Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

$
0
0

Բժիշկներն ու հոգեբանները կը պնդեն, որ երեխան պէտք է երաժշտական հնչիւններուն ծանօթացնել շատ կանուխէն, երբ ան տակաւին մօր արգանդին մէջ է… Յղի կիներուն կը թելադրուի դասական երաժշտութիւն լսել, նոյնիսկ` երգել: Կարեւոր չէ երգին ընտրութիւնը, կարեւորը այն է, որ երեխան իր մօր ձայնը լսէ:

Ի՞նչ Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Երեխան

– Դասական երաժշտութիւն: Այն հաստատ համոզումը կայ, որ երեխաներուն համար յարմարագոյն կտորները Մոցարթի, Պեթհովենի եւ Շուպերթի ստեղծագործութիւններն են: Անոնք դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան երեխային հոգեբանութեան վրայ, կը հանգստացնեն եւ կը պաշտպանեն ընկճախտէն:

– Մանկական երգեր: Ոչ բարդ երաժշտութիւն, սովորական եւ հասկնալի բառեր, հաճելի կշռոյթ… մանկական երգերը անկասկած կ՛ուրախացնեն եւ կը հանգստացնեն նախադպրոցական տարիքի երեխաները:

– Օրօրոցայինները: Մարդու ձայնը շատ հաճելի է երեխաներուն համար: Կանուխէն թող լսեն մեր օրօրոցայինները, որպէսզի ձեւաւորուի անոնց երաժշտական ճաշակը: Հայկական երաժշտութիւնը հարուստ է օրօրոցայիններով:

Ինչպէ՞ս Լսել Երաժշտութիւնը

– Յիշենք, որ երաժշտութիւնը պէտք չէ շատ բարձր բանալ, զայն ըմբոշխնելու համար անիկա պարզապէս պէտք է յստակ լսելի ըլլայ:

– Մի՛ արտօնէք, որ ձեր երեխան երաժշտութիւն ունկնդրէ ականջակալերով: Բարձր երաժշտութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ վնասել անոր լսողութեան:

– Անշուշտ երեխան երկար շունչ չունի սենֆոնի մը ծայրէ ծայր լսելու: Երաժշտութիւնը մեղմ բացէք, երբ ան կը խաղայ, տան մէջ կը վազվզէ, կը կարդայ…

***

Բոլորիս ծանօթ է, որ երաժշտութիւնը կ՛օգտագործուի նաեւ բուժման նպատակներով: Առաւելաբար կ՛օգտագործուի դասական երաժշտութիւնը, երբեմն նաեւ` ջուրի, հովի, թռչուններու ձայները:

Երաժշտութիւնը շատ կարեւոր է երեխային համար: Անիկա կը զարգացնէ ուղեղը, կը մարզէ յիշողութիւնը, ուշադրութիւնը, լսողութիւնը: Վերջապէս, երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգիները եւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:

 

Ձեռային Աշխատանք

Երեխային Զգայարանները
Խթանող Խաղալիք

Եթէ տունը քանի մը ամսու երեխայ կայ, այս խաղալիքը անպայման պիտի հետաքրքրէ ձեզ: Արագ եւ դիւրին պատրաստուող այս օղակը պիտի զուարճացնէ ձեր երեխան եւ պիտի խթանէ անոր զգայարանները:

Խաղալիքի խանութէ մը գնեցէք օղակ մը եւ անոր շուրջ փաթթեցէք տարբեր գոյնի եւ հիւսուածքի (թաւիշ, մետաքս, թիւլ, սպունգ, սաթեն…) կտորներ եւ ժապաւէններ: Ապա տեղ-տեղ հաստատեցէք փոքր փըլիւշ խաղալիքներ, բոժոժներ, փոն-փոններ եւ այլն…

Երեխան փորիկին վրայ դրէք օղակին կեդրոնը, որպէսզի շօշափէ, լսէ, տեսնէ ու զուարճանայ:

Զգուշացում. խաղալիքներն ու բոժոժները պէտք է շատ լաւ եւ ապահով հաստատուած ըլլան, որպէսզի երեխան բերանը չտանի եւ վտանգ չպատահի:

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Հալիմա Ատեն

Քենիացի քսանամեայ Հալիմա Ատենը, որ ընդամէնը 1,66 մ հասակ ունի, ցնցած է նորաձեւութեան աշխարհը իր գեղեցկութեամբ: Ան ներկայիս կը համարուի ամենագեղեցիկ եւ ամենացանկայարոյց մահմետական մանըքենը, որ ամէնուրեք միայն հիժապով կը ներկայանայ:

Հալիման առաջին անգամ ուշադրութիւն գրաւեց Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին. այնուհետեւ ան կը զարդարէ առաջատար ամսաթերթերու կողքերը:

Առայժմ Հալիման հիժապով առաջին եւ միակ կինն է, որ յաջողած է պայմանագրութիւն ստորագրել աշխարհի մեծագոյն նորաձեւութեան գործակալութիւններէն IMG MODELS-ին մէջ:

 

Առողջապահական

Ի՞նչ Յաճախականութեամբ Լուալ Սաւանեղէնները

Նիւ Եորքի համալսարանի բժշկական դպրոցի ամերիկացի գիտնականները պարզած են, որ չլուացուած սաւանեղէններուն մէջ առկայ են բազմաթիւ մանրէներ, որոնք դուռ կը բանան շնչառական տեսակաւոր հիւանդութիւններու:

Ամերիկացի մանրակենսաբան Ֆիլի Դիերնոյի խօսքերով, մեր անկողինները լեցուն են սունկերով, մանրէներով, փոշիով, ինչպէս նաեւ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու քիմիական նիւթերու մնացորդներով:

Հետազօտութիւններու շնորհիւ` գիտնականները պարզած են, որ բարձերը, զորս մարդիկ կ՛օգտագործեն երկուքէն մինչեւ քսան տարի, աւելի քան 17 տեսակի սունկեր կրնան պարունակել: Անոնք ալ իրենց կարգին տարբեր տեսակի հիւանդութիւններու պատճառ կրնան դառնալ:

Ֆիլիփ Դիերնոն կը յանձնարարէ շաբաթական դրութեամբ լուալ սաւանեղէնները, յաճախ արեւին պարզել բարձերը եւ զանոնք տարեկան դրութեամբ փոխարինել նորով մը:

Մատնայարդարումը Եղունգի Քաղցկեցի Պատճա՞ռ

Գերմանացի գիտնականներ փաստած են, որ անդրմանիշակագոյն լամբերը քաղցկեղի պատճառ կրնան դառնալ, մասնաւորաբար` մատնայարդարման սարքերը:

Գիտնականները կ՛ընդգծեն, որ նոյնիսկ մէկ անգամ երկար ժամանակով այդ սարքերը օգտագործելը առողջութեան չի վնասեր, սակայն յաճախակի օգտագործման պարագային, եղունգներու եւ մորթի չարորակ ուռուցքներ կրնան յայտնուիլ:

Փորձագէտները խորհուրդ կու տան կիներուն մատնայարդարման ժամանակ արեւապաշտպան սեր օգտագործել` մասամբ վերացնելու վտանգին հաւանականութիւնը:

Ճերմակ Թութ Ուտելու 7 Համոզիչ Պատճառներ

Ճերմակ թութը հինէն ի վեր որպէս դեղ օգտագործուած է շատ մը ժողովուրդներու մէջ: Ստորեւ համոզիչ պատճառներ` զայն օգտագործելու:

1.- Կը կարգաւորէ արեան մէջ շաքարին մակարդակը:
2.- Հարուստ է անթիօքսիտաններով:
3.- Ճերմակ թթենիին տերեւները կը կարգաւորեն արեան մէջ քոլեսթերոլի մակարդակը:
4.- Սննդարար է:
5.- Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
6.- Ճերմակ թթենիին տերեւները կը դարմանեն մորթային որոշ հիւանդութիւններ:
7.- Կը բարելաւէ տեսողութիւնը:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

– 1 –

Շապիկին արատները (շրթներկի, իւղի, մելանի…) մաքրելու համար անոնց վրայ սափրուելու փրփուր օճառ սփռեցէք. սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա լուացէք: Նոյնը կարելի է ընել գորգի արատներուն պարագային:

– 2 –

Ականջակալներուն թելերը տեւաբար ոլորուած ու իրար անցած են… Պարզապէս օգտագործեցէք լուացքի լաթակալները եւ վերջնականապէս լուծեցէք հարցը:

– 3 –

Եթէ ձեր պատրաստած կերակուրը շատ աղի է, անոր մէջ քիչ մը քացախ եւ փոշի շաքար աւելցուցէք, եւ շեշտուած աղի համը շուտով կը չքանայ: Քացախն ու շաքարը կարելի է փոխարինել գետնախնձորով եւ կամ թարմ սերով:

– 4 –

Եթէ երկար վիզով հրահան չունիք փուռը վառելու եւ կամ խորունկ ամանի մէջ զետեղուած մոմը վառելու, օգտագործեցէք սփակեթթի ցպիկ մը, ան վայրկենական կը լուծէ ձեր հարցը:

– 5 –

Կարմիր գինիին արատը մաքրելու լաւագոյն միջոցը անոր վրայ ճերմակ գինի թափելն է… Որքան որ ալ զարմանալի թուի, ասիկա լաւագոյն միջոցն է:

 

Խոհագիր

Ճակնդեղով, Նարինջով Եւ
Ստեպղինով Աղցան

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 2 խաշած ճակնդեղ
– 2 նարինջ
– 1 ստեպղին
– 3 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
– Պճեղ մը սխտոր
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 սուրճի դգալ մանանեխ (Տիժոնի)
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խաշած ճակնդեղը կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրտել: Նոյնպէս ալ նարինջը կեղուել, բարակ մաշկն ալ հանել եւ խորանարդաձեւ կտրտել: Ստեպղինը լուալ եւ երկայնքին բարակ երիզներու վերածել:

Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` վերը յիշուած բաղադրիչներով:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել` կտրտուած ճակնդեղը, նարինջը եւ ստեպղինը, վրան թափել թացանը, խառնել եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Շարուել ենք շարուած, կողք կողքի-
Շախմատի քարերի նման-
Ուզում ենք յաղթել մէկ մէկի-
Շախմատի քարերի նման.
Բայց մէկ է, զինուոր թէ արքայ`
Յաղթենք էլ, իջնելու ենք ցած
Տախտակին նորերն են շարքի-
Շախմատի քարերի նման…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>