Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչ Բաներ Կարելի Չէ Ընել Երեխայի Ներկայութեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Եկէք` համաձայնինք, եթէ կ՛ուզենք ճիշդ երեխայ դաստիարակել, նախ եւ առաջ մենք մեզ դաստիարակենք: Մեր առօրեայ ընթացքով օրինակ ծառայենք անոր եւ չընենք ու չըսենք այն, ինչ որ կ՛արգիլենք անոր:

Ստորեւ` կենդանի օրինակներ:

Անընդհատ Զբաղիլ Բջիջայինով, Համակարգիչով

«Համակարգիչը կը վնասէ տեսողութեանդ, դասերուդ, քունիդ…», այս խօսքով կ՛ուզէք զգուշացնել ձեր երեխան եւ անոր վարժեցնել բջիջայինի եւ համակարգիչի «չափաւոր» գործածութեան, բայց անդին` դուք ժամերով թաղուած էք այս կամ այն ելեկտրոնային գործիքին մէջ` բարեկամներու հետ հաղորդակցելու, Դիմատետրի վրայ մնայուն ներկայութիւն ապահովելու եւ կամ խաղեր խաղալու համար:

Ձեր երեխան վստահաբար պիտի չհասկնայ եւ պիտի չընդունի, թէ ինչո՛ւ իրեն արգիլուած է, իսկ ծնողքին` ո՛չ:

***

Հարցականի Տակ Առնել Հօր Կամ Մօր Խօսքը

Դուք դիտողութիւն կ՛ընէք ձեր զաւկին, իսկ ձեր ամուսինը կը պաշտպանէ զայն (եւ կամ` հակառակը):

Հոգեբանները կը թելադրեն, որ նման կացութեան մը դիմաց ծնողներէն մէկն ու մէկը պէտք է լռէ եւ երեխային բացակայութեան միայն քննարկուի տուեալ կացութիւնը:

***

Անպատշաճ Խօսքեր Արտասանել

Երեխան կը սորվի իր ծնողներէն: Կ՛ուզէ՞ք, որ ձեր զաւակը խօսի անպատշաճ բառերով. եթէ ոչ, ուրեմն վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր բառապաշարը:

 ***

Գոռալ Եւ Վիճիլ

Վէճերէն խուսափիլը գրեթէ անհնար է: Սակայն հոգեբանները կը պնդեն, որ ծնողներուն վէճերը շատ վատ կ՛ազդեն երեխային հոգեվիճակին վրայ, հետեւաբար տան մէջ փորձեցէք ձեր հարցերը լուծել խաղաղ ճամբով, առնուազն` առանց գոռալու, հայհոյելու եւ զիրար վիրաւորելու:

***

Քննարկել Եւ Քննադատել Ուրիշները

Բոլորս ալ հակամէտ ենք քննադատելու այս կամ այն գործընկերը, դրացին, ուսուցչուհին կամ մինչեւ իսկ` մօտիկ բարեկամը: Բամբասանքն ու քննադատութիւնը առհասարակ յոռի սովորութիւններ են, հրաժարեցէք ասոնցմէ, առաւել եւս` երեխային ներկայութեան:

***

Վատ Սովորութիւններ

Եթէ դուք կը ծխէք, երեխայէն մի՛ պահանջէք, որ ան չծխէ, անոր անհնար է բացատրել, որ ծխելը վտանգաւոր է առողջութեան, եթէ դուք օրական կը վտանգէք ձեր կեանքը: Եթէ ծխախոտի կախուածութիւն ունիք, այդ մասին գոնէ երեխան պէտք չէ իմանայ:

***

Ստել

Ծնողները երեխային համար հեղինակութիւն են:

Պզտիկ սուտի մը բացայայտումը կրնայ խաթարել այդ վստահութիւնը: Մի՛ ստէք երեխային, եթէ չէք ուզեր, որ հետագային ան ստէ ձեզի:

***

Օրէնքները Խախտել

Եթէ դուք երեխային ներկայութեան կը յարգէք երթեւեկութեան կանոնները, ինքնաշարժին մէջ կը կապէք ամրագօտին, հանրային վայրերուն մէջ ձեր թաշկինակն ու ծխախոտը կը թափէք աղբամանին մէջ քաղաքացիի ձեր պարտաւորութիւնները կը կատարէք բծախնդրութեամբ, բնականաբար ան իր կարգին պիտի պահպանէ իրեն համար ճշդուած օրէնքները:

Վայելչութեան Գաղտնիքները

–  Եղէք խնամուած ու կոկիկ` գլուխէն մինչեւ ոտքին մատները: Լաւ սանտրուած մազերը, մաքուր, արդուկուած եւ ճաշակաւոր հագուստը, որակաւոր կօշիկն ու խնամուած եղունգները աննկատ չեն անցնիր, նաեւ կը բարձրացնեն ինքնագնահատականը:

–  Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր կեցուածքին, մէջքն ու կռնակը ուղիղ պահեցէք:

–  Ձեր քալուածքը ձեր այցեքարտն է: Ճիշդ քալուածքի պարագային, կը շարժին միայն ոտքերը, այլ ոչ գլուխը, ազդրերն ու ձեռքերը: Տարօրինակ տեսք կ՛ունենաք, երբ քալելու ատեն կը թափահարէք ձեռքերը կամ կ՛օրօրէք կոնքերը:

–  Ձեր շարժուձեւերը պէտք է ըլլան զուսպ: Եթէ դուք համաձայնութեան նշան պիտի տաք, բաւարար է գլխու թեթեւակի շարժումը: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեռքերուն: Ձեռք սեղմեցէք միայն դաստակով, եւ ոչ` ձեռքը թափահարելով:

–  Դիմայարդարումը պէտք է ըլլայ չէզոք, ո՛չ աչքառու, եւ ո՛չ ալ գռեհիկ: Վայելուչ կինը իր շրջապատին ուշադրութիւնը պէտք չէ գրաւէ արտառոց շպարով:

–  Վայելուչ կնոջ արտաքին տեսքը պէտք է համապատասխանէ իր տարիքին եւ իրադարձութեան: Եթէ արդէն 40-ը թեւակոխած էք, մի՛ կրէք 20 տարեկանի հագուստներ: Նոյնպէս ալ, հագուստի ընտրութեան ժամանակ նկատի առէք առիթն ու վայրը:

–  Վայելչութիւնը կ՛ենթադրէ, որ յատկապէս գործի մէջ լուրջ առիթներու հագուստի գոյներու համադրութեան թիւը 3-ը չանցնի: Դժբախտաբար յաճախ կը հանդիպինք գունաւոր թութակի երանգներով հագուած կիներու…

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Սառոյցի Ամանը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

-1-

Գինիի մնացորդը, թափելու փոխարէն, լեցուցէք սառամանին մէջ եւ սառեցուցէք: Աւելի ուշ սառած խորանարդները կրնաք օգտագործել կերակուրներու եւ թացաններու պատրաստութեան մէջ:

-2-

Համեղ եւ գեղեցիկ սառոյցներ պատրաստելու համար սառամանին բաժանումներուն մէջ կիտրոնի կեղեւ, կտրտուած պտուղներ, անանուխի տերեւներ դրէք` նախքան ջուր աւելցնելը եւ ապա սառեցուցէք: Այսպիսով, կը ստանաք ձեր խմիչքին հաճելի համ եւ բոյր տուող սառոյցներ:

-3-

Եթէ լոլիկով թացան աւելցած է, զայն փոխադրեցէք սառամանին մէջ եւ սառեցուցէք: Խորանարդները պահեցէք բականով օժտուած կերպընկալ տոպրակի մէջ (զիփ լոք): Աւելի ուշ զանոնք կրնաք օգտագործել մաքարոնի կամ փիծայի պատրաստութեան ընթացքին:

-4-

Ամբողջ տարին «փեսթօ սոս» (ռեհանով թացան) ունենալու համար մեծաքանակ պատրաստեցէք թացանը եւ լեցուցէք սառամանին մէջ: Սառեցնելէ ետք խորանարդները փոխադրեցէք կերպընկալ տոպրակի մէջ, աւելի ուշ զանոնք գործածեցէք զանազան դդմաճներու պատրաստութեան մէջ:

-5-

Մեծաքանակ սուրճ (ամերիկեան, նեսքաֆէ…) պատրաստեցէք եւ սառամանին մէջ սառեցուցէք: Անգամ մը որ խորանարդները սառին, կերպընկալ տոպրակի մէջ փոխադրեցէք եւ զանոնք օգտագործեցէք ձեր «ֆրափուչինօ»-ներուն մէջ` անոնց յաւելեալ համ եւ բոյր տալու համար:

Առողջապահական

Ազատքեղի Հիւթ Խմելու
11
Պատճառներ

Կերակուրներու, յատկապէս աղցաններու մէջ օգտագործուող ազատքեղը հարուստ է Քա., Սէ., Ա. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթերով, պեթա քարոթենով, բնասպիտով, ջուրով եւ հանքայիններով, ինչպէս` երկաթը, կիրը, մակնեզիոմը…

Ստորեւ կը ներկայացնենք համոզիչ պատճառներ` օրական բաժակ մը ազատքեղի հիւթ խմելու համար:

1.- Կը կանխարգիլէ եւ կը դարմանէ արեան տկարութիւնը եւ արեան հետ կապուած այլ հիւանդութիւններ:
2.- Կը պաշտպանէ միզամանն ու երիկամները:
3.- Կը կանխարգիլէ եւ կը դարմանէ մարսողական համակարգին հետ կապուած խանգարումները:
4.- Կը կանխարգիլէ հերաթափութիւնը:
5.- Կը կանոնաւորէ դաշտանի խանգարումները եւ կը թեթեւցնէ ցաւերը:
6.- Կը պաշտպանէ ոսկորները եւ կը դարմանէ անոնց հետ կապուած հիւանդութիւնները:
7.- Կը ձերբազատէ բերնի եւ շունչի անախորժ հոտերէն:
8.- Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէ:
9.- Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
10.- Կը պահպանէ տեսողութիւնը:
11.- Կ՛օգնէ վէրքերու արագ սպիացման:

Ազատքեղի Հիւթի
Բաղադրատոմս

Շուրջ 10 ցօղուն ազատքեղը լուալ եւ հարիչէ անցընել, մինչեւ որ խիւսի վերածուի: Աւելցնել կէս լիթր ջուր, 5 ապուրի դգալ մեղր, 1 կիտրոնի հիւթ: Լաւ խառնել եւ խմել:

Կարելի է մեղրը փոխարինել շաքարով եւ կամ պակսեցնել անոր քանակը:

Խոհագիր

Արմաւով Թապուլէ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

2 գաւաթ մանր, ճերմակ ձաւար
2 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
3 ապուրի դգալ ձէթ
1 խոշոր վարունգ
2 միջակ լոլիկ
150 կրամ «թոմաթ սըրիզ»
1 սոխ
10 արմաւ
3 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
1 ապուրի դգալ մանրուած անանուխ
Աղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել կիտրոնի հիւթն ու ձէթը. աւելցնել ձաւարը եւ կրկին խառնել:

Խառնուրդին աւելցնել մանրուած ազատքեղն ու անանուխը, խորանարդաձեւ կտրտուած լոլիկն ու վարունգը, մանրուած սոխը, «թոմաթ սըրիզ»-ները (լման) եւ վերջապէս կտրտուած արմաւները:

Ամանին երեսը ծածկել եւ սառնարան փոխադրել ժամանակ առ ժամանակ աղցանը խառնելով:

Հրամցնելու ատեն աւելցնել աղը եւ երեսը զարդարել քանի մը արմաւով, «թոմաթ սըրիզ»-ով եւ թարմ անանուխի տերեւներով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Երեւանին

Սա պատմելու բան չէ,
Սա զգալո՜ւ բան է…
Ա՛խ, ինչքա՜ն է տանջել
Ինձ իմ Երեւանը:

Շէնքերին ես նայում,
Պալատներին վսեմ,
Եւ ուզում ես անվերջ
Խօսե՜լ, խօսե՜լ, խօսե՜լ:

Եւ ուզում ես խօսել
Ինչ-որ ուրի՜շ ոճով,
Բայց կորչում է ասես
Հայերէնը քո ճոխ:

Մի «չքնաղ» է մնում.
Մի «հոյակապ», մի «պերճ»,
Մի մեծ «չնաշխարհիկ»,
Մի «վեհ» փոքրիիկ եւ` վե՛րջ:

Ու ծով հիացումը
Քարանում է, լռում:
Քարանում է այնպէս,
Ինչպէս հեքիաթներում:

Լեզուդ համրանում է,
Լոկ հայեացքդ է խօսում,
Կարծես մոռանում ես
Քո մայրենի լեզուն…

Սա պատմելու բան չէ,
Սա զգալո՜ւ բան է:
Դրա համար պիտի
Տեսնել Երեւա՜նը:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>