Պատրաստեց՛ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վստահաբար դուք ձեզի հարց տուած էք, թէ արդեօք ինչպիսի՞ մայր էք, ճիշդ ձեւով կը դաստիարակէ՞ք ձեր զաւակը, փոխադարձ սէր, յարգանք եւ վստահութիւն կա՞յ ձեր միջեւ…
Կարդացէք նիւթը, ապա որոշեցէք, թէ ինչպիսի՛ մամա էք ձեր երեխային համար:
1
Դուք միշտ ձեր զաւակը կը համեմատէք ուրիշ երեխաներու հետ:
Այսպիսով, դուք կ՛ազդէք ձեր երեխային ինքնագնահատականին վրայ: Աւելի ճիշդ մօտեցում է բացայայտել այն յատկանիշները, որոնցմով կը փայլի ան եւ հպարտանալ անով` այդ յատկանիշներուն համար:
2
Դուք չէք վստահիր ձեր երեխային:
Երբեք մի՛ փորձէք կարդալ ձեր զաւկին եւ անոր ընկերներուն նամակագրութիւնները: Փոխարէնը` ստեղծեցէք ընկերական եւ վստահելի միջավայր, որպէսզի երեխան ինքը ձեզի պատմէ ամէն ինչ:
3
Դուք երեխային կ՛արգիլէք որեւէ բան ընել:
Դուք կը վախնաք, որ ծաղիկները ջրած ատեն վրան թրջէ, բաժակը խոհանոց տարած ատեն ձեռքէն ձգէ, սահնակէն սահած ատեն իյնայ եւ հագուստները աղտոտէ…
Յիշեցէք, որ բոլորն ալ կը սորվին իրենց սեփական սխալներէն:
4
Դուք կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակը ենթարկուի ձեզի:
Շատ մեծ սխալ է: Երեխան պէտք չէ ընէ այն, ինչ որ դուք կը ցանկաք իրեն համար` բժշկութիւն ուսանիլ, ջութակ նուագել եւ այլն… երեխան պէտք չէ ընտրէ այն մասնագիտութիւնը, որ դուք կը փափաքիք, կամ ձեր անկատար երազանքը եղած է: Ձգեցէք, որ ան որոշումներ կայացնէ իր կարողութիւններէն եւ նախասիրութիւններէն մեկնելով:
5
Դուք ձեր բարեկամուհիներուն կը պատմէք երեխային մէկ գաղտնիքը:
Երբ երեխան ձեզի իր մէկ գաղտնիքը կը պատմէ, կը նշանակէ, որ կը վստահի ձեզի: Դուք կը կորսնցնէք այդ վստահութիւնը, եթէ բոլորին պատմէք իր գաղտնիքները:
Կ՛արժէ մտածել այս բոլորին մասին:
Հետաքրքրական
Ատամնահատիկ
Ատամնահատիկը հին հայկական ժողովրդական տօն է: Անցեալին անիկա ունէր պտղաբերութեան եւ առատութեան խորհուրդ: Տարբեր բարբառներու մէջ անիկա տարբեր անուններ ունէր. օրինակ` Վայոց Ձորի մէջ` կեռահատիկ, Արարատեան դաշտի մէջ` հատիկ, Շիրակի մէջ` ակռահատիկ, Սիւնիքի մէջ` ատամնամսոտիկ կամ սեղքահատիկ:
Ի՛նչ ալ կոչուի, ազգագրագէտները այս նշումը կը համարեն ծէս եւ ոչ թէ` խնճոյք: Սովորութիւն էր, որ տան տատիկը պէտք էր ընդեղէնի եւ ոլոռազգիներու խառնուրդ պատրաստէր` խաշած ցորենի, սիսեռի, լուբիայի, գարիի հատիկներով. երբեմն նաեւ կ՛աւելցնէին պտուղներ, օրինակ` չամիչ, ծիրան, սալոր եւ ընկոյզ:
Ազգագրագէտներուն կարծիքով, 7 տեսակի հատիկ լեցնելու սովորութիւնը պարտադիր չէ, այլ` սնահաւատութեան պէս բան մը: Ինչպէս ծանօթ է, հատիկեղէնները առատութիւն կը խորհրդանշեն: Այդ խորհրդանիշը փոխանցելու եւ մնացեալ ակռաներուն «ծլում»-ը դիւրացնելու նպատակով երեխային շուրջ կը հաւաքուէին հարազատները, զայն կը նստեցնէին սեղանին վրայ, գլուխը կը ծածկէին քողով եւ հատիկները կը թափէին վրան:
Տարիներու ընթացքին ատամնահատիկի ծէսը վերածուեցաւ մասնագիտութիւն կանխագուշակելու սովորութեան: Նախապէս փոքրիկին առջեւ կը դնէին երեք պարտադիր իր` հայելի, սանտր եւ դանակ: Հայելին կը խորհրդանշէր առատութիւնը, չէ՞ որ ան կը բազմապատկէ այն ամէնը, ինչ կը յայտնուի իր արտացոլանքին մէջ, դանակը կը խորհրդանշէր ուժը, իսկ սանտրը` ակռաներու հաւասարութիւնը:
Մեր օրերուն ծէսը կերպարանափոխուած է: Ծնողները զայն վերածած են իսկական խնճոյքի: Նախապէս տունը կը յարդարեն ակռայի պատկերներով, ճոխ սեղան կը պատրաստեն, ակռայի տեսքով կարկանդակ կը պատուիրեն, մինչեւ իսկ տարոսիկներ կը բաժնեն: Յետոյ կը հասնի ամենասպասուած պահը. ներկայիս երեխային առջեւ կը դնեն մասնագիտութիւն խորհրդանշող իրեր` դրամապանակ, բժշկական գործիք, գիրք, գրիչ, մկրատ, համակարգիչի մկնիկ, մուրճ, խաղալիք օդանաւ եւ այլն… Ոմանք մասնագիտութիւնները կը գրեն թղթիկներու վրայ, կը ծալեն ու կը դնեն փոքրիկին ոտքերուն մօտ: Շատեր ալ նոյն այդ թղթիկները կը դնեն գունաւոր փուչիկներու մէջ:
Իրերով կամ գրութեամբ պայմանաւորուած` ծնողները կը կանխատեսեն, թէ ի՛նչ մասնագիտութիւն պիտի ընտրէ երեխան, երբ մեծնայ:
****
Այս ծէսը ընկալենք որպէս խաղ եւ միշտ յիշենք, որ ամենամեծ կանխագուշակը ծնողքի դաստիարակութիւնն է: Ինչ արժէքներ սերմանենք փոքրիկին մէջ, այդպիսի արժէքներով առաջնորդուելով` ան կ՛ընտրէ իր մասնագիտութիւնը: Իսկ թէ` ի՞նչ մասնագիտութիւն, ձգենք, որ ան որոշէ:
Բաներ, Զորս Աւելի Յաճախ
Պէտք Է Մաքրենք
Մեր շուրջ գտնուող ամէն բան մաքրութեան կը կարօտի, սակայն մենք կը լուանք պնակները, սալայատակը, լաթերը` նուազ ուշադրութիւն դարձնելով այլ իրերու վրայ, որոնք նոյն յաճախականութեամբ մաքրութեան կը կարօտին, եթէ կ՛ուզենք մանրէազերծել տունը եւ ապահովել տան անդամներուն առողջութիւնը: Ստորեւ` քանի մը յատկանշական օրինակ.
Խոհանոցի մաքրութեան լաթերն ու սրբիչները:
Խոհանոցը գործածուող ձեռքի, ամանեղէնի կամ մաքրութեան ծառայող բոլոր տեսակի սրբիչները օրուան աւարտին պէտք է փոխարինուին նորերով: Անոնք ամէն տեսակ աղտի եւ մանրէներու բոյն են: Նման սրբիչներ պէտք է լուացուին բարձր ջերմաստիճանով եւ հականեխուին յատուկ դեղերով:
***
Շպարի վրձինները:
Երբեք չգործածել ուրիշին շպարի վրձինները: Ինչ կը վերաբերի անձնականներուն, զանոնք պէտք է լուալ շաբաթական դրութեամբ, տաք ջուրով եւ օճառով:
***
Ինքնաշարժին ղեկը:
Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնի, որ ինքնաշարժի ղեկ մը աւելի աղտ եւ մանրէ կրնայ պարունակել, քան` հանրային զուգարան մը… Լոնտոնի Քուին Մերի համալսարանի գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են:
***
Ելեկտրական հոսանքի կոճակները:
Հիուսթըն համալսարանի գիտնականները կը զգուշացնեն ելեկտրական կոճակներու մանրէներէն: Անոնք կը թելադրեն, որ շաբաթական դրութեամբ մաքրուին հականեխիչ դեղով: Իսկ հանրային վայրերու պարագային, մեր մատները գործածելու փոխարէն, օգտագործենք մեր արմուկը եւ կամ լուացուինք, եթէ հնարաւորութիւնը կայ:
***
Ռիմոթ քոնթրոլները:
Արիզոնայի համալսարանի գիտնականներուն կատարած փորձերուն հիմամբ, հիւանդանոցներու ռիմոթ քոնթրոլները ամէնէն աւելի մանրէ պարունակող իրերն են: Իսկ մենք ե՞րբ վերջին անգամ մաքրած ենք մերինները…
***
Արտաքնոցի խոզանակին բռնակը:
Շաբաթական դրութեամբ պէտք է հականեխել արտաքնոցի խոզանակներուն բռնակները, իսկ խոզանակները 6 ամիսը անգամ մը պէտք է փոխարինել նորով մը:
***
Ձեռքերը:
Օրուան ընթացքին յաճախ ձեռքերը պէտք է լուալ: Այսպէս, պարտադիր է զանոնք լուալ առաւօտեան, ճաշի ժումերէն առաջ եւ ետք, արտաքնոց մտնելէ ետք, ճաշի պատրաստութենէ առաջ, հում ուտելիքներ ձեռնելէ ետք:
Ձեռքերը ջուրին տակ ցօղուելը բաւարար չէ: Պէտք է զանոնք լուալ օճառով:
Այլազան
Հանրութեան Պիտի Ներկայացուին
Տայանայի Զգեստները
Քենսինկթընի պալատին մէջ ապրիլ 26-ին կը բացուի «Տայանա – հըր ֆեշըն սթորի» ցուցադրութիւնը` նուիրուած իշխանուհի Տայանայի ոճին: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին 8 նոր կերպարներ, որոնք նախապէս չեն ցուցադրուած:
Ցուցադրութիւնը կը պատմէ Տայանայի կեանքը` անոր հագուստներուն ընդմէջէն: Ցուցադրուելիք նմուշներուն շարքին են «Արմանի»-ի տաբատն ու սպիտակ վերնաշապիկը, որոնցմով իշխանուհին այցելեր էր Անկոլայի ականապատ տարածքները` Կարմիր խաչի կազմակերպութեան անդամներուն հետ: Նաեւ պիտի ցուցադրուի մանիշակագոյն զգեստը, որ պատրաստած էր Ճիաննի Վերսաչին, Շիքակոյի թանգարանին մէջ բարեգործական ճաշկերոյթին առիթով:
Խոհագիր
Աղի Կարկանդակներ
Բաղադրութիւն
– 300 կրամ ալիւր
– 150 կրամ կուտը հանուած կանաչ ձիթապտուղ
– 75 մլ ձէթ
– 65 մլ կաթ
– 1 հաւկիթ
– 4 ապուրի դգալ փարմըզան պանիր
– 2 ապուրի դգալ թթխմոր
– 2 պտղունց փոշի ռեհան
– Պտղունց մը աղ
– Պտղունց մը սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Խառնել` ալիւրը, փարմըզանը, թթխմորը, ռեհանը, աղն ու սեւ պղպեղը:
Փոս ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթը, աւելցնել ձէթն ու կաթը եւ խառնել:
Ալիւրին մէջտեղը փոսիկ մը բանալ, մէջը պարպել հաւկիթով խառնուրդը եւ փայտեայ դգալով մը խառնել:
Ձիթապտուղները մաքրել եւ կլոր շերտերէ ետք աւելցնել խմորին, կրկին խառնել:
Ափսէին յատակը յատուկ թուղթով ծածկել, խմորները կլոր, ոչ շատ տափակ ձեւաւորել եւ իրարմէ որոշ հեռաւորութեան վրայ շարել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 20-25 վայրկեան:
Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ քիչ մը պաղի, հրամցնել գաղջ վիճակով:
ՁՕՆ
Եղեգնեայ գրչով երգեցի փառքեր.
– Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք –
Սօսեաց անտառէն էի զայն կըտրէր…
– Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք –
Եղեգնեայ գրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ եղեգան փող լո՜յս ելանէր:
Եղեգնեայ գրչով երգեցի կարօտ.
– Ձեզի ընծա՜յ, հայ պանդուխտներ –
Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ’էր ծըղօտ…
– Ձեզի ընծա՜յ, հէգ պանդուխտներ –
Եղեգնեայ գրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ եղեգան փող ո՜ղբ ելանէր:
Եղեգնեայ գրչով երգեցի արիւն,
– Ձեզի ընծա՜յ, սուրի զոհեր –
Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կընիւն…
– Ձեզի ընծա՜յ, կրակի զոհեր –
Եղեգնեայ գրչով երգեցի վէրքեր.
Ընդ եղեգան փող սի՛րտս ելանէր:
Եղեգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.
– Քեզի ընծա՜յ, հայր ալեհեր –
Ցամքած աղբիւրէն մեր զայն յօտեցի…
– Քեզի ընծա՜յ, մայր կարեվէր –
Եղեգնեայ գրչով օճախս երգեցի,
Ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր:
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
– Ձեզի ընծայ, հայ մարտիկներ –
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
– Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ –
Եղեգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Վաղը (20 ապրիլ 1884), Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան օրն է: