Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ն Է Ծնողք-Զաւակ Ձեր Կապը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ընտրեցէք երեք հաւանական պատասխաններէն յարմարագոյնը եւ վերջաւորութեան իմացէք, թէ ինչպիսի՛ են ձեր եւ ձեր զաւկին միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:

1

Յաճախ ձեր զաւակները ձեզ կը մեղադրեն, որ`

ա.- Անտեղի կը մտահոգուիք իրենց համար:
բ.- Շատ հարցում կը հարցնէք իրենց մասին:
գ.- Խստապահանջ էք:

2

Երբ ձեր զաւակը լուրջ դժուարութիւն մը ունենայ,

ա.- Անմիջապէս ձեզի կը դիմէ, քանի որ իր սրտին խօսող լուծումներ կը գտնէք:
բ.- Ձեզի կը դիմէ, քանի որ կը հանգստացնէք զինք:
գ.- Ձեզի կը դիմէ, քանի որ շնորհիւ ձեզի` ամէն բան աւելի յստակ կը տեսնէ:

3

Ձեր զաւակը խռոված է…

ա.- Հետը կ՛առանձնանաք եւ բացատրութիւն կ՛ուզէք:
բ.- Կը սպասէք, որ հանդարտի եւ արտայայտուի:
գ.- Ձեր թեւերուն մէջ կ՛առնէք եւ պատճառը կը հարցնէք:

4

Ձեր զաւակը դպրոցէն կը կախակայուի իր մէկ յանցանքին համար:

ա.- Անմիջապէս դպրոց կը ներկայանաք եւ բացատրութիւն կը պահանջէք:
բ.- Զայն  կը կանչէք եւ կ՛ուզէք լսել պատճառը:
գ.- Առանց մանրամասնութիւնները լսելու` անկէ խոստում կ՛առնէք, որ ուրիշ անգամ չկրկնէ:

5

Ձեր զաւակը դպրոցական քննութիւններու կը պատրաստուի:

ա.- Ձեր բոլոր գործերը մէկ կողմ կը ձգէք եւ կողքին կը նստիք:
բ.- Պէտք եղած ցուցմունքները կու տաք եւ հեռուէն կը հսկէք:
գ.- Արդէն նախօրօք պատրաստած էք անոր աշխատանքի ժամանակացոյցն ու ծրագիրը, իրեն կը մնայ հետեւիլ ձեր ցուցմունքներուն:

6

Մինչեւ օրս պահած էք`

ա.- Ձեր զաւկին բժշկական տետրակը:
բ.- Ձեր զաւկին առաջին բանաստեղծութիւնը:
գ.- Ձեր զաւկին կաթի ակռան:

7

Մայր դառնալով սորվեցաք`

ա.- Դատել եւ դատուիլ:
բ.- Ինքնամոռաց դառնալ:
գ.- Տկարանալ զաւկին դիմաց:

8

Մայրերու օրը մտքով կը  կապէք`

ա.- փունջ մը ծաղիկի հետ:
բ.-  ընտանեկան ընթրիքի հետ:
գ.- սրտաբուխ մաղթանքի հետ:

9

Ձեր զաւակը արդէն ձեզի հետ չ՛ապրիր, բայց եւ այնպէս`

ա.- Իր սենեակը եղածին պէս պահած էք:
բ.- Շաբաթական դրութեամբ հետը կը խօսիք:
գ.- Տեւաբար ձեր կարծիքին կը դիմէ:

10

Եթէ խաղալիքի մը վերածուէիք, պիտի փափաքէիք ըլլալ`

ա.- Խոշոր արջուկ մը:
բ.- Լեկոյի խաղ մը:
գ.- Բառախաղ մը:

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կը նշանակէ, որ ձեր զաւակը ձեր կեանքին ամբողջ իմաստն է, ձեր գոյութեան միակ պատճառն է: Հետեւաբար շատ բնական կը գտնէք, որ մէկ կողմ ձգէք ձեր փափաքներն ու երազները եւ ամբողջովին նուիրուիք անոր:

Ժամանակն է, որ քիչ-քիչ թեւեր տաք անոր, որպէսզի սորվի ինքնաբաւ ըլլալ, իսկ դուք զբաղեցէք ձեր անձով, եղէք «անձնասէր», նաեւ` որպէսզի հետագային մեծ յուսախաբութիւններ չապրիք:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ.» է, որպէս ծնող` ոստիկան չէք, չէք փափաքիր, որ ձեր զաւակը ձեզ դիտէ որպէս օրէնքներ ճշդող եւ արտադրող անձ, այլ կ՛ուզէք, որ մօտենայ ձեզի, հանգիստ արտայայտուի իր դժուարութիւններուն մասին, ձեզի հետ բաժնէ իր վիշտն ու ուրախութիւնը: Ազատ կը ձգէք, որ կեանքի մէջ իր ընտրութիւնները կատարէ եւ իր անձնական թեւերով թռչի:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ձեր զաւկին դաստիարակութիւնը առաջնահերթ է ձեզի համար: Կը ջանանք անոր համար ստեղծել յարմար միջավայր եւ ճշդել օրէնքներ, որպէսզի ինքզինք կառուցէ եւ աւելի ուշ երախտապարտ ըլլայ ձեզի…

Զօրաւոր անհատականութիւն ունիք եւ նոյնիսկ ձեզմէ հեռու` կը փորձէք հակիլ անոր վրայ, քանի որ երեխան երեխայ կը մնայ ձեր աչքով:

Լուսաւոր Գաղափարներ

Ի՞նչը Ինչպէ՛ս Օգտագործել

Կան լուսաւոր գաղափարներով օժտուած- ստեղծագործ մարդիկ, որոնք հինը նորի վերածելու եւ սովորական իրերուն նոր կեանք տալու շնորհքը ունին: Ստորեւ տրուած հինգ նմուշներէն առնուազն մէկ-երկուքը կրնան նաեւ ձեզ հետաքրքրել, եւ կը փափաքիք ընդօրինակել զանոնք:

Հին Անգործածելի Աթոռներ

Ձերբազատեցէք անոնց ոտքերէն, գունաւոր ներկեցէք զանոնք եւ օրօրոցներու վերածեցէք:

Երեխայի Մահճակալ

Երեխայի անգործածելի մահճակալը վերածեցէք աշխատանքի սեղանի, երեսը քարէ տախտակ մը հաստատելով: Նկարը բաւարար խօսուն է:

Լուացքի Տաշտ

Քառանկիւն լուացքի տաշտը տեղաւորեցէք լոգարանին մէջ, քանի մը խաղալիք դրէք մէջը եւ հոն` ձեր երեխան ապահով կրնայ խաղալ շատ երկար ժամանակ:

Խոշոր Սաւան

Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, խոշոր սաւանի մը ծայրամասերը սեղանի մը շուրջ հանգուցեցէք եւ օրրանի վերածեցէք: Հոն, շուքին երեխան կրնայ մրափ մը առնել:

Գրպաններով Օժտուած…

Գրպաններով օժտուած եւ դասաւորումի ծառայող կտաւէ կախիչը հաստատեցէք ինքնաշարժի աթոռին. ետեւը նստող երեխային համար գրպաններուն մէջ տեղաւորեցէք փափուկ խաղալիքներ, գիրք, շիշ մը ջուր եւ այլն… Այսպիսով, ան իրեն համար զբաղում կը գտնէ:

Գեղեցկագիտական

Վարունգով Դէմքի Ծեփուկներ

Ծեփուկ` Փայլքը Կորսնցուցած Մորթի Համար

Անհրաժեշտ են` վարունգ մը եւ մածուն:

Վարունգը լուալ, կեղուել եւ հարիչէ անցընել: Աւելցնել սուրճի գաւաթ մը մածուն, խառնել` միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար: Զայն տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ. սպասել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

Ծեփուկ` Իւղոտ Մորթի Համար

Անհրաժեշտ են` վարունգ մը, հաւկիթի ճերմկուց եւ ապուրի դգալ մը կիտրոնի հիւթ:

Հաւկիթին ճերմկուցը զարնել, մինչեւ որ փրփրի: Աւելցնել հարիչէ անցած վարունգը եւ կիտրոնի հիւթը: Խառնել եւ թանձրուկը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ: Սպասել 15-20 վայրկեան, ապա ցօղուել եւ ցամքեցնել դէմքը: Եթէ ձեռքի տակ վարդի ջուր կայ, մաքուր բամպակի կտորով մը կրկին մաքրել դէմքը:

Խոհագիր

Խնձորով Աղանդեր

Բաղադրութիւն.

– 1 ծրար սառած շերտաւոր խմոր (փաթ ֆէօյըթէ)
– 1 խոշոր թթուաշ խնձոր
– 1 թէյի դգալ կասիա
– 2 ապուրի դգալ կեղուըւած եւ մանրուած նուշ
– 1 հաւկիթ
– փոշի շաքար

Պատրաստութիւն.

Խնձորը կեղուել եւ զայն քերոցէ անցընել: Շերտաւոր խմորը բանալ եւ վրան տարածել խնձորը, ապա յաջորդաբար երեսը ցանել կասիան, փոշի շաքարը եւ մանրուած նուշը:

Խմորը ինքն իր վրայ ոլորել եւ սառնարանը պահել առնուազն երեք քառորդ ժամ, որպէսզի քիչ մը կարծրանայ եւ յետոյ շերտելը դիւրին ըլլայ:

Մինչ այդ փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով եւ փոս ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթը:

Սառնարանէն հանել խմորը, կլոր շերտերու վերածել, ափսէի մէջ շարել եւ իւրաքանչիւրը ծեփել հակիթով:

Ափսէն փոխադրել փուռ եւ 15-20 վայրկեան եփել: Կարելի է ուտել գաղջ կամ պարզ գաւաթ մը թէյի կամ սուրճի կողքին:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աբովեան Փողոց

Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց –
Շուրթին անունը մեր Աբովեանի,
Ձգւում է, փռւում – ծառով, ծիծաղով
Կանաչ սրտի մէջ մեր Երեւանի.

Բացուել են ուրիշ շքեղ փողոցներ,
Ու սերունդներ են եկել ու անցել,
Բայց նա ինչպէս հին ու առաջին սէր
Նորից ամէնից թանկն է մնացել.

Տխրում է հոգին – իր գիրկն ենք գնում,
Երբ ուրախ ենք մենք այնտեղ ենք կրկին
Երբ մտերմի է սիրտը որոնում
Այնտեղ է գտնում իր որոնածին.

Ու երբ մթնում է մեր միտքը բարի
Հայոց հինաւուրց բախտի մռայլով
Մեզ սփոփում է նրա մայթերի
Կենդանութիւնը, աշխոյժը խռով.

Ասես երակն է աշխարհի հայոց
Որ բաբախում է յաւերժ կենդանի
Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց
Շուրթին – անունը մեր Աբովեանի…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>