Պատրաստեց՝ ՇՈՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
-1-
Որպէսզի մոմ վառելու ատեն ձեր մատները չայրէք, պարզապէս օգտագործեցէք սփակեթթիի ձողիկ մը:
-2-
Որպէսզի մոմերը երկար դիմանան եւ շուտով չհալին ու չսպառին, զանոնք սառցարանը պահեցէք:
-3-
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր սառոյցները թափանցիկ ըլլան, նախքան սառցամաններուն մէջ լեցնելը` ջուրը եռացուցէք, քանի որ այդ ընթացքին ջուրը կը բիւրեղանայ եւ կը մաքրուի մանր-մունր աղտերէ եւ օդի մնացորդէ:
-4-
Եթէ կ՛ուզէք, որ բաղնիքը անուշ բուրէ` առանց ծանր հոտով սփրէյներ օգտագործելու, ընտրեցէք ձեր ճաշակին համապատասխանող ուիլ էսանսիել կոչուած, պզտիկ սրուակներով վաճառուող հեղուկները եւ անկէ քանի մը կաթիլ կաթեցուցէք բաղնիքի թուղթին խաւաքարտին վրայ:
-5-
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր գունատած ճերմակ ասեղնագործերը կրկին դառնան կատարեալ սպիտակ, կաթսային մէջ ջուր տաքցուցէք, աւելցուցէք 2 ապուրի դգալ փոշի կաթ, խառնեցէք եւ գաղջ կաթին մէջ առնուազն մէկ ժամ թրջեցէք ձեր ասեղնագործը: Ժամ մը ետք զայն չորցուցէք բացօթեայ` սեղանի մը վրայ տարածելով:
-6-
Պնակեղէն, լուալու սպունգները մանրէի բոյն են: Զանոնք քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք, եւ մանրէներուն 90 տոկոսը կը չքանայ:
-7-
Ձեր բոյսերէն կատուները հեռացնելու համար հողին երեսը քիչ մը սեւ համեմ տարածեցէք: Կատուները հոտէն խրտչելով կը հեռանան:
-8-
Մկրատը սրելու համար առէք աւազաթուղթի կտոր մը եւ զայն կտրտեցէք, մկրատին բթացած շեղբերը շուտով կը գտնեն, իրենց նախկին վիճակը:
Նորաձեւութիւն
Էլի Սաապի Հոթ Քութիւր
Հաւաքածոն
Վերջերս Փարիզի մէջ Էլի Սաապ ներկայացուց հոթ քութիւրի իր վերջին հաւաքածոն:
Կանացիութեան ճոխութեան յաւերժ գովերգակ լիբանանցի ձեւագէտը այս անգամ եւս նախապատուութիւնը տուած է նուրբ շղարշին, առատ ասեղնագործութեան եւ մետաքսին:
Սաապի հագուստներուն օձիքները ճոխացուած էին մերթ փետուրներով եւ մերթ մեծ ժապաւէններով, որոնք մանըքեններու կերպարները աւելի գրաւիչ ու վիպական դարձուցին:
Ստորեւ քանի մը նմուշ` Սաապի վերջին հաւաքածոյէն:ց հոթ քութիւրի իր վերջին հաւաքածոն:
Հետաքրքրական
Առանձնութեան Նախարարութիւն
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը վերջերս ստեղծեց նոր նախարարութիւն մը` առանձնութեան նախարարութիւն եւ նախարար նշանակեց Թրէյսի Քրաուչը:
«Կ՛ուզեմ վերցնել այս մարտահրաւէրը` մեր ընկերութեան համար: Կ՛ուզեմ, որ բոլոր միջոցները ձեռք առնուին, որպէսզի առանձնութենէ տառապող տարեցները, սիրելիներ եւ հարազատներ կորսնցնողները զրուցակից ունենան, լսող ունենան եւ իրենց փորձառութիւնը բաժնեն ուրիշներու հետ», յայտարարեց վարչապետ Մէյ մամլոյ ասուլիս մը ընթացքին:
Տուեալներու համաձայն, առանձութիւնը նոյնքան վնասակար է առողջութեան, որքան` օրական 15 ծխախոտ ծխելը:
9 միլիոն բրիտանացի երիտասարդներ եւ տարեցներ կը տառապին առանձնութենէ:
75-ը թեւակոխած տարեցներուն 50 տոկոսը, շուրջ` երկու միլիոն տարեց` օրեր եւ շաբաթներ կ՛անցնէ չորս պատերու մէջ փակուած, ամբողջական առանձութեան մէջ:
Խումբով Երգելը Կ՛երջանկացնէ
Բիտանական ուսումնասիրութիւն մը վերջերս ապացուցած է, որ խումբով երգելը կ՛օգնէ անձկութենէ եւ ընկճախտէ տառապող անձերուն:
Բրիտանիոյ Իսթ Անգլիա եունիվըրսէթիի գիտնականները ապացուցած են, որ խումբով երգելը, երգչախումբի մը մաս կազմել, քարաօքէները կ՛երջանկացնեն խնդրոյ առարկայ անձերը, յատկապէս` ընկճախտէ եւ անձկութենէ տառապողները:
Գիտնականները այս եզրակացութեան եկած են ի միջի այլոց գործակցելով «Սինկ եուր հարթ աութ» ծրագրի կազմակերպիչներուն հետ: Վերջիններս 2005-էն ի վեր շաբաթական դրութեամբ խմբերգներ կը կազմակերպեն, որոնց կրնան մասնակցիլ բոլորը` առանց նկատի առնելու անոնց ձայնային կարողութիւնները կամ հոգեկան տագնապները:
Գիտնականները Պարզած Են, Որ Մեծ Տարիքով Հայրերուն
Որդիները Աւելի Յաճախ Հրաշք-Մանուկներ Կը Դառնան
Բրիտանացի եւ ամերիկացի գիտնականները պարզած են, որ մեծ տարիքով հայրերուն որդիները, երիտասարդ ծնողներուն համեմատութեամբ, օժտուած են այնպիսի բնութագիրներով, որոնք անոնց թոյլ կու տան մեծ հաւանականութեամբ դառնալ հրաշք-մանուկներ: Համապատասխան ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է «Թրենսլէյշընըլ Սայքիաթրի» հանդէսին մէջ, յայտնած է Լոնտոնի Թագաւորական քոլեճը:
Մեծ տարիքով հայրերուն որդիները, ինչպէս կը նկատեն գիտնականները, աւելի շատ կեդրոնացած են իրենց նախասիրութիւններուն եւ աւելի քիչ` հասարակական խնդիրներուն վրայ. զանոնք, իբրեւ կանոն, գրեթէ չի հետաքրքրեր միւսներուն կարծիքը իրենց մասին: Այդպիսի երեխաներուն մօտ յառաջդիմութիւնը գիտութեան, արուեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան ու թուաբանութեան եւ ուշիմութեան քանորդի մէջ աւելի բարձր է, քան` միւս հասակակիցներուն մօտ:
Գիտնականները նման եզրակացութիւններու հասած են` հետեւելով Մեծն Բրիտանիոյ աւելի քան 15 հազար երկուորեակներուն զարգացման (վարքագիծին եւ ճանաչողական ընդունակութիւններու փոփոխման) վրայ: Այն պատճառներէն մէկը, որ կ՛ապահովէ մեծ տարիքով հայրերու զաւակներուն իմացական լաւ ցուցանիշներ, մասնագէտները նկատած են որակեալ կրթութիւնը:
Խոհագիր
Նուռի Հատիկներով Եւ Նուշով
Հումմոս
200 կրամ խաշած սիսեռ
3 պճեղ սխտոր
3 ապուրի դգալ թահին
6 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
6 ապուրի դգալ ձէթ
3 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
20 հատ կտրտուած եւ խարկուած նուշ
Կէս նուռի հատիկներ
Աղ, փոշի քիմիոն
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել խաշուած սիսեռը, ճզմուած սխտորը, թահինը, կիտրոնի հիւթը, քիմիոնը, աղը, ձէթը եւ զգուշութեամբ խառնել: Եթէ շատ թանձր ստացուի` կարելի է սիսեռի եփի ջուրէն քանի մը դգալ աւելցնել:
Հրամցնելէ առաջ խառնուրդը փոխադրել ներկայանալի, փոս ամանի մը մէջ, երեսը զարդարել նուշով եւ նուռի հատիկներով եւ, ինչո՞ւ չէ, քիչ մը ձէթով:
Բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Բաժանում
Բաժանում կայ, որ արժէ իսկապէս,
Հազար միացում,
Ինչպէս քոնն հիմա, ուր կայ եւ զղջում,
Եւ խղճի մորմոք,եւ արցունք ու ցաւ.
Եւ տարիների կորուստ կայ հարկաւ…
Գնում ես որպէս հեռացող մի վիշտ,
Եւ ոչ թէ պանդուխտ,
Որն ունի միշտ էլ տունդարձի ճամբայ…
Գնում ես որպէս փրկութեան մի ուխտ,
Տանելով քեզ հետ թուլութեանդ ողջ
Կարողութիւնը,
Որ իւրացնել չկարողացայ,
Չկարողացայ տանել կանացի
Ուսերով յոգնած
Տուածդ հարուստ տառապանքների
Գանձերը աղքատ,
Ուր ափսոսանքի մի ոսկի չկայ…
Առ տար, տար քեզ հետ
Քո սիրուց շահած կուտակումներս,
Որ պատկերով լի յոյսեր են փշրած,
Փթթած յոյզեր են` մախաղներով լի
Ու քուրձեր` լցուած հաւատով դատարկ…
Տար քեզ հետ բարձած խեղճ տարիներիս
Վագոնները ձիգ,
Որ բերնէբերան լցուած են ցհագ
Յուսախաբութեամբ…
Ես գիտեմ, որ մեր ճակատագրում
Լաւատեսութեան ոչ մի շոգեքարշ
Չի շարժի տեղից այդ գնացքը բութ,
Քանզի շուռ կը գայ ուժասպառութեան
Երկաթգծերին
Ու կը կործանուի հիասթափութեամբ…
Առ տար, տար քեզ հետ բեռները սիրուդ,
Որ չհանգուցուեն կեանքիս վթարին,
Ու ծանրանալով աճիւնիս հոգուն
Այն աշխարհում սեղմ
Կտրեն շիրիմիս շունչը հողեղէն…
Տար սիրտս, առ տար,
Սէրն ունի հզօր նախազգացում,-
Բաժանումներ կան որ արժեն հազար
Մահ ու միացում…
ՄԵՏԱՔՍԷ