Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երբ Երեխան Մահէն Կը Վախնայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շատ մը երեխաներ կը վախնան մահէն: Այս վախը բնական եւ անցողակի է յաճախ եւ ի յայտ կու գայ 6-7 տարեկանին: Այս երեւոյթը կրնայ կապ ունենալ հարազատի մը մահուան կամ սիրելի անասունի մը կորուստին հետ:

Ինչպէ՞ս կրնաք օգնել ձեր զաւակին, որպէսզի ան ձերբազատի մահուան վախէն` թանաթոֆոպիայէն, որ ամենատարածուած վախերէն մէկն է:

– Երեխային վախը լուրջի առէք: Խօսեցէք անոր հետ, երբ ան կը պատմէ իր վախին մասին: Մէկ կողմ ձգեցէք բոլոր զբաղումները եւ այդ պահուն ժամանակ տրամադրեցէք ձեր զաւկին:

– Հանգիստ ձեւացէք: Մի՛ անհանգստանաք եւ խուճապի մի՛ մատնուիք, երբ երեխան մահուան նիւթը կը բանայ: Դուք պէտք է վստահութիւն ներշնչէք անոր:

– Եղէք բնական: Մի՛ կեղծէք, մի՛ խաբէք երեխան: Ճշմարտութիւնը ըսէք: Մարդու կեանքին զանազան փուլերը բացատրեցէք բոյսերու, տարուան եղանակներու օրինակներով: Մի՛ օգտագործէք «Մեզմէ հեռացեր է» արտայայտութիւնը: Ըսէք, որ ան մեզի հետ չէ, այսուհետեւ ան մեզի համար կը դառնայ անտեսանելի: Մենք միշտ պէտք է յիշենք զայն: Ան մեզի հետ կ՛ըլլայ, քանի տակաւին կը յիշենք:

– Եղէք ուրախ: Երեխաները յաճախ կը վախնան, որ ծնողները կը մեռնին եւ զիրենք մինակ կը ձգեն: Խօսքի մէջ յաճախ ըսէք, որ դուք երկար պիտի ապրիք եւ կը պատրաստուիք ձեր թոռնիկները տեսնելու:

– Երեխային հետ յաճախ խօսեցէք կեանքի մասին: Ըսէք, թէ որքան մեծ պարգեւ է կեանքը: Միասին պտտեցէք, վայելեցէք բնութիւնը, դիտեցէք ծառերն ու թռչունները… երեխան պէտք է վարժուի արժեւորել կեանքը եւ գնահատել դրականը:

– Օրական խօսեցէք երեխային հետ: Ամէն օր, քնանալէ առաջ, քննարկեցէք օրուան ընթացքին երեխային անհանգստացուցած դէպքերն ու միտքերը: Բացատրութիւն տուէք եւ լուծումներ առաջարկեցէք եւ հոգեպէս հանգստացուցէք  զայն:

– Ձեր զաւկին համար կարդացէք լաւ եւ ուսուցողական գիրքեր: Կրնաք կարդալ առակներ, հեքիաթներ, ուր կան վատ ու լաւ հերոսներ, որոնց շնորհիւ երեխան կը սորվի ըլլալ հոգատար, բարի, կամեցող:

– Դիմեցէք հոգեկանին: Եթէ այս բոլորէն ետք, երեխան կը շարունակէ մահէն վախնալ, պէտք է որ դիմէք մասնագէտի մը կարծիքին: Այս հարցով պէտք է զբաղիլ ամենայն լրջութեամբ:

Հետաքրքրական

Գաթայի Փառատօն

Անցեալ շաբաթավերջին Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ կայացաւ տարեկան Գաթայի փառատօնը, ուր այցելուները տեսան եւ համտեսեցին աշխարհի ամենամեծ գաթան:

Նոյն առիթով տեղի ունեցան` գաթայի պատրաստութեան մրցում, ազգային խաղեր, ձիավարութիւն, արիշտայի պատրաստութիւն եւ ինչպէս միշտ` երգ ու պար:

Մասնակիցները նաեւ առիթը ունեցան համտեսելու գիւղին բնորոշ համեղ ճաշատեսակներ եւ բարիքներ, ինչպէս նաեւ` այցելելու գիւղին փոքրիկ թանգարանը:

Վերջապէս, ինչպէս նախորդ տարիներուն ուշագրաւ էր, արհեստի եւ արուեստի գործերու ցուցահանդէս-վաճառքը:

Այս առիթով, եկէք, ծանօթանանք Հայաստանի փառատօներու ամբողջական ցուցակին:

– Ձուկի փառատօն, Աբովեան քաղաք
– Տոլմայի փառատօն, Սարդարապատի յուշահամալիր
– «Հացը լեռներում» փառատօն, Էրեբունի ամրոց (Երեւան)
– Թութի փառատօն, Գորիս քաղաք
– Ոչխարներու խուզումի փառատօն, Տաթեւ գիւղ
– «Նաւասարդ» փառատօն, Ծաղկունք գիւղ
– Գորգերու փառատօն, Դիլիջան քաղաք
– Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօն, Բերդ քաղաք
– Խորովածի փառատօն, Ախթալա քաղաք
– «Հայֆեսթ» փառատօն, Երեւան
– Գինիի փառատօն, Ռինդ եւ Արենի գիւղեր
– Գաթայի փառատօն, Խաչիկ գիւղ

Կարագ Օգտագործելու
Այլ Տարբերակներ

Եթէ մինչեւ օրս կարագը կը գործածէիք ձեր կերակուրներուն եւ անուշեղէններուն մէջ միայն, այսուհետեւ իմացէք, որ կարելի է զայն օգտագործել`

– Չէզոքացնելու համար ծանր հոտերը: Եթէ տունը ձուկ մաքրած էք, ձեր ձեռքերը շփեցէք կարագով, ապա տաք ջուրի տակ օճառեցէք զանոնք: Ձուկին հոտը անմիջապէս կ՛անհետանայ:

***

– Պանիրը բորբոսէ պաշտպանելու համար: Պանիրին չորս կողմը ծեփեցէք կարագով, որպէսզի աւելի երկար ժամանակ թարմ մնայ ու չբորբոսի:

***

– Չոր մազերը փափկեցնելու համար: Մազերուն ծայրամասերուն կարագ քսեցէք եւ ափերուն միջեւ մարձեցէք զանոնք: Լոգանքի կերպընկալ գլխարկ մը անցուցէք ձեր գլխուն եւ կէս ժամ սպասեցէք, ապա շամփուէնով լուացէք:

***

– Ձեռքին փակած խէժէն ձերբազատելու համար: Եթէ ձեր ձեռքերուն խէժ փակած է, առէք կարագի կտոր մը եւ անով շփեցէք ձեր մատներն ու ափը, ապա տաք ջուրով լուացուեցէք:

***

– Խոշոր դեղահատ մը կլլելու համար: Երբեմն որոշ դեղահատեր այնքան խոշոր կ՛ըլլան, որ կլլելու դժուարութիւն կ՛ունենաք: Նման պարագայի` զայն կարագով ծեփեցէք, որպէսզի դիւրին կլլէք:

***

– Նեղ մատանին հանելու համար: Եթէ մատանին ամուր սեղմած է ձեր մատը եւ կ՛ուզէք վայրկեան առաջ ձերբազատիլ անկէ, կարագի կտորով մը շփեցէք զայն եւ ան դիւրաւ դուրս կու գայ:

***

– Ճռռացող դուռերուն համար: Եթէ ձեր տան դուռերէն մէկը կը ճռռայ եւ համապատասխան իւղը չունիք, ծխնիները շփեցէք կարագով, եւ ձայնը շուտով կը չքանայ:

***

– Մազերուն փակած ծամոնը հանելու համար: Ձեր երեխային մազերուն ծամո՞ն փակած է,  կարագի կտորով մը շփեցէք մազերուն փունջը, 2-3 վայրկեան սպասեցէք եւ ծամոնը դիւրաւ դուրս կու գայ:

Նորաձեւութիւն

2018-2019 Աշուն-Ձմեռ Նորաձեւութեան
Գլխաւոր Յատկանիշները

Փարիզի, Միլանոյի, Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ կայացած «նորաձեւութեան շաբաթներ»-ը, արդէն մեր ետին են, իսկ նորաձեւութեան աշխարհի մեծագոյն ոճաբանները իրենց վճիռները արձակած են, ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան:

Ո՞ր Գոյները

Յառաջիկայ աշնան եւ ձմրան տիրական գոյներն են` մոխրագոյնը (կրի սուրի), պեժը, «խաքի» կանաչը, դեղինը` իր բոլոր երանգներով, աչքառու վարդագոյնը, արծաթագոյնը, լազուարթն ու պորտոն:

Ո՞ր Նախշերը

Շատ նորաձեւ են «էքոսէ»-ն, «լէոփար»-ը, մանր ծաղկաւորը: Պիտի հանդիպինք «էքոսէ»-ի բոլոր տարբերակներով բաճկոններու եւ վերարկուներու: «Լէոփար» հագուստներն ու տաբատները պիտի ընդգծեն կանացի վայելչութիւնը, իսկ մանր ծաղիկներով երկար ու լայն փէշերը պիտի համադրուին միագոյն, խոշոր բրդեայ գազակներուն հետ:

Ո՞ր Տեսակի Կտորները

Բացի բրդեայ հագուստներէն` նորաձեւ կը մնան արհեստական մուշտակը եւ մանաւանդ կաշին:

Ո՞ր Ոճերը

«Հիփփի» ոճը իր տեղը ունի ցերեկային հագուստներու շարքին:

«Տուտուն» կոչուած անջրաթափանց, թանձր բաճկոնները եւս ներկայ են անձրեւէն ու քամիէն պաշտպանելու համար:

«Ուեսթըռն սթայլ»-ը իր մոյկերով, գօտիներով եւ ծոպերով նախատեսուած է յատկապէս երիտասարդներուն համար:

«Ուըրքինկ կըրլ» ոճը, որ կը յատկանշուի «մատիտ փէշ»-ով (նեղ, ուղիղ կտրուածքով փէշ) եւ վայելուչ շապիկներով թելադրուած է գրասենեակներու մէջ աշխատողներուն:

«Լէյըրինկ» կոչուած ոճը եւս նորաձեւ է, յատկապէս` բարձրահասակ ու սլացիկ մարմին ունեցողներուն: Այս ոճին յատկանիշն է տարբեր հասակի հագուստ, փէշ, շապիկ, ժիլէ վրայ-վրայի կրելը:

Յիշենք, որ ոճաբանները առհասարակ հզօր երեւակայութեամբ օժտուած, երբեմն ծայրայեղ արուեստագէտներ են, անոնց յղացումները որպէս պատուիրան կարելի չէ ընդունիլ: Իւրաքանչիւր կին կամ երիտասարդուհի հագուստ ընտրելու եւ գնելու ատեն  կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնէ իր տարիքը, մարմնին կազմուածքը, յաճախած վայրերը, գործին տեսակը եւ կուրօրէն չդառնայ նորաձեւութեան գերին:

Խոհագիր

Չիրերով Կարկանդակ

Այսօրուան խոհագիրը չիրերով պատրաստուած կարկանդակ է, եւ ոչ թէ կարկանդակ` չիրերով:

Բաղադրութիւն.-

400 կրամ ընկոյզ եւ չիրի տեսականի (ծիրան, սալոր, թուզ, չամիչ…)
2 հաւկիթ
6 ապուրի դգալ շաքար
6 ապուրի դգալ ալիւր
1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր

Պատրաստութիւն.-

Չիրերը կտրտել եւ խառնել ընկոյզին:

Հաւկիթները զարնել եւ աւելցնել կտրտուած չիրերուն:

Աւելցնել շաքարաւազը, ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը եւ շատ լաւ խառնել:

Կաղապարը ծեփել կարագով եւ զանգուածը մէջը լեցնել: Եփել 45 վայրկեան` նախապէս 180 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռի մէջ:

Շատ լաւ պաղելէն ետք միայն շերտել եւ հրամցնել:

Շաբթուան Մտածումը…

Ամենակարեւոր բաները մեզ ոչ ոք չսովորեցրեց: Առաջին դասարանում անցանք այբուբենը, դա յետոյ էլ կը սովորէինք:

Յետոյ թուաբանութեան դասատուն մեզ անգիր անել տուեց բազմապատկման աղիւսակը … երբ կեանքում մենք անընդհատ բաժանուելու էինք` մեր մտերիմներից, մեր յոյսերից, մեր ապրած տարիներից…

Սովորեցրին հին ու նոր ժամանակների պատմութիւններ, որ ի՞նչ…

… Եւ ոչ ոք չսովորեցրեց ինչպէ՛ս հասկանալ կողքինի տխրութիւնը, ինչպէ՛ս լսել լռութիւնը, ինչպէ՛ս տառապել… արժանապատուութեամբ:

Թողեցին, որ այդ ամէնը սովորենք ինքնակրթութեամբ` ինչպէս ասում են:

… Իսկ աւելի մարդավարի ասած` մեր սրտերի վրայ ստացած վէրքերով պիտի սովորէինք ամենակարեւոր բաները:

Իսկ վէրքերից սպիներ են մնում…

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>