Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քու Տարիքիդ Ես Դասարանին Առաջինն Էի…
Մինչեւ 6 տարեկան ծնողները երեխաներուն համար գրեթէ աստուածներ են, որոնք գիտեն ամէն ինչ: Վերոյիշեալ խօսքով դուք մրցակցութիւն կը ստեղծէք. կարծէք` կ՛ուզէք ըսել. «Դուն երբեք չես հասնիր իմ մակարդակիս»: Այսպիսի մթնոլորտի մէջ մեծցած ձեր զաւակը ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի փորձէ հաւասարիլ ձեզի եւ ապացուցել, որ ինք ալ լաւ եւ կարող է:
Սակայն հարցը այն է, որ այդ պարագային ձեր չափահաս զաւակը տեղ հասած է ոչ թէ իր, այլ ձեզի համար, որպէսզի դուք տեսնէք, որ ինք արժանի զաւակ է: Հետագային նման երիտասարդներ երբեք չեն ուրախանար իրենց յաջողութիւններով, սակայն կ՛ուրախանան, երբ ծնողները նկատեն այդ յաջողութիւնը:
***
Տե՛ս, Ընկերդ 18 Ստացեր Է, Իսկ Դուն` 16…
Սովորաբար դուք այս համեմատութիւնը կ՛ընէք «լաւ» նպատակով: Շատ հաւանաբար դուք ալ ձեր կարգին նոյն խօսքերը լսած էք ձեր ծնողներէն, բայց դժբախտաբար մոռցած էք, թէ որքա՛ն ցաւոտ է երեխային համար, երբ ծնողը զինք կը մերժէ եւ կը գնահատէ մէկ ուրիշը:
Ձեր զաւակը այս ցաւոտ փորձառութիւնը իրեն հետ կը տանի մինչեւ հասուն տարիք: Ան մինչեւ իսկ կը սկսի ատել այն անձը, որուն հետ զինք մնայուն ձեւով համեմատեր էք:
Յիշեցէ՛ք, որ ձեր զաւկին համար շատ տհաճ է, երբ զինք կը համեմատէք դասընկերոջ, քրոջ, եղբօր կամ մէկ ուրիշին հետ: Չափահաս տարիքին ձեր զաւակը անգիտակցաբար պիտի շարունակէ ինքզինք համեմատել ուրիշին հետ եւ հոգեպէս անհանգիստ երիտասարդ մը պիտի դառնայ:
***
Ճիշդ Հօրդ (Մօրդ) Կը Նմանիս…
Անշուշտ այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, այս պարագային ծնողներուն միջեւ տիրող անհամերաշխութիւնը, որուն գինը կը վճարէ ձեր խեղճ զաւակը: Որպէս այր ու կին` իրարու բան չէք ըսեր, սակայն զիրար կը մեղադրէք ձեր երեխային ճամբով, ինչ որ շատ անընդունելի է:
Եթէ պատահի, որ ձեր զաւկին ըսէք` «Հօրդ նման յամառ ես» (եւ կամ` հակառակը), այնպէս մը կը հասկցուի, որ հայրը վատ մարդ է, եւ բնական է, որ ձեր զաւակը պիտի չփափաքի հետագային դառնալ հօրը նման յամառ ու վատ մարդ:
Զգուշացէք նման փոխադարձ մեղադրանքներէ, որոնք ընտանիքը կը քայքայեն:
***
Հեռացի՛ր Եւ Այլեւս Աչքիս Չերեւաս…
Ձեր զաւկին ուղղուած այս խօսքէն երեխան հետեւեալը կը հասկնայ. «Դուն փճացուցած ես կեանքս: Անհետացի՛ր: Դուն հոս պէտք չէ ըլլաս»:
Որպէս հետեւանք` ձեր զաւակը կ՛ունենայ մեղքի զգացում, քանի որ ինք խանգարեր է ձեր երջանկութիւնը… եւ այսպէս, ամբողջ կեանքը խղճի խայթի զգացումով կ՛ապրի:
***
Առհասարակ երեխային որեւէ բան ըսելէ առաջ հարկաւոր է լաւ մտածել: Զայրոյթի պահուն չմտածուած եւ արագ ըսուած խօսքեր անդարձ աւերներ կը գործեն եւ ձեր աչքին լոյս զաւակը կը դարձնեն դժբախտ եւ բարդութաւորուած չափահաս մը:
Մենք հոս ներկայացուցինք ծնողներուն կողմէ զաւակներուն ուղղուած սխալ արտայայտութիւններու մէկ քանի օրինակ: Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու` տանք նոյնքան վիրաւորական այլ օրինակներ.
Եթէ այսպէս շարունակես, ես ա՛լ քեզ պիտի չսիրեմ:
Զիս խայտառակեցիր:
Եթէ այսպէս շարունակես, քեզ ուրիշին կու տանք:
Քիչ յետոյ, տունը դասդ կու տամ:
Եթէ այսպէս շարունակես, տունը կը ձգեմ ու կ՛երթամ:
Սննդագիտական-Առողջապահական.
Գլխացաւը Բուժող 3 Միջոց
Ուղեղի անօթներուն կանոնաւոր մաքրումը կը վերացնէ գլխացաւը եւ կը բարելաւէ տրամադրութիւնը:
Ստորեւ` 3 արդիւնաւէտ բաղադրատոմսեր, որոնք կը մաքրեն ուղեղին անօթները:
-1-
Մեղր Եւ Ընկոյզ
5 ընկոյզի միջուկ մանրել եւ խառնել մէկ ապուրի դգալ մեղրի հետ, աւելցնել պտղունց մը փոշի կասիա եւ կոճապղպեղ: Ստացուած խառնուրդը մէկ օր սառնարանը պահել, ապա օրական մէկական ապուրի դգալ ուտել ճաշի ժումերէն առաջ:
-2-
Սոխի Հիւթ Եւ Մեղր
Մէկ բաժակ սոխի հիւթին աւելցնել մէկ բաժակ մեղր: Օրական մէկական թէյի դգալ խմել ճաշի ժումերէն կէս ժամ առաջ: Այս միջոցը թէ՛ կը մաքրէ անօթները եւ թէ՛ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
-3-
Նուռի, Խնձորի, Ստեպղինի Հիւթ
Ամէն օր կէսօրուան ճաշէն եւ երեկոյեան ընթրիքէն կէս ժամ առաջ խմեցէք բաժակ մը նուռի կամ խնձորի եւ կամ ստեպղինի թարմ հիւթ:
Նորաձեւութիւն
Ծաղկաւորը Տիրական
Գարուն-Ամառ Հաւաքածոներուն Մէջ
Գարնան խորհրդանիշ ծաղիկները նրբութիւն, իգականութիւն, թարմութիւն եւ լաւատեսութիւն կ՛աւետեն նոյնիսկ նորաձեւութեան մէջ:
Ծաղկաւոր տաբատ, վերնաշապիկ, հագուստ, կօշիկ թէ պայուսակ չափազանց նորոյթ են այս գարնան եւ ամրան. հետեւեցէ՛ք նորոյթին, բայց ջանացէք համադրել զանոնք եւ չափազանցութեան ծուղակը չիյնալ:
Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ:
Լուսաւոր Գաղափարներ
Քամոցը Որպէս Պատի Զարդ
Եթէ ասեղնագործով հետաքրքրուած էք եւ պատրաստ էք ձեր ժամանակը լեցնել հաճելի եւ օգտակար զբաղումով մը, ապա լծուեցէք աշխատանքի եւ իրագործեցէք այս գեղեցիկ պատի զարդը:
Այս զարդին համար անհրաժեշտ են` քամոց մը, ասեղնագործի յատուկ գունաւոր թելեր եւ, անշուշտ, ասեղ մը:
Ընտրեցէք ձեր սրտին խօսող նախշ մը, քամոցին ցանցը օգտագործեցէք որպէս կտաւ եւ անոր վրայ վերարտադրեցէք նախշը:
Յաջողութի՛ւն:
Խոհագիր
Կարիդոս` 3 Տարբեր Թացաններով
Խաշած կամ խորոված կարիդոսը աւելի համեղ կ՛ըլլայ, եթէ անոր ընկերակցի համեղ թացան մը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք համեղ թացանի 3 տարբերակ:
Քոքթէյլ Թացանը (Սոս Քոքթէյլ)
Փոս ամանի մը մէջ խառնել գաւաթ մը մայոնեզը, 3 ապուրի դգալ քեչափը, թէյի դգալ մը լոլիկի խիւսը, ապուրի դգալ մը ուիսքին կամ քոնիաքը, պտղունց մը աղը, պտղունց մը սեւ համեմը եւ 3-4 կաթիլ թապասքօ թացանը:
Միատարր թանձրուկ մը ստանալէ ետք սառնարանը պահել` մինչեւ սեղան բերելը:
***
Վարունգով Թացան
Փոս ամանի մը մէջ խառնել 50 մլ մածունը, 50 մլ մայոնեզը, քերոցէ անցած վարունգը, քերոցէ անցած պզտիկ սոխը, քառորդ դգալ փոշի մանանեխը եւ 2 ապուրի դգալ մանրուած թարմ սամիթը, պտղունց մը աղը եւ պտղունց մը սեւ համեմը:
Բոլորը հարիչէ անցընել, որպէսզի միատարր նիւթ մը ստացուի: Սառնարանը պահել առնուազն 1-2 ժամ:
***
Մանանեխով Թացան
Փոս ամանի մը մէջ խառնել կէս գաւաթ մայոնեզը, 2 ապուրի դգալ համեմուած մանանեխը, թէյի դգալ մը կիտրոնի հիւթը, թէյի դգալ մը մեղրը, կէս թէյի դգալ փոշի մանանեխը, կէս թէյի դգալ Worcestershire թացանը, մէկ թէյի դգալ շէկ շաքարը եւ պտղունց մը աղը: Թել գործիքով զարնել` միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար: Սառնարանը պահել մինչեւ սեղան բերելը:
Ներկայանալի ամանի մը մէկ կողմը շարել կարիդոսները, փոքրիկ փոս ամաններու մէջ փոխադրել 3 տեսակի թացանները, շարել ամանին կեդրոնը եւ ամբողջութիւնը զարդարել կիտրոնի շերտերով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կեանք Ու Կռիւ
Խաղաղութեան մէջ ամէնքիս
Ճակատագրերն են տարբերուող
Բայց Հայրենիք պաշտպանելիս
Դառնում ենք մի երկինք ու հող
Անփորձ անվախ հոգիներից
Հաւաքուեցինք բանակ դարձանք
Մեր անցեալի հերոսներից
Ժառանգեցինք մի երազանք
Երկիրը սէր է հողը կեանք
Թէ կռուից չգամ, ու քո համբոյրը չզգամ,
Արցունքներդ լի թող յաղթանակը սրբի,
Կը ներես դու ինձ մայր քո որդուն
Ես խաղաղ երկնքով կը գամ տուն
Թող գրկի քեզ ընկերս հիմա
Իմ կողմից քեզ թող ասի իմ Մայր
Հին օրերից մինչեւ ներկայ
Յիշողութեան կամուրջը կայ
Փոխուած դէմքեր սերունդ մի նոր
Որ իմ կռիւն ունի այսօր
Կայ երազանք որի համար
Պիտի պայքար լինի յամառ
Ձեռքեր որ նոր են զէնք բռնել
Ուժ կ՛ունենայ ծաղիկ տանել
Մահուան դէմ կեանքն է առաւել
Թէ կռուից չգամ ու քո համբոյրը չզգամ
Արցունքներդ լի թող յաղթանակը սրբի
Կը ներես դու ինձ մայր քո որդուն
Ես խաղաղ երկնքով կը գամ տուն
Թող գրկի քեզ ընկերս հիմա
Իմ կողմից քեզ թող ասի իմ Մայր
Ես կռուից կը գամ ու քո համբոյրը կը զգամ
Արցունքներդ լի թող յաղթանակը սրբի
Հաւատա դու ինձ մայր քո որդուն
Ես խաղաղ երկնքով կը գամ տուն
Պահապան քո աղօթքի շնորհիւ
Ես անցայ ողջ մի կեանք ու կռիւ:
Խօսք`
ԱՒԵՏ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Այսօր` ապրիլ 5-ին- դադրեցան քառօրեայ պատերազմի ռազական գործողութիւնները: