Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Զաւկին Բաւարար Ազատութիւն Տուա՞ծ Էք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Այս հարցումին պատասխանը իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

– 1 –

Ձեր ինկած մանչուկին ձեռք կ՛երկարէք, որ ելլէ, հակառակ որ ան ի վիճակի է առանձին ոտքի ելլելու:

այո
ոչ

– 2 –

Ուշադիր կը լսէք ձեր զաւակը եւ կը պատճառաբանէք ձեր հրահանգները` նախքան զանոնք արձակելը:

այո
ոչ

– 3 –

Երբ նկատէք, որ ձեր զաւակը ճիգ կը թափէ եւ բարելաւումներ կ՛արձանագրէ, կը գնահատէք ճիգը եւ ցոյց կու տաք, որ հպարտ էք իրմով:

այո
ոչ

– 4 –

Ամէն անգամ որ պիտի պատժէք ձեր զաւակը, վերջաւորութեան տեղի կու տաք ու կը հրաժարիք:

այո
ոչ

– 5 –

Երբեմն ժամանակ կը տրամադրէք եւ անոր հետ կը խաղաք, գիրք կը կարդաք կամ ժապաւէն մը կը դիտէք:

այո
ոչ

– 6 –

Ձեր զաւկին սորվեցուցած էք լողալ, սուզուիլ, հեծիկ քշել, ծառ բարձրանալ…

այո
ոչ

– 7 –

Տարուէ տարի ձեր զաւկին տրուած ազատութիւնները կ՛աւելնան:

այո
ոչ

– 8 –

Ձեր զաւկին կ՛արտօնէք, որ ծովափ կամ գիւղ երթայ ծանօթ ընտանիքի մը հետ:

այո
ոչ

– 9 –

Ձեր զաւկին կ՛արտօնէք, որ ինք ընտրէ իր հագուելիքները, նոյնիսկ եթէ ձեր կարծիքով լաւ համադրուած չեն:

այո
ոչ

 – 10 –

Ձեր զաւկին կ՛արտօնէք, որ երբեմն դասընկերը տուն հրաւիրէ:

այո
ոչ

– 11 –

Ձեր զաւկին կ՛արտօնէք, որ իր խնայած դրամով իր ուզածը գնէ, նոյնիսկ եթէ մսխում կը համարէք արարքը:

այո
ոչ

– 12 –

Ձեր զաւկին սենեակին դուռը առանց զարնելու ներս չէք մտներ:

այո
ոչ

– 13 –

Ձեր զաւկին ազատութիւն տուած էք, որ ինք ընտրէ իր արտադպրոցական զբաղումը (պար, պասքեթպոլ, նուագ, ֆութպոլ…):

այո
ոչ

– 14 –

Առանց ձեր արտօնութեան` ձեր զաւակը իրաւունք չունի ընկերներուն հետ ծրագիրներ մշակելու:

այո
ոչ

– 15 –

Ձեր զաւակը իրաւունք ունի կարծիք յայտնելու եւ «ոչ» ըսելու այս կամ այն հարցին մասին, եւ դուք պատրաստ էք զինք լսելու:

այո
ոչ

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «այո» է, ձեր զաւկին բաւարար ազատութիւն տուած մայր էք, գիտէք լսել եւ յարգել անոր կարծիքը:

Ձեր զաւակը արդէն իսկ բաւական ինքնավստահ եւ պատասխանատու անձ դարձած է, իսկ այս բոլորը մէկ օրէն միւսը չեն եղած, այլ հաւասարակշռուած դաստիարակութեան մը արդիւնք է:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ոչ» է, որպէս մայր` պէտք է վարժուիք յաղթահարել կարգ մը դժուարութիւններ. զաւկին հետ հրամայական եւ անդրդուելի ոճով խօսիլը, անոր հանդէպ ձեր վստահութեան պակասը լուրջ հարցեր կը ստեղծեն ձեր միջեւ: Դադրեցէք վախնալէ եւ քիչ մը ազատութիւն տուէք ձեր զաւկին, որպէսզի ինքնավստահ եւ ինքնաբաւ դառնայ:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն համեմատութիւնը գրեթէ կէս առ կէս է, գիտէք ուշադիր լսել ձեր զաւակը, նաեւ` գնահատել անոր կարգ մը առաւելութիւնները, սակայն տակաւին պատրաստ չէք զայն ձեր փէշերէն հեռացնելու:

Վստահեցէք անոր, առիթ տուէք, որ ինքնուրոյն քայլեր առնէ եւ իր կարողութիւնները յայտնաբերէ:

 

 Նորաձեւութիւն

Սեւ Հագուստ Կրելու
Երկու Տարբերակ

Գօգօ Շանելին սեւ զգեստը պարտադիր կտոր է բոլոր երիտասարդուհիներուն եւ կիներուն համար:

Ստորեւ 2 հետաքրքրական տարբերակ` սեւ հագուստ կրելու:

Սեւ հագուստը կարելի է կրել պաշտօնական առիթով` հետը համադրելով բարձրակրունկ պեժ կօշիկ եւ պայուսակ:

Ոչ պաշտօնական առիթով կարելի է սեւ հագուստին հետ համադրել ճինզ բաճկոն մը եւ ճերմակ մարզակօշիկներ:

Դուք ձեր կարգին կրնաք ձեր տարբերակը ստեղծել:

 

Ձեռային Աշխատանք

Ինչպէ՞ս Հին Շրջանակ Մը
Մատուցման Նոր Ափսէի Վերածել

Շատ հաճելի բան է հինը նորի վերածելը, յատկապէս եթէ ձեռքի ճարտարութիւն ունեցող անձ ենք:

Շատերու տուներուն մէջ կան անկիւն մը նետուած ու փոշոտած հին շրջանակ մը եւ կամ պատէն կախուած եւ սրտի չխօսող շրջանակ մը, որմէ կ՛ուզենք ձերբազատիլ, բայց չենք գիտեր` ինչպէ՛ս:

Հին շրջանակ մը մատուցման ափսէի վերածելու համար շատ բան հարկաւոր չէ: Հիմնականը երկու ճաշակաւոր բռնակներ ճարելն է, մնացեալը ձեր ճաշակին կը ձգենք:

Ստորեւ տրուած չորս նմուշները բաւարար խօսուն են: Հնարամիտ եւ ճաշակաւոր մարդիկ օգտագործած են գրատախտակի սեւ քարը, նուէր ծրարելու ճաշակաւոր թուղթ, թուղթէ անձեռոցիկներու «փեչուըրք» մը եւ պատրաստած` հոյակապ ափսէներ: Իսկ դուք կրնաք օգտագործել` լուսանկարներ, ասեղնագործ մը կամ չոր ծաղիկներու թերթիկներ եւ պատրաստել ձե՛ր տարբերակը:

 

Ապուր Ուտելու
8 Համոզիչ Պատճառներ

Ձմրան ցուրտ օրերուն չկայ աւելի հաճելի բան, քան` պնակ մը տաք ապուրը: Ստորեւ կը ներկայացնենք 8 համոզիչ պատճառներ` ձմրան եղանակին յաճախ ապուր ուտելու:

– 1 –

Ապուրը դիւրին եւ արագ պատրաստուող ուտելիք է: Անիկա նաեւ դիւրին կը պահուի եւ կը տաքցուի:

– 2 –

Ապուրին բաղադրիչները անսահման են: Ապուր կարելի է պատրաստել մէկ կամ տասնեակ մը բանջարեղէններով: Տունը ձեռքի տակ գտնուող որեւէ բանջարեղէնով կարելի է համեղ ապուր պատրաստել:

– 3 –

Ապուրը առողջապահական եւ աժան ուտելիք է:

– 4 –

Ապուրը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ. միջին հաշուով  100 կրամ ապուրը 25 ջերմուժ կը պարունակէ: Հետեւաբար անիկա յանձնարարելի է բոլոր անոնց, որոնք նախանձախնդիր են իրենց ծանրութեան եւ առողջութեան:

– 5 –

Ապուրը կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ ուտելիք է, սխալ է անկէ հրաժարիլը:

– 6 –

Ապուրը մարմնին ջուրը կը հաւասարակշռէ: Ձմրան եղանակին շատերու մօտ ջուր խմելու պահանջը կը նուազի, ապուրը լաւ միջոց մըն է այդ բացը գոցելու: Ինչ կը վերաբերի տարեցներուն, անոնք եւս ապուր պէտք է ուտեն, քանի որ տարիքի հետ ծարաւի զգացումը կը նուազի եւ անոնց մարմինը կը ջրազրկուի:

– 7 –

Ապուրը կը նուազեցնէ քաղցկեղի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը: Այո՛, կենսանիւթերով եւ անթիօքսիտաններով հարուստ բանջարեղէնները կը պաշտպանեն մանաւանդ յամրաղիի քաղցկեղէն:

– 8 –

Ապուրը կուշտ կը պահէ` շնորհիւ իր պարունակած բնաթելերուն: Թելադրելի է բանջարեղէնները հարիչէ չանցընել, քանի որ հարիչը «կը կոտրէ» բնաթելերը:

Խոհագիր

Լոլիկով Եւ Ռեհանով
Ապուր

Բաղադրութիւն 6-8 անձի համար

– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 սոխ (մանրուած)
– 2 պճեղ սխտոր (ճզմուած)
– 6 խոշոր, հասուն լոլիկ (խորանարդաձեւ կտրտուած)
– Ապուրի դգալ մը մանրուած թարմ ռեհան
– Ապուրի 2 դգալ մանրուած թարմ օրեկանօ
– 1 թէյի դգալ մեղր
– 5 գաւաթ բանջարեղէնի հիւթ կամ պարզ ջուր
– Կէս գաւաթ սեր կամ կարագ
– Աղ, սեւ համեմ
– 4 ապուրի դգալ լոլիկի մածուկ

Պատրաստութիւն

Թեթեւ կրակի վրայ կաթսային մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել ձէթը, ապա` մանրուած սոխը եւ եփել 5 վայրկեան` մերթընդմերթ խառնելով: Աւելցնել սխտորը, 3 վայրկեան եւս եփել:

Սոխին եւ սխտորին աւելցնել կտրտուած լոլիկը, լոլիկի մածուկը, ռեհանը, օրեկանոն, մեղրը, աղը, համեմը եւ բանջարեղէնի հիւթը: Բարձր կրակի վրայ եփել, մինչեւ որ խառնուրդը եռայ: Եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել եւ 35 վայրկեան եւս եփել:

Կրակին վրայէն հանել եւ հարիչէ անցընել` խիւսի վերածելու համար:

Ապուրը կրկին կաթսային մէջ փոխադրել, աւելցնել սերը, տաքցնել, բայց ոչ` եռացնել:

Զարդարել ռեհանի տերեւներով կամ մանրուած ռեհանով:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես Ամբողջ Գիշեր

Ես ամբողջ գիշեր քեզ էի կանչում,
Քեզ էի յիշում ես ամբողջ գիշեր,
Ինձ ամբողջ գիշեր քո սէրն էր տանջում,
Ախ էի քաշում ես ամբողջ գիշեր:

Ինչո՞ւ ես դրել գլուխդ բարձին,
Անցնող ժամերին չկայ վերադարձ,
Արի չսպասենք մենք լուսաբացին,
Արթնացիր, թռչենք դէպի լուսաբաց:

Կեանքը տրւում է միայն մի անգամ,
Երկու կեանք երբեք չի ունեցել մարդ,
Վայելիր վերջին ակնթարթն անգամ,
Մի յանձնիր քնին ոչ մի ակնաթարթ:

Ինչո՞ւ ես դրել գլուխդ բարձին,
Անցնող ժամերին չկայ վերադարձ,
Արի չսպասենք մենք լուսաբացին,
Արթնացիր, թռչենք դէպի լուսաբաց:

Լսել եմ սրտիդ զարկերը հեռու
Եւ ամբողջ գիշեր զրկուել եմ քնից,
Եթէ իմ ձայնից չես արթնանալու,
Գոնէ արթնացիր սրտիդ զարկերից:

Ինչո՞ւ ես դրել գլուխդ բարձին,
Անցնող ժամերին չկայ վերադարձ,
Արի չսպասենք մենք լուսաբացին,
Արթնացիր, թռչենք դէպի լուսաբաց:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>