Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԳԱԼԵԱՆ
Երբ ձեր երեխան կը գծէ, մի՛ խանգարէք զայն: Գծագրութիւնը աւարտելէ ետք ուշադիր դիտեցէք եւ փորձեցէք բացայայտել անոր ներաշխարհը:
– Նկարին վրայ ընտանիքի անդամներուն հերթականութիւնը շատ բան կրնայ յուշել երեխային եւ տան անդամներու յարաբերութիւններուն մասին: Սովորաբար երեխաները առաջինը կը գծեն այն անդամը, զոր շատ կը սիրեն: Եթէ ան մոռցած է գծել տան անդամներէն մէկը, այդ կը նշանակէ, որ երեխան չի սիրեր կամ կարեւորութիւն չի տար այդ անձին:
– Ընդհանրապէս երեխան ինքզինք կը գծէ տան անդամներուն կեդրոնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ինք սիրուած է ծնողներուն կողմէ: Իսկ եթէ երեխան ինքզինք չէ գծած նկարին վրայ, այդ կը նշանակէ, որ ինքզինք լքուած եւ անպէտք կը զգայ:
– Որքան շատ կը սիրէ տան անդամներէն մէկը, այնքան մեծ չափերով կը գծէ զայն:
– Եթէ ընտանիքին մէջ սէր եւ համերաշխութիւն կը տիրէ, երեխան տան անդամները կը գծէ իրարու շատ մօտ: Եթէ ան ծնողներէն մէկը իրեն աւելի մօտ գծած է, կը նշանակէ, որ անոր հետ կապուածութիւն ունի:
– Նկարին վրայ մարդոց միջեւ գծուած ծառերը, ծաղիկներն ու իրերը կը նշանակեն, որ այդ մարդոց միջեւ հարցեր կան:
Գոյներ
Երեխային հաճելի ամէն ինչ գծուած կ՛ըլլայ տաք ու վառ գոյներով: Եթէ նկարին վրայ տան անդամներէն մէկուն հագուստը երեխան կապոյտ ներկած է, կը նշանակէ, որ այդ անձին հետ ինք հոգեպէս հանգիստ կը զգայ, եթէ հագուստը կանաչ է, այդ անձը կը յարգէ եւ կը կարեւորէ. սեւ հագուստի պարագային, երեխան այդ անձին հետ անհաշտ զգացական կապեր ունի:
Մարմնի Մասեր
– Մանրակրկիտ գծուած դէմքի մասերը կը բացայայտեն երեխային սէրը դէպի այդ անձը: Եթէ երեխան տան անդամներէն մէկուն բերանը շատ մեծ գծած է, կը նշանակէ, որ ան երեխային շատ դիտողութիւն կ՛ընէ եւ յաճախ կը յանդիմանէ:
– Բերնին մէջ ակռաներու ներկայութիւնը յարձակողական տրամադրութիւնը կը յուշէ, մեծ աչքերը` վախ, իսկ փոքր աչքերը կրնան յուշել, որ երեխան բան մը կ՛ուզէ թաքցնել:
– Եթէ երեխան տան անդամներէն մէկուն շատ երկար ձեռքերով կամ առհասարակ առանց ձեռքերու գծած է, կը նշանակէ, որ տուեալ անձը ուժ կը կիրարկէ իրեն նկատմամբ:
– Ձեռքերը վեր պարզած երեխան ուշադրութեան եւ ինքզինք արտայայտելու հարց ունի:
***
Երեխան իր գծագրութիւններով ոչ միայն կրնայ օգնել մեզի` գտնելու ընտանիքին մէջ առկայ հարցերը, այլեւ` վերացնելու զանոնք:
Թուղթ եւ գունաւոր մատիտներ տանք մեր երեխային եւ խնդրենք, որ ան իր ընտանիքը գծէ թուղթին վրայ:
Լուրեր Նորաձեւութեան Աշխարհէն
«Ես Դերձակ Եմ» Ցուցահանդէսը
Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին Մարէ թաղամասին մէջ բացուեցաւ Ազզետին Ալայայի «Ես դերձակ եմ» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են անուանի ձեւագէտին յղացած 41 լաւագոյն հագուստները: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունիս 10-ը:
Նշենք, որ Ազզետին Ալայա ծնած է Թունուզ. ան մնացեալ ձեւագէտներէն կը տարբերի իր իւրայատուկ աշխատելաոճով: Ան չէր մասնակցեր նորաձեւութեան շաբաթներուն, որոնք տարեկան կը կազմակերպուին Փարիզի, Միլանոյի, Լոնտոնի մէջ եւ այլուր: Ալայա նաեւ դէմ էր ծանուցումներու արշաւին: Նեղ շրջանակներու նորաձեւութեան վարպետին հագուստները կրած են` Միշէլ Օպաման, Մատոնան, Լէյտի Կական, Պիոնսէն եւ շատ մը ուրիշներ:
Ազզետին Ալայա մեռաւ անցեալ տարի, 77 տարեկանին:
Մուչինոյի 2018-19 Աշուն-Ձմեռ
Հաւաքածոն
Միլանոյի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին իտալական Մուչինօ նորաձեւութեան տունը ցուցադրեց յառաջիկայ աշուն-ձմեռ իր հաւաքածոն:
Փառատօնին աշխարհահռչակ մանըքենները տողանցեցին Մ. Նահանգներու նախկին առաջին տիկին Ժագլին Քենետիի, ինչպէս նաեւ համբաւաւոր դերասանուհի Մարլին Մոնրոյի կերպարներով:
Մասնագէտներու կարծիքով, Մուչինօ նորաձեւութեան տունը այս հաւաքածոյով բաւական շեղած է իր նախկին ոճէն` թեքելով դէպի աւելի զուսպն ու դասականը:
Բացի Ժ. Քենետիի եւ Մ. Մոնրոյի կերպարներէն` մանըքեններէն ոմանք ներկայացուած էին վարդագոյն եւ երկնագոյն ներկուած մարմիններով` նմանելով այլմոլորակայիններու:
Կուչչի Նորաձեւութեան Տան
Տարօրինակ Աքսեսուարները
Միլանի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին Կուչչի նորաձեւութեան տունը իր կարգին ներկայացուց յառաջիկայ աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան հաւաքածոն, որուն ընթացքին մանըքենները բարձրահասակ ելան որպէս աքսեսուար կրելով… իրենց գլուխները:
Բացի գլուխներէ, ձեռքի պայուսակներու փոխարէն, մանըքենները բռնած էին վիշապի ձագեր եւ օձեր:
Կուչչի նորաձեւութեան տան տնօրէնը բարձրահարթակի տարածքը ներկայացուցած էր վիրահատարանի տեսքով, կեդրոնը` վիրահատութեան սեղանը. «Մեր աշխատանքը վիրահատական աշխատանք է. կը կտրենք, կը հաւաքենք եւ կը փորձարկենք վիրահատական սեղանին վրայ», յայտարարած է ան:
Կենցաղավարութիւն
Անախորժ Ձայներ,
Անյարմար Ձեւեր
Ա.- Հազ
Ձմրան եղանակին շատ ընթացիկ երեւոյթ է հազը: Երբ կը հազանք, պէտք է ձեռքը դնենք բերնին առջեւ` նախընտրաբար` թաշկինակով մը: Երկարատեւ, կրկնուող հազի պարագային, թելադրելի է ներկաներէն ներողութիւն խնդրել եւ սենեակէն դուրս գալ` բաժակ մը ջուր խմելու եւ հանգստանալու համար:
Հազի ժամանակ կարելի է բերանը ծածկել նաեւ արմուկին ներսի բաժինով: Այսպիսով, ձեռքը մանրէազերծ կը մնայ, եւ ձեռքսեղմումի պարագային ուրիշներ ալ չենք վարակեր:
***
Բ.- Կոկորդը Եւ Քիթը Մաքրել
Շատեր իրենց խցուած կոկորդն ու քիթը մաքրելու համար չեն վարանիր ուրիշներու ներկայութեան անախորժ ձայներ հանելու:
Նոյնպէս ալ խնջելը ոմանց մօտ արարողութիւն է:
Խնջելը պէտք է ըլլայ կարելի եղածին չափ զուսպ եւ անձայն: Իսկ թաշկինակով քիթին ծակերը մաքրելը, կամ խնջելէ ետք թաշկինակը բանալ եւ մէջը նայիլը չափազանց անյարմար եւ անախորժ է ներկաներուն համար:
Կոկորդ ու քիթ մաքրելու համար թելադրելի է դուրս գալ սենեակէն եւ չխանգարել ներկաները:
***
Գ.- Փռնգտալ
Այս մէկը կարելի չէ նախատեսել, իսկ ոմանց մօտ անիկա կրնայ տասնեակ անգամներ կրկնուիլ: Թելադրելի է շատ արագ, թաշկինակով մը ծածկել քիթն ու բերանը եւ որոշ հեռաւորութիւն մը պահել շուրջիններէն:
***
Դ. Յօրանջել
Յօրանջելը յաճախ անքնութեան, բայց նաեւ ձանձրոյթի նշան է: Յօրանջելը պէտք է աննկատ անցընել` շրջապատը չվիրաւորելու համար: Քիչ մը կամք գործադրելով` կարելի է զսպել զայն:
Խոհագիր
Պահքի Անուշեղէն
Բաղադրութիւն
– 2 բաժակ կեղեւը հանուած արեւածաղիկի սերմ
– 1,5 բաժակ ալիւր
– 1 բաժակ շաքարաւազ
– 0,5 բաժակ ջուր
– 150 մլ արեւածաղիկի իւղ
Պատրաստութիւն
Արեւածաղիկի սերմերը խարկել եւ հարիչէ անցընել:
Ալիւրը նոյնպէս խարկել, մինչեւ որ բաց ոսկեգոյն դառնայ:
Այս երկու բաղադրիչները իրարու խառնել:
Ջուրով եւ շաքարաւազով ծոր պատրաստել` եռալէն ետք 10 վայրկեան եփել:
Ստացուած ծորը աւելցնել խառնուրդին եւ խառնել քիչ-քիչ իւղ աւելցնելով:
Երբ զանգուածը միատարր դառնայ, տեղափոխել կաղապարի մէջ, տափակցնել, երեսը սելոֆան թուղթով ծածկել եւ վրան ծանրութիւն մը դնել:
Մէկ ժամի չափ սպասել, ապա` կտրտել եւ հիւրասիրել:
Բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կտակը
Մահանում Էր բազմավաստակ բանաստեղծը ծերունին,
Մահճի շուրջը բազմել էին երկրի մարդիկն անուանի,
Լռութիւնը այնքան խորն էր տիրակալում դահլիճում,
Որ լսւում էր, թէ նորատունկ վարդը ինչպէ՛ս է շնչում:
Երկիրն արագ ըսպասում էր բանաստեղծի կտակին,
Բայց նա աչքերը անխօս փակեց ու համրացաւ մեծ հոգին®
Երբ տուն դարձան գերեզմանից, մարդիկ նրա բարձի տակ,
Գտան մի թուղթ` վըրան այսպէս ձեռագրուած մի կտակ,
«Երգ սիրեցէք կեանքից, գինուց, ամէն բանից աւելի.
Երգն է միակ բալասանը անդընդախոր ցաւերի.
Երգ հիւսեցէք, առանց երգի` վիշտն աշխարհը կ’աւերի»:
ՍԱՐՄԷՆ
Տարիներ առաջ, այս օրը (1 մարտ, 1901) ծնած է բանաստեղծ Սարմէնը: Անոր բանաստեղծութիւններէն շատեր երգի վերածուած են հայ անուանի երաժիշտներու կողմէ: Այդ երգերէն յիշենք` «Կտակ»-ը, «Հայի աչքեր»-ը, «Երգ ցնծութեան»-ը, «Հայոց աշխարհ»-ը, «Խաչատուր Աբովեան»-ը եւ շատ ուրիշներ: Սարմէն նաեւ հեղինակն է Խորհրդային Հայաստան օրհներգին, որուն երաժշտութիւնը յօրինած է Արամ Խաչատուրեանը: