Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Խօսքը ունի հզօր ուժ:

Կան բառեր, որոնք կրնան «կախարդել» երեխան եւ անոր մէջ զարգացնել բնաւորութեան դրական գիծեր ու դարձնել յաջողակ: Ահաւասիկ` քանի մը «կախարդական» արտայայտութիւններ, որոնք կրնան ճակատագրական ըլլալ երեխային համար:

«Ես քեզ կը սիրեմ»: Ձեր սէրը երեխային կայացած ըլլալու հիմքն է: Ձեր տուած սիրոյ միջոցով ան կրնայ աշխարհը տեսնել գունաւոր եւ բարի:

***

«Ես քեզի կը վստահիմ»: Ձեր երեխան պէտք է գիտնայ, որ դուք ոչ միայն կը սիրէք զինք, այլ մեծ համարում ունիք իր կարելիութիւններուն վրայ:

***

«Դուն կրնաս»: Այսպիսով, դուք ինքնավստահութիւն կը ներշնչէք անոր:

***

«Ըսածդ մէջս նոր միտքեր արթնցուց»: Երեխան պէտք է զգայ իր եզակիութիւնը, պէտք է հպարտանայ, որ իրմէ մեծին մտածելու առիթ տուաւ:

***

«Ոչ ըսելու մի՛ վախնար»: Ձեր զաւակը պէտք է հասկնայ, որ հրաժարիլը յանցագործութիւն չէ, այլ` իւրաքանչիւր մարդու իրաւունք: Երբ ան մեծնայ, «ոչ» ըսելու կարողութիւնը բաւական կը դիւրացնէ անոր կեանքը:

***

«Դուն ունիս ընտրելու հնարաւորութիւն»: Նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնը պէտք է կայացնէ երկու խաղալիքի միջեւ, այնուամենայնիւ, վարժեցուցէք ձեր զաւկին ընտրութիւն կատարել եւ երբեք դուք իրեն փոխարէն որոշում մի՛ տաք:

***

«Դուն կրնաս սխալիլ»: Բոլորն ալ սխալելու իրաւունք ունին, չէ՞ որ իյնալով եւ բարձրանալով մենք կը սորվինք ապրիլ: Պէտք է համբերատար ըլլաք ձեր զաւկին հանդէպ:

***

«Ես համաձայն եմ քեզի»: Եւս մէկ աղիւս` ձեր երեխայի ճիշդ զարգացման հիմքին: Եթէ յարգէք ձեր երեխային փոքր որոշումներն ու կարծիքը, ան կը դառնայ աւելի ինքնավստահ:

***

«Ես մեծ սիրով կ՛օգնեմ քեզի»: Երեխան պէտք է միշտ գիտնայ, որ որեւէ պահու կրնայ դիմել ձեր օգնութեան:

Սննդագիտական

Պանանին Օգտակարութիւնը Կախեալ Է
Անոր Հասունութեան Աստիճանէն

Բոլորս ալ գիտենք, որ պանանը չափազանց օգտակար պտուղ է. անիկա հարուստ է` կենսանիւթերով, հանքայիններով եւ միքրօ- տարրերով: Սակայն երբ պանանը շուկայէն պիտի գնենք, պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք անոր գոյնին, քանի որ պանանին օգտակար յատկութիւնները կը փոխուին` նայած անոր գոյնին:

Սննդագէտներու կարծիքով, ամենաբարձր սննդային արժէքը ունին կանաչ պանանները: Անոնք կը հաւասարակշռեն արեան մէջ շաքարին տոկոսը, կը պաշտպանեն երիկամի քաղցկեղէն, կը դարմանեն փորհարութիւնը, կը հաւասարակշռեն գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը եւ, վերջապէս, կը կանխարգիլեն սրտանօթային հիւանդութիւնները:

Դեղին պանանները հարուստ են հակաօքսիտաններով, ածխաջուրով, կիրով, մակնեզիոմով… Այս բոլորը կը զօրացնեն մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը պաշտպանեն սրտանօթային համակարգը:

Շագանակագոյն (հասուն) պանանները կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ շաքար, թրիբթոֆան, որ կ՛օգնէ պայքարելու անքնութեան եւ ընկճախտի դէմ:

Գեղեցկագիտական

Քաքաոյով Դիմակ

Ժամանակի ընթացքին մեր մորթը կը կորսնցնէ իր թարմութիւնն ու առաձգականութիւնը, եւ կնճիռներ ի յայտ կու գան: Բարեբախտաբար կան արդիւնաւէտ բնական միջոցներ, որոնք կ՛օգնեն պաշտպանելու անոր երիտասարդութիւնը:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք քաքաոյով պատրաստուած դէմքի դիմակ մը, որ յաճախակի գործածելու պարագային կ՛օգնէ զգալիօրէն երիտասարդացնելու ու թարմացնելու մաշկը:

Անհրաժեշտ բաղադրիչներ`

– 3 թէյի դգալ քաքաօ
– 2 ապուրի դգալ մածուն
– 6 կաթիլ ձէթ կամ խաղողի կուտի իւղ
– 1 թէյի դգալ մեղր

Ինչպէ՞ս օգտագործել

Բոլոր բաղադրիչները խառնել, մինչեւ որ ստացուի միատարր խիւս մը, զայն քսել դէմքին եւ պարանոցին: Սպասել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել ծորակի ջուրով: Թելադրելի է այս դիմակը օգտագործել շաբաթը 2 անգամ:

Դիմակին բաղադրիչներուն օգտակար յատկութիւնները`

– Քաքաօն հարուստ է հակաօքսիտաններով. ան կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը` խոնաւցնելով, թարմացնելով եւ երիտասարդացնելով մաշկը:
– Մածունը կաթնաթթու կը պարունակէ, անիկա կ՛օգնէ մորթին վերականգնման եւ ծակտիկներու մաքրութեան պահպանման:
– Ձէթը կ՛ապահովէ մորթին առաձգականութիւնը:
– Մեղրը կը վերականգնէ եւ կը խոնաւցնէ մորթը եւ անոր կը հայթայթէ կենսանիւթեր եւ հանքայիններ:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Մոմը

Որպէսզի մոմը վառած ատեն չհոսի եւ մոմակալն ու սեղանին ծածկոցը չաղտոտի, զայն ամբողջ գիշեր մը սառնարանը պահել:

***

Եթէ մոմը հաստ է եւ մոմակալին մէջ չի տեղաւորուիր, անոր վարի բաժինը քանի մը վայրկեան եռացած ջուրի մէջ մխրճել եւ երբ կակուղնայ անմիջապէս մոմակալին մէջ հաստատել:

***

Եթէ մոմը փայլքը կորսնցուցած է եւ ողորկ չէ, ձեռքին կանացի գուլպայ անցընել եւ շփել զայն, մինչեւ որ մոմը իր սկզբնական վիճակը գտնէ:

***

Եթէ մոմը կը մխայ, անոր պատրոյգը 6 մմ աւելի չերկարել եւ միշտ այդ հասակով պահել:

***

Որպէսզի մոմը աւելի դանդաղ սպառի, պատրոյգին շուրջը քանի մը կտոր քարաղ դնել: Այսպէս, մոմը աւելի երկար ժամանակ կը վառի:

Ձեռային Աշխատանք

Ինչե՜ր Կարելի Է Շինել
Փայտեայ Լաթակալներով

Հնարամիտ եւ ստեղծագործ մարդիկ սովորական փայտեայ լաթակալներով պատրաստած են մեր մտքէն չանցած հազարումէկ իր: Ինչպէս նկարները կը հաստատեն, անոնցմէ մէկ քանին մատչելի եւ դիւրին իրագործելի են, մանաւանդ եթէ ճարտար բարեկամ մը ձեռք երկարէ մեզի:

Ինչո՞ւ մենք ալ մեր կարգին չպատրաստենք` մեր վզկապերը դասաւորող կախիչներ, մեր պատերը զարդարող շրջանակներ, թաղարներ, մոմակալներ, լուսամփոփներ…

Կ՛արժէ փորձել:

Խոհագիր

Հում Բանջարեղէնով
Առողջապահական Ախորժաբեր

Բաղադրութիւն

– Երկայնքին կտրտուած բանջարեղէնի տեսականի (վարունգ, ստեպղին, կարոս, գունաւոր թարմ պղպեղ եւ այլն…)
– 200 կ ճերմակ կակուղ պանիր
– Շատ մանր մանրուած կանաչ սոխ
– 1 սուրճի դգալ մանանեխ
– 1 ապուրի դգալ գինիի քացախ
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Թապասքօ թացան

Պատրաստութիւն

Սոխը շատ մանր մանրել, աւելցնել պանիրը, մանանեխը, քացախը, կիտրոնի հիւթը, քանի մը կաթիլ թապասքոն, աղն ու սեւ պղպեղը: Բոլորը միատեղ խառնել եւ ստացուած թանձրուկը սառնարանը պահել առնուազն 2 ժամ:

Մինչ այդ բանջարեղէնները լուալ, ցամքեցնել եւ երկայնքին կտրտել:

Ընտրել ապակեայ թափանցիկ բաժակներ, իւրաքանչիւրին յատակը լեցնել վերոյիշեալ խիւսէն, վրան աւելցնել բանջարեղէնի ցպիկները եւ հրամցնել:

Այս ախորժաբերը կրնայ փոխարինել վնասակար չիփսերը, պիստակեղէնը եւ այլն…

Հիմա որ կը գտնուինք «Մոնտիալ»-ի սեմին եւ մեզմէ շատեր ժամերով գամուած պիտի նստին պատկերասփիւռին առջեւ, բանջարեղէնով այս բաղադրատոմսը յարմարագոյն ուտելիքն է, որ թէ՛ պիտի զբաղեցնէ մեզ եւ թէ՛ պիտի պաշտպանէ վնասակար ախորժաբերներէ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Եթէ

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Երբ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,
Կամ չստել` շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու միջեւ մնալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժո՛վ.
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այս խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի.
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ կորած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրաս արքաներու հետ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ` առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քո՛ւկդ է երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին` այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:

ՔԻՓԼԻՆԿ (անգլիացի բանաստեղծ)

Թարգմ.` ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles