Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ կիրակի, 3 յունիսին, Պրիւքսելի նշանաւոր Մանըքեն Փիսը առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00-ը հայկական ազգային տարազ կրեց նշելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը:
Մանըքեն Փիսը մերկ մանչուկի տեսքով պրոնզեայ փոքրիկ արձան-շատրուան մըն է, որ տարեկան միլիոնաւոր այցելուներ կ՛ընդունի աշխարհի չորս կողմերէն:
Նշենք, որ յատուկ ցուցակի մը հիմամբ, արձանը ամիսը քանի մը անգամ տարազ կը փոխէ այդ արարողութեան նաեւ կը մասնակցի փողային նուագախումբ մը:
Արձան-շատրուանէն ոչ շատ հեռու, քաղաքին կեդրոնական հրապարակին վրայ, թագաւորական թանգարանին մէջ ցուցադրուած են Մանըքեն Փիսի «զգեստապահարան»-ի աւելի քան 900 զգեստներ:
Փորձ – Հարցարան. Խնայողասէ՞ր,
Թէ՞ Մսխող Անձ Էք
Խնայողասէր ըլլալը մեծ յատկութիւն է, պայմանաւ որ ժլատութեան չհասնի: Ոմանք կ՛ապրին օրը օրին` վաղուան հաշիւը չընելով, ուրիշներ` ընդհակառակը…
Իսկ դուք ո՞ր խումբին կը պատկանիք: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
-1-
Ճիշդ կը գտնէ՞ք, որ զոյգերուն միջեւ եկամուտի եւ ծախսերու մասին տեւական նիւթ արծարծուի:
– Այո 3
– Ոչ 0
– Ինչո՞ւ չէ 1
-2-
«Ժամանակը դրամ է» խօսքը ձեր կեանքին ընթացքը կը ճշդէ՞:
– Երբեք 0
– Երբեմն 1
– Թերեւս 3
-3-
Նոյնիսկ երբ նիւթապէս հանգիստ էք, խնայողաբա՞ր կ՛ապրիք:
– Ոչ 0
– Այո 3
– Ոչ միշտ 1
-4-
Հին ապրանքներ կը պահէ՞ք` մտածելով, որ օրին մէկը կրնանք պէտք ունենալ անոնց:
– Ոչ միշտ 1
– Անշուշտ 3
– Ոչ 0
-5-
Որքան ալ փորձէք, միշտ չնախատեսուած ծախսեր կ՛ելլեն:
– Դժբախտաբար 0
– Հազուադէպօրէն 3
– Երբեմն 1
-6-
Շուկայէն վերադարձին ձեր դրամապանակին մէջի գումարը լրիւ ծախսա՞ծ կը վերադառնաք:
– Երբեմն 3
– Կախում ունի… 1
– Այո, միշտ 0
-7-
Որեւէ բան գնելէ առաջ նախ գինը կը հարցնէ՞ք:
– Ոչ միշտ 1
– Մի՛շտ 3
– Երբեք 0
-8-
Դուք կ՛արդարացնէ՞ք այն անձերը, որոնք բան մը գնելէ առաջ բազմիցս կը մտածեն:
– Իրաւացի են 3
– Չափազանցութիւն է 0
– Թերեւս իրաւունք ունին 1
-9-
Անտեղի շռայլութիւնը կը նշանակէ, որ մարդ` չի մտածեր վաղուան մասին:
– Պէտք է ապրիլ ներկայով 0
– Ըստ երեւոյթին` այո 1
– Այդպէս է 3
-10-
«Սեւ օրերու» վերապահուած գանձանակ մը ունի՞ք:
– Այո 3
– Ոչ 0
– Հազիւ քառորդը լեցուն է 1
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ 0-10 կէտ հաւաքեցիք, դուք վատնող անձ մըն էք, խնայողութեան ի՛նչ ըլլալը չէք գիտեր, ձեզի համար «սեւ օր» գոյութիւն չունի: Շռայլ հոգի ունիք, կ՛ապրիք ներկայով, անպատասխանատու էք ձեր ընտանիքին հանդէպ:
Ժամանակն է, որ փոխէք ձեր ընթացքը: Նոյնիսկ եթէ դրամ խնայելու միջոց չունիք, առնուազն խնայողութեամբ ծախսեցէք ձեր եկամուտը:
***
Եթէ 11-24 կէտ հաւաքեցիք, դուք ո՛չ ժլատ էք, ո՛չ շռայլ: Կը սիրէք չնախատեսուած գնումներ ընել, կեանքը ապրիլ, վայելել, բայց գիտէք ատենին ձեր ծախսերը վերատեսութեան ենթարկել եւ ի հարկին սահմանափակել ծախսերը:
***
Եթէ 25-30 կէտ հաւաքեցիք, երբեմն ժլատութեան հասնող խնայողութիւններ կ՛ընէք. սակայն ընդհանուր առմամբ հեռատես եւ խնայողասէր էք, գիտէք շատ լաւ տնտեսել ձեր եկամուտը եւ ոչ մէկ անգամ անհաճոյ անակնկալներու առջեւ գտնուած էք:
Եթէ նիւթապէս հանգիստ էք, վայելեցէք կեանքը, ատիկա ձեր իրաւունքն է:
Առողջապահական
Մեզ Շրջապատող Իրեր,
Որոնք Մանրէներու Բոյն Են…
Ակռայի խոզանակները մանրէներու բոյն են. միլիոնաւոր մանրէներ հոն բոյն դրած են: Լաւագոյն միջոցը զանոնք տաք ջուրով եւ պէյքինկ սոտայով լուալն է: Ակռայի խոզանակը պէտք է նորով մը փոխարինուի 3 ամիսը անգամ մը:
***
Սառնարանը նոյնպէս մանրէներու բոյն է, յատկապէս` բանջարեղէններու դարակը: Մանրէներու բազմացումը արգիլելու համար պէտք է մնայուն ստուգել, որ սառնարանին ջերմաստիճանը 0-էն 4-ի միջեւ ըլլայ: Նաեւ պէտք է զգուշանալ տաք կերակուրներ սառնարանը դնելէ:
***
Սուրճի գործիքը նոյնպէս կը սպառնայ մեր առողջութեան… Սպանացի հետազօտներու կարծիքով գործատեղիներու մէջ օգտագործուող այս գործիքը կրկնակի անապահով է, տրուած ըլլալով, որ օրական քանի մը տասնեակ ոչ մաքուր ձեռքեր կը ձեռնեն զայն, իսկ միւս կողմէ` օգտագործուած «քափսիւլ»-ներու գզրոցը, որ թէ՛ տաք է եւ թէ` խոնաւ, մանրէներու յարմար միջավայր է…
Հետեւաբար այս գործիքը մնայուն ձեւով պէտք է մաքրուի, թէ՛ դուրսէն եւ թէ ներսէն:
***
Բջիջային հեռախօսը 500 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ քան… բաղնիքին նստարանը: Այսպէս, զայն կը դնենք աշխատանքի սեղանին կամ ճաշի սեղանին վրայ, մեզի հետ կը տանինք ամէնուրեք, կը փակցնենք մեր այտին կամ շուրթին, երբեմն ստիպողաբար կը բռնենք աղտոտ ձեռքերով…
Միակ ճարը` օրական առնուազն մէկ անգամ զայն մաքրելն ու հականեխելն է:
***
Մարզանքի գորգերը, որոնց վրայ քրտնած մարմնով կը պառկինք, կամ գետինը կը փռենք, դարձեալ մանրէներու բոյն են: Իւրաքանչիւր անգամ պէտք է հականեխել զանոնք եւ կամ մաքուր անձեռոց մը փռել վրան:
***
Ճաշարաններու ճաշացուցակները հազարաւոր մարդոց ձեռքերէն կ՛անցնին: Ապացուցուած է, որ կրիփի մանրէ մը 18 ժամ կրնայ գոյատեւել ճաշացուցակի մը կողքին վրայ: Միւս կողմէ` E.coli-ի մանրէն եւ salmօnelle-ները կրնան գոյատեւել յաջորդաբար 24 եւ 72 ժամ:
Զանոնք օգտագործելէ ետք եւ նախքան ճաշի նստիլ թելադրելի է ձեռքերը թաց թաշկինակով հականեխել:
Տակաւին ցանկը շատ երկար է… կնոջական ձեռքի պայուսակները, մարզարաններու գործիքները, դրամը, աղամանները, բաղնիքի եւ խոհանոցի անձեռոցները նոյնպէս մանրէներու բոյն են: Մաքրութեան տարրական կանոնները կիրարկելով` կարելի է 70 տոկոսով պաշտպանուիլ մանրէներէն: Ինչ կը վերաբերի մնացեալին, կ՛ըսուի, որ մեր մարմինը պէտք է վարժուի անոնց:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Մեր Եղունգները
Եղունգներուն վրայ յայտնուող ճերմակ բիծերը կիրի անբաւարարութեան մասին կը վկայեն:
Սխալ: Առատ կաթնեղէն սպառող անձերն իսկ ենթակայ են այս երեւոյթին: Այս ճերմակ բիծերը շատ հաւանաբար փոքրիկ հարուածներու պատճառով յայտնուած անվնաս եւ անվտանգ հետքեր են:
Եղունգ կրծող կամ յաճախ եղունգները յղկող անձերը աւելի ենթակայ են այս երեւոյթին:
-1-
Ձմրան եղանակին եղունգները աւելի դանդաղ կ՛աճին:
Ճիշդ: Գիտականօրէն փաստուած է, որ ցուրտին ազդեցութիւնը քերաթինի վրայ պատճառ կը դառնայ, որ անոնք աւելի ուշ երկարին, մինչդեռ ամրան պատկերը բոլորովին հակառակն է:
Գիտէ՞իք, թէ ձեռքերուն եղունգները կրկնակի արագ կ՛աճին, քան ոտքինները…
-2-
Կիտրոնը կը սպիտակացնէ եղունգները:
Ճիշդ: Կիտրոնը շատ ազդու միջոց է դեղնած եղունգները մաքրելու համար: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ կիտրոնի յաճախակի գործածութիւնը երկար ժամանակի վրայ կը տկարացնէ եղունգները եւ զանոնք կը դարձնէ փխրուն եւ դիւրաբեկ:
-3-
Եղունգի ներկերը կը փճացնեն եղունգները:
Ճիշդ եւ սխալ: Անորակ ներկերը անպայման որ կը վնասեն եղունգներուն: Սակայն եթէ օգտագործուին ընդունելի որակով եղունգի ներկեր եւ նախքան զանոնք գործածել եղունգները պաշտպանուին պահպանիչ նիւթով մը, ոչ մէկ հարց կը ստեղծուի:
-4-
Թելադրելի է, որ եղունգին շուրջի մորթերը կտրտուին ու մաքրուին:
Սխալ: Նախընտրելի է հրաժարիլ այդ սովորութենէն, քանի որ այդ մորթերը եղունգը կը պաշտպանեն խոնաւութենէն եւ մանրէներէն: Փոխարէնը` կարելի է այդ նպատակին ծառայող փայտեայ կամ մետաղեայ գործիքով մը մորթերը զգուշօրէն դէպի ետ հրել:
Խոհագիր
Ծաղկակաղամբով Եւ
Պրոքոլիով Թապպուլէ
Բացօթեայ պտոյտներու եւ խորովածներու եղանակը բացուած է, իսկ ի՞նչ բան աւելի լաւ կը յարմարի, քան թապպուլէն` համեղ խորովածի մը կողքին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ծաղկակաղամբով եւ պրոքոլիով պատրաստուած թապպուլէի մը բաղադրատոմսը, փորձեցէք զայն եւ վստահաբար գոհ պիտի մնաք:
Բաղադրութիւն
– Կէս ծաղկակաղամբ
– 1 պրոքոլի
– 1 խոշոր վարունգ
– 3 միջակ լոլիկ
– 6 չոր ծիրան (կարելի է զանց ընել)
– Ափ մը քաժօ
– Միջակ սոխ մը
– Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
– Ապուրի դգալ մը մանրուած անանուխ
– Մէկ կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն.-
Ծաղկակաղամբն ու պրոքոլին լուալ, ցամքեցնել եւ ապա քերիչէ անցընել: Խառնուրդը փոխադրել աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ:
Խառնուրդին աւելցնել խորանարդաձեւ մանր կտրտուած սոխը, վարունգը, լոլիկը, չոր ծիրանը, ինչպէս նաեւ` մանրուած կանաչեղէնն ու ոչ շատ մանր կտրտուած քաժոն:
Պզտիկ, փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` կիտրոնի հիւթ, ձէթ, աղ, կարմիր պղպեղ…
Ստացուած խառնուրդը թափել խճողակին վրայ, խառնել եւ առնուազն ժամ մը սառնարանը պահել: Հրամցնել պաղ վիճակի մէջ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Այրուած Կտաւներ
Մինաս Աւետիսեանի յիշատակին
Շրջանակներ այրուած, շրջանակներ պարապ,
Շրջանակներ, որպէս սպիտակած բիբեր…
Եւ ներշնչման ոգին` մի նետահար կարապ,
Մոխիրների վրայ հոգեվառում է դեռ:
Բոցկլտում էր այնտեղ մի հրեղէն կարօտ,
Ու տեսիլն էր ցոլում ծուէններով ծաւի,
Մի ծարաւ էր այրւում կածաններին քարոտ,
Եւ մի կորչող աշխարհ գեղեցկանում ցաւից:
Ու ցաւի մէջ այդ տաք` որձաքարէ տներ,
Մի յոգնատանջ գեղջուկ ու թեւաթափ մի մայր…
Եւ չգիտեն նրանք, որ Յիսուս են ծնել`
Տառապանքի, ցաւի ու հրաշքի համար:
Շրջանակներ այրուած, շրջանակներ անդէմ,
Շրջանակներ, որպէս մութ վիհերի հառաչ…
Յետոյ կանգնել էի գերեզմանիդ հանդէպ`
Այդ ահաւոր, վերջին շրջանակի առաջ:
Կանգնել էին նրանք` մի յոգնատանջ գեղջուկ
Ու թեւաթափ մի մայր… Եւ անձրեւ էր մաղում…
Չգիտէին նրանք` ի՞նչ է եղել, ինչո՞ւ,
Չգիտէին նրանք, որ Յիսուս են թաղում:
Շրջանակներ այրուած, շրջանակներ պարապ,
Շրջանակներ, որպէս սպիտակած բիբեր,
Ո՞վ է նշան բռնել քեզ, ներշնչման կարապ,
Այդ ի՞նչ մրրիկ է սեւ քո թեւերին դիպել:
Պիտի շանթը շողար, բայց անձրեւն էր մաղում,
Պիտի որոտ լինէր, բայց շշուկ էր տխուր…
Երբ աշխարհում աշխարհ ու հրաշք են թաղում,
Ամպրոպ, ինչո՞ւ ես լուռ…
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
1981