հացը թխուած է: Բոլոր գիւղերուն մէջ թոնիր շինելու ատեն կանչած են քահանան, որպէսզի օրհնէ: Թոնիրէն հանուած առաջին հացը կը ղրկուէր այն տունը, ուր հիւանդ կար: Հացը տեսնելով` հիւանդը ապաքինելու հաւատքով կը լեցուէր:
– Հին Հայաստանի մէջ հացթուխը չէին դատեր ու չէին սպաններ, ան անձեռնմխելի էր: Դատարաններուն մէջ մեր ժողովուրդը երդուած է հացով` զայն սուրբ համարելով:
– Հացերէն ամէնէն երկարակեացը լաւաշն է. անիկա իր թարմութիւնը կը պահէ շուրջ վեց ամիս: Լաւաշը կարելի է չորցնել, յետոյ տեղ-տեղ վրան ջուր ցանելով` ստանալ նախկին փափկութիւնը:
– Կը պատմուի, որ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին սովորութիւն ունէր մագաղաթին վրայ գրելու ժամանակ կտոր մը հաց դնելու իր առջեւը. ատիկա նշան էր, որ ինք ճշմարտութիւնը կը գրէր. «Հացին նայելով մարդ եօթնապատիկ ճշմարտախօս կը դառնայ», կ՛ըսէր ան:
– Հեթանոս հայերը Ոսկեմայր կը կոչէին Անահիտ աստուածուհին: Արտերը հնձելէ ետք, առաջին բերքի հասկափունջերով կը ծածկէին անոր արձանը` այն հաստատ համոզումով, որ զոհաբերութեամբ կ՛ապահովէին իրենց բերքին առատութիւնը եւ զայն կը պաշտպանէին բնութեան աղէտներէն:
– Հայկական սովորութիւն է Կաղանդի ծիսական տարեհացի պատրաստութիւնը, անիկա կ՛ըլլայ կլոր կամ ձուաձեւ, իսկ չափը` ըստ ընտանիքի անդամներու թիւին: Տարեհացին երեսը կը զարդարուի սերմերով եւ չոր ու մանր պտուղներով: Հացին մէջ կը դնեն «միջինք»` լուբիա, կորիզ, մետաղեայ դրամ: «Միջինք»-ը տան այդ տարուան բախտաբերութեան եւ հարստութեան խորհրդանիշն է. ուտելու ատեն, որու որ բաժին իյնայ, այդ անձը կը դառնայ տարուան բախտաւորը:
—————————————–
Լաւաշի Օրհներգը
Մեր լաւաշ հացը մեր պարզութիւնն է,
Որ բաց ենք անում ամէնքի առաջ,
Մեր լաւաշ հացը մեր պատմութիւնն է,
Կրակի բոցում թրծուած ու յառնած:
Մեր լաւաշ հացը մեր տրտմութիւնն է,
Համբերութիւնն է, մեր կարկտահար:
Մեր լաւաշ հացը մեր էութիւնն է,
Մեր հաց-հաւատը` աղօթքն ու նշխար…
Մեր լաւաշ հացը մեր սրբութի՜ւնն է,
Երդուե՜լ, երդւո՜ւմ ենք միշտ հացի՛ առաջ:
ԱՆԱՀԻՏ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
—————————————–
– Հայերս ստեղծած ենք հացի բազմաթիւ տեսակներ` լաւաշ, տարեհաց, գարեհաց, ժենգիւլով հաց, դոն, մատնաքաշ, բաղարջ, կոլոճ, կուտհաց, քուլիճա, կթնահունց եւ տասնեակ ուրիշներ…
– Հայկական հին սովորութեան համաձայն, կարելի չէ հացը հակառակ երեսի վրայ դնել, նոյնպէս` կարելի չէ հացը գետին նետել կամ գետին ինկած հացը չվերցնել: Հացը գետին նետելը մեղք է, քանի որ անիկա թոնիր մտած, մաքրուած եւ սրբացած է:
– Հայկական լաւաշը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի կեանքն ու իմաստութիւնը: Անցեալին լաւաշը կ՛օգտագործուէր կռիւներու, պատերազմներու ժամանակ: Մայրերը լաւաշ կը թխէին, կը չորցնէին եւ կը դնէին զինուորներուն ուսապարկերուն մէջ: Երկար ժամանակ պահպանուող լաւաշը զինուորները սովէ կը փրկէր…
– Անցեալին եւ այսօր Հայաստանի տարածքին եղած են ու կան «հաց» արմատը կրող հայկական գիւղեր` Հացեկաց, Հացկնի, Հացաւան, Հացաշէն, Հացառատ, Հացիկ եւ այլն…
—————————————–
Չարենցը Եւ Հացը
Գրական ասուլիսի մը ժամանակ գրականագէտ Հայկ Գիւլիքեւխեանը կծու խօսքեր կ՛ըսէ բանաստեղծ Ե. Չարենցի մասին: Երբ լուրը կը հասնի Չարենցին, ան կ՛որոշէ հանդիպիլ եւ պախարակել Գիւլիքեւխեանը: Ան գիտէր, որ Աբովեան փողոցը գրականագէտին ամէնօրեայ ճամբան է, որ կը կանգնի հոն եւ անցորդներուն կը պատմէ եղելութիւնը. «Թող գայ, հիմա ըսելիքս կ՛ըսեմ, ամբողջ Երեւանը թող իմանայ»: Վերջապէս կը յայտնուի Գիւլիքեւխեանը` ձեռքին մատնաքաշ տեսակի հաց մը:
Չարենց երբ կը տեսնէ մատնաքաշը, կարծէք լեզուն կը կապուի, գրականագէտը սովորականին պէս կը բարեւէ Չարենցին ու կը շարունակէ ճամբան: Երբ շուրջինները Չարենցին կ՛ըսեն` «Խօսքիդ տէրը չեղար». Չարենց կը պատասխանէ. «Հացը խանգարեց զիս: Ես չեմ կրնար թէկուզ մէկ չոր խօսք ըսել այն մարդուն, որուն ձեռքին հաց կայ: Կ՛ամչնամ հացէն»:
—————————————–
– Մշեցիները փոքրիկ քսակի մը մէջ բուռ մը ցորեն կը լեցնէին եւ կը կախէին նորածինին օրօրոցէն, մայրը երեխային կ՛օրօրէր ու կ՛ըսէր. «Տունդ միշտ ցորեն գտնուի, կեանքդ եւ արտդ երաշտ չտեսնեն, հոգիդ մաքուր մնայ մինչեւ խոր ծերութիւն, եւ մարդիկ քեզ սիրեն արդար ցորենի պէս»:
– Հացը անտարբեր չէ ձգած նաեւ մեր բանաստեղծները, Դանիէլ Վարուժան «Հացին երգը» գրած է 1913-1915 տարիներոն. ժողովածուն տպուած է 1921-ին: Բանաստեղծը պատկերած է հացի ստեղծման աշխատանքներու ամբողջ ընթացքը` կանուխ գարունէն մինչեւ բերքահաւաքի աշուն:
– Մեր գեղանկարիչները եւս անմահացուցած են հացը` իրենց կտաւներուն ճամբով: Այսպէս, Գ. Խանճեանի «Հացը լեռներում», Մ. Աւետիսեանի «Լաւաշ են թխում» եւ Ս. Գրիգորեանի «Թոնրի լաւաշ» գործերը խօսուն նմուշներ են:
Կնոջ Բնաւորութիւնը
Մատնող Սանտրուածքներ
Կիները ժամանակ առ ժամանակ սանտրուածք կը փոխեն. այդ փոփոխութիւնը կը վկայէ իրենց հոգեվիճակին մասին: Ստորեւ տրուած նմուշներէն ընտրեցէք ձեր սանտրուածքին յարմարողը, ապա կարդացէք, թէ անիկա ինչ կը վկայէ ձեր մասին…
-1-
Ալեձեւ Քառէ
Փոփոխական տրամադրութեամբ անձ էք: Փառասէր էք, բառին դրական իմաստով, կը սիրէք գլխաւորել եւ ղեկավարել եւ դիւրաւ կը հասնիք մասնագիտական բարձունքներու:
-2-
Յատակ, Երկրաչափական Գիծերով Քառէ
Դուք պահպանողական անձ էք, օժտուած` ստեղծագործական բնաւորութեամբ: Շատ յստակ գիտէք, թէ ի՛նչ կը սպասէք կեանքէն: Յաճախ կը փորձէք թաքցնել ձեր զգացումները եւ չբացայայտել բոլորին:
-3-
Երկար, Սահուն Մազեր
Կը սիրէք բոլորին ուշադրութիւնը գրաւել եւ կ՛ախորժիք հաճոյախօսութիւններէն: Մեծ քարիզմա կը վայելէք եւ շատ ինքնավստահ էք:
-4-
Կարճ Մազեր
Ըմբոստ էք, իւրայատուկ եւ տղամարդու յատկութիւններով օժտուած: Երբեք կախեալ չէք ուրիշներու կարծիքէն. ձեր գործնական եւ ճարտար քայլերը հիացում կը պատճառեն բոլորին: Որքան կարճ է ձեր սանտրուածքը, այնքան համարձակ կին էք:
-5-
Ճակատին Մազափունջով Սանտրուածք
Ճակատի մազափունջը ինքնապաշտպանութեան միջոց է: Որքան խիտ ու երկար է մազափունջը, այնքան շեշտուած է ձեր մէջ արտաքին աշխարհէն պաշտպանուելու ցանկութիւնը: Դուք ռոմանթիք էք, բայց նաեւ շատ խոցելի էք:
-6-
Եթէ Յաճախ Սանտրուածք Փոխող Էք…
Պրպտող միտք ունեցող անձ էք, նաեւ կը սիրէք փոփոխութիւնը: Ուրիշներու կարծիքով չէք առաջնորդուիր, կ՛ուզէք պրպտել, փորձել եւ կազմել ձեր ինքնուրոյն կարծիքը: Ընթերցումն ու ճամբորդութիւնը սիրող անձ էք: Դժբախտաբար բարեկամութեան ամուր կապերու չէք հաւատար:
Սննդագիտական – Առողջապահական
3 Ուտելիքներ, Որոնք Կ՛օգնեն
Ձեզի Աւելի Լաւ Քնանալու
Եթէ քնանալու դժուարութիւն ունիք եւ անիկա առողջական լուրջ հարցի մը պատճառով չէ, ապա հետեւեցէք ամերիկացի սննդագէտներու խորհուրդին եւ երեկոյեան նախապատուութիւնը տուէք հետեւեալ ուտելիքներուն, որոնք կը նպաստեն հանգիստ եւ արագ քնանալու:
1.- Ճասմին Ռայս բրինձի տեսակը իր բաղադրութեամբ շատ յարմար է երեկոյեան ուտելու` արագ եւ հանգիստ քնանալու համար: Հրաժարեցէք սովորական բրինձէն, ձաւարէն եւ ընդեղէններէն, որոնք «քնաբեր» չեն:
2.- Կաթը եւ ընդհանրապէս կաթնեղէնները կ՛օգնեն, որ առանց երկար տապլտկելու` քունի անցնիք: Բաժակ մը գաղջ կաթը լաւ «քնաբեր» մըն է:
3.- Դդումի կուտը նոյնպէս կ՛օգնէ, որ քունին նպաստող հորմոնները լաւապէս կատարեն իրենց դերը:
«Ճասմին Ռայս Փուտինկ»
Վերը յիշուած ուտելիքներէն առաւելագոյնը օգտուելու համար փորձեցէք հետեւեալ քաղցրեղէնը եւ կերէք քնանալէ 2-3 ժամ առաջ` առանց չափազանցելու:
Բաղադրութիւն
3 1/2 գաւաթ կէս իւղոտ հեղուկ կաթ
2/3 գաւաթ ջուր
1/3 գաւաթ մեղր
Պտղունց մը «քոշըր» աղ
3/4 գաւաթ ճասմին ռայս
Քիչ մը վանիլ
6 ապուրի դգալ «քրեմպըրի» կամ չամիչ…
6 ապուրի դգալ խորոված դդումի կուտի հունտ:
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ լեցնել կաթը, ջուրը, մեղրն ու աղը եւ միջակ կրակի վրայ խառնել ու լուծել: Աւելցնել բրինձը, կրակը թեթեւցնել եւ շարունակել եփել յաճախ խառնելով եւ առանց կափարիչը գոցելու:
30 վայրկեան ետք, երբ արդէն բրինձը եփած է, եւ հեղուկը` թանձրացած, կրակին տակը մարեցէք եւ վանիլ աւելցուցէք:
Ստացուած թանձրուկը բաժնել 6 փոս ամաններու մէջ եւ երեսը զարդարել դդումի կուտով եւ «քրեմպըրի»ով: Կարելի է նաեւ փոշի կասիա օգտագործել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անդաստան
Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոչ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հընչէ կոչնակն ամէն գիւղակի`
Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ:
Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի,
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին`
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:
Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդի.
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի`
Բերկրութի՜ւն թող ըլլայ:
Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերութի՜ւն թող ըլլայ…
Ծաղկի` մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի`
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
`