Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին Պարսելոնայի մէջ մահացաւ միջազգային ճանաչում վայելող 85-ամեայ սպանացի օփերային երգչուհի Մոնսերրաթ Քապալիէն: Ան կը համարուի 20-րդ դարու լաւագոյն սոփրանոներէն մէկը:
1974-ին Քապալիէն կը նշանակուի ՄԱԿ-ի պատուաւոր դեսպան, 1991-ին` խաղաղութեան դեսպան: Ան նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան էր 1994 թուականէն սկսեալ:
«Հայաստանը Խաղաղութեան Եւ Սիրոյ Կղզի Է»
2013-ի ամրան եւ 2014-ի աշնան երգչուհին երկու անգամ այցելած է Հայաստան եւ Արցախ: Օրին նախագահ Սարգսեան զայն պարգեւատրած է «Պատուոյ շքանշան»-ով, համաշխարհային երգարուեստի բնագաւառէն ներս ունեցած վաստակին համար:
Օրին երգչուհին ակնածանքով խօսած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հերոսական պատմութեան եւ մշակոյթին մասին: «Խաղաղութեան եւ սիրոյ կղզի է Հայաստանը: Դուք հրաշալի երկիր ունիք եւ ոգեղէն մեծ ուժ ունեցող ժողովուրդ էք», յայտարարած է ան:
Ինչ կը վերաբերի Արցախ այցելութեան` հանրայայտ երգչուհին չափազանց տպաւորուած էր հայկական քրիստոնէական յուշարձաններու առատութեամբ: Ան այցելած էր Գանձասար, Շուշի, Ստեփանակերտ, ուր իր մոգական ձայնով հնչեցուցած է Կոմիտասի «Կռունկ»-ը:
«Արցախը պարզապէս քրիստոնէական կղզեակ չէ, այլ` քրիստոնէութեան ակունք: Իսկ ես քրիստոնեայ եմ մինչեւ մատներուս ծայրը, եւ սիրահարեցայ Արցախին…»:
Այո՛, դաժան շաբաթ էր անցած շաբաթը…
Շարլ Ազնաւուրէն ետք մեզմէ հեռացաւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Մոնսերրաթ Քապալիէն` մեզի կտակելով անզուգական վաստակ, բայց նաեւ` համամարդկային պատգամներ, որոնց պարտինք արժանի դառնալ:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ինչպէ՞ս Վարժեցնել, Որպէսզի
Կազմակերպէ Իր Ժամանակը
Ճաշել, քնանալ, լոգնալ, դասերը սերտել, ակռաները խոզանակել, գիրք կարդալ, խաղալ…
Օրուան ընթացքին երեխան շատ բան ունի ընելու. որպէսզի ան լիարժէք կատարէ վերը յիշուածները, ան պէտք է կազմակերպէ իր ժամանակը, բան մը, որ սկզբնական շրջանին ծնողքին օգնութեան կը կարօտի:
Ինչպէ՞ս Օգնել Երեխային`
Ինքնուրոյն Կազմակերպելու Ժամանակը
Հետեւեցէք, որ տեւաբար ձեր փոքրիկը նոյն գործողութիւնները կատարէ միեւնոյն հերթականութեամբ եւ գրեթէ նոյն ժամուն: Այսպիսով, երեխային մօտ սովորութիւն կը ձեւաւորուի:
***
Օրուան աւարտին ձեր երեխային հետ քննարկեցէք յաջորդ օրուան ընելիքները` օգնելով հասկնալ, թէ որքան ժամանակ պէտք է տրամադրէ` տնային աշխատանքներուն, սենեակի դասաւորման անձնական մաքրութեան եւ այլն… Այսպիսով, ան կը վարժուի գնահատել ժամանակը:
***
Ձեր երեխային հետ ծրագրեցէք հանգստեան օրերն ու արձակուրդները: Անոր հետ մանրամասն քննարկեցէք ձեր ընելիքները, միասին ընտրեցէք հանգստեան վայրը, այնտեղ մեկնելու միջոցները, ուշադիր լսեցէք անոր
կարծիքը: Այսպիսով, երեխան կը հասկնայ ժամանակի եւ գործողութիւններու փոխկապակցութիւնը:
***
Օրացոյց օգտագործեցէք. տան տեսանելի մէկը անկիւնը օրացոյց փակցուցէք` նշելով ընտանինքին համար յիշարժան օրերը, բժշկական ժամադրութիւնները, արձակուրդի օրերը… Աս ալ միջոց մըն է, որ երեխան վարժուի զգալու ժամանակը:
***
Մեծ ժամացոյց մըն ալ գործնական դեր կրնայ խաղալ այս բոլորին մէջ:
Առողջապահական
Ինչպէ՞ս Խուսափիլ Կրիփէն
Գլխացաւ, ջերմ, մարմնի ցաւ, հազ, քիթի խցում կամ հոսք… Այո՛, խօսքը կրիփի մասին է. ձմեռնային այս շատ «սովորական» հիւանդութիւնը, նայած` վարակի տեսակին, կրնայ մինչեւ իսկ մահացու դառնալ ատենին չդարմանուելու եւ երկարաձգուելու պարագային: Կրիփէն յատկապէս կը տուժեն մանուկները, տարեցները եւ դիմադրականութեան անբաւարարութիւններէ տառապողները:
Ինչպէ՞ս խուսափիլ…
Զօրացնել մարմնի դիմադրականութիւնը` մարզանք ընելով, բաւարար քնանալով, հաւասարակշռուած ուտելով, Սէ. կենսանիւթով հարուստ պտուղներ եւ բանջարեղէններ սպառելով:
Ձեռքերը յաճախ լուալ, քանի որ մանրէներուն 80 առ հարիւրը ձեռքերուն միջոցով կը փոխանցուի, կրիփի համաճարակի ժամանակ պէտք է բազմապատկել ձեռք լուալու սովորութիւնը` ուտելէ կամ կերակուր պատրաստելէ առաջ, բաղնիք մտնելէ ետք, հաւաքական հեռախօս գործածելէ ետք եւ այլն…
Կրիփի համաճարակի ժամանակ խուսափիլ մարդոց ձեռքը թօթուելէ, համբուրուելէ, նոյն բաժակէն խմելէ: Նաեւ` որոշ հեռաւորութիւն պահել հազացող եւ փռշտացող անձերէ:
Յաճախ օդը մաքրելը: Կրիփէ վարակուած անձերը կ՛ապականեն օդը` հազի եւ փռշտոցի ճամբով, հետեւաբար թելադրելի է յաճախ դուռ ու պատուհան բանալ` տան կամ գրասենեակին օդը առաւելագոյն չափով մաքրելու համար:
Պատուաստուիլ: Հակառակ դէմ ու թեր կարծիքներու, շատ մը բժիշկներ կը յանձնարարեն կրիփի պատուաստ ընդունիլ` առնուազն 70 տոկոսով անկէ պաշտպանուելու համար:
Բժիշկին կամ դեղագործին կարծիքին դիմել` աւելի արագ բուժուելու համար: Ինքնագլուխ դեղեր չգործածել, յատկապէս անթիպիոթիքներ` առանց անոնց կարծիքը առնելու:
Գեղեցկագիտական
Գետնախնձորով
Դէմքի Ծեփուկ
Գետնախնձորով պատրաստուած դէմքի ծեփուկները լաւ միջոց են դէմքի բշտիկները դարմանելու, ջրազրկուած մաշկը վերակենդանացնելու, դէմքին ծակտիկները մաքրելու, մութ գոյնի արատները թեթեւցնելու եւ ծերութեան դէմ պայքարելու համար:
Ինչպէ՞ս Պատրաստել
2 միջակ չափի գետնախնձոր լուալ, խաշել, կեղուել եւ պատառաքաղով ճզմել:
Գետնախնձորի խիւսին աւելցնել մէկ թէյի դգալ մեղր եւ կէս կիտրոնի հիւթ:
Լաւ խառնել` միատարր ծեփուկ մը ստանալու համար:
Չոր մորթի պարագային, կարելի է ապուրի դգալ մը ձէթ աւելցնել:
Ինչպէ՞ս Օգտագործել
Դէմքը լաւ մաքրելէ ետք ծեփուկը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ, սպասել 20-30 վայրկեան, ապա` ցօղուել գաղջ ջուրով:
Բոյսերը Ցուցադրելու
Հետաքրքրական Ձեւեր
«Սիսքիւլան» Կոչուած Բոյսերը, Բառացի Թարգմանութեամբ` Հիւթեղ, Գեղեցիկ Եւ Չարքաշ Բոյսեր Են` Շատ-Շատերու Կողմէ Փնտռուած Ու Գնահատուած: Եթէ Դուք Ալ Այսպիսին Էք` Տեսէք, Թէ Հնարամիտ Ու Ճաշակաւոր Մարդիկ Ինչպիսի՛ «Թաղար»-Ներ Երեւակայած Են Այս Հիւթեղ Բոյսերուն Համար: Վստահաբար Անոնցմէ Առնուազն Մէկը Պիտի Խօսի Ձեր Սրտին:
Գինիի Բաժակի Մէջ Թէ Թափանցիկ Թէյամանի, Սովորական Ջուրի Բաժակներու, Մէջ Թէ Ծառի Կոճղի… Ալ Դո՛ւք Ընտրեցէք:
Խոհագիր
Սունկով Ռիզոթթօ
Բաղադրութիւն` 4 անձի համար
250 կրամ բրինձ (Արպորիօ տեսակը, յատուկ` ռիզոթթոյի համար)
300 կրամ սունկ (ըստ ճաշակի)
2 խորանարդ բանջարեղէնի խտացած արգանակ
1 սոխ
3 ապուրի դգալ ճերմակ գինի + 10 սլ (կէս բաժակ)
15 սլ թարմ սեր
100 կրամ տաշուած փարմըզան
Պճեղ մը սխտոր
ընկոյզի մեծութեամբ կտոր մը կարագ
1 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Խորունկ տապակին մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել ճզմուած սխտորը, մանրուած սունկը (ոչ շատ մանր) եւ 3 վայրկեան եփել` վերջաւորութեան ազատքեղը աւելցնելով:
Խառնուրդին աւելցնել գինին եւ 2 վայրկեան եւս եփել, քիչ մը ցամքելէ ետք աւելցնել թարմ սերը, աղը, սեւ համեմը. խառնել եւ մէկ կողմ ձգել:
Մէկ լիթր ջուր եռացնել, մէջը լուծել բանջարեղէնի խտացած խորանարդները:
Տապակի մը մէջ տաքցնել ձէթը, աւելցնել մանրուած սոխը եւ եփել, մինչեւ որ շէկ գոյն ստանայ: Աւելցնել բրինձը եւ առաջին 2 վայրկեաններուն տեւաբար խառնել, մինչեւ որ հատիկները թափանցիկ դառնան: Աւելցնել 10 սլ. ճերմակ գինին, եւ անգամ մը որ ներծծուի, շերեփ մը արգանակ աւելցնել եւ անդադար խառնել, անգամ մը որ արգանակը ներծծուի, շերեփ մը եւս արգանակ աւելցնել եւ այսպէս` շարունակ, մինչեւ որ արգանակը սպառի:
Փարմըզան պանիրին կէսը բրինձին աւելցնել, խառնել, աւելցնել նաեւ սունկով խառնուրդը, 2 վայրկեան սպասել, ապա` ուժգնօրէն խառնել:
Հրամցնել շատ տաք վիճակով, երեսը զարդարել մնացեալ պանիրով, սունկով եւ ազատքեղով:
—————————————-
Վիքթոր Համբարձումեանի
Կտակը
«… Կտակում եմ.
Ինձ յաջորդող սերունդներին, ծոռներիս եւ այլն, տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինել հայերէն, անկախ նրանից, ինչպիսի տոկոս է կազմում նրա մէջ հայկական արիւնը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում:
Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ գաղափարներ եւ այդ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է:
Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզուն:
Գիտցիր, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է եւ կը մնայ, քանի ապրում եմ` հայոց լեզուին տիրապետելը:
Ցանկանում եմ երջանկութիւն բոլորիդ:
Դա նշանակում է, որ պէտք է լաւ տիրապետել հայոց լեզուին:
ՎԻՔԹՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ
—————————————-