Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Աշխարհի չորս ծագերուն մայրերու օրը կը նշուի տարբեր թուականներու:
– Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի այդ օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածինի աւետման օրը:
Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր Ոսկեմայր:
* * *
– Արաբական երկիրներուն մեծամասնութիւնը մայրերու տօնը կը նշէ մարտին, Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ամերիկան` մայիսին, Արժանթինը` հոկտեմբերին, Ռուսիան` նոյեմբերին, Մոնկոլիան` յունիսին…
* * *
– Մայրերու օրը ծագում առած է հին Յունաստանէն: Մայրերու հանդէպ առաջին պաշտամունքները ի յայտ եկած են հոն: Գարնան մեծ շուքով կը պատուէին Ռէան` Զեւսին մայրը: Աւելի ուշ հռոմէացիք Ռէան փոխարինեցին Սիպէլով, որ ճանչցուած էր որպէս «Մեծ դիցուհի» եւ «Աստուածներու մայր»:
* * *
– Եգիպտոս մայրերու տօնը կը նշէ Լիբանանի նման` մարտ 21-ին: Նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր սկիզբը ծիծաղելի համարած է մայրերու տօնի առաջարկը, բայց յետոյ տեղի տուած է: 1956-ին մարտ 21-ը Եգիպտոսի մէջ հռչակուած է մայրերու օր:
* * *
– Նախագահ Ուիլսընի օրով մայրերու տօնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Մ. Նահանգներու մէջ: 1872-ին Ճուլիա Ուարտ Հաու ամայրերու տօնի գաղափարը յղացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: 1907-ին Աննա Ճարվիս անունով այլ ամերիկուհի մը վերակենդանացուց գաղափարը եւ այդ օրերուն ճերմակ մեխակը դարձաւ մայրերու տօնի խորհրդանիշ:
1914-ին նախագահ Ուիլսընի մայիսի երկրորդ շաբաթը հռչակեց մայրերու տօնի պաշտօնական թուական:
* * *
– Եթովպիոյ մէջ մայրերու տօնը կախեալ է անձրեւներէն. եթովպիացիք կը սպասեն, որ անձրեւները դադրին… Այսպէս, հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, երբ երկինքը պայծառանայ, ընտանեկան բացօթեայ խրախճանքներ կը կազմակերպուին: Եռօրեայ այդ խրախճանքները կը կոչուին «Անթրոշթ»:
* * *
– Սպանիոյ մէջ մայրերու տօնը կը նշուի մայիսի առաջին շաբաթը: «Էլ տիա տը լա մատէ»-ի օրը սպանացիք ճաշարանները կը խուժեն: Այդ օրը մայրերը աճաշ չեն պատրաստեր: Աւանդութեան համաձայն, ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն ներկայ մայրերուն:
* * *
– Չինաստանի մէջ միայն երիտասարդ մայրերուն վերապահուած է մայրերու տօնը: Մինչեւ 35 տարեկան մայրերը առնչուած են այս տօնին հետ: Արդէն այս տօնը պաշտօնապէս օրացոյցին վրայ անցած չէ…
* * *
– Գերմանիոյ մէջ այդ օրը մայրերը չեն աշխատիր, զաւակները կ՛ընեն ամէն բան: Նախ` մայրերը օրը կը սկսին ճոխ նախաճաշով մը, ապա ընտանեկան պտոյտներ կը կազմակերպուին… Ոմանք ծաղիկ կամ տուրմ կը նուիրեն իրենց մայրերուն:
* * *
– Արդէն տասնհինգերորդ դարուն անգլիացիք «Մաթըրինկ սանտէյ» անունով տօն ունէին: Այդ օրը ուրիշներուն տունը ծառայող մայրերուն կ՛արտօնէին տուն երթալ եւ ընտանիքին հետ անցընել օրը:
Մայրերու տօնին առիթով կը պատրաստուէր չոր պտուղներով եւ մարզիփանով պատրաստուած «Մաթըրինկ քէյք» կարկանդակը:
Կին Դէմքեր
«Ես Նման
Յաւակնութիւններ Չունեմ…»
Վերջերս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով հարցումին` արդեօ՞ք հնարաւոր է Յասմիկ Պապեանը տեսնել մշակոյթի նախարարի պաշտօնի վրայ, աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհին ըսած է. «Նման յաւակնութիւններ չունեմ: Իմ բոլոր հնարաւոր յաւակնութիւններն ու փառասիրութիւնը բազմաթիւ անգամներ իրեն լիարժէք կերպով յագուրդ տալու հնարաւորութիւն է ունեցել աշխարհի ամենատարբեր ու հեղինակաւոր օփերայի բեմերում: Թէ ինչպիսի՛ն կը լինի իմ դերակատարութիւնը նոր պետականաշինութեան գործօնը, ամենայն անկեղծութեամբ հաւաստիացնում եմ` պատրաստ եմ ցանկացած ձեւով նպաստել մեր մշակոյթի զարթօնքին` կը լինի անհատական դասերի կամ խորհուրդների ձեւով, կամ Օփերային թատրոնի ներկայացումների ներգրաւուածութեամբ, կարեւոր չէ: Ես պատրաստ եմ իմ փորձառութիւնը որեւէ կերպով փոխանցել մեր երիտասարդներին»:
Յասմիկ Պապեանի գնահատումով, այն, ինչ որ կատարուեցաւ վերջին ամսուան ընթացքին, նաեւ մշակութային յեղափոխութիւն էր. «Հետեւաբար, ինչպիսին էլ որ լինի այս ճշմարիտ եւ արդար ճանապարհի ընթացքը, որ ընտրել են մեր երկրի երիտասարդները` իրենց արժանապատուութիւնը վերադարձնելու ճանապարհին, այս շարժուող գնացքն արդէն կանգնեցնել հնարաւոր չէ:
Ի հարկէ, շատ կարեւոր է, թէ ինչպիսի՛ն կը լինի նոր վարչապետի աշխատանքային խումբն ու շրջապատը, որովհետեւ դրանից շատ բան է կախուած: Ալիքը եկաւ ու սրբեց-տարաւ հինը, հիմա պէտք է զտուի իր շուրջն ու շրջապատը»:
Տան Յարդարանք
Ի՞նչ Կախել Տան Պատերէն
Ֆրանսական «Էլլ» ամսաթերթը կը ներկայացնէ 5 հետաքրքրական գաղափարներ բոլոր անոնց, որոնք ձանձրացած են պատերէն կախուած նկարներէն եւ կը փափաքին զանոնք փոխարինել այլ առարկաներով` սենեակին թարմութիւն եւ ժամանակակից տեսք փոխանցելու համար:
ՀԱՅԵԼԻՆԵՐ-ը աւելի լուսաւոր եւ ընդարձակ կը դարձնեն սենեակը:
ՊՆԱԿՆԵՐ-ը արդիական եւ հիւրընկալ տեսք կու տան սենեակին:
ԽՍԻՐԷ ԿԱՐՊԵՏ-ը շատ կը յարմարի շալէներուն եւ գիւղի տուներուն:
ԼՈՒՍԱՇՂԹԱՆ կը գոհացնէ պարզութիւնը սիրող երիտասարդ զոյգերը:
ԾՂՕՏԷ ԳԼԽԱՐԿՆԵՐ-ը դիւրին եւ աժան միջոց են գիւղական տունի մը մերկ պատերը զարդարելու համար:
Տարբերակները շատ են. ըստ ճաշակի, կրնաք դուք ալ յղանալ ձեր տարբերակը եւ նոր շունչ տալ ձեր տան պատերուն:
Այլազան
«Հայաստանը Միայն Ազնաւուր
Եւ Ցեղասպանութիւն Չէ»
Ֆրանսահայ շեֆ խոհարար «Միշըլեն»-ի երկու աստղի արժանացած Ալեն Ալեքսանեանը կ՛երազէ հայկական խոհանոցը տեսնել միջազգային խոհարարական քարտէսին վրայ: Ան համոզուած է, որ ասիկա կարելի է քրտնաջան աշխատանքով, ինչպէս նաեւ` հայկական ժենգեալով հացը հանրահռչակելով:
«Հայկական խոհանոցի ուտեստներ կը պատրաստեմ, որպէսզի մարդիկ իմանան թէ՛ այդ ուտեստներուն եւ թէ՛ Հայաստանի մասին: Բացի այդ` Հայաստանէն Լիոն խոտաբոյսեր կը բերեմ եւ թէյի տեսակներ կը պատրաստեմ: Կ՛ուզեմ, որ հայկական սփիւռքն ու միւս ժողովուրդները իմանան` Հայաստանը միայն Շարլ Ազնաւուր եւ Ցեղասպանութիւն չէ: Չկարծէք, որ Ազնաւուրը չեմ սիրեր կամ չեմ ընդունիր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ո՛չ, պարզապէս կ՛ուզեմ, որ նոր սերունդը եւ ամբողջ աշխարհը իմանայ Հայաստանի մասին, ճանչնայ հայկական հարուստ խոհանոցը», կ՛ըսէ հայ շեֆը եւ կ՛աւելցնէ. «Երբ մենք իտալական կամ ֆրանսական կերակուրներ կ՛ուտենք, անմիջապէս կը պատկերացնենք այդ երկիրները: Կ՛ուզեմ, որ ճիշդ այդպէս իմանան Հայաստանի մասին: Իմ կարծիքովս, ժենգեալով հացը այսօրուան դրութեամբ ազգային ուտեստներէն միակ բանն է, որ միայն հայերը կը պատրաստեն: Հանրահռչակելով ժենգեալով հացը` կրնանք հանրահռչակել նաեւ հայկական խոհանոցը:
Խոհագիր
Տուրմով Ելակ
Բաղադրիչներ
– 500 կրամ ելակ
– 150 կրամ տուրմ (սեւ կամ ճերմակ)
Պատրաստութիւն
Ելակները լուալ եւ շատ լաւ ցամքեցնել, որպէսզի տուրմը լաւ փակչի վրան:
Տուրմը «պեն մարի»-ի սկզբունքով հալեցնել, ելակներուն ծայրամասերը հալած տուրմին մէջ թաթխել եւ ամանի մը վրայ շարել, ապա սառնարանը պահել առնուազն կէս ժամ:
Հրամցնել պաղ վիճակով:
Թելադրելի է ելակներուն կանաչ կոթերը վրան պահել յաւելեալ գոյն եւ գեղեցկութիւն տալու համար:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մայրի՛կ, ինձ յաճախ
Ապտակում էիր
Սխալիս համար
Եւ սաստում էիր,
Որ լաց չլինեմ:
Բայց ցաւած տեղըս
Համբուրում էիր
Եւ իմ փոխարէն
Ինձանից թաքուն
Լաց էիր լինում:
Ախ, վերջին անգամ,
Չեմ իմանում, ո՞ր
Սխալիս համար
Ինձ ապտակեցիր
Կորուստով քո մեծ…
էլ սաստող չեղաւ,
Որ լաց չլինեմ,
Եւ ցաւած տեղըս
Համբուրող չեղաւ,
Եւ իմ փոխարէն
Իմ ցաւս զգացող
Ու լացող չեղաւ:
Ի՜նչ անեմ, մայրի՛կ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ