Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Այսօր Կիներու Միջազգային Օր Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Այս օրուան հետ առնչուող առաջին պատմական իրադարձութիւնը տեղի ունեցաւ 1908-ին, երբ աւելի քան 1500 կիներ ցուցատախտակներ պարզած` տողանցեցին Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ` բողոքելու համար իրենց ցած աշխատավարձին եւ աշխատանքի ծանր պայմաններուն դէմ:

Ժամանակ մը այս օրը նշուած է փետրուարի վերջին կիրակին, բայց 1977-ին ՄԱԿ-ը մարտ 8-ը հռչակեց «Կիներու իրաւունքներու միջազգային օր»:

Ամէն տարի մեծ թիւով երկիրներ յատուկ շուքով կը նշեն այս օրը` յիշեցնելով եւ պահանջելով, որ կինը տղամարդուն համահաւասար իրաւունքներ ունենայ: Այդ իրաւունքներէն յիշենք` քուէարկելու, աշխատելու, ուսում ստանալու, օրէնքին առջեւ հաւասար դատուելու, գործի մէջ արդար վարձատրուելու, սեռային խտրականութենէ զերծ մնալու եւ այլ իրաւունքներ:

– 1909-էն ի վեր, ամէն տարի Կիներու միջազգային օրը բնաբան մը կ՛որդեգրէ. 2018-ինը հետեւեալն է` «Ժամանակը հասած է. գիւղերու եւ քաղաքներու գործիչները կը յեղաշրջեն կիներու կեանքը»:
– Ընդունուած սովորութիւն է մարտ 8-ին ծաղիկ կամ խորհրդանշական բան մը նուիրել կնոջ, մօր, քրոջ կամ աղջկան:
– Հայաստանի մէջ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, մարտ 8-ի տօնակատարութիւնները կորսնցուցին իրենց շուքը: Փոխարէնը` մեծ ժողովրդականութիւն գտած է «Գեղեցկութեան եւ մայրութեան օր»-ը, որ որպէս պետական տօն` կը նշուի ապրիլ 7-ին:
–  Իտալիոյ, Ռուսիոյ, Ալպանիոյ մէջ սովորութիւն է դեղին միմոզա կամ տուրմ նուիրել կիներուն:
– Փորթուգալի մէջ կիները առանձին կը հաւաքուին եւ կերուխումի խնճոյքներ կը կազմակերպեն:
– Չինաստանի, Մատակասքարի եւ Նեփալի մէջ մարտ 8-ը արձակուրդի օր է միայն կիներուն համար:
– Տղամարդիկ եւս ունին իրենց միջազգային օրը, որ հաստատուած է 1997-ին եւ կը նշուի նոյեմբեր 19-ին:

Ցանկալի է, որ Կիներու միջազգային օրը ձեւականութիւններու սահմաններուն մէջ չմնայ, եւ աշխարհի բոլոր կիները տիրանան իրենց իրաւունքներուն:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Ինչպէ՞ս Օգնել, Որպէսզի
Ան Խաղալիքները Հաւաքէ

Յաճախ ծնողք-զաւակ կը հակադրուին, երբ կարգը կու գայ սենեակը կոկելու եւ խաղալիքները հաւաքելու հարցին:

Պէտք է երեխային բացատրել, որ խաղալիքները հաւաքելը պատիժ չէ, այլ լաւ միջոց մը` աւելի ուշ զանոնք գտնելու եւ կրկին խաղալու:

Ահաւասիկ` պարզ հնարքներ, որոնք կ՛օգնեն երեխային թափած խաղալիքները հաւաքելու:

– Որպէսզի երեխան չդժուարանայ իր սենեակը կոկելու եւ թափած խաղալիքները հաւաքելու, անոր սենեակին մէջ ստեղծենք որոշ յարմարութիւններ: Այսպէս, անոր տրամադրութեան տակ դնենք կերպընկալէ կամ խաւաքարտէ խոշոր, խորունկ տուփեր, որպէսզի ան, ըստ տեսակի, դիւրաւ եւ արագ հաւաքէ իր խաղալիքները:

Կարելի է տարբեր գոյնի արկղներու մէջ դասաւորել` գիրքերը, լեկոները, փոքրիկ ինքնաշարժները եւ այլն…

– Որպէսզի երեխան չյուսահատի իր իսկ ստեղծած անկանոնութենէն, քանի մը խաղալիք միեւնոյն ատեն մէջտեղ չձգենք: Յատկապէս Կաղանդէն եւ տարեդարձէն ետք ստացած խաղալիքներուն մէկ մասը վերցնենք, իսկ քանի մը հատը մէջտեղ ձգենք:

Փոխնիփոխ զանոնք վերցնելով ու մէջտեղ հանելով` նախ թափթփած խաղալիքներուն թիւը կը պակսեցնենք, երկրորդ` ան առիթը կ՛ունենայ խաղալիքները կարօտնալու:

– Օրինակ ծառայենք եւ երեխային ձեռք երկարենք, որպէսզի ան չյուսահատի: Կարելի է երկուքով այս աշխատանքը մրցում-խաղի վերածել, ձեւերը շատ են…

– Ծեծը, պատիժը կամ դրամական վարձատրութիւնը սխալ միջոցներ են երեխան դաստիարակելու: Պէտք է ձեւը գտնել համոզելու, որ սենեակը կոկելը, խաղալիքները հաւաքելը պատիժ կամ չարչարանք չէ, այլ` իր կեանքը դիւրացնող անհրաժեշտութիւն մը:

Եթէ վարձատրութիւնը յարմար միջոց մը կը համարէք, այդ մէկը դրամական թող չըլլայ: Խոստացէք քնանալէն առաջ պատմութիւն մը պատմել եւ այլն…

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Տոլչէ Էնտ Կապանայի Յառաջիկայ
Գարուն- Ամրան Կօշիկները

Իտալական Տոլչէ էնտ Կապանա նորաձեւութեան տունը վերջերս ցուցադրեց 2018-ի գարուն-ամառ եղանակի կօշիկի եւ պայուսակի իր հաւաքածոն:

Մետաղեայ տուփեր, արհեստական ծաղիկներ, թղթախաղի քարտեր, կէս թանկագին քարեր, վառ երեւակայութիւն… Անկասկած, որ շատ-շատեր անտարբեր պիտի չմնան Կապանայի կօշիկներուն հանդէպ. ահաւասիկ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

 

Բոյսերու Խնամք

Բնական Պարարտացուցիչներ`
Տնային Բոյսերուն Համար

Բնական պարարտացուցիչները ձրի եւ անվտանգ միջոց են տնային բոյսերուն աճն ու ծաղկումը ապահովելու համար:

Օրական աղբաման կը թափենք նիւթեր, որոնք հրաշալի պարարտացուցիչներ են մեր բոյսերուն համար, եւ կ՛երթանք ու ծաղկանոցէն կը գնենք սուղ եւ քիմիական պարարտացուցիչներ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք բնական պարարտանիւթերու ցանկը, եւ շատեր բերանբաց պիտի մնան:

– 1 –

Փայտէ մոխիրը եւ կերակուրներու եփի ջուրը

Շատ յարմար է բոյսերուն սնուցման եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար: Մէկ ապուրի դգալ մոխիրին վրայ մէկ լիթր տաք ջուր լեցուցէք, կափարիչով ծածկեցէք եւ մէկ շաբաթ սպասեցէք` մերթ ընդ մերթ խառնելով: Ապա բոյսերը ջրեցէք 10 օրը անգամ մը` նախապէս ստուգելով հողին խոնաւութեան աստիճանը:

– 2 –

Սխտորը

Կը զօրացնէ բոյսերուն դիմադրականութիւնը` պաշտպանելով տարբեր հիւանդութիւններէ: Նաեւ կ՛ապահովէ խոլորձին (օրքիտէ) աճը եւ ծաղկումը: Չորսէն հինգ պճեղ սխտորին վրայ մէկ լիթր եռացած ջուր աւելցուցէք, կէս ժամ սպասեցէք, քամոցէ անցուցէք եւ ձգեցէք, որ պաղի: Ծաղիկը ջրելու ատեն ջուրին մէկ ապուրի դգալ այս լուծոյթէն աւելցուցէք:

– 3 –

Սոխի կեղեւը

Սէ. Փէ. Փէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ սոխի եփուկը ձեր բոյսերը կը պաշտպանէ հիւանդութիւններէ եւ միջատներէ:

Ջարդել սոխը` կեղեւովը միասին, վրան եռացած ջուր աւելցնել, կափարիչով փակել եւ առնուազն երկու ժամ ձգել: Քամել եւ պաղելէն ետք օգտագործել:

– 4 –

Աքուարիոմի ջուրը

Եթէ տունը ձուկ կը պահէք, այսուհետեւ աքուարիոմին ջուրը լուացարանը թափելու փոխարէն` օգտագործեցէք ձեր բոյսերը ջրելու: Անիկա կը խթանէ բոյսերուն աճը:

– 5 –

Սուրճի մրուրը

Սուրճի մրուրը չորցուցէք եւ հողին երեսը ցանեցէք, անիկա կ՛արգիլէ հողին քարացումը: Անիկա նաեւ կը խթանէ ծաղկող շատ մը բոյսերու առողջ եւ արագ ծաղկումը:

– 6 –

Պանանին կեղեւը

Փոթասիոմով հարուստ պանանին կեղեւը կտրտեցէք եւ հողին մէջ թաղեցէք զանոնք:

Բացի առողջ աճ ապահովելէ` պանանի կեղեւները բոյսերը կը պաշտպանեն վնասակար միջատներէն:

– 7 –

Հաւկիթին կեղեւը

Արեւին չորցնելէ եւ մանր կտորներու վերածելէ ետք հաւկիթի կեղեւը հողին խառնեցէք եւ բոյսին չորս կողմը ցանեցէք: Այս խառնուրդը բոյսը կը պաշտպանէ բոլոր տեսակի վնասակար միջատներէն, խխունջներէն, մրջիւններէն…

 

Խոհագիր

Ընկոյզով Շոմին
(Պահքի Ուտեստ)

Բաղադրութիւն

– 1 քիլօ շոմին
– 1 բաժակ ընկոյզ
– 2 – 3 ապուրի դգալ քացախ
– Կէս բաժակ ջուր
– Աղ, սեւ պղպեղ – սխտոր (2 պճեղ)
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ

Պատրաստութիւն

Շոմինը խաշել, քամել եւ աղալ: Ընկոյզը աղալ, հարելով քիչ-քիչ ջուր լեցնել, մինչեւ որ թթուասերի թանձրութեամբ խառնուրդ մը ստացուի: Յետոյ յաջորդաբար աւելցնել` քացախը, աղը, պղպեղը, մանրուած ազատքեղը, ճզմուած սխտորը եւ լաւ խառնել:

Ստացուած թանձրուկը խառնել աղացած շոմինին հետ, ըստ ճաշակի ձեւաւորել եւ ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ շարել ու զարդարել նուռի հատիկներով, ընկոյզի կտորները, ազատքեղի տերեւներով…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տեսարան

Ամառ օրով
Ծառերուն տակ փռուեր նստեր են մարդիկ
Բարձ ու փսիաթ, սան ու տապակ, կուժ ու պնակ,
Կրակարան, օրօրոց
Բան չեն մոռցեր. եւ ամէնքով օրուան համը կը հանեն…

Յանկարծ ամպ մը, տեղատարափ մը սաստիկ
Տակնուվրայ կ՛ընէ ամէնքն – ամէնբան…

Բոլոր ծառերն անմիջապէս կ՛ուզեն մէկ մէկ հովանոցի վերածուիլ
Բայց կայծակէն կը վախնան

Օդը կ՛ուզէ անջրանցիկ մեծ վրանի մը փոխուիլ
Սակայն հովէն կը վախնայ

Հողը կ՛ուզէ գիրկը բանալ – ըլլալ շուտով պատսպարան մ՛առժամեայ
Բայց եւ այնպէս ջրհեղեղէն կը վախնայ

Լոյսը կ՛ուզէ միակտուր ապակիի շերտ մը դառնալ գլխուն վերեւ ամէնուն
Սակայն ան ալ որոտումէն կը վախնայ.

Իսկ արեւը վար կը նայի ու կը դիտէ տեսարանն այս եզական
Եւ կը զուարճանայ…:

Զ. ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>