Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ոմանց կը թուի, որ իրենց երեխան կու լայ, մինչդեռ ուրիշներունը` ոչ…
Բոլոր երեխաներն ալ կու լան, քանի որ անոնց համար լացը միակ միջոցն է բան մը հասկցնելու: Ծնողներուն կը մնայ վերծանել երեխային լացին պատճառը:
Երեխաները կու լան,
Եթէ Անօթի Են
Անօթի երեխային լացը կրնայ հասնիլ մինչեւ գոռոցի: Ան որքան շատ անօթի զգայ, այնքան աւելի կը սաստկանայ գոռոցը: Հետեւաբար պէտք է ուշադիր հետեւիլ զայն կերակրելու ժամերուն, որպէսզի երեխան չտանջուի:
Եթէ Հանգիստ Չի Զգար
Երեխաները, բացի լացէն, ուրիշ միջոց չունին իրենց ծնողներուն հասկցնելու, որ իրենք լաւ չեն զգար: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք կը մսին, կամ կը տաքնան: Այդ պարագային լացը ընդհանրապէս միալար եւ տխուր կ՛ըլլայ:
Եթէ Ցաւ Ունին
Այս պարագային երեխան բարձրաձայն եւ անընդհատ կու լայ: Հնարաւոր է, որ կը ցաւին անոր ականջները, լինտերը, փորը… վերջինին պարագային ան կը պրկէ տոտիկները:
Եթէ Կը Ձանձրանայ
Այո՛, կարելի է լալ ձանձրոյթի պատճառով: Երեխան ձանձրացած է անընդհատ նոյն տեղը պառկելէ եւ նոյն առաստաղը դիտելէ… Խաղացէք անոր հետ, խօսեցէք, երգեցէք:
Եթէ Յոգներ Է
Երեկոյեան երեխան արդէն կուշտ է, լոգցած, մաքուր եւ յանկարծ կը սկսի լալու: Այսպիսով, ան դուրս կը հանէ օրուան ընթացքին կուտակուած յուզումներն ու յոգնածութիւնը: Փորձեցէք երեխան հանգստացնել կռնակն ու թաթիկները մարձելով, երգելով…
Մի՛ զայրանաք, երբ ձեր փոքրիկը կու լայ, փորձեցէք հասկնալ լացին պատճառը եւ օգնել անոր:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Կերակուրի Աղը Գործածելու
Հինգ Այլ Տարբերակներ
1
Ջրուռիէ Կահոյքները Կը Պաշտպանէ
Ջրուռիէ կահոյքները ժամանակի ընթացքին կը դեղնին, կը տժգունին, իրենց փայլքը կը կորսնցնեն… Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար անոնց վրայ կերակուրի աղ ցանեցէք եւ խոնաւ խոզանակով մը խոզանակեցէք ու արեւին տակ ձգեցէք, որ չորնան:
2
Կօշիկներուն Գարշելի Հոտը Չէզոքացնելու Համար
Շատերու կօշիկները եւ մանաւանդ մարզական կօշիկները գէշ կը հոտին. այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար կէս լիթր ջուրին մէջ երեք ապուրի դգալ աղ լուծեցէք, հեղուկը լեցուցէք սփռիչի մէջ եւ սփռեցէք ձեր կօշիկներուն մէջ` առանց ամբողջութեամբ թրջելու զանոնք, ապա ձգեցէք, որ չորնան` արեւի ճառագայթներէն հեռու:
3
Սպունգներուն Կեանքը Երկարելու Համար
Որպէսզի խոհանոցի սպունգը երկար դիմանայ, օրուան աւարտին զայն 5-10 վայրկեան մխրճեցէք աղի ջուրի մէջ (կէս լիթր ջուր, 1 ապուրի դգալ աղ): Այսպիսով, անիկա չի ձեւափոխուիր եւ երկար ատեն կը պահէ իր լաւ վիճակը:
4
Յանգող Կրակը Բոցավառելու Համար
Յանգող կրակին վրայ բուռ մը աղ թափեցէք եւ ան շատ արագ կը բոցավառի: Լաւ հնար մը` խորովածի պատրաստութեան ժամանակ:
5
Ծաղիկներուն Կեանքը Երկարելու Համար
Ծաղկամանի ջուրին պտղունց մը աղ աւելցուցէք. այս պարզ միջոցով ձեր ծաղիկները շատ աւելի երկար կ՛ապրին…
Գեղեցկագիտական
Ազատքեղով Դիմակ
Մեր կերակուրներուն մէջ առատօրէն օգտագործուող եւ անոնց համ ու բոյր տուող ազատքեղը ունի բուժիչ յատկութիւններ. անիկա կը բարելաւէ մարսողութիւնը, կը կանոնաւորէ դաշտանը, կը չէզոքացնէ բերնին անախորժ հոտը եւ կ՛օգնէ, որ մարմինը ձերբազատի թունաւոր նիւթերէն:
Թերեւս վերը նշուածներուն բոլորս ալ ծանօթ ենք, բայց քիչեր գիտեն, որ ազատքեղը մեր դէմքի մաշկին մեծ ծառայութիւններ կը մատուցէ… Սէ. եւ Քա. կենսանիւթերը, որոնք առատօրէն կը գտնուին այս կանաչեղէնին մէջ, կ՛օգնեն մաշկին, որպէսզի անիկա աւելի լաւ շնչէ, եւ` արիւնին, որպէսզի աւելի լաւ շրջագայի: Նոյն այս կենսանիւթերը նաեւ կ՛արգիլեն, որ աչքերուն տակ մութ գոյնի բիծեր գոյանան, կը դարմանեն բշտիկները, հիմնովին կը մաքրեն մորթը, կը բանան անոր գոյնը եւ կ՛ուշացնեն կնճիռները: Այս բոլորէն ետք արդեօք չ՛արժե՞ր փորձել ազատքեղով պատրաստուած դիմակ մը` տան պայմաններով, առանց մեծ գումարներ վատնելու:
Ազատքեղով դիմակին համար անհրաժեշտ են`
– լեցուն ափ մը թարմ ազատքեղ
– երկու թէյի դգալ խնձորի քացախ
– երեք թէյի դգալ մածուն
Պատրաստութիւն
Աատքեղը լուալ եւ մաքրել, ապա հարիչին մէջ դնել, աւելցնել մնացեալ բաղադրութիւնները եւ հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:
Թանձրուկով ծեփել դէմքն ու պարանոցը, սպասել քսան վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Առողջապահական
Ականջները Երբեք Չմաքրէք
Բամպակի Ձողիկներով
Ականջները մեր մարմինին ամենակարեւոր մասերէն մէկն են: Անոնք ոչ միայն կ՛օգնեն մեզի լսելու եւ շրջապատին հետ հաղորդակցելու, այլեւ կը պահպանեն մեր մարմնին հաւասարակշռութիւնը:
Բժիշկներու կարծիքով, ականջները մաքրելու համար նախընտրելի է մատները օգտագործել, քան` բամպակի ձողիկները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան վարակներու եւ վնասուածքներու պատճառ դառնալ:
Բամպակի ձողիկները աւելի խորը կը հրեն ականջին «խէժը», որ կուտակուելով` բորբոքումներու դուռ կը բանայ:
Մեզի անախորժ թուացող այդ «խէժը» խորքին մէջ պաշտպանողի դեր կը կատարէ, անիկա ականջները կը պաշտպանէ աղտէն, միջատներէն, սնկային մանրէներէն` միշտ իր վրայ հաւաքելով այս բոլոր վնասակար մասնիկները եւ զանոնք դուրս կը բերէ ինքնաբերաբար, երբ մենք կը ծամենք…
Հետեւաբար ականջին խորը կուտակուելով` անիկա լուրջ բորբոքումներու առիթ կրնայ տալ: Այսպէս, երբ մենք կը կարծենք, որ մեր ականջը կը մաքրենք, խորքին մէջ մենք աղտը պարզապէս աւելի խորը կը հրենք:
Յաճախ այդ աղտը կը հասնի ականջին թմբկաթաղանթին` լսողութեան հետ կապուած հարցեր ստեղծելով:
Որոշ բժիշկներ համոզուած են, որ ականջները մաքրելը անօգուտ է: Կան սակայն անձեր, որոնց մօտ ականջի «խէժի» գերկուտակում կ՛ըլլայ, բայց նոյնիսկ անոնց խորհուրդ կը տրուի հրաժարիլ բամպակի ձողիկներէն եւ դիմել սեփական մատներուն:
Քանի Մը Տողով…
Աշխարհի Ամէնէն Սուղ
Կանացի Կօշիկները
Տուպայի մէջ կը ցուցադրուի ոսկիով եւ ադամանդով զարդարուած կանացի կօշիկներու հաւաքածոյ:
Արդարեւ, «Պուրժ Արապ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցող այս աննախադէպ ցուցադրութեան ամէնէն սուղ կօշիկը կ՛արժէ… 17 միլիոն տոլար:
Կազմակերպիչներուն խօսքով, կօշիկները պատրաստուած են Իտալիոյ մէջ, նշանաւոր ոճաբաններու եւ ոսկերչատուներու համատեղ գործակցութեամբ:
17 միլիոն տոլար արժողութեամբ կօշիկը պատրաստուած է կաշիէ, մետաքսէ եւ ոսկիէ: Զոյգին վրան կան 236 ադամանդներ, ինչպէս նաեւ` մէկական 15 քարաթ ջինջ ադամանդներ:
Աշխարհի Մեծագոյն Գաթան
Վերջերս Կարապի լիճին մօտ (Երեւան) ցուցադրուեցաւ աշխարհի մեծագոյն գաթան, որ գրանցուեցաւ «Կինես» մրցանիշներու գիրքին մէջ:
Մրցանիշ արձանագրած այս գաթային երկարութիւնը 60 մեթր է, լայնքը` 37 սմ, իսկ ծանրութիւնը` 368,8 քիլօ…
Խոհագիր
Լաւաշով Եւ Պանիրով Ձողիկներ
Բաղադրիչներ.
– Լաւաշ հաց
– Կակուղ պանիր (փիքոն, քիրի…)
– Կուտա պանիր
– Մանրուած ազատքեղ
Պատրաստութիւն.
Լաւաշը ձեւաւորել` համաչափ քառանկիւններու վերածելով: Իւրաքանչիւրին վրայ կակուղ պանիր քսել, վրան կտոր մը կուտա պանիր եւ քիչ մը ազատքեղ դնել ու փաթթել:
Բուսական իւղի մէջ տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Միմեանց Համար
Սէրն անկողին չէ.
Սէրը վարմունք է ու վարուելաձեւ,
Ինչպէս այս զոյգը, որ կանգնել հերթում
Օծանելիքներ, գուլպայ են ընտրում
Միմեանց համար…
Կինը վայելուչ ժպիտը դէմքին
Նայում է ջահել իր տղամարդուն,
Զգալով ինչպէս աղջիկներ ու կին
Բարի նախանձով նայում են իրենց…
Բախտի շոգ ամառ,
Բախտի ցուրտ ձմեռ,
Ճակատագրի աշուններ դեղին,
Եւ ձիւնաթաթախ գարուններ բախտի,
Դուք կաք, եղել էք եւ յաւերժօրէն
Կը լինէք այնտեղ, որտեղ մարդը կայ…
Այս կինը վկայ,
Կեանքում շահում են յարմարուող կանայք,
Նրանց բոլորն են սիրում իսկապէս,
Ափսոս շատ կանայք սղոցների պէս
Կտրել, գցելու խառնուածքներով,
Մակարդակելու ցնորքների մէջ,
Այրին զիջելու մեծութիւնը թանկ
Մանրացնելով հասցնել մինչեւ
Լեզուագարութեան…
Ընդհարումներով յամառ ու կտրուկ
Մանր վէճերով, մի բառով անգամ
Յաճախ կոտրում են, փշրում անգիտակ
Իրենցով ապրող սիրտը այր մարդու,-
Սէրը անկողին չէ,
Սէրը եւ վարք է, եւ վարուելաձեւ…
ՄԵՏԱՔՍԷ
Քանի Մը Տողով…
Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Կանացի Կօշիկները
Տուպայի մէջ կը ցուցադրուի ոսկիով եւ ադամանդով զարդարուած կանացի կօշիկներու հաւաքածոյ:
Արդարեւ, «Պուրժ Արապ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցող այս աննախադէպ ցուցադրութեան ամէնէն սուղ կօշիկը կ՛արժէ… 17 միլիոն տոլար:
Կազմակերպիչներուն խօսքով, կօշիկները պատրաստուած են Իտալիոյ մէջ, նշանաւոր ոճաբաններու եւ ոսկերչատուներու համատեղ գործակցութեամբ:
17 միլիոն տոլար արժողութեամբ կօշիկը պատրաստուած է կաշիէ, մետաքսէ եւ ոսկիէ: Զոյգին վրան կան 236 ադամանդներ, ինչպէս նաեւ` մէկական 15 քարաթ ջինջ ադամանդներ:
Աշխարհի Մեծագոյն Գաթան
Վերջերս Կարապի լիճին մօտ (Երեւան) ցուցադրուեցաւ աշխարհի մեծագոյն գաթան, որ գրանցուեցաւ «Կինես» մրցանիշներու գիրքին մէջ:
Մրցանիշ արձանագրած այս գաթային երկարութիւնը 60 մեթր է, լայնքը` 37 սմ, իսկ ծանրութիւնը` 368,8 քիլօ…