Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Արեւահարութիւնը հիւանդագին վիճակ է: Անիկա կը յայտնուի երկար ժամանակ արեւի ուղղահայեաց ճառագայթներուն տակ մնալու պատճառով:
Մանուկները աւելի խոցելի են, քանի որ անոնց գանկի ոսկորները տակաւին լիարժէք ձեւաւորուած չեն, իսկ մորթն ու մարզերը աւելի նուրբ են:
Արեւահարութեան նշանները ի յայտ կու գան արեւին ճառագայթներուն ներգործութենէն անմիջապէս ետք, կամ քանի մը ժամ ետք, յաճախ գիշերային ժամերուն:
Որո՞Նք Են Արեւահարութեան Նշանները
– Մարմնի ջերմաստիճանի բարձրացում (39 եւ աւելի)
– Դէմքի եւ վիզի մորթի կարմրութիւն եւ չորութիւն
– Գլխացաւ եւ գլխապտոյտ
– Թուլութիւն
– Սրտխառնուք եւ փսխուք
– Անհանգստութիւն եւ գրգռուածութիւն
– Քիթի արիւնահոսութիւն
– Գիտակցութեան խանգարում
Ի՞նչ Պէտք Է Ընել
Արեւահար եղած երեխան պէտք է անմիջապէս փոխադրել շուքին եւ օգնել, որպէսզի ան հանգիստ դիրքով պառկի:
Այնուհետեւ երեխային դէմքը պէտք է լուալ պաղ ջուրով, գլխուն պաղ թրջոցներ դնել եւ մարմինը ծածկել խոնաւ սաւանով մը:
Անպայման պէտք է քակել ճնշող կապերը եւ թեթեւցնել հագուստը:
Թեթեւ կամ միջին աստիճանի արեւահարութեան պարագային, ճիշդ ժամանակին օգնութիւն ցուցաբերելը կ՛օգնէ, որ անոր մարմնին բնականոն գործունէութիւնը արագ վերականգնի: Ծանր աստիճանի արեւահարութեան պարագային, երբեմն օգնութեան ուշացումը կրնայ մահուան պատճառ դառնալ:
Առաջին օգնութիւնները տալէ ետք, պէտք է դիմել համապատասխան մասնագէտին:
Երեխան արեւահարութենէ պաշտպանելու համար զայն պէտք է շուքին պահել օրուան տաք ժամերուն, առատ ջուր խմցնել, բաց գոյնի հագուստ եւ գլխարկ հագցնել:
Առողջապահական
Ի՞նչպէս Պաշտպանուիլ
Ամրան Տաքէն
Ամրան տաքը սկսած է. անկէ պաշտպանուելու եւ չանհանգստանալու համար պայման է որդեգրել որոշ նախազգուշութիւններ: Ամրան տաքը առողջական լուրջ հարցեր կը ստեղծէ յատկապէս տարեցներուն, երեխաներուն եւ հիւանդ անձերուն մօտ:
Ստորեւ օգտակար խորհուրդներ` ամրան տաքէն պաշտպանուելու համար:
Օրուան տաք ժամերուն, երբ արեւը կիզիչ է, շատ լաւ փակել փեղկերն ու պատուհանները: Իսկ օրուան զով ժամերուն` առաւօտեան եւ երեկոյեան, կրկին բանալ զանոնք` տան օդը մաքրելու եւ թարմացնելու համար:
***
Առաստաղը խոշոր հովահար մը հաստատել.
նախ` նուազ ծախսալից է, քան օդափոխիչը երկրորդ` նուազ զօրաւոր եւ վնասակար: Հովահար հաստատելու պարագային նկատի ունեցէք սենեակին մեծութիւնը:
***
Նախապատուութիւնը տալ գաղջ կամ պաղ լոգանքներուն եւ բաղնիքը տաք շոգիով չլեցնել:
***
Առաւօտեան` ժամը 11:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ը տունէն դուրս չելլել եւ ինքզինք չպարզել արեւի ճառագայթներուն:
***
Տան մէջ զով անկիւն մը չունենալու պարագային, ջանալ ժամանակը անցընել զովացուած վայրերու մէջ` հանրախանութներ շարժապատկերի սրահներ, ցուցասրահներ եւ այլն…
***
Օրուան մէջ տունէն դուրս ակնոց եւ գլխարկ կրել եւ անպայման շիշ մը ջուր վերցնել:
***
Օրուան ընթացքին քանի մը անգամ ցնցուղ (տուշ) ընդունիլ եւ բոյսերը ջրելու սփրէյով դէմքն ու անդամները զովացնել:
Առողջապահակն – 2 –
Ո՞ր Ուտելիքներէն Պէտք Է
Խուսափիլ Ամրան Եղանակին
Առատ ջուր խմելը, բաց գոյնի հագուստներ կրելը, գաղջ ջուրով լոգանքը, զովացուած վայրեր այցելելը, օրուան տաք ժամերուն դուրսերը չթափառիլը լաւ սովորութիւններ են ամրան տաքէն տոկալու եւ չանհանգստանալու համար: Ասոնց կողքին, սակայն, սննդագէտները կը յանձնարարեն վերատեսութեան ենթարկել ճաշացուցակը եւ հրաժարիլ որոշ ուտելիքներէ: Այսպէս տաք օրերուն խուսափինք`
Իւղոտ ուտելիքներէն, քանի որ անոնք մարսուելու համար յաւելեալ ճիգ կը պահանջեն մեր մարմնէն, ինչ որ իր կարգին կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը:
***
Կարմիր միսէն, քանի որ այնպէս, ինչպէս իւղոտ կերակուրը, կարմիր միսը եւս նոյն անպատեհութիւնը կը ներկայացնէ: Հետեւաբար նախապատուութիւնը տանք հաւեղէնին եւ ձկնեղէնին…
***
Միզեցնող խմիչքներէն, որոնք կը նպաստեն մարմնին ջրազրկման: Այսպէս չափաւորենք թէյը, սուրճը, գարեջուրը եւ նախապատուութիւնը տանք սովորական ջուրին:
***
Շաքարէն եւ ոգելից ըմպելիներէն, ասոնք եւս հակում ունին մարմնին ջերմաստիճանը բարձրացնելու: Տաք օրերուն հրաժարինք աղանդերներէն, պաղպաղակէն, պտուղի հիւթերէն եւ նախապատուութիւնը տանք թարմ պտուղներուն: Իսկ բաժակ մը խմիչք խմելու պարագային բաւարարուինք մէկ գաւաթ «ռոզէ» գինիով:
***
ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆՔ բանջարեղէններուն եւ կաթնեղէնին, որոնք առատ ջուր կը պարունակեն եւ մեր գործարանները յաւելեալ ճիգի մէջ չեն դներ:
Անշուշտ չմոռնանք ջուրին կարեւորութիւնը, ամրան տաք օրերուն ջուրի սպառումը պէտք է հասնի մինչեւ 2 լիթրի: Ջուր պէտք է խմենք, նոյնիսկ եթէ ծարաւ չենք զգար:
Սննդագիտական – Առողջապահական
Արեւածաղիկի Կուտին
Բարիքները
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ արեւածաղիկի կուտը նաեւ մեծ քանակութեամբ բնաթել եւ բնասպիտներ կը պարունակէ: Անիկա մեզի կը հայթայթէ նաեւ այլազան անթիօքիստաններ եւ քարոթէն, ինչպէս նաեւ` մակնեզիոմ, մանկանեզ, ֆոսֆոր եւ այլն…
Ստորեւ կը ներկայացնենք արեւածաղիկ կուտին բուժիչ յատկութիւնները.
– Օրական ափ մը արեւածաղիկի կուտ ուտելով` կը նուազեցնենք գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:
– Արեւածաղիկի կուտը կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններն եւ կը նուազեցնէ երակներուն մէջ կուտակուած իւղի պահեստները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան խցել երակները:
– Բժշկական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ արեւածաղիկի կուտը մեզ կը պաշտպանէ քաղցկեղէ:
– Անիկա կը պահպանէ վահանագեղձը եւ կ՛ապահովէ անոր առողջ գործունէութիւնը:
– Արեւածաղիկի կուտը կը զօրացնէ մեր մարմնին դիմադրականութիւնը:
– Անիկա նաեւ կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ:
– Մարսողական դրութիւն եւս կը բարելաւուի շնորհիւ արեւածաղիկի կուտին:
– Արեւածաղիկի կուտը կը թեթեւցնէ շնչարգելութիւնը ազմը եւ կը կանխարգիլէ գլխացաւը:
– Ափ մը արեւածաղիկի կուտը շնորհիւ կիրին եւ մակնեզիոմին` կ՛ապահովէ մեր ոսկորներուն առողջութիւնը:
– Էօ կենսանիւթով հարուստ այս կուտը թարմ եւ առողջ կը պահէ մեր մորթը:
– Մակնեզիոմի պակասը անձկութիւն եւ տրամադրութեան անկում կը պատճառէ, իսկ մակնեզիոմով հարուստ այս կուտը ընկճախտի եւ անքնութեան լաւագոյն դեղն է:
– Արեւածաղիկի կուտը կուշտ պահելու առաւելութիւնը ունի, հետեւաբար անիկա յանձնարարարելի է բոլոր անոնց, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին:
Ինչպէ՞ս Պաշտպանուիլ Տհաճ
Ճանճերէն Եւ Մժեղներէն
Ամրան եղանակի անպատեհութիւններէն մէկն ալ տհաճ ճանճերու եւ մժեղներու բազմացումն է: Անկախ մժեղներուն զզուելի խայթոցներէն, թէ՛ ճանճերը եւ թէ՛ մժեղները մեր առողջութեան սպառնացող եւ մանրէներ փոխադրող միջատներ են, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ:
Այսօրուան էջով ձեզի կը ներկայացնենք բնական, դիւրին եւ արագ միջոց մը` վերոյիշեալ միջատները մեր տուներէն հեռացնելու համար:
Առէք դեղին եւ կանաչ կիտրոններ, զանոնք կիսեցէք եւ իւրաքանչիւրին վրայ տասնեակ մը մեխակի գամ մխրճեցէք: Կիտրոնները զետեղեցէք տան սենեակներուն եւ յատկապէս խոհանոցին մէջ:
Քանի մը օրէն կիտրոնները կը գունաթափին, շատ բնական է, բայց դուք կ՛անդրադառնաք միջատներուն զգալի բացակայութեան:
Շաբաթական դրութեամբ նորոգեցէք կիտրոններն ու մեխակի գամերը: Բացօթեայ վայրերուն եւ ընդարձակ սենեակներուն պարագային կիտրոններուն թիւը աւելցուցէք:
Խոհագիր
Խնձորով Եւ
Շոմինով Աղցան
Բաղադրութիւն 4 անձի համար.-
1 կանաչ խնձոր
4 ափ թարմ շոմին (նախընտրաբար` փոքր տերեւներով)
100 կրամ ֆեթա
1 ափ ընկոյզ
1 ափ չոր լորամիրգ (քրենպըրի)
15 սլ լորամիրգի հիւթ
1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 թէյի դգալ մանանեխ
3 ապուրի դգալ ձէթ
Աղ
Պատրաստութիւն
Լորամիրգին հիւթը եռացնել, մինչեւ որ կիսով պակսի եւ մէկ կողմ դնել:
Խնձորը լուալ եւ առանց կեղուելու մահիկաձեւ, բարակ շերտել:
Ֆեթա պանիրը խորանարդաձեւ կտրտել:
Ներկայանալի, բաց ամանի մը յատակը ծածկել շոմինի թարմ տերեւներով, վրան շարել խնձորի շերտերը, պանիրի կտորները, ընկոյզն ու լորամիրգը:
Եռացած ու պաղած լորամիրգի հիւթին աւելցնել մանանեխը, կիտրոնի հիւթը, ձէթն ու աղը: Բոլորը միատեղ խառնել միատարր թացան մը ստանալու համար, ապա թացանը պարպել աղցանին վրայ եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ցորեանի Ծովեր
Հովե՜ր կ՛ացնին.
Ու ցորեաններս յուշիկ յուշիկ կ՛արթըննան.
Իրենց խորքէն կը հոսի դող մ՛անսահման:
Գեղադալար կողերն ի վար բըլուրին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:
Հովե՜ր կ՛ացնին.
Ա՛յնքան կ՛յորդի, կը կատղի դաշտը յուռթի`
Որ պիտի հոն արածող ուլը խեղդի:
Գոգին մէջէն ալետատան հովիտին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:
Հովե՜ր կ՛անցնին.
Ու ցորեանին պատմուճանները ծըփուն
Մերթ կը պատռին, մերթ կը կարուին փողփողուն:
Ըստուերի մէջ, լոյսերու մէջ փրփրագին
Ծովե՜ր կ՛ացնին:
Հովե՜ր կ՛անցնին.
Քիստերուն տակ կ՛ալեծփին եղիներ`
Ուր լուսնակն իր սափորին կաթն է հոսեր:
Կալերէն գիւղ, գիւղէն մինչեւ աղօրին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:
Հովե՜ր կ՛անցնին.
Զըմրուխտներով կը ծփայ դաշտը անհուն:
Ծիտը կ՛երգէ թառած ճիւղի մ՛օրօրուն`
Մինչ իր տակէն ցորեաններու մոլեգին
Ծովե՜ր կ՛անցնին,
Հովե՜ր կ՛անցնին:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ