Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Առողջութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (OMS) կը յանձնարարէ օրական 50 կրամէն աւելի շաքար չսպառել: 50 կրամ շաքարը համապատասխան է 10 կտոր շաքարի: Դժբախտաբար շատեր օրական 100 կրամ շաքարի սահմանները կ՛անցնին: Պատճառը` քաղցրեղէնի հանդէպ անդիմադրելի տկարութիւնը, բայց նաեւ «անմեղ» նկատուող ուտելիքները, որոնք թէեւ շաքարով հարուստ են, սակայն հակառակ տպաւորութիւնը ձգած են բոլորին մօտ…
Հետեւաբար առաջին հերթին պէտք է զգուշանալ եւ չափաւորել «անմեղ» ուտելիքներու սպառումը:
Չոր Պտուղները
Ծիրան, չամիչ, սալոր, թուզ… ուժ հայթայթող եւ անօթութիւնը «սանձող» այս պտուղները մեծ քանակութեամբ շաքար կը պարունակեն, մինչդեռ թարմ վիճակի մէջ համեմատութիւնը նոյնը չէ: Թելադրելի է, որ անոնց սպառումը փոքրիկ ափի մը սահմանը չանցնի:
«Սուշի»-ն
Ամերիկացի սննդագէտ Ռաշէլ Պէլըրի կարծիքով, «Սուշի»-ին եւ «համպըրկըր»-ին ջերմուժի քանակը գրեթէ նոյնն է: Նոյնիսկ եթէ թերահաւատութեամբ մօտենանք այս հաստատումին, չենք կրնար ժխտել, որ «սուշի»-ի համեղ, գունեղ եւ ախորժաբեր պատառիկներուն ընկերակցող թացանները շաքարի բոյն են: Ամէն անգամ որ պատառիկը կը թաթխենք թացանին մէջ, բրինձը կը ծծէ զայն եւ կարեւոր քանակութեամբ շաքար կը մտնէ մեր մարմնին մէջ թէ՛ ճերմակ բրինձին, եւ թէ՛ քաղցր թացանին ճամբով:
Մածունը
Սովորութիւն դարձած է գնումի ատեն ընտրել 0 առ հարիւր իւղ պարունակող կաթնեղէնները: Բայց 0 առ հարիւրը կը վերաբերի իւղի պարունակութեան, եւ ոչ թէ շաքարի: Իսկ գաղտնիք չէ, որ ուտելիքներուն իւղի քանակի պակսեցման դիմաց, սովորաբար, շաքարի քանակն է, որ կ՛աւելնայ: Բացի մածունէն, նոյնն է շաքարի քանակն է, որ կ՛աւելնայ: Բացի մածունէն, նոյնն է պարագան «լայթ» մայոնէզներուն, պանրեղէնին, եւ այլն… հետեւաբար, գնումի ատեն պէտք է ուշադիր կարդալ սննդական արժէքի պիտակը:
Հացահատիկի Ցպիկները
Շատեր հացահատիկի այս ցպիկներէն մէկ-երկու հատ կը նետեն իրենց պայուսակին մէջ` անօթութիւնը յագցնելու համար: Մինչդեռ ասոնք 0.4-էն մինչեւ 20 կրամ շաքար կրնան պարունակել: Այս պարագային եւս պէտք է ուշադիր կարդալ պիտակը եւ հրաժարիլ 5.5 կրամ շաքար պարունակողէն տարբեր տեսականին: 5.5 կրամ շաքարը համազօր է շուրջ մէկ կտոր շաքարի:
Պահածոյ Բանջարեղէնները
Բանջարեղէնները բոլոր տեսակի սննդականոններու լաւագոյն ուտելիքներն են, սակայն պէտք է ճիշդ ընտրութիւն կատարել: Պահածոյացուած բանջարեղէններուն համը պահպանելու համար յաւելեալ շաքար կ՛աւելցուի: Թելադրելի է հրաժարիլ պահածոյացուած ոլոռնէն, ստեպղինէն, լուբիայէն եւ այլն…
Բրինձով Շօթերը
Որպէս անօթութիւնը սանձող` բրինձով շոթերը եւս մեծ ընդունելութիւն գտած են. մինչդեռ անոնք կը պարունակեն նոյնքան շաքար, որքան «փէն տը մի»-ն (ֆրանսական քառակուսի հացը): Հետեւաբար պէտք է չափաւորել անոնց սպառումը:
Խեչափառի Ցպիկները
Անվնաս համարուած խեչափառի ցպիկները (քրապ սթիքս), այդքան ալ անմեղ ուտելիքներ չեն: Արուեստական ձեւով պատրաստուած խեչափառի ցպիկներուն մէջ կան շաքարով հարուստ պահպանիչներ:
Տաշուած Ստեպղինը
Շատեր կը մտածեն, որ տաշուած ստեպղինի աղցան մը կրնայ փոխարինել ճաշի ժում մը` հայթայթելով այլազան կենսանիւթեր եւ հանքայիններ: Ասիկա ճիշդ է այն պարագային, երբ տունը տաշուած եւ պատրաստուած է, առանց շաքարով հարուստ թացան կամ պահպանիչ օգտագործելու: Մինչդեռ պատրաստի վաճառուող տեսակները յաւելեալ շաքար մը պարունակեն:
Պաղ Թէյերը
Տունը պատրաստուած թէյը, այո՛, օժտուած է թէյին բոլոր լաւ յատկութիւններով, մինչդեռ շուկայէն գնուածները մեծ քանակութեամբ սոտա եւ բնականաբար շաքար կը պարունակեն:
Հացահատիկները
Կաթին հետ ուտուող հացահատիկներու տեսականին կը շլացնէ մեծերն ու փոքրերը: Ասոնք ո՛չ միայն վնասակար են մարմին այլ նաեւ` ակռաներուն, քանի որ մեծ քանակութեամբ շաքար կը պարունակեն: Գնելու ժամանակ պէտք չէ խաբուիլ անոնց տեսքէն, այլ պէտք է ուշադիր կարդալ պիտակը:
Օգտակար Գիտելիքներ
«Պէյքինկ Սոտա»-ն` Աւելի Մաքուր Լուացքի Համար
Փորձառուներու կարծիքով, լուացքի դեղին կողքին «պէյքինկ սոտա» գործածելով ճերմակ լաթերը աւելի կը ճերմկին, իսկ գունաւորները` աւելի վառ գոյն կը ստանան:
Եթէ մտադիր էք փորձել, հետեւեցէք բացատրութեան: Եթէ ձեր լուացքի մեքենային կափարիչը վերէն կը բացուի, պէտք ունիք կէս թէյի գաւաթ «պէյքինկ սոտա»-ի, իսկ կողմէն բացուողի պարագային` քառորդ գաւաթի:
Այսպէս, ձեր սովորական լուացքի դեղին աւելցուցէք «պէյքինկ սոտան» եւ աշխատցուցէք մեքենան: Արդիւնքը` դո՛ւք պիտի դատէք:
Կօշիկներուն Գէշ Հոտը Չէզոքացնելու Համար
Երկար օրուան մը աւարտին, յատկապէս ամրան եղանակին, տաքցած ու քրտնած ոտքերուն պատճառով կօշիկները հակամէտ են գէշ հոտելու: Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար դարձեալ կրնաք դիմել «պէյքինկ սոտա»-ին:
Եթէ մտադիր էք փորձել, առէք թիւլէ ծրարիկներ, մէջը «պէյքինկ սոտա» լեցուցէք, բերանները գոցեցէք եւ, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, զանոնք կօշիկներուն մէջ տեղաւորեցէք եւ ամբողջ գիշեր մը այդպէս պահեցէք:
Ծրարիկներ չունենալու պարագային կրնաք «պէյքինկ սոտա»-ն ուղղակի կօշիկին մէջ եւ յաջորդ առտու զանոնք լաւապէս թօթուել:
Կօշիկի Ընտրութիւն Եւ Խնամք
Շատեր կօշիկ գնելու ատեն նախապատուութիւնը կու տան ձեւին, քան` որակին: Մինչդեռ ամբողջ օրը մարմնին ծանրութիւնը կրող ոտքերը արժանի են հանգստաւէտ կօշիկներու:
Եթէ ի վիճակի չենք սուղ կօշիկ գնելու, փորձենք օգտուիլ տարեկան զեղչ-վաճառքներէն եւ կամ` հրաժարինք քանի մը զոյգ կօշիկ ունենալու գաղափարէն, բաւարարուինք մէկ հատով, պայմանաւոր որ անիկա ըլլլայ հանգստաւէտ ու որակաւոր:
Անգամ մը, որ կօշիկը գնեցինք եւ տուն բերինք, պէտք է հոգ տանինք անոնց, մաքրենք եւ ի հարկին` ձէթով, կլիսերինով կամ այլ նիւթերով շփենք զանոնք` կաշին սնուցանելու եւ պահպանելու համար:
Ահաւասիկ քանի մը գործնական թելադրանք` կօշիկի ընտրութեան եւ խնամքին հետ կապուած:
– Կօշիկ գնելու ատեն նախապատուութիւնը տանք կաշի տեսակներուն:
– Կօշիկ գնելու յարմարագոյն ժամանակը յետմիջօրէն է կամ երեկոյեան, քանի որ այդ ժամանակ մեր ոտքերը կ՛ըլլան իրենց իսկական ծաւալին եւ ձեւին մէջ:
– Հրաժարինք ուրիշին կրած կօշիկները հագնելէ, որքան ալ անոնք նոր ու լաւ վիճակի մէջ ըլլան:
– Կօշիկները չեն ճրճռար, եթէ ներբաններուն բուսական ձէթ քսենք եւ քանի մը ժամ ետք մաքրենք:
– Նեղ կօշիկները լայնցնելու համար անոնց մէջ ամբողջ գիշեր մը խոնաւ թերթ թխմենք: Նոյն նպատակով կարելի է անոնց մէջ սառոյցով լեցուն կերպընկալ տոպրակներ տեղաւորել:
– Լաքապատ կօշիկները մաքրելու եւ փայլեցնելու համար հեղուկ կաթ կամ ձեռքերը փափկացնող սեր օգտագործենք:
– Թաւշեայ (տեն) կօշիկներու արատները մաքրելու համար կարելի է սովորական ռետինը օգտագործել:
– Թաւշեայ (տեն) կօշիկներուն խաւը վերականգնելու համար օգտագործենք նուրբ աւազաթուղթը` թեթեւ, մակերեսային շարժումներ կատարելով:
– Բաց գոյնի կօշիկները թարմացնելու համար օգտագործենք օճառով ջուրը, ապա` անգոյն սերը:
– Կօշիկները մաքրենք ոչ թէ տունէն դուրս ելլելէ առաջ, այլ` ներս մտնելէ ետք: Կօշիկներուն վրայ քսուք քսենք եւ սպասենք մինչեւ առտու, այնուհետեւ` փայլեցնենք:
Խոհագիր
Մոհիթօ
Քուպական սա քոքթէլը շատ գնահատուած է ամրան տաք օրերուն: Անոր պատրաստութիւնը շատ դիւրին եւ արագ է. ստորեւ` բաղադրութիւնը եւ պատրաստութեան եղանակը:
1 բաժակ մոհիթոյի համար անհրաժեշտ են`
– 5 սլ. ճերմակ ռոմ խմիչք
– 7-8 թարմ անանուխի տերեւ
– Կէս կանաչ կիտրոնի հիւթ
– 2 թէյի դգալ փոշի շաքար
– 6 սլ. հանքային (կազէօ) ջուր
– 4 փշրուած սառոյց
Պատրաստութիւն
Թափանցիկ ապակեայ բաժակի մը մէջ դնել թարմ անանուխի տերեւները, աւելցնել շաքարը, կիտրոնի հիւթը եւ պատառաքաղի մը միջոցով տերեւները քիչ մը ճզմել, որպէսզի կիտրոնի հիւթին եւ շաքարին մէջ թրծուին:
Աւելցնել հանքային ջուրը եւ փշրուած սառոյցը, խառնել եւ անմիջապէս հրամցնել:
Մոհիթօ Խմելու Չորս
Համոզիչ Պատճառներ
1.- Մոհիթոն առողջապահական է: Կիտրոնը հարուստ է Սէ. կենսանիւթով, անանուխը բնական անթիոքսիտան մըն է:
2.- Մոհիթոն զովացնող խմիչք է եւ քիչ ջերմուժ կը պարունակէ:
3.- Մոհիթոն համեղ է, արագ պատրաստուող եւ աժան:
4.- Մոհիթոն տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ: Քիչ քանակութեամբ ալքոլը, ինչպէս նաեւ թարմ անանուխը դրական ազդեցութիւն կը գործեն տրամադրութեան վրայ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Տարեդարձ
Այսօր դիպուածաւ
Երբ փողոցը կամ հանրակառքին մէջ
Կամ երկինքին վրայ – երկինքէն անդին
Երեսունըհինգ մոմ տեսնէք վառուած
Զահրատը յիշեցէք
Ձեր բանը գործը ձգեցէք մէկ դի
Պահ մը ձեր վիշտերն ու քէնը մոռցէք
Դիտեցէք մոմերու պուրակն այդ բռնկած
Ու մտածեցէք
Թէ օր մ՛ալ հով մը պիտի փչէ խօլ
Այս բոլոր մոմերը պիտի մարին
Ու պիտի ցրուին անջրպետին մէջ
Ուր ոչ մոմ կ՛ապրի – ոչ դուք – ոչ Զահրատ
Պահ մը խորհեցէք
Ու յետոյ դարձեալ
Դուք ձեր հոգերուն
Ես իմ մոմերուս
ԶԱՏՐԱՏ
19 մայիս 1959