Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Առողջապահական. Գլխացաւի Հինգ Պատճառներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Եթէ անդադար գլխացաւ կ՛ունենաք, հետեւաբար գիտէք, որ անիկա ի յայտ կու գայ ամէնէն անսպասելի պահերու` խանգարելով ձեր կեանքին սովորական ընթացքը:

Դեղարանները կրնաք գտնել գլխացաւի ցաւազրկիչներու մեծ տեսականի, բայց այդ դեղահատերը ժամանակաւոր լուծումներ կը բերեն եւ կը վնասեն ձեր առողջութեան: Նախքան դեղահատերու դիմելը` կարեւոր է հասկնալ, թէ որո՛նք են գլխացաւ պատճառող հիմնական ազդակները:

1

Քաֆէինը

Գլխացաւ կը յառաջանայ մարմնի ջրազրկման պատճառով, իսկ մարմնին մէջ քաֆէինի մեծ քանակը կը ջրազրկէ ձեր մարմինը եւ գլխացաւ կը պատճառէ: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է զգուշանաք քաֆէինէն:

2

Քունի պակասը

Եթէ գիշերը բաւարար չէք քնանար, ոչ միայն գլխացաւեր պիտի ունենաք, այլեւ` ջղային վիճակ, կեդրոնացումի պակաս, յիշողութեան հարցեր… Օրական ութ ժամ քունը անհրաժեշտ է բոլորին:

3

Երկ ժամեր չուտելը

Եթէ օրուան ընթացքին կանոնաւոր ձեւով սնունդ չէք ստանար, արեան մէջ շաքարի մակարդակը կը բարձրանայ, իսկ ասիկա հիմնական պատճառներէն մէկն է գլխացաւ ունենալու:

4

Ընկճախտը

Իւրաքանչիւր ընկճախտ բացասաբար կ՛անդրադառնայ ձեր առողջութեան վրայ, իսկ առաջին հերթին կը տուժէ ձեր գլուխը:

Թերեւս ժամերով աշխատիլը ձեզի համար նեղացուցիչ չէ, բայց մարմնին համար ամենալուրջ պատճառներէն է, որ մարմինը կը սկսի ազդանշան ուղարկել` գլխացաւի տեսքով:

 

Դպրոցականներու Սնունդին Հետ
Կապուած Յանձնարարութիւններ

Դպրոցական երեխաները պէտք է, որ անպայման նախաճաշ ընեն: Այլազանեցէք անոնց նախաճաշը փոխնիփոխ առաջարկելով` կաթ, թարմ պտուղի հիւթ, պանիր, մեղր, հացահատիկ, հաւկիթ եւ այլն:

Եթէ ձեր զաւակը ախորժակ կամ ժամանակ չունի եւ կ՛աճապարէ դպրոց հասնելու, բաւարարուեցէք կէս բաժակ կաթով կամ հիւթով եւ վերը յիշուած ուտելիքներէն մէկով սենտուիչ մը պատրաստեցէք, որպէսզի ուտէ ճամբուն ընթացքին եւ կամ` առաջին զբօսանքին:

Եթէ կան երեխաներ, որոնք ընդհանրապէս կը մերժեն կաթ խմել, կարելի է կաթը փոխարինել կաթնապուրով, քասթըրտով եւ այլն… Բոլորս ալ գիտենք, որ կաթը հարուստ է կիրով, իսկ այս վերջինը անհրաժեշտ է երեխաներու աճման:

Երբ հնարաւոր ըլլայ, ձեր երեխային կողքին նստէք, երբ ան կը ճաշէ: Մի՛ այպանէք զայն ու մի՛ վիճիք անոր հետ, եթէ ան  մերժէ ուտել այս կամ այն ուտելիքը: Ճաշի ընթացքին չէ, որ պիտի սրբագրէք անոր կարգ մը կամակորութիւնները: Ճաշի ընթացքին ծագած վէճերը կը թունաւորեն երեխան եւ կերածը կիսով անօգուտ կը դառնայ:

Եթէ ձեր երեխան ախորժակ չունի ընդհանրապէս եւ չի սիրեր ուտել կամ դժուարահաճ է, հրաւիրեցէք անոր մօտիկ ընկերներէն մէկը, որպէսզի ան օրինակ առնէ ընկերոջմէ, ախորժակը բացուի եւ քիչ-քիչ վարժուի այլազան ուտելու:

Երեխային ոչ սիրելի կարգ մը ուտելիքներ կարելի չէ մէկ օրէն միւսը պարտադրել անոր: Մտածեցէք այդ ուտելիքները ներկայացնել տարբեր, բայց մանաւանդ ախորժելի ձեւով:

Երբեք չդիմէք ախորժակ բացող դեղերու, որպէսզի ձեր երեխան քանի մը պատառ աւելի ուտէ. այդ դեղերը աւելի ուշ իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան երեխայի աճման վրայ:

Վնասակար զիջումներ չկատարէք եւ մնայուն ձեւով պնակ մը կերակուրը չփոխարինէք տապկուած գետնախնձորով, փիցցայով կամ սովորական սենտուիչով մը: Այսպիսով, կը սահմանափակէք ձեր երեխային ճաշացուցակը, եւ ան սխալ ձեւով սնանելու վարժութիւն ձեռք կը բերէ:

Եթէ ձեր զաւակը չափազանց կ՛ուտէ, կամ ընդհակառակը, կը մերժէ ուտել, կրնայ ըլլալ, որ բան մը կ՛անհանգստացնէ զինք` դպրոցը կամ տունը: Փորձեցէք պատճառը գտնել եւ հարթել անոր դժուարութիւնները:

 

 Կ՛արժէ Մտածել…

Փոխուիլ` Դառնալու Համար
Աւելի Լաւ

Կեանքը նոր էջէ մը սկսելու կարիք չկայ, բայց կարգ մը բաներ սրբագրելը կամ աւելցնելը սխալ չէ, ըսած է չին փիլիսոփայ մը…

Ահա՛, թէ ինչ կը թելադրէ ան.

– Ըրէք այն, ինչ երկար ժամանակէ ի վեր կը ցանկաք ընել, բայց չէք համարձակիր:
– Ձեր առջեւ նպատակներ դրէք եւ աշխատեցէք հասնիլ անոնց:
– Աւարտեցէք սկսուածը եւ երբեք մի՛ յանձնուիք:
– Մի՛ փորձէք փոխել այն, ինչը փոխել անհնարին է:
– Ձեր հոգիին հարազատ զբաղում մը գտէք:
– Փորձեցէք ամէն ինչ ընել ժամանակին, վաղուան բան մի՛ ձգէք:
– Եթէ դժգոհ էք ձեր գործէն, նորը գտէք:
– Ճիշդ ձեւով սնանեցէք եւ մարզանք ըրէք:
– Ժամանակ առ ժամանակ ուրախացուցէք դուք ձեզ:
– Որքան կրնաք, ճամբորդեցէք եւ նոր գիտելիքներ ամբարեցէք:
– Յարաբերեցէք ձեզի հաճելի անձերու հետ:
– Դուրս նետեցէք աւելորդ բաները ոչ միայն տունէն, այլեւ` գլուխէն:
– Դարձէք բնութեան ընկերը:
– Պզտիկ խնայողութիւն մը մէկ կողմ դրէք «սեւ օր»-ուան համար:
– Ներեցէք, ոխակալ մի՛ ըլլաք:
– Ականջ դրէք ձեր սրտի ձայնին:

 

Նորաձեւութիւն

Տիոր Նորաձեւութեան Տան
Վերջին Հաւաքածոն

Վերջերս Փարիզի մէջ Տիոր նորաձեւութեան տունը ներկայացուց 2018-ի գարուն-ամառ հոթ քիւթիւրի իր հաւաքածոն:

Ֆրանսական Տիոր ապրանքանիշի սիրահարները հաւաքուեր էին Ռոտենի թանգարանը, իսկ հրաւիրեալներու առաջին շարքին էին` Մոնիքա Պելլուչին, Նաոմի Քեմպըլը, Ալեքսա Չանկը եւ ուրիշներ:

Տիորի գարուն-ամառ 2018 հաւաքածոն ոգեշնչուած էր արժանթինցի գերիրապաշտ նկարչուհի Լէոնոր Ֆինիի «աւանկարտ» ոճէն` սեւ ու սպիտակ երանգներ, դիմակներ, փետուրներ, թափանցիկութիւն…

Կինը արուեստին մէջ թեման ներկայացուած էր գերիրապաշտական պարահանդէսի տեսքով: Ստորեւ կը ներկայացնենք հետաքրքրական նմուշներ:

Ինչպէս կը հաստատէք, հաւաքածոյին գլխաւոր աքսեսուարը դիմակն է, իսկ շատ մը մանըքէններ, մանեակի փոխարէն` իրենց վիզին շուրջ կը կրեն Անտրէ Պրըթոնի խօսքերէն դաջուածքներ:

 

Հինը Նորի Վերածել

Պիստակի Կեղեւներով
Պատի Զարդարանք

Այո՛, որքան ալ զարմանալի թուի, կարելի է մինչեւ իսկ Հալէպի պիստակի կեղեւները օգտագործել` պատի գեղեցիկ զարդարանք պատրաստելու համար:

Պատի զարդին համար պէտք ունիք` Հալէպի պիստակի կեղեւներու, սեւ կամ սրճագոյն թաղիք ներկի, խէժի, կեղեւները ներկելու համար` սփրէյ ներկի, կամ եղունգի ներկի կամ թաղիք ներկի:

Կեղեւները նախ լուացէք, ցամքեցուցէք եւ ապա թերթի մը վրայ տարածելով` զանոնք ներկեցէք (կապոյտ, դեղին, կարմիր, նարնջագոյն, ճերմակ…) եւ ձգեցէք, որ չորնան:

Պատին վրայ թեթեւ մատիտով նախ գծեցէք առատ ճիւղերով ծառ մը, ապա հաստ թաղիքով գծագրութեան վրայէն անցէք:

Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, պիստակի կեղեւները փակցուցէք պատին` իւրաքանչիւրին աչք, կտուց եւ ոտքեր գծելով:

Եւ ահա կ՛ունենաք պատի հաճելի զարդ մը:

 

Խոհագիր

Գետնախնձորով Եւ Պրոքոլիով
«Քոթլեթ»-ներ

Բաղադրութիւն.-

– 500 կրամ խաշած գետնախնձոր
– 300 կրամ պրոքոլի
– 50 կրամ ալիւր
– 50 կրամ շուշմայ
– 100 կրամ կանաչ սոխ
– 100 կրամ ազատքեղ
– Աղ
– Բուսաիւղ` տապկոցի համար

Պատրաստութիւն.-

Պրոքոլին եռացած ջուրին մէջ 5 վայրկեան եփել, քամոցէ անցընել եւ ապա մանրել:

Խաշած գետնախնձորը պատառաքաղով ճզմել:

Մեծ ամանի մը մէջ փոխադրել` գետնախնձորը, պրոքոլին, աղը եւ միատեղ խառնել, աւելցնել մանրուած սոխն ու ազատքեղը, գունդեր ձեւաւորել, քիչ մը տափակցնել:

Ալիւրը եւ շուշման խառնել, ձեւաւորուած «քոթլեթ»-ները ալիւրին մէջ թաթխել եւ տապկել տաք իւղին մէջ, մինչեւ ոսկեգոյն դառնան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մոխրագոյն Աչքեր

Ինձ չի տուել հողը հայոց
Հնոց գեղերը հայուհու,
Ոչ սէգ հասակ, ոչ հուր հայեացք,
Ոչ հիւսքերի բոցեր հլու.
Պարգեւել է նա ինձ խորունկ
Զոյգ մոխրագոյն աչքեր միայն
Լցուած մոխրով իր դարերի,
Խորքում` անթեղը ներշնչման…
Հայկական աչքեր
Ո՛ւր էլ լինենք, ինչ դէմքի վրայ`
Խորշոմած մի մօր, թէ մանկան մի թուխ,
Յոգնած հարսների դէմքին արեւհար,
Հայկակա՛ն աչքեր, գեղեցի՜կ էք դուք:
Դուք, տեսած այդքան լաց ու արհաւիրք,
Ինչպէ՞ս կարեցաք դարերից այն հին
Մնալ այսքան մե՜ղմ, այսքան գեղեցի՜կ,
Այսքան գեղեցի՛կ նայել աշխարհին…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>