Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մինչեւ 65 տարեկան շատեր կը բախին տեսողական խնդիրներու, մինչեւ իսկ` կուրութիւն պատճառող հիւանդութիւններու. այդ հիւանդութիւններէն յիշենք` մաքիւլար տեճեներէյշընը,  կլոքոմիան, քաթարաքթը եւ այլն… Տրուած ըլլալով, որ այս հիւանդութիւնները ցաւեր չեն պատճառեր եւ յաճախ երկար ժամանակ առանց ախտանշանի կը մնան, մարդիկ երկար ժամանակ ակնաբուժին չեն դիմեր: Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ այդ հիւանդութիւններէն… Ահաւասիկ 5 օգտակար խորհուրդ` Ամերիքըն Աքատեմի աֆ Օֆթալմոլոճի հիմնարկի մասնագէտներուն կողմէ:

-1-

Աչքի ամբողջական քննութիւն անցուցէք 40 տարեկանէն սկսեալ:Հիւանդութիւններու կամ տեսողութեան փոփոխութիւններու ախտանշանները այդ տարիքին կը դրսեւորուին: Այդ պատճառով ալ ակնաբուժին այցելելը զանոնք ժամանակին յայտնաբերելու միակ հնարաւորութիւնն է:

-2-

Պարզեցէք ժառանգականութեան տուեալները.

Աչքերու որոշ հիւանդութիւններ ժառանգական են: Վերը յիշուած աչքի հիւանդութիւնները սերտօրէն կապուած են ժառանգականութեան հետ: Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ պարզեցէք այս հարցերը եւ զանոնք փոխանցեցէք ձեր ակնաբուժին:

-3-

Առո՛ղջ ապրեցէք:

Մեր մարմինը, նոյնքան ալ մեր աչքերը առողջ սնունդի պէտք ունին: Աչքերուն համար յատկապէս օգտակար են Սէ. կենսանիւթով հարուստ պտուղները, ընդեղէնները, բուսական իւղերը, կանաչ տերեւով բանջարեղէնները եւ ձկնեղէնը:

-4

Հրաժարեցէ՛ք ծխախոտէն:

Ծխախոտը կը բարձրացնէ աչքի որոշ հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը: Ծխախոտը կը յառաջացնէ նաեւ սրտանօթային հիւանդութիւններ, որոնք կրնան անմիջականօրէն ազդել աչքերու վիճակին վրայ: Կրաւորական ծխելու ժամանակ ձեր շնչած ծխախոտի ծուխը աչքերու չորացում կը պատճառէ:

-5-

Արեւի ակնոց կրեցէ՛ք:

Արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կը բարձրացնեն աչքերու հիւանդութեան հաւանականութիւնը, այդ պատճառով ալ պայման է, որ զանոնք պաշտպանէք այդ վնասակար ճառագայթներէն:

Առողջապահական

Թաց Լուացքը Տան Մէջ
Չորցնելը Վտանգաւոր Է

Իրլանտացի գիտնականներ եկած են այն եզրակացութեան, որ թաց լուացքը տան մէջ չորցնելը շատ վնասակար է առողջութեան: Անոնց կարծիքով, խոնաւ լաթերը տունը փռելով` մենք արհեստականօրէն կ՛աւելցնենք օդին խոնաւութիւնը 30 առ հարիւրով: Իսկ օդի բարձր խոնաւութիւնը հիանալի պայմաններ կը ստեղծէ մանրէներու եւ որոշ տեսակի սունկերու եւ բորբոսի յառաջացման ու զարգացման համար:

Նոյն գիտնականները նշած են, որ տուեալ պայմաններուն մէջ առաւել եւս խոցելի են երեխաներն ու տարեցները, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք ազմ կամ շնչառական այլ հարցեր ունին: «Այդ սունկերը, անշուշտ, անզէն աչքով տեսանելի չեն, բայց կրնան շատ արագ տարածուիլ տան մէջ եւ գերզգայնութիւններու պատճառ դառնալ», ըսած է գիտնականներէն մէկը:

Լաթերը չորցնելու լաւագոյն տարբերակը դուրսը կախելն է կամ չորցնող մեքենայ օգտագործելն է: Իսկ տան օդի խոնաւութիւնը նուազեցնելու համար պէտք է աւելի յաճախ բանալ պատուհանները եւ օդափոխել սենեակները:

Ծանր Պայուսակները`
Ընկճախտի Պատճառ

Սինկափուրցի գիտնականներ կը հաստատեն, որ մեր կրած ծանր պայուսակները ուղղակիօրէն կ՛ազդեն մեր տրամադրութեան վրայ եւ հոգեկան խանգարումներ կը պատճառեն:

Լուրջ ուսումնասիրութեան մը աւարտին նոյն գիտնականները փոխադարձ կապ գտած են պայուսակի ծանրութեան եւ հոգեկան վիճակի միջեւ: Անոնց կարծիքով, ծանր բեռ ունենալը տխուր միտքեր կը յառաջացնէ մարդուն մօտ, եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ ենթագիտակցութեան մակարդակով, իսկ այդ գործընթացը վերահսկելը անհնար է:

Այս լուրջ հաստատումէն ետք ինչպէ՞ս չմտահոգուիլ մեր դպրոցականներով, որոնց դպրոցական պայուսակները անհամեմատելիօրէն ծանր են:

Ծաղկեփունջը Երկար Ժամանակ
Թարմ Պահելու Համար

Ձեզի կը ներկայացնենք կանոններ` ծաղկեփունջ մը երկար ժամանակ թարմ պահելու համար:

-1-

Գնելու ժամանակ պէտք է ուշադիր ըլլանք մեր ընտրած ծաղիկներու ցօղուններուն, անոնց բաժակին եւ թերթիկներուն թարմութեան:

-2-

Եթէ շուկայ մեկնած ենք գնումի, թելադրելի է ծաղիկները վերջին վայրկեանին գնել եւ ոչ թէ անոնց հետ ժամերով թափառիլ: Ի հարկին զանոնք փաթթենք խոնաւ թերթի մը մէջ, յատկապէս` տաք օրերուն:

-3-

Տուն բերելէ ետք ծաղիկները ձերբազատենք իրենց կապէն, ցօղուններուն ծայրամասերը մկրատով կամ դանակով շեղակի կտրենք, թեթեւցնենք աւելորդ խոտերը, եւ ապա ծաղիկներուն հասակներուն համապատասխան ծաղկաման մը ընտրենք եւ զանոնք մէջը տեղաւորենք, նախընտրաբար` սենեակի ջերմաստիճանով ջուրի մէջ:

Չափի իմաստով ծաղկամանին ընտրութիւնը կարեւոր է: Պէտք է, որ ծաղիկները ծաղկամանին մէջ հանգիստ տեղաւորուին եւ ցօղունները հանգիստ շարժին:

-4-

Որպէսզի ծաղկամանին ջուրը գէշ չհոտի, նախքան ծաղիկները մէջը զետեղելը` ցօղունները ձերբազատենք իրենց տերեւներէն, միայն այն բաժինը, որ ջուրին մէջ մխրճուած է:

Դարձեալ ծաղկամանին ջուրը մաքուր պահելու նպատակով թելադրելի է, որ անոր մէջ քանի մը կաթիլ «օ տը ժաւել» աւելցնենք:

-5-

Որպէսզի ծաղիկներուն կեանքը առաւելագոյն չափով երկարի, անոնց ջուրին մէջ աւելցնենք ասփիրինի դեղահատ մը կամ թէյի դգալ մը փոշի շաքար` միջակ չափի ծաղկամանի մը պարագային:

Ձեռային Աշխատանք

Գեղեցիկ Թաղարներ

Գեղեցիկ բոյսերը պէտք ունին գեղեցիկ թաղարներու. իսկ դժուար չէ սովորական հողէ թաղարի մը շունչ տալը` քիչ մը ժամանակ տրամադրելով: Չմոռնանք, որ բոյսերու խնամքը, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքները թէ՛ մեր ժամանակը կը լեցնեն, թէ՛ կը մեղմեն մեր լարուածութիւնը եւ թէ՛ կը պաշտպանեն ընկճախտէ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հողէ թաղարներ զարդարելու, երկու տարբերակ: Զանոնք իրագործելու համար անհրաժեշտ են`

– Ոստրէներ
– Ժանեակներ
– Կլու կան գործիք

Նկարները բաւարար խօսուն են. կը բաւէ, որ անհրաժեշտ իրերը հաւաքէք ու գործի լծուիք: Յաջողութի՛ւն:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

 Կարմիր Միսը

100 կրամ միսը կը պարունակէ երեք անգամ աւելի երկաթ, քան` կարգ մը ընդեղէններ եւ սոյան: Միսին պարունակած երկաթը մարմնին կողմէ աւելի դիւրին ներծծուելու առաւելութիւնը ունի:

***

Միսերէն ամէնէն դիւրամարսը նապաստակի միսն է, ապա` հաւու, կովու, խոզի… Ամէնէն դժուարամարսը ոչխարինն է:

***

Եփած միսը աւելի բնասպիտ կը պարունակէ եւ աւելի դիւրամարս է, քան հումը:

***

Թարմ միսը պէտք է ըլլայ վարդագոյն, իւրայատուկ հաճելի հոտով:

***

Ուշ եփող միսը կը փափկանայ, եթէ կտորները ծեծուին փայտէ յատուկ մուրճով:

***

Միսը աւելի շուտ կ՛եփի, եթէ անոր ջուրին աւելցուի 1 դգալ քացախ եւ 1 դգալ կիտրոնի հիւթ:

***

Յօշած միսը պէտք է անմիջապէս գործածել, որովհետեւ շուտ կը քայքայուի, նոյնիսկ` սառնարանը պահելու պարագային:

***

Մէկ քիլօ միսը քաշելէ ետք կը մնայ 600 կրամ, իսկ տապկելէ ետք` 620-650 կրամ:

***

Որպէսզի միսը լաւ կարմրի, տապկելէ առաջ զայն ծծուն թուղթով ցամքեցնել:

***

Խաշուած միսը հիւթեղ կ՛ըլլայ, եթէ կտորները եռացուած ջուրի մէջ, թեթեւ կրակի վրայ եփուին:

***

Շատ երկար տապկելու պարագային միսը կը կորսնցնէ իր համը, տեսքը եւ սննդական արժէքը:

Խոհագիր

 Դդումով Եւ Լոլիկով
Ձուածեղ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 6 հաւկիթ
– 2 միջակ չափի լոլիկ
– 2 միջակ չափի դդում
– Աղ, սեւ համեմ
– Կարմիր, փոշի պղպեղ
– Կէս թէյի դգալ փոշի գինձ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ կոտրել, ապա զարնել հաւկիթները, աւելցնել բոլոր համեմները եւ կրկին զարնել, մինչեւ որ միատարր նիւթ մը ստացուի:

Լոլիկները լուալ եւ խորանարդաձեւ կտրտել:

Դդումները երկայնքին կիսել, ապա բարակ շերտերու վերածել:

Կտրտուած բանջարեղէնները հաւկիթին եւ աւելցնել խառնել:

Չկպչող կաղապար մը ձէթով ծեփել, խառնուրդը մէջը փոխադրել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 180 ջերմաստիճանով եփել շուրջ 20 վայրկեան:

Կարելի է բանջարեղէնները փոխարինել սմբուկով, թարմ կանաչ պղպեղով եւ այլն…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայրերի Հող

Ես այս երգը երգում եմ կանգնած,
որովհետեւ դու նա ես,
ում խաղաղութեան համար զոհւում են առանց կասկածելու,
որովհետեւ դու նա ես.
ում համար կռուի են ելնում առանց հրամանի,
որին ասում են` միակ, կարօտում են հեռուից,
եւ կարօտից արտասւում են օտար սրճարաններում
եւ չգիտես թէ ուր լողացող նաւերի վրայ:
Ես այս երգը երգում եմ սկզբից,
որովհետեւ դու նա ես, որին կորցնելուց յետոյ
էլ ոչինչ չենք ունենայ կորցնելու,
որովհետեւ առանց քեզ անձրեւը ջուր է սովորական,
լեռները` քարերի կուտակում,
սէրը` շքեղութիւն աւելորդ
եւ որդի ծնելը` հանցագործութիւն:
Ես այս երգը երգում եմ գլխաբաց,
որովհետեւ դու նա ես,
ում ձեռքը պէտք է իջնի մեր գլխին օրհնութեան նման,
երբ մենք ճանապարհ ենք ընկնում,
երբ մենք սկսում ենք օրը,
երբ մենք ծնունդ ենք տալիս տողին ու մտքին…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>