Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Ընթերցանութեան Հանդէպ Սէր Սերմանել

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակը ընթերցասէ՞ր դառնայ, օրինակ ծառայեցէք անոր. թող տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս դուք հաճոյքով կը կարդաք, մէջբերումներ կ՛ընէք, կը խնդաք, կը յուզուիք…

– Ցոյց տուէք, որ դուք կը գնահատէք ընթերցանութիւնը. գիրքեր գնեցէք, գիրքեր նուիրեցէք, գիրքը տունէն թող անպակաս ըլլայ:

– Ձեր զաւկին հետ գրախանութ գացէք, թող ան իր ճաշակին գիրք ընտրէ: Սկիզբը թերեւս ամսաթերթ մը աւելի քաշողական թուի:

– Ձեր զաւկին սենեակը կրնաք ցուցանակ մը կախել եւ հոն նշել անոր կարդացած իւրաքանչիւր գիրքին անունը եւ հեղինակը:

– Տան մէջ, եթէ յարմարութիւն կայ, կարդալու համար յարմարաւէտ անկիւն մը ստեղծեցէք` փոքրիկ գրադարանով, փափուկ բազմոցներով…

– Ձեր զաւկին գրադարանի գիրքերը թող ըլլան այլազան եւ անոր տարիքին յարմար: Միմիայն հեքիաթներով մի՛ բաւարարուիք, ան իր ձեռքին տակ թող ունենայ աշխարհագրութեան, պատմութեան եւ գիտութեան վերաբերող գիրքեր, ինչո՞ւ չէ, նաեւ գիրքեր` հոյամողէզներու, տիեզերագնացութեան մասին:

– Ձեր զաւկին առաջարկեցէք ժապաւէն մը դիտելէ առաջ կամ յետոյ կարդայ համապատասխան գիրքը:

– Շաբթուան ընթացքին երկու-երեք անգամ, պատկերասփիւռ դիտելու փոխարէն, ըստ հերթականութեան, իրարու համար պատմուածքներ կամ ծիծաղաշարժ պատմութիւններ կարդացէք:

– Ձեր զաւկին ընկերական շրջապատը ընդլայնեցէք այնպիսի երեխաներով, որոնք նոյնպէս ընթերցասէր են, հրաւիրեցէք ձեր տունը եւ քաջալերեցէք երեւոյթը:

– Յաճախ ձեր զաւկին կարծիքը հարցուցէք իր կարդացած գիրքին մասին:

– Քաջալերեցէք ձեր զաւակը, որպէսզի բարձրաձայն կարդայ, որպէսզի անոր մէջ զարգանայ արտայայտիչ ընթերցումը եւ ինքնավստահութիւնը:

– Նախընտրելի է, որ ձեր զաւակը կարդայ կարճ պատմուածքներ, քան` մեծածաւալ ստեղծագործութիւններ, որպէսզի չխրտչի, պատմութիւնը արագ հասնի աւարտին, եւ նոր գիրք մը կարդալու փափաք ծագի անոր մէջ:

Քանի Մը Տողով

Գորգ Լուալու
Աւանդական Ծէս

Հայկական գորգերու կեդրոնի կոչին ընդառաջելով` այսօր «Որդան կարմիր» հայկական գորգի թանգարանին եւ Երեւանի բակերուն մէջ տեղի պիտի ունենան գորգ լուալու արարողութիւններ:

Տակաւին ոչ հեռու անցեալին Երեւանի բակերուն մէջ լուացուող գորգերը կը համախմբէին բոլորը` մեծէն մինչեւ փոքրը: Սկսելով տունէ մը` գորգ լուալու արարողութիւնը կը տարածուէր ամբողջ բակին մէջ եւ երբեմն կը տեւէր քանի մը օր: Այն ժամանակ մայրաքաղաքին բակերուն մէջ գորգ լուալը սովորական գործընթաց չէր, ծէս էր, իրադարձութիւն, մարդկային ջերմ շփում:

Այս նախաձեռնութեան միացող եւ իրենց բակերուն մէջ գորգ լուացողներուն կ՛առաջարկուի նկարներ տեղադրել համացանցին վրայ` վերականգնելու հին հայկական աւանդոյթը, որ այնքան իւրայատուկ էր Երեւանին:

Նուռի Փառատօն Մարտունիի Մէջ

Կիրակի, 21 հոկտեմբերին Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ նուռի փառատօն:

Առանձին տաղաւարներով նուռի պարտէզ ունեցող գիւղատնտեսները ներկայացուցին իրենց արտադրանքը: Մասնակցեցան նաեւ մօտակայ համայնքներու գիւղացիները` ներկայացնելով իրենց բերքն ու բարիքը:

Փառատօնը ունէր գեղարուեստական բաժին` երգահանդէս, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք:

Փառատօնին ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանը, ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ փառատօնը արդէն սկսած է աւանդական դառնալ: Ան շրջեցաւ տաղաւարէ տաղաւար, ծանօթացաւ ներկայացուած ապրանքներուն եւ մասնակիցիներուն հետ զրուցեց տարբեր նիւթերու մասին:

 Առողջապահական

 Անգարը Սաստկացնող
5
Ուտելիք

Անգարի նոպաներու զարգացումը կախեալ է զանազան գործօններէ, որոնցմէ մէկն ալ սնունդն է: Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 ուտելիք, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ եւ հրաժարիլ, եթէ անգարէ կը տառապիք:

 – 1 –

Կարմիր Գինի Եւ Գարեջուր

Հետազօտութիւններու համաձայն, անգարէ տառապողներու 25 առ հարիւրը գլխացաւի նոպաներ կ՛ունենայ վերոյիշեալ խմիչքներու օգտագործումէն անմիջապէս ետք: Առհասարակ ոգելից ըմպելիքի օգտագործումը կրնայ անգարի զարգացման գործօն դառնալ, քանի որ ջրազրկման պատճառ կը դառնայ:

– 2 –

Տուրմը

Սովորաբար կը թելադրուի նուազեցնել նաեւ տուրմի օգտագործումը: Քրոնիք գլխացաւ ունեցող հիւանդներուն 22 առ հարիւրը զօրաւոր ցաւեր կ՛ունենայ տուրմ ուտելէ կարճ ժամանակ մը ետք:

– 3 –

Ապխտած Միս, Նրբերշիկ…

Նիթրատներ պարունակող վերոյիշեալ ուտելիքները կրնան ուղեղի արիւնատար անօթներու նեղացման պատճառ դառնալ` յառաջացնելով անգարի նոպաներ:

– 4 –

Պանիր

Պանիրի որոշ տեսակներ, յատկապէս ֆեթան եւ փարմըզանը, անգարի նոպաներ կրնան պատճառել:

– 5 –

Պաղպաղակ

Կը թելադրուի նուազագոյնի իջեցնել պաղպաղակի եւ այլ սառեցուած ուտելիքներու օգտագործումը: Շատերու մօտ ասոնք անգարը զարգացնող ազդակներ են:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

1

Ծլած սխտորի պճեղը մի՛ թափէք, զայն փոքրիկ թաղարի մը մէջ ցանեցէք եւ օգտուեցէք անոր կանաչ ծիլերէն: Զանոնք մանրեցէք եւ օգտագործեցէք մսեղէնները եւ կամ ձեր աղցանները համեմելու համար:

2

Եթէ ճաշի պատրաստութենէ ետք ձեր ձեռքերը տակաւին սոխ կամ ձուկ կը հոտին, ձեր ափերուն մէջ կտոր մը ակռայի մածուկ դրէք եւ 2-3 վայրկեան ձեռքերը շփեցէք, ապա զանոնք ցօղուեցէք հոսող ջուրի տակ. հոտը անմիջապէս կը չքանայ:

3

Որպէսզի ծաղկակաղամբը աւելի մարսողական դառնայ, եփի ժամանակ ջուրին կէս կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք: Այսպիսով, թէ՛ ծաղկակաղամբը աւելի մարսողական կը դառնայ եւ թէ՛ գոյնը աւելի սպիտակ կ՛ըլլայ:

4

Եթէ փուռին մէջ հաւ կը խորովէք, եփի աւարտէն 20 վայրկեան առաջ զայն ծեփեցէք աղի ջուրով` խրթխրթան եւ ոսկեգոյն մաշկ մը ստանալու համար:

5

Ստուգելու համար, որ ձեր գնած ձէթը լաւ որակի է, փոքրիկ, փոս ամանի մը մէջ լեցուցէք անկէ եւ սառնարանը դրէք: Եթէ քանի մը ժամուան ընթացքին, անիկա թանձրանայ, կարծրանայ, կը նշանակէ, որ որակաւոր է, եթէ հեղուկ մնայ, կասկածելի խառնուրդ մըն է:

6

Հազարին տերեւները լաւ մաքրելու համար տաշտին մէջ ջուր եւ երեք ապուրի դգալ քարաղ լուծեցէք, տերեւները 10 վայրկեան ջուրին մէջ պահեցէք, ապա քամոցէ անցուցէք եւ գործածեցէք: Քացախը եւս քարաղին դերը կրնայ կատարել:

Խոհագիր

Չորիզոյով Անիւներ

Միայն 2 բաղադրիչ պահանջող, դիւրին եւ արագ պատրաստուող ախորժաբեր անիւներ` շատ յարմար խմիչքներու եւ աղցաններու հետ հրամցուելու:

Բաղադրիչներ` 4 անձի համար

– 12 շերտ չորիզօ
– 1 ծրար շերտաւոր խմոր (փաթ ֆէօյէթէ)

Պատրաստութիւն

Չորիզոն սպանական կծու երշիկի տեսակ մըն է, պատրաստուած` խոզի միսով:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խմորը բանալ եւ երեսը ծածկել չորիզոյի շերտերով, ապա խմորը բաւական խիտ ոլորել` գլանի ձեւ տալով:

Ոլորուած խմորը սառնարան փոխադրել եւ 20 վայրկեան ետք հանել եւ կլոր շերտել:

Շերտերը շարել փուռ գացող ափսէի մը մէջ եւ եփել 20 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Է՜յ, ջան հայրենիք, ինչքա՜ն սիրուն ես,
Սարերդ կորած երկնի մովի մէջ.
Ջրերըդ անո՛ւշ, հովերըդ անո՛ւշ,
Մենակ բալէքըդ արիւն-ծովի մէջ:
Քո հողին մեռնեմ, անգի՛ն հայրենիք,
Ա՜խ քիչ է, թէ մի կեանքով մեռնեմ,
Երնէկ ունենամ հազար ու մի կեանք,
Հազա՛րն էլ սրտանց քեզ մատաղ անեմ:
Ու հազար կեանքով քու դարդին մեռնեմ,
Բալէքիդ մատա՛ղ, մատա՛ղ քու սիրուն.
Մենակ մի կեանքը թո՛ղ ինձի պահեմ,-
Է՛ն էլ քու փառքի գովքը երգելուն,-
– Որ արտոյտի պէս վե՜ր ու վե՜ր ճախրեմ
Նոր օրուայ ծէգիդ, ազի՛զ հայրենիք,
Ու անո՛ւշ երգեմ, բա՛րձր ու զիլ գովեմ
Կանաչ արեւըդ, ազա՛տ հայրենիք…

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>