Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ինչպէ՞ս Օգնել Քննութեան Պատրաստուող Երեխային

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Դպրոցական քննութիւնները կը մօտենան, եւ մեծ թիւով ծնողներ արդէն ընկճախտի մատնուած են… ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս օգնել զաւկին, որպէսզի ան լաւ արդիւնքներ ձեռք բերէ: Անշուշտ ծնողքը չի կրնար զաւկին փոխարէն դաս սորվիլ, քննութիւն պատրաստել, սակայն կրնայ նեցուկ կանգնիլ անոր հոգեպէս եւ մանաւանդ կազմակերպել անոր աշխատանքը` քննութեան նախօրեակին եւ ընթացքին:

Ստորեւ քանի մը գործնական թելադրանք` մտահոգ ծնողներու:

Քննութեան պատրաստուող մանուկը պէտք ունի ծնողքին քաջալերական խօսքերուն: Գովեցէք եւ յիշեցուցէք իր դպրոցական ձեռքբերումները, վստահեցուցէք, որ կը հաւատաք իր կարողութիւններուն, հրաժարեցէք նուաստացուցիչ արտայայտութիւններէ, նոյնպէս ալ` սպառնալիքներէ:

Թող ձեր զաւակը ինքնավստահ, լաւ տրամադրութեամբ եւ խաղաղ հոգիով լծուի աշխատանքի:

***

Ձեր ներքին տագնապն ու մտահոգութիւնները կը վարակեն ձեր զաւակը: Որպէս ծնողք` ձեր պարտականութիւնն է հանդարտեցնել զինք ձեր պահուածքով եւ խօսքերով:

***

Ձեր զաւկին համար ստեղծեցէք դաս սորվելու լաւագոյն պայմանները: Ան թող ունենայ խաղաղ եւ յարմարաւէտ անկիւն մը` իր քննութիւնները պատրաստելու համար: Պատկերասփիւռը, հիւրասենեակի խօսակցութիւնները, բջիջայինը եւ բարձր երաժշտութիւնը բաւարար պատճառներ են ցրուելու:

***

Սերտողութիւնները թող ըլլան քանի մը կարճատեւ դադարով: Մի՛ ստիպէք, որ ան քանի մը ժամ սենեակը բանտարկուի եւ ժամերու վրայ աշխատի:

***

Հսկեցէք ձեր զաւկին քունի ժամերը. ան առնուազն 8 ժամ պէտք է քնանայ նոյնիսկ քննութեան շրջանին: Բաւարար քունն է, որ պիտի օգնէ անոր կեդրոնացումին եւ յիշողութեան:

***

Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր զաւկին սնունդին. նախապատուութիւնը տուէք յիշողութեան նպաստող ուտելիքներուն, ինչպէս` հաւկիթը, ձուկը, ընկուզեղէնը, լոլիկը, պտուղները եւ սեւ տուրմը: Զանց առէք զովացուցիչները եւ թէյը, զանոնք փոխարինեցէք Սէ. կենսանիւթով հարուստ թարմ պտուղի հիւթերով: Վերջապէս, քաղցրեղէնները փոխարինեցէք չոր միրգերով` ծիրան, սալոր, չամիչ եւ այլն…

***

Եթէ ձեր զաւակը դասի հետ կապուած բացեր ունի, վերջին օրերուն մի՛ սպասէք մասնագէտի մը օգնութեան դիմելու համար: Արդէն իսկ պէտք է դիմէք յարմար անձի մը միջամտութեան, որպէսզի դպրոցը կատարուող վերաքաղի աշխատանքներուն զուգահեռ, ան ջանայ ծածկել ձեր զաւկին կրթական բացերը:

Սննդագիտական-Առողջապահական

Չոր Միրգերու Հազար Ու Մէկ
Բարիքները

Տօնական օրերը անցան, սակայն շատերու տուներէն անպակաս են ընկուզեղէնն ու չոր միրգերը: Մի՛ անտեսէք զանոնք. փոխադրեցէք ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ դրէք ձեր խոհանոցի սեղանին վրայ, օրական 2-3 հատ չոր միրգ կերէք եւ օգտուեցէք անոնց անհամար բարիքներէն:

Գիտենք, որ պտուղները չորցուելու միջոցին կը կորսնցնեն իրենց պարունակած ջուրին 70 առ հարիւրը` դառնալով ջերմուժով հարուստ, քան` թարմ պտուղները:

Չոր պտուղները հարուստ են բնաթելերով, հանքային նիւթերով, կը պարունակեն փոթասիոմ եւ մակնեզիոմ` 3-6 անգամ աւելի, քան` թարմ պտուղները: Չոր պտուղները հարուստ են Պէ. խումբի կենսանիւթերով` ի տարբերութիւն թարմ պտուղներու որոնք հարուստ են Սէ. կենսանիւթով:

Ծիրանի եւ սալորի չիրերը ոչ միայն կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը, այլ կը մաքրեն աղիքները: Սեւ սալորաչիրը յայտնի է որպէս աղիքներու գործունէութիւնը խթանող միջոց: Այդ նպատակով նախընտրելի է առաւօտեան ուտել երեկոյեան ջուրի մէջ թրջուած սալորաչիրերը: Արեւի տակ չորցուած սեւ սալորաչիրը նախընտրելի է ծծումբով չորցուածէն, քանի որ անիկա ստամոքսին մէջ խմորում չի յառաջացներ:

Ծիրանի չիրը հարուստ է պեթաքարոթենով, կը մաքրէ աղիքները, անիկա կը պարունակէ 5 անգամ աւելի փոթասիոմ, քան` թարմ ծիրանը: Ծիրանաչիրը նպաստելով շնչառութեան բարելաւման` կը զօրացնէ թոքերը, պարունակած մակնեզիոմին եւ ֆոսֆորին շնորհիւ` կը բարելաւէ յիշողութիւնը, ուղեղի եւ սիրտի աշխատանքը: Քաղցկեղի բուժման զուգահեռ, խորհուրդ կը տրուի ամէն օր ուտել նախորդ իրիկուընէ թրջուած 20 հատ չիր:

Թուզի չիրը արժէքաւոր սնունդ է, մանաւանդ` ընկոյզին կողքին: Հազը բուժելու համար եռացնել 3-4 չոր թուզը մէկ գաւաթ կաթով եւ տաք վիճակով խմել: Չոր թուզով պատրաստուած թէյը ունի քրտնեցնելու եւ ջերմութիւնը իջեցնելու յատկութիւն:

Նորաձեւութիւն

2018-ի Ձմրան «Must Have»-երը

Ձեւագէտներու կարծիքով, նորաձեւութեան հետ քայլ պահող իւրաքանչիւր կին իր հագուստի պահարանին մէջ պէտք է որ ունենայ`

– «Միտի» հագուստ մը: Այո՛, ծունկէն վար` մինչեւ սրունքներուն կէսը ծածկող հագուստները շատ նորոյթ են այս ձմեռ:

– Կլոր պայուսակ մը: Բոլոր չափի եւ ձեւի պայուսակները նորոյթ են այս ձմեռ, բայց բոլորին մէջէն կը զանազանուին կլոր պայուսակները:

– Տաբատ-բաճկոն համազգեստ մը: Այս դասական ոճը առաւելաբար կը յարմարի աշխատող կիներուն:
– Ճերմակ մարզակօշիկներ: Այո՛, ամենադասական հագուստներուն իսկ կարելի է կրել ճերմակ մարզակօշիկներ:

– «Քիթըն հիլ» բարձրակրունկներ: Այս կրունկներուն բարձրութիւնը 3,5 – 4,75 սմ կ՛ըլլայ, բարակ եւ թեթեւակի դէպի ներս քաշուած:

– Պերէ մը: Անժամանցելի այս գլխարկը կրկին շատ նորոյթ է եւ կը շեշտէ կնոջ իգականութիւնը:

Խոհագիր

 Ձուկի Ֆիլէ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 800 կրամ ձուկի ֆիլէ (ըստ ճաշակի)
– 4 լոլիկ
– 2 պզտիկ սոխ
– 1 կիտրոն
– Կէս կապոց մանրուած ազատքեղ
– Խնկունիի ճիւղ մը (ռոմարեն)
– 10 սանթիլիթր ճերմակ գինի
– 60 կրամ կարագ
– Ապուրի դգալ մը մանանեխ
– Թէյի դգալ մը կանաչ գնդիկ համեմ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 250 ջերմաստիճան: Ձուկի ֆիլէները ցօղուել ծորակի ջուրին տակ, ցամքեցնել եւ փոխադրել փոս ամանի մը մէջ, աղել, համեմել եւ կիտրոնի հիւթը աւելցնել:

Փուռ գացող ափսէի մը յատակը կարագով ծեփել, շարել լոլիկի շերտերը, վրան աւելցնել մանրուած սոխը:

Պատառաքաղի մը միջոցով ճզմել մնացեալ կարագը, աւելցնել մանանեխը, մանրուած ազատքեղը եւ խառնել: Ստացուած թանձրուկով ծեփել ձուկի ֆիլէները եւ զանոնք փոխադրել ափսէին մէջ, լոլիկի շերտերուն վրայ: Աւելցնել ճերմակ գինին, կանաչ համեմի գնդիկները եւ խնկունիի ճիւղը:

Եփել, մինչեւ որ ձուկին միսը փափկանայ:

Շաբթուան Մտածումները

Լաւ ապրելու համար հարկաւոր է լաւ աշխատիլ, ոտքերուն վրայ ամուր կանգնելու համար հարկաւոր է շատ իմանալ:

***

Չկայ աւելի հզօր ուժ` քան` գիտելիքը, գիտելիքներով զինուած մարդը անպարտելի է:

***

Մարդ որքան շատ բան իմանայ, այնքան աւելի ուժեղ կը դառնայ:

***

Քաղաքակրթութեան պատմութիւնը կարելի է արտայայտել վեց բառով. որքան շատ գիտես, այնքան շատ կարող ես:

***

Գիտելիքը զրահ է բոլոր դժբախտութիւններուն դէմ:

***

Այն, ինչ մենք գիտենք, սահմանափակ է, իսկ այն, ինչ մենք չենք գիտեր, անվերջանալի:

***

Մարդ կը ձգտի դէպի գիտելիքները, եւ երբ անոր մէջ կը մարի գիտելիքներու ծարաւը, ան կը դադրի մարդ ըլլալէ:

***

Անգիտութիւնը դժբախտութիւններու առաջնորդող  ուղին է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>