Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայի «Առողջ» Ննջասենեակի Մը Նախապայմանները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մանկաբուժ Մարի-Քլոտ Քլենթալի կարծիքով, երբ երեխան տարուան ընթացքին յաճախ կ՛անհանգստանայ, քիթը կը հոսի, շունչի նեղութիւն կը զգայ, մորթային հարցեր կ՛ունենայ, պէտք է առաջին հերթին մտածել անոր ննջարանին պայմաններուն մասին: Շատ չոր կամ շատ խոնաւ մթնոլորտը, բարձր կամ ցած ջերմաստիճանը, փոշին եւ այլ ազդակներ վատառողջ կը դարձնեն փոքրիկին ննջարանը, ուր ան կ՛անցընէ օրուան մէկ կարեւոր մասը: Կարդանք, թէ ի՛նչ կ՛առաջարկէ Մարի-Քլոտ Քլենթալը ծնողներուն:

– Երեխային ննջասենեակին իտէալ ջերմաստիճանը 19-20 պէտք է ըլլայ, իսկ խոնաւութեան տոկոսը` 35-50 առ հարիւր:

– Սովորական աչքով անտեսանելի աքարիենները տեսակաւոր գերզգայնութիւններ կը պատճառեն. անոնք կ՛ախորժին խոնաւ միջավայրէն եւ շուտով կը բազմանան` բոյն շինելով գորգերուն, ներքնակներուն, բարձերուն մէջ: Օրական 10-15 վայրկեան պատուհանը բանալով, սենեակին օդը փոխելով, արեւի ճառագայթներուն սենեակ թափանցելու առիթ տալով կարելի է 70 տոկոսով կասեցնել աքարիեններուն բազմացումը:

– Շաբաթական դրութեամբ թաց լաթով պէտք է մաքրել կահոյքին եւ խաղալիքներուն փոշին:

– Շաբաթական դրութեամբ ելեկտրական փոշեկուլով պէտք է մաքրել գորգը, մոքեթը, փարքէն:

– Սենեակին մէջ մէկ կամ երկու փըլիւշ (փափուկ խաղալիք) բաւարար են. չմոռնալ, որ անոնք փոշիի բոյնի կրնան վերածուիլ: Հետեւաբար պէտք է զանոնք լուալ տաք ջուրով ու օճառով եւ սառցարանը պահել քանի մը ժամ` աքարիենները չէզոքացնելու համար:

– Երեխային մահճակալին տակ ապրանք (խաղալիքի տուփեր, կօշիկի տուփեր եւ այլն…) չպահել` յաւելեալ փոշի չկուտակելու համար:

– Երեխային վերմակն ու բարձը թող ըլլան սենթեթիք նիւթէ պատրաստուած, որպէսզի յաճախ լուացուին:

– Շաբաթական դրութեամբ պէտք է տաք ջուրով եւ օճառով լուալ երեխային սաւանեղէնը:

Հետաքրքրական

Տան Բոյսերուն
Բարերար Ազդեցութիւնը

Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, սենեկային բոյսերը բարերար ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան եւ ջղային դրութեան վրայ: Անոնց ներկայութիւնը եւ խնամքը խթան կը հանդիսանան որոշ հիւանդութիւններէ հեռու մնալու. արդարեւ, անոնք կը վերականգնեն ջղային համակարգի ներդաշնակութիւնը, կը հանգստացնեն, կը մեղմացնեն ընկճախտը եւ կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը:

Ոչ միայն տուներու, այլ նաեւ գրասենեակներու մէջ բոյսերը կը ստեղծեն որոշ յարմարաւէտութիւն եւ կը վերացնեն աշխատանքային միօրինակութիւնը:

Գիտէ՞ք, թէ…

– Բոյսերը կը ստեղծեն ուրախ եւ պայծառ մթնոլորտ եւ կը բարելաւեն թթուածինի որակը:

– Բոյսերը դրական ազդեցութիւն կը գործեն ստեղծագործական միտքին վրայ եւ կը նպաստեն կեդրոնացումին:

– Այն հիւանդանոցները, ուր կան կանաչ գօտիներ, հիւանդները աւելի արագ կ՛ապաքինին, քան` այն հիւանդները, որոնց հիւանդանոցներուն մէջ բոյսեր չկան:

– Բոյսերը զարմանալիօրէն կը կլանեն աւելորդ ձայները, վտանգաւոր նիւթերը եւ կը պահպանեն խոնաւութեան մակարդակը:

– Գրասենեակներուն մէջ բոյսերը կը բարձրացնեն աշխատանքին արտադրողականութիւնը:

– Բոյսերը օդը կը մաքրեն փոշիէն եւ աղտերէն:

– Բոյսերը ունին զովացնելու յատկութիւն:

Նորաձեւութիւն

2018-ի Ամրան Նորաձեւ
Ակնոցները

Արդէն ժամանակն է մտածելու արեւի ակնոցներուն մասին:

Վերջին «նորաձեւութեան շաբաթ»-ներուն ընթացքին աքսեսուարներուն մէջ յատուկ տեղ գրաւեցին արեւի ակնոցները:

2018-ի արեւի ակնոցները բաւական այլազան են իրենց ոճով: Վերադարձած են 1990-ականներու ակնոցները, նոյնպէս ալ` կլոր եւ թիթեռնիկ ակնոցները եւ այլն…

– Ճոն Լենընի եւ Հերի Փոթըրի ակնոցները կրկին պիտի զարդարեն կլոր շրջանակով ակնոցներու սիրահարներուն դէմքերը:

– Նախորդ տարուան նման` գունաւոր ապակիներով ակնոցները եւս նորոյթ են այս ամառ: Կապոյտ, վարդագոյն, նարնջագոյն ապակիներով ակնոցները շատ կը յարմարին սեւ կամ մութ գոյնի հագուստներուն հետ:

– Թիթեռնիկ ակնոցները կը յարմարին բոլոր դէմքերուն, անոնք աւելի նուրբ կը դարձնեն ծնօտները եւ կլոր դէմքերը:

– Օդաչուի ակնոցները եւս նորաձեւ են այս տարի, ընտրեցէք յատկապէս գունաւոր կամ հայելի ապակիով տեսակները:

Սոխի Հիւթին 10 Բարիքները

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ սոխը բոլորս ալ առատօրէն կը գործածենք մեր կերակուրներուն եւ աղցաններուն մէջ, սակայն անոր հիւթը օգտագործելու մասին քիչեր կը մտածեն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սոխին հիւթը օգտագործելու 10 համոզիչ պատճառներ.

1.- Սոխին հիւթը կը կանխարգիլէ շաքարախտը` շնորհիւ պիոթին կոչուած նիւթին:
2.- Անիկա թարմ եւ առողջ կը պահէ մորթը, կը զօրացնէ դիւրաբեկ եղունգները եւ կը պաշտպանէ հերաթափութենէ:
3.- Սոխին հիւթը, շնորհիւ քերսեթին կոչուած նիւթին, կը պաշտպանէ քաղցկեղէն:
4.- Նոյնինքն քերսեթինը կը թեթեւցնէ ընկճախտը:
5.- Սոխին հիւթը հակաբորբոքային յատկութիւն ունի. անիկա նաեւ կը մեղմացնէ յօդացաւի զանազան տեսակները:
6.- Քերսեթինը կը հաւասարակշռէ արեան գերճնշումը, կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ եւ կը կանխարգիլէ երակներու խցումը:
7.- Բնաթելով հարուստ սոխը եւ անոր հիւթը կը բուժեն մարսողական խանգարումները:
8.- Սոխին հիւթը յատկապէս թելադրելի է տարեց կիներուն, քանի որ անիկա կը պաշտպանէ ոսկորները, որոնք տարիքի բերմամբ տկարացած եւ դիւրաբեկ կ՛ըլլան:
9.- Սոխին հիւթը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
10.- Վերջապէս, սոխին հիւթը կը նպաստէ լաւ քոլեսթերոլի (HDL) բարձրացման:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

1

Պանաններուն կեանքը երկարելու համար անոնց կոթերուն շուրջ կերպընկալ թերթով փաթթեցէք:

2

Որպէսզի ելակները երկար ատեն թարմ մնան, զանոնք քացախ-ջուրով լուացէք, ապա ցամքեցուցէք եւ սառնարանը պահեցէք:

3

Հազարը, շոմինը, անանուխը երկար ատեն թարմ պահելու համար զանոնք լուալ, ցամքեցնել եւ լաւ փակուող կերպընկալ տոպրակներու մէջ տեղաւորել եւ նախքան փակելը` խոհանոցի թանձր թուղթէ թաշկինակ մը զետեղել յաւելեալ խոնաւութիւնը ծծելու համար: Տոպրակներուն օդը շատ լաւ պարպել, զանոնք փակել եւ սառնարանը պահել:

4

Եթէ մեծաքանակ սխտոր ունիք եւ կը վախնաք, որ անոնք կը փճանան, պճեղները կեղուեցէք, ապակեայ շիշի մը մէջ լեցուցէք եւ մինչեւ երեսը ձէթով ծածկեցէք ու սառնարանը կամ սառցարանը պահեցէք: Ամէն անգամ, որ պէտք ունենաք չոր, մաքուր դգալով մը քանի մը պճեղ հանեցէք ու օգտագործեցէք:

5

Որքան որ ալ զարմանալի թուի, ըստ երեւոյթին, կարելի է կիտրոնը աւելի քան 3 ամիս թարմ պահել, հետեւեալ հնարին դիմելով:

Լման կիտրոնները տեղաւորել լայն բերանով ապակեայ շիշի կամ կափարիչով օժտուած ապակեայ ամանի մը մէջ, վրան ջուր աւելցնել եւ վստահ ըլլալ, որ ջուրը լաւապէս ծածկեց զանոնք: Շիշին կամ ամանին բերանը ծածկել եւ սառնարանը պահել:

Խոհագիր

Դդումով Շօթեր

Բաղադրութիւն.

– 2 դդում
– 75 կրամ ալիւր
– 2 հաւկիթ
– 3 հատ կանաչ սոխ
– Արեւածաղիկի իւղ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1 ապուրի դգալ սամիթ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն.

Սոխը մանրել, աւելցնել քերիչէ անցած դդումը, ազատքեղը, սամիթը աղն ու պղպեղը եւ բոլորը միատեղ խառնել:

Քիչ-քիչ աւելցնել ալիւրը, զարնուած հաւկիթները, կրկին խառնել` միատարր խառնուրդ մը ստանալու համար:

Տապակին մէջ քիչ մը իւղ տաքցնել, շերեփով մը խառնուրդէն մաս մը դնել եւ երկու երեսով եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնայ:

Սեղան բերելու ատեն շօթերը չորսի բաժնել եւ սոյայի թացանով հրամցնել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

***

Իմ ոտքերի տակ հովիտն է ծաղկած,
Եւ գլխիս վերեւ ամպեր են ոսկի…
Չգիտեմ` ինչո՞ւ յիշեցի յանկարծ
Վաղուց մոռացուած խորհուրդն այն խօսքի,
Որ դու ասացիր ուրիշ մի հովտում,
Երբ հրաժեշտի ամպն էր որոտում:
Ամպերն են լողում մայրամուտի մէջ
Գնում են գալիս, գգւում իրարու,
Հորիզոնն ի վար ձգւում են անվերջ,
Անջատւում նորից եւ գնում հեռու:
Երկու ամպ եկան, հասան իրարու, –
Մէկը ոսկեմորթ եղնիկ թուաց ինձ,
Մէկը լեռներից փախած եղջերու…
Փարուեցին նրանք քնքշանքով մի մեծ,
Յետոյ հեռացան անհոգ ու անփոյթ,
Վառուեցին ոսկէ հրդեհների մէջ,
Կապոյտների մէջ ծուխ դարձան կապոյտ…
Բայց վաղը անձրեւ կը դառնան նրանք
Եւ կը հանդիպեն ծովերում հեռու,
Իսկ մենք աշխարհում ինչ էլ որ դառնանք,
Էլ ոչ մի անգամ չենք հանդիպելու:
Այդ մասին գիտէ հովիտն այս ծաղկած,
Եւ գիտեն անգամ ապերը ոսկի…
Դրանից չէ՞ որ յիշեցի յանկարծ
Վաղուց մոռացուած խորհուրդն այն խօսքի,
Որ դու ասացիր ուրիշ մի հովտում,
Երբ հրաժեշտի ամպն էր որոտում:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>