Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ճանչնանք Մեր Տօները. Բարեկենդան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բարեկենդան` կը նշանակէ բարի կենդանութիւն: Անիկա ուրախութեան եւ զուարճանքի տօն է, կը յիշեցնէ Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը, երբ անոնք կ՛ապրէին վայելքի եւ անհոգութեան մէջ:

Նախապէս հեթանոսական այս տօնը հաւանաբար կապ ունէր գարնանամուտին հետ,  եւ պատահական չէին զուարճութիւնները, որոնք զարթնող բնութիւնը ուրախ դիմաւորելու, մարդիկը վերակենդանացնելու խորհուրդը ունէին: Հետագային քրիստոնէութիւնը Բարեկենդանը դարձուց Մեծ պահքի նախորդող շաբթուան տօն, որ կը նշուէր կերուխումով, խաղերով, մրցումներով, թատերախաղերով, պարերով եւ այլն…

Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրը` շաբաթ երեկոյեան, ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը քաշուի, խորանը կը փակուի եւ այնպէս փակ կը մնայ քառասնօրեայ պահքի ընթացքին:

Անցեալին հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամէնէն սպասուածը Բարեկենդանն էր: Այս առիթով կը պատրաստուէին տարբեր տեսակի ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ, կ՛օգտագործուէր առատ խմիչք, իսկ հարբեցողութիւնը բնականաբար ներելի էր այդ օրերուն: Յատկանշական էր այն, որ խնճոյքներուն կը մասնակցէին նաեւ կիները: Եթէ այլ տօներու անոնք կ՛առանձնանային, ապա Բարեկենդանին կը տիրէր սեռի, տարիքի եւ խաւի հաւասարութիւն:

Իրական կեանքի ընթացքին չարտօնուածը կարելի էր կատարել Բարեկենդանի օրերուն` խաղերու ընդմէջէն: Այդ օրը մէկը միւսէն նեղուելու իրաւունք չունէր, բոլորը կրնային կատակել, ծաղրել, քննադատել:

Բարեկենդանի առտուընէ մինչեւ երեկոյ տեւող խնճոյքները բացօթեայ կ՛ըլլային: Հակառակ ձմրան ցուրտին` անոր կը մասնակցէին ծերեր, երիտասարդներ, կիներ ու տղամարդիկ: Ուրախ պարերը Բարեկենդանի անբաժան ուղեկիցներն էին, անոնք կը սկսէին փոքր խումբերով, ապա կը դառնային համընդհանուր, համագիւղական եւ համաթաղային:

Բարեկենդանի գլխաւոր զուարճութիւնը, սակայն, խաղերն ու թատերական ներկայացումներն էին, որոնց կը մասնակցէին երեխաներէն մինչեւ ծերերը, հարս ու աղջիկ, չափահաս կիներ ու տղամարդիկ:

Բարեկենդանի խաղերէն յիշենք «լախտախաղ»-ը, «գնդակախաղ»-ը, «ճօճախաղ»-ը, «վէգ»-ը, «մատնի»-ն, եւ այլն… Իսկ թատերախաղերէն` «խնամխօս»-ը, «գող եւ փաշա»-ն, «պարոն գզիր»-ը եւ այլն…

Բարեկենդանի օրերուն եկեղեցին կը նշէր Աւարայրի ճակատամարտի հերոս Վարդան զօրավարի տօնը: Այդ օրերուն տարբեր գաւառներու մէջ յաճախ կը ներկայացնէին Աւարայրի ճակատամարտէն որեւէ դրուագ:

Բարեկենդանի խոհանոց

Բարեկենդանի օրերու ամենաբնորոշը, սակայն,   կերակուրներու առատութիւնն ու այլազանութիւնն էր: Անպայման իւրաքանչիւր ընտանիք, նիւթական իր հնարաւորութիւններուն չափով, կը մորթէր հորթ, այծ, ոչխար կամ հաւ:

Սովորական օրերուն գիւղացին հազուադէպօրէն կը մորթէր իր տան անասունները, սակայն Բարեկենդանի աւանդոյթի արմատներուն մէջ կայ զոհաբերութեան գաղափարը, յանուն յաջողակ երկրագործական տարեսկիզբի, մատաղով սիրաշահած են աստուածները` խնդրելով բերքի առատութիւն:

Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներն են` փաթիլլան (պանիրով կամ միսով տապկուած խմորեղէն), ամիճը (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), հալվան, փախլաւան, սըռոնը (թանապուրի մէջ եփած խմորէ գնդիկներ), սեմսեկը, ձուածեղը, գաթայի տեսակները, աղանձը, փոխինձը, կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման:

Ակլատիզը

«Պաս պապի»-ն կամ ակլատիզը Բարեկենդանի կերուխումի աւարտը «աւետող» տիկնիկն է: Անիկա պատրաստուած կ՛ըլլայ սոխէ կամ գետնախնձորէ` վրան 7 փետուր խրած:

Եօթը փետուրները, որոնք Մեծ պասի եօթը շաբաթները կը խորհրդանշեն, օրացոյցի դեր կը կատարեն. իւրաքանչիւր շաբաթավերջի մէկ փետուր կը պոկուի եւ այսպէս, յաջորդաբար` մինչեւ Մեծ պասը աւարտի: Մեծ պասի վերջին օրը ակլատիզը պէտք է թաթխել մածունի մէջ եւ նետել տանիքը: Ըստ աւանդութեան, սոխը կը դառնայ մկան, խռիւը թեւեր, իսկ ինքը` ակլատիզը` թռչուն, որ կը թռչի ու կ՛երթայ յաջորդ տարի վերադառնալու պայմանով…

Բարեկենդանի առիթով ծպտուելու, ինչպէս նաեւ ակլատիզներ պատրաստելու ու տօնին խորհուրդը նոր սերունդին փոխանցելու առաքելութիւնը մեծ նախանձախնդրութեամբ կը կատարեն շատ մը հայկական վարժարաններ` աշխարհի չորս ծագերուն: Ինչ կը վերաբերի պարերուն եւ խաղերուն, անոնք դժբախտաբար նահանջած են: Թէեւ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն

Ազատութեան հրապարակին, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային պողոտային վրայ եւ այլուր Բարեկենդանը կը նշուի բաւական մեծ շուքով: Ամէնուրեք կը հնչեն ազգային եւ հոգեւոր երգեր, կը ներկայացուին խաղեր, խմբային պարեր, կը կազմակերպուին ուտեստներու ցուցադրութիւն-վաճառք` ժպիտ, լաւատեսութիւն եւ յոյս գծագրելով հազարաւոր հանդիսականներու դէմքերուն վրայ:

 

Կենցաղավարութիւն

Սրճարանը Կամ Տունը`
Սեղանին Շուրջ

Կենցաղավարութիւն կոչուածը սահմանուած կանոններու շարք մըն է, որ կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ բան կարելի է ընել եւ ի՛նչ բան ոչ` այս կամ այն իրավիճակին մէջ: Այլ խօսքով,  կենցաղավարութիւնը ընկերային չափանիշներու որդեգրումն է:

Ժամանակակից աշխարհին մէջ այդ օրէնքներէն շատերը կը համարուին հինցած, ժամանակավրէպ, սակայն կենցաղավարութեան կանոններուն հետեւողը միշտ ալ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ: Կենցաղավար մարդը առհասարակ թէ՛ ինքզինք եւ թէ՛ զինք շրջապատողները յարգող մարդ է:

Երբ սրճարանն էք, բարեկամներու հետ, բան մը մի՛ դնէք սեղանին վրայ: Այսպէս` բանալիներուն տրցակը, ակնոցները, ձեռնոցները եւ,  մանաւանդ, բջիջայինը դրէք կողքի աթոռին, եւ կամ տեղաւորեցէք պայուսակին մէջ:

***

Երբ ճաշարանը կամ սրճարանը բարեկամներու հետ նստած էք եւ բջիջայինը դրած էք ձեր կողքին, կը նշանակէ, որ ձեզի համար անկարեւոր են ձեր սեղանակիցները: Դուք պատրաստ էք ամէն վայրկեան աչք նետել ձեր բջիջայինին` հետեւելու եւ պատասխանելու ձեզի ուղղուած գրութիւններուն… Բջիջայինը դրէք քովի աթոռին վրայ եւ կամ` պայուսակին մէջ:

***

Եթէ դո՛ւք հրաւիրուած էք սրճարան, բնականաբար դուք ալ պէտք է ըլլաք վճարողը: Այլապէս, ձեզ հրաւիրող տղամարդը կը փակէ հաշիւը եւ կամ բոլորով կը բաժնուիք գումարը:

***

Ճաշի սեղանին շուրջ անձեռոցիկը դրէք ծունկերուն վրայ, իսկ ուտելէ ետք` պնակին ձախ կողմը:

***

Եթէ սեղանին շուրջ կան անծանօթներ, պէտք է անպայման ներկայացնել ու ծանօթացնել մնացեալներուն: Ծանօթացումի ատեն պէտք է տալ խնդրոյ առարկայ անձին անունն ու մականունը:

***

Ճաշի հիւրերը ընդունելէ առաջ ուշադիր եղէք, որպէսզի սեղանին չափն ու հրաւիրեալներուն թիւը համապատասխան ըլլան:

***

Ճաշասեղանին սփռոցը պէտք է անթերի ըլլայ: Մաքուր, առանց արատներու եւ արդուկուած:

***

Եթէ ճաշի սեղանին շուրջ տաքցած էք, երբեք անձեռոցիկը որպէս հովահար չօգտագործէք: Եթէ ձեր տունն էք, օդափոխիչը աշխատցուցէք կամ պատուհանը բացէք: Իսկ սրճարանը գտնուելու պարագային, մատուցողը կանչեցէք, որպէսզի լուծում մը գտնէ:

***

Սեղանին շուրջ, նախքան ձեր բաժակին մէջ ջուր լեցնելը, հարցուցէք ձեր կողքին նստող անձին, թէ արդեօք ինք ալ կը փափաքի՞…

***

Մատուցման ամանին առջեւ շատ երկար մի՛ մտածէք: Վերցուցէք այն, ինչ որ ամենամօտն է ձեզի:

***

Ճաշի սեղանին շուրջ կարելի չէ շպարը վերաթարմացնել: Ներկաներէն հրաժեշտ առէք, ուղղուեցէք բաղնիք եւ հոն կատարեցէք անհրաժեշտ թարմացումները:

***

Քովինին հաց կու տաք հացամանը երկարելով եւ ոչ թէ` հացը ձեռքով բռնելով:

***

Ոչ մէկ պարագայի դանակը բերան կը տանիք:

***

Հրամցուած կերակուրին աղ չէք աւելցներ համտեսելէ առաջ:

***

Բերանը անձեռոցիկով կը մաքրէք թեթեւ հպումներով եւ ոչ թէ շուրթերը ամուր շփելով:

***

Ապուր ուտելու ժամանակ կ՛օգտագործէք դգալին սուր մասը եւ ոչ թէ կողմը: Ապուրին պնակը երբեք չէք ծռեր` վերջին կաթիլներէն օգտուելու համար:

 

Հետաքրքրական

 Առանձին Խօսելու Առաւելութիւնը

Վիսքոնսընի գիտնականներուն կարծիքով, առանձին խօսիլը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:

Այսպէս, եթէ բան մը կորսնցուցած ենք եւ կը փնտռենք, առարկային անունը տալով եւ բարձրաձայն ինքնիրեն խօսելով` աւելի դիւրին կը գտնենք կորսուածը, քան` լուռ ու մունջ փնտռելով:

Գիտնականներուն կարծիքով, լեզուն, խօսակցութիւնը կ՛օգնեն ուղեղին, որպէսզի աւելի լաւ տեսնէ ու ճանչնայ զինք շրջապատող իրերը:

Ծանր Պայուսակը Ընկճախտ Կը Պատճառէ

Որքան ծանր է ձեր պայուսակը, այնքան մեծ է հոգեկան խանգարման մատնուելու հաւանականութիւնը: Այս եզրակացութեան յանգած են Սինկափուրի եւ Հոնք Քոնկի ազգային համալսարաններու գիտնականները:

Լուրջ ուսումնասիրութեան մը աւարտին գիտնականներ պարզեր են, որ պայուսակին ծանրութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մարդու տրամադրութեան վրայ եւ հոգեկան խանգարում կը յառաջացնէ: Անոնց կարծիքով ծանր բեռ ունենալը տխուր մտքեր կը յառաջացնէ մարդոց մէջ: Մասնագէտները կը նշեն, որ  ատիկա տեղի կ՛ունենայ ենթագիտակցութեան մակարդակով, եւ այդ գործընթացը վերահսկելը անհնար է:

Այս հաստատումը կրկնակիօրէն կը մտահոգէ, երբ մտածենք մեր դպրոցականներուն արտակարգօրէն ծանր պայուսակներուն մասին:

 

Խոհագիր

Պրոքոլիով Քինոա

Բաղադրութիւն

1 սոխ
1 միջակ պրոքոլի
5 ափ քինոա
1 խորանարդ խտացած մսահիւթ
1 ապուրի դգալ ձէթ
Սեւ համեմ
1 ապուրի դգալ փարմըզան պանիր

Պատրաստութիւն

Սոխը մանրել եւ տաք ձէթին մէջ եփել, աւելցնել քինոան:

Քինոան ծածկելու չափ ջուր աւելցնել, աւելցնել նաեւ խտացուած արգանակը: Բոլորը միատեղ խառնել, վստահ ըլլալ, որ վերջինս ջուրին մէջ լուծուեցաւ: Եփել շուրջ 10 վայրկեան:

Պրոքոլին պզտիկ կտորներու վերածել եւ քինոային վրայ շարել: Կափարիչը գոցել եւ 10-15 վայրկեան եւս եփել:

Քինոան կարծր մնալու պարագային քիչ մը եւս ջուր աւելցնել:

Հրամցնելու ատեն երեսը փարմըզան ցանել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երգ Երգոց

Ինձ շատ բան տուեց բախտը աշխարհում,
միայն չտուեց երջանիկ մի սէր.
չտուեց, որ ես հոգով անդադրում
դեռ տենչամ, փնտռեմ, չգտնեմ ես դեռ,-
չտուեց, որ միշտ ազնիւ մի կարօտ
մեղեդու նման թրթռայ իմ մէջ,
որ ինձ հետ զարթնի ամէն առաւօտ
ինչ որ մի տագնապ, անհասի մի տենչ,-
որ մենակ լուսնի տեսքից հառաչեմ,
կանչող ծառերի լեզուն հասկանամ,
որ թաղծոտ երգը օդի պէս շնչեմ,
որ Վերթերի հետ տառապեմ ու լամ.-
որ իմ մէջ առնեմ աշխարհն անյագուրդ
ու տամ աշխարհում սիրտ հոգի ու գանձ,
ապրեմ իմ այս խենթ վատնումով հարուստ,
իմ կորուստներով` ահսահման գտած,
չտուեց, որ ես միայն չլցուեմ
խուլ երջանկութեամբ` անընտել ցաւին,
չլացող աչքի արցունքը տեսնեմ,
լսեմ խօսքը` չասուած տակաւին,
որ բիւր քոյրերիս խռովքն անհատում
զգամ իմ արեամբ, էութեամբ իմ ողջ,
որ մի էջ` հայոց երգի մատեանում
լցուի յաւերժող հառաչով կնոջ:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles