Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Արդէն ծովու եղանակը բացուած է, ոմանք օրական, ուրիշներ շաբաթական դրութեամբ ծովափ կամ լողաւազան կ՛ուղղուին լողալու եւ արեւուն բարիքներէն օգտուելու համար: Սակայն որքանո՞վ ծանօթ ենք արեւուն բարիքներուն ու չարիքներուն. եկէ՛ք ստուգենք:

-1-

Արեւէն պէտք է զգուշանալ մինչեւ 60 տարեկան։
Ճիշդ
Սխալ

-2-

Մարմինը ջրազրկումէ փրկելու լաւագոյն միջոցը առատ ջուր խմելն է:
Ճիշդ
Սխալ

-3-

Արեւէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը պահպանիչ քսուքներ օգտագործելն է:
Ճիշդ
Սխալ

-4-

Կրնանք արեւահար ըլլալ նոյնիսկ ամպոտ երկինքի տակ:
Ճիշդ
Սխալ

-5-

Կարգ մը դեղեր կրնան պատճառ դառնալ, որ արեւուն պարզուելով մեր մաշկին վրայ այրուածքներ յառաջանան:
Ճիշդ
Սխալ

-6-

Մութ գոյնի մորթ ունեցողները նուազ կ՛ազդուին արեւու ճառագայթներէն, քան բաց գոյնի մորթ ունեցողները:
Ճիշդ
Սխալ

-7-

Արեւէն առաւելաբար կ՛ազդուի մեր քիթը:
Ճիշդ
Սխալ

-8-

Արեւէն պաշտպանող սերերը կ՛օգնեն, որպէսզի աւելի երկար պարզուինք արեւուն:
Ճիշդ
Սխալ

-9-

Արեւէն պաշտպանող սերերուն վրայ գրուած UV կրճատումը կը նշանակէ «զգուշացում»:
Ճիշդ
Սխալ

-10-

Որեւէ պաշտպանող սեր օգտագործելի է տան բոլոր անդամներուն համար:
Ճիշդ
Սխալ

Պատասխաններ

1.- Կեանքի ամբողջ տեւողութեան եւ մանաւանդ` 0-15 տարեկան:
2.- Ճիշդ:
3.- Պահպանիչ քսուքները առանձին բաւարար չեն, նոյնքան կարեւոր են արեւի ակնոցները, գլխարկը եւ թեթեւ շապիկ մը:
4.- Ճիշդ:
5.- Ճիշդ, ահա թէ ինչու պէտք է դարմանող բժիշկին կարծիքը առնել:
6.- Ճիշդ:
7.- Բացի մեր քիթէն, նոյնքան կ՛ազդուին նաեւ մեր աչքերը, ականջները եւ շրթները:
8.- Ո՛չ, այդ սերերը պարզապէս կը պաշտպանեն արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն: Օրուան ընթացքին, սակայն պէտք է հրաժարիլ արեւուն պարզուելէ, մասնաւորաբար ժամը 11:00-էն 3:00-ի միջեւ, երբ արեւը սաստիկ կիզիչ եւ վնասակար կրնայ դառնալ:
9.- Սխա՛լ, UV կրճատումը կը նշանակէ անդրմանիշակագոյն:
10.- Ո՛չ, իւրաքանչիւր տարիք եւ մորթի տեսակ ունի համապատասխան պաշտպանիչ սեր. նախքան գնել պէտք է ուշադիր կարդանք բացատրողագիրը:

 Նորաձեւութիւն

Ինչպէ՞ս Կրել Փարէօ Մը

Արեւի ակնոցին, լայնեզր գլխարկին, մուճակին եւ անձեռոցին նման փարէոն անհրաժեշտ աքսեսուար մըն է լողազգեստը արժեւորելու համար:

Փարէոն ոչ միայն կանացի վայելչութիւն մը կու տայ, այլեւ մասամբ կը ծածկէ որոշ թերութիւններ: Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է փարէօ մը ունենալ այս ամառ:

Ինչպէ՞ս ընտրել փարէօ մը

– Փարէոյին կտորը թելադրելի է, որ ըլլայ բամպակեայ եւ փափուկ, որպէսզի դիւրին հանգուցուի:
– Խուսափիլ թանձր տեսակներէն, որոնք թէ՛ ուշ կը ցամքին, եւ թէ դժուար կը հանգուցուին:
– Հրաժարիլ «ժըրսէ» տեսակներէն, որոնք շուտով կը ձեւափոխուին եւ իրենց դերը լաւ չեն կատարեր:
– Փարէօ գնելու ատեն փորձեցէք ներդաշնակութիւն մը ստեղծել անոր եւ ձեր լողազգեստին միջեւ:
– Հրաժարեցէք սեւ գոյնի փարէոյէն` մտածելով, որ սեւ գոյնը աւելի նիհար ցոյց կու տայ: Ծովափին թելադրելի են բաց գոյնի տեսակները:

Ե՞րբ կրել փարէոն

– Երկու ծովու լոգանքի միջեւ, մարմինը մասամբ պաշտպանելու համար արեւուն կիզիչ ճառագայթներէն:
– Ծովափին «պար»-ը կամ ճաշարանը նստելու ատեն:
– Ծովափին քալելու եւ խոկալու ատեն:
– Երեկոյեան լողաւազանին շուրջ կազմակերպուող հաւաքոյթներու ընթացքին:

Ինչպէ՞ս հանգուցել փարէօ մը

Փարէօ մը կրելու եւ զայն մարմնին շուրջ փաթթելու տարբերակները շատ են:
Շատ բան կախեալ է ձեզմէ` նայած, թէ դուք ձեր մարմնին ո՞ր թերութիւնները կ՛ուզէք ծածկել կամ ո՛ր առաւելութիւնները ցուցադրել…

Ստորեւ փարէօ հանգուցելու 5 հետաքրքրական տարբերակներ, ձեզի կը մնայ ընտրել յարմարագոյնը:

 Հինը Նորի Վերածել

Եթէ հին սաւաններ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք, ոչ ալ ուրիշին տուէք: Տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչերու վերածած են զանոնք:

Ծաղկաւոր թէ միագոյն սաւաններէն կարելի է պատրաստել բարձի երեսներ, շուկայի պայուսակ, շուկայի կերպընկալ տոպրակներու պարկ, խոհանոցի սրբիչներ, երեխայի վրան, խոհանոցի գոգնոց եւ ուրիշ շատ բաներ:

Ահաւասիկ հին սաւանները օգտագործելու 6 դիւրին եւ գործնական տարբերակ. ի հարկին դիմեցէք դերձակուհիի մը եւ կամ կարելու հմտութիւն ունեցող բարեկամուհիի մը օգնութեան:

Հետաքրքրական

Ծամոնէ Պատրաստուած
Մարզական Կօշիկներ

«Այ. Ամսթերտամ» քաղաքային կազմակերպութիւնը, «Էքսփլիսիթ Ուեր» հագուստի ձեւագէտը եւ «Կամտրափ»-ը միացած են, որպէսզի Ամսթերտամը դարձնեն աւելի մաքուր: Անոնք արդէն իսկ սկսած են օգտագործել ծամուած ու գետին նետուած ծամոնի մնացորդները… մարզական կօշիկներ պատրաստելու համար:

«Կամտրափ» կազմակերպութեան տուեալներով, ամէն տարի Ամսթերտամի փողոցներէն կը հաւաքուի շուրջ 1,5 միլիոն քիլօ թափուած ծամոն:

«Կամտրափ» ընկերութիւնը կը մշակէ օգտագործուած ծամոնները, զանոնք կը վերածէ քաուչուքի եւ անոնցմէ կը պատրաստէ մարզական կօշիկներ` «Կամշուզ»: Այսպէս, 1 քիլօ ծամոնէ կարելի է ստանալ չորս զոյգ մարզական կօշիկ:

Խոհագիր

 Սմբուկով Եւ Պանիրով
Փաթոյթներ

Բաղադրիչներ`

Սմբուկ 500 կր.
Պանիր 50 կր.
Մայոնէզ 3 ապուրի դգալ
Սխտոր 1-2 պճեղ
Բուսական ձէթ
Աղ

Պատրաստութիւն`

Սմբուկները երկայնքին շերտել:

Մայոնէզին ճզմուած սխտոր աւելցնել եւ խառնել:

Պանիրը քերիչէ անցընել:

Սմբուկները բուսական ձէթի մէջ երկու երեսով տապկել եւ ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել:

Սմբուկի իւրաքանչիւր շերտի վրայ մայոնէզ քսել, լայն ծայրամասին լեցուն ապուրի դգալ մը տաշուած պանիր դնել եւ ինք իր վրայ փաթթել:

Սեղան բերելէ առաջ փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ մանրուած ազատքեղով զարդարել։

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մարգարիտն
Ու Փրփուրը

Ծովի երեսն է փրփուրը ելնում,
Փայլփլում մի պահ, իբր մարգարիտ,
Մինչ մարգարիտը խորքում է լինում,
Խորից է ծնւում գանձը ճշմարիտ:

Բայց այսպէս խօսեց փրփուրն այդ մասին.
– Ինչո՞ւ տեղ չունես ծովի երեսին,
Թէ մարգարիտ ես… Էլ ի՞նչ մարգարիտ,
Ես եմ մայր ծովի գանձը ճշմարիտ,
Որ միշտ ջրերի երեսն եմ ելնում,
Ու ես եմ փայլում,
Կեանքը վայելում…

Բայց իր վայելքը երկար չտեւեց,
Մի քամի ելաւ, փրփուրը ցրուեց,
Հետքն էլ չմնաց ծովի երեսին…
Մինչ մարգարիտը, երբ խորքից հանուեց,
Ձեռքէ-ձեռք խլուեց, գանձ է, գանձ, ասին,
Ահա՛ մայր ծովի միակ փառքը մեծ:
… Մարդիկ կան, որոնք փրփուրի նման
Միշտ կեանքի ծովի երեսն են ելնում,
Բայց խորքում որքա՜ն
Մարգարիտներ կան,
Որոնց փառքը դեռ փրփուրն է խլում:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ       


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>