Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կին Դէմքեր. Լուսիկ Ագուլեցի

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Վերջերս (յուլիս 13) Երեւանի մէջ մահացաւ նկարչուհի եւ ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին:

72 տարեկան նկարչուհին, որ քանդակագործ Եուրի Սամուէլեանի կինն է, ծնած էր Նախիջեւանի Գողթան գաւառի Ագուլիս քաղաքը եւ 1953-ին ընտանեօք տեղափոխուած էր Երեւան:

Նկարչուհին անդամ էր Հայաստանի Նկարիչների Միութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Յունաստանի մէջ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ, նաեւ մասնակցած է խմբային ցուցահանդէսներու` Փարիզի, Մոսկուայի, Թոքիոյի եւ այլ մեծ մայրաքաղաքներու մէջ:

«Նկարչութիւնը ինձ օգնեց ծաւալելու մշակոյթի տարբեր ճիւղերում, տեսնելու, ընկալելու եւ գնահատելու այն արժէքները, որոնք ստեղծել է մեր ժողովուրդը, ուստի ուսումնասիրում եմ ժողովրդական մշակոյթը, յատկապէս` ազգային տօները, ծէսերը տարազները», ըսած է ազգագրագէտը:

Լուսիկ Ագուլեցիի Տուն-Թանգարան

Մուրացանի փողոց, տուն 79 հասցէով կարելի է այցելել Լուսիկ Ագուլեցիի տուն-թանգարանը, ուր ցուցադրուած են նմուշներ հին հայկական մշակոյթի գրեթէ բոլոր տարրերէն, ինչպէս` հին իրեր, խեցեղէն, դրամի հաւաքածոյ, ազգային միջնադարեան արժէքներ, հնատիպ գիրքեր եւ սրբանկարներ, գորգեր, տարազներ, աշխատանքային գործիքներ, զէնքեր, պերճանքի առարկաներ, ծիսական տիկնիկներ, զարդեր եւ այլն…

Նշենք, որ գեղանկարչուհին ունի նաեւ երկու գործեր` «Անցեալի մասունքներ» (2010) եւ «Եուրի Սամուէլեան» (2012): Վերջապէս, ան արժանացած է տասնեակ մը պարգեւներու եւ մրցանակներու:

Ստորեւ նկարներուն վրայ կը տեսնենք Լուսիկ Ագուլեցին, որ ամէնուրեք կը ներկայանար միայն հայկական տարազով, ինչպէս նաեւ` անոր անունը կրող տուն-թանգարանէն հետաքրքրական նմուշներ:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Բողկը

Եկէք` ստուգենք, թէ ի՛նչ գիտենք քիչ ջերմուժ պարունակող, Սէ. կենսանիւթով եւ օլիկօ-էլեմաններով հարուստ բողկին մասին:

Բողկը որքան խոշոր, այնքան ալ կծու կ՛ըլլայ:

Սխալ, խոշոր բողկը առհասարակ անհամ կ՛ըլլայ: Կլոր եւ փոքր բողկին համը աւելի շեշտուած կ՛ըլլայ, քան` երկարաւուն տեսակը:

* * *

Բողկ ընտրելու ժամանակ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել անոր գոյնին:

Սխալ, բողկ ընտրելու ժամանակ պէտք է զայն ճզմել մատներով, իսկ ան պէտք է ամուր մնայ: Կակուղ բողկը թարմ չ՛ըլլար, նոյնպէս ալ` դեղնած ու թոշնած տերեւներովը:

* * *

Բողկին վարդագոյն գոյնը վերականգնելու համար պէտք է զայն լուալ պաղ ջուրով:

Սխալ, որպէսզի բողկը վերագտնէ իր վարդագոյն գոյնը, լուալու ժամանակ ջուրին քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնել:

* * *

Բողկին կապոցը ամբողջ շաբաթ մը թարմ կը մնայ սառնարանին մէջ:

Ճիշդ, տերեւներէն բաժնուած եւ չլուացուած բողկը ամբողջ շաբաթ մը թարմ կը մնայ սառնարանին մէջ:

* * *

Բողկին տերեւները անգործածելի են, պէտք է զանոնք թափել:

Սխալ, երկաթով, ինչպէս նաեւ Ա. եւ Սէ. կենսանիւթերով հարուստ այս տերեւները կարելի է օգտագործել ապուրներու եւ աղցաններու պատրաստութեան մէջ: Երբ թարմ ու փափուկ են, շոմինին նման օգտագործելի են:

* * *

Բողկը կը խթանէ ախորժակը:

Սխալ, բողկը կը խթանէ մարսողութիւնը, միեւնոյն ատեն ան միզեցնող մըն է:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք 5 օգտակար հնարքներ, որոնք մեզի կը վարժեցնեն դառնալով խնայողասէր եւ նուազ մսխող:

1

Կերակուրի պատրաստութեան ընթացքին հաւաքուած «աղբը»` սոխի, սխտորի աւելցուքներ եւ կեղեւ, բանջարեղէնի կոթեր, ազատքեղի կամ անանուխի թոշնած տերեւներ եւ կոթեր, ստեպղինի, գետնախնձորի կամ ճակնդեղի կեղեւներ… ցանկը շատ երկար է: Այս բոլորը մի՛ թափէք, այլ լեցուցէք բականով օժտուած (զիփլոք) կերպընկալ տոպրակի մը մէջ եւ սառցարանը պահեցէք: Ապուրի պատրաստութեան ընթացքին, փոխանակ շուկայէն խտացուած բանջարեղէնի հիւթ դնելու, զանոնք խաշեցէք, քամոցէ անցուցէք եւ օգտագործեցէք: Ասոնք աւելի բնական եւ անվնաս են, քան` շուկայէն գնուած խտացուած խորանարդները:

2

Երբ տունը հաւ եփէք, ոսկորները մի՛ թափէք, զանոնք ջուրի մէջ խաշեցէք: Ջուրը համեմեցէք աղով եւ սեւ պղպեղով: Մի՛ մոռնաք ջուրին կիտրոնի կեղեւ եւ դափնիի տերեւ մը աւելցնելու:

Ստացուած հիւթը քամոցէ անցուցէք եւ ձգեցէք, որ պաղի, ապա լեցուցէք սառցամանի մէջ եւ սառեցուցէք:

Սառած խորանարդները կերպընկալ տոպրակի մը մէջ լեցուցիք եւ սառցարանը պահեցէք: Ապա զանոնք օգտագործեցէք ձեր կերակուրներուն պատրաստութեան մէջ:

3

Երբ կանաչ սոխ կամ պրաս կ՛օգտագործէք, արմատներուն, բարակ մազմզուկներուն բաժինը մի՛ թափէք, այլ զետեղեցէք ջուրով լեցուն բաժակի մը մէջ եւ ձգեցէք, որ ծլին եւ նոր ու թալար տերեւներ տան. այսպիսով, երկրորդ առիթ մը կ՛ունենաք զանոնք օգտագործելու:

4

Յաճախ կը կարծենք, որ մեծ չափերով կամ մեծաքանակ գնելը աւելի խնայողական է, թերե՛ւս, բայց` ոչ միշտ: Այսպէս, համեմները գնեցէք փոքր շիշերով կամ ծրարներով եւ յաճախ նորոգեցէք զանոնք: Մեծաքանակ գնուած համեմներուն կեանքը երկար չէ, անոնք 6 ամսուան ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց համն ու բոյրը:

5

Եթէ աւելցած կերակուր ունիք, որքան ալ քիչ ըլլայ անոր քանակը, մի՛ թափէք զայն, այլ տեղաւորեցէք բականով օժտուած (զիփլոք) կերպընկալ տոպրակի մէջ, սառցարանը տեղաւորեցէք եւ յառաջիկայ օրերուն օգտագործեցէք: Մի՛ մոռնաք, որ դուք գումար ծախսեր էք եւ ժամանակ տրամադրեր էք զայն պատրաստելու համար:

Ձեռային Աշխատանք

Գործնական Բարձ Մը

Գրպաններով օժտուած այս գործնական բարձը կրնաք դուք պատրաստել, եթէ կարի ճարտարութիւն ունիք եւ կամ` դերձակուհիի մը օգնութեան դիմել:

Նայած ձեր կահոյքի գոյնին` ընտրեցէք միագոյն, ծաղկաւոր կամ գծաւոր կտոր մը եւ կարեցէք 4 բաժանումներով օժտուած բարձի երես մը, ապա մէջը տեղաւորեցէք բարձը:

Բաժանումներուն մէջ կրնաք տեղաւորել հեռավարները եւ այլ իրեր:

Խոհագիր

Ճակնդեղով Մածուկ

Այս մածուկը կարելի է հրամցնել տապկուած գետնախնձորի, խորովածի եւ խորոված բանջարեղէնի կողքին:

Բաղադրութիւն.

– 500 կրամ հում ճակնդեղ
– 200 մլ. խնձորի քացախ
– 100 կրամ շէկ շաքար
– 1 սոխ
– Աղ, սեւ պղպեղ, գինձի փոշի

Պատրաստութիւն.

Կեղուել եւ մանրել սոխը: Կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրտել ճակնդեղը: Կաթսայի մը մէջ լեցնել զանոնք, աւելցնել քացախը, շաքարը եւ եփել շուրջ 25 վայրկեան, մինչեւ որ ճակնդեղը փափկի:

Կրակին տակը մարել եւ բաղադրիչները հարիչէ անցընել, աւելցնել համեմները եւ խառնել:

Այս մածուկը ծանօթ է նաեւ որպէս «ճակնդեղի քէչափ»…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լռութիւնը Ոսկի Է

Որ ոսկի՛ է լռութիւնը,
Այդ վաղուցուա՜յ յայտնութիւն է.
Թէեւ ես միշտ զարմացե՜լ եմ,
Թէեւ յաճախ զայրացե՜լ եմ,
Սակայն հիմա հաւատու՛մ եմ,
Որովհետեւ… հասկացե՜լ եմ:

Լռութիւնը ա՛յն ոսկին է,
Այն յանցանքի ծա՜նր գինը,
Որ խոհող մարդն ստանում էր,
Երբ տեսնելով սպանումը,
Երբ տեսնելով կեղծն ու սուտը,
Քծնութիւնը, դաւն ու մութը,
Յուզւու՛մ, խօսու՛մ, կամ գրու՞մ էր._
Ո՛չ,
Տեսնու՛մ էր, բայց լռու՜մ էր…
Ամուր սերտած` ո՛չ կռուելու,
Այլ տեսնելու՛ եւ լռելու՛
Ճորտի՜ն վայել յայտնութիւնը,
Թէ… «Ոսկի է լռութիւնը»:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>