Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Իրանահայ Թալին Մանսուրեանը` Պատասխանատու Պաշտօնի Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իրանեան «Իրնա» գործակալութեան համաձայն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Քարիւղի ազգային գործակալութեան տնօրէնութիւնը յայտարարած է, որ հայուհի Թալին Մանսուրեանը նշանակուած է եկամուտներու եւ ներդրումներու յանձնաժողովի նոր տնօրէն:

Ըստ աղբիւրին, այդ յանձնաժողովին պատասխանատու դառնալը շատ կարեւոր եւ բարձր պաշտօն կը համարուի, տրուած ըլլալով, որ Իրանը տնտեսական բարդ իրավիճակ կը դիմագրաւէ:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

6 Բան, Որ Պէտք Չէ Ընէք
Ձեր Զաւկին Չվնասելու Համար

Բոլոր ծնողներուն փափաքն է իրենց առաւելագոյնը տալ` զաւակը լաւագոյն պայմաններու մէջ մեծցնելու եւ անոր թիկունք կանգնելու համար: Բայց շատ յաճախ ծնողական սէրը կը կուրցնէ զանոնք եւ չափազանցութեան մէջ իյնալով` կ՛ընեն այնպիսի բաներ, որոնք կրնան աւելի շատ վնաս պատճառել, քան` օգուտ:

1

Յատուկ Կերակուր Մի՛ Պատրաստէք
Եթէ դուք ամբողջ ընտանիքին կերակուր կը պատրաստէք, իսկ ձեր 5-6 տարեկան մանչուկը կը մերժէ ուտել եւ ուրիշ ուտելիք կը պահանջէ, շատ սխալ կ՛ըլլայ անոր ցանկութիւնը կատարելը: Ատիկա գէշ սովորութեան կը վերածուի եւ տեւաբար ձեզմէ յատուկ ուտելիքներ կը պահանջէ:

2

Մի՛ Հաւաքէք Անոր Իրերը
Շատ կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի խաղալիքները հաւաքել, սենեակը կոկել եւ կերակուրի ամանն ու ջուրի բաժակը խոհանոց տանիլ ու լուացարանին մէջ դնել: Սկիզբը դուք օրինակ ծառայեցէք, բացատրեցէք, ձեռք երկարեցէք, բայց յետոյ ձգեցէք, որ ինք կատարէ այդ գործերը:

3

Մի՛ Կատարէք Անոր Տնային Աշխատանքները
Այդ քայլով դուք մի միայն կը վնասէք ձեր զաւկին: Դուք պարզապէս ձեր զաւակը կը զրկէք կեանքի դժուարութիւնները ինքնուրոյն դիմակայելու հնարաւորութենէն:

4

Մի՛ Ծրագրէք Անոր Օրը
Մի՛ ստիպէք ձեր երեխային, որ արտադպրոցական տարբեր տեսակի խմբակներու մաս կազմէ: Յաճախ ծնողները կ՛ուզեն իրենց զաւկին միջոցով իրականացնել սեփական անկատար երազները: Որեւէ խմբակ ընտրելէ առաջ նկատի առէք ձեր զաւկին ունակութիւններն ու նախասիրութիւնները:

5

Մի՛ Հագցնէք Զայն
Խօսքը շատ փոքրերուն չի վերաբերիր, սակայն 5 տարեկանէն սկսեալ պէտք է երեխան ինքնաբաւ դառնայ եւ առանձին հագուի տաբատն ու շապիկը, առանձին կապէ կօշիկին կապերը… կարեւոր է նաեւ, որ երեխան հագուի իր ճաշակին. հագուստի ընտրութիւնը անձնական ոճի զարգացման կարեւոր դրսեւորումներէն է:

6

Մի՛ Լուծէք Անոր Բոլոր Հարցերը
Ասիկա ծնողներուն ամենատարածուած սխալն է: Երեխան պէտք է կարենայ իր հարցերը լուծել` առանց կողմնակի օգնութեան: Ասիկա անոր կը սորվեցնէ յարաբերութիւններուն մէջ փոխզիջումներ կատարել եւ կարեկցիլ մարդոց:

 

Նորաձեւութիւն

2018-2019 Աշուն-Ձմեռ Նորաձեւութեան Ամենաոճային Գլխարկները

Առաջին գլխարկները կրած են հին եգիպտացիները, այդ օրերուն միայն տղամարդիկ կը կրէին զանոնք: Դարերու ընթացքին գլխարկը դարձաւ նաեւ կնոջական աքսեսուար…:

Էլիզապէթ թագուհին, Գօգօ Շանելը, Ուինսթըն Չըրչիլը, Մայքըլ Ճեքսընը եւ շա՜տ շատեր աչքի ինկած են իրենց իւրայատուկ գլխարկներով:

Այսօր եւս գլխարկը կը համարուի կարեւոր աքսեսուար յատկապէս կիներուն, բայց նաեւ` տղամարդոց համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յառաջիկայ եղանակներուն` ամենաոճային գլխարկները`պերէներ, քասքեթներ, բրդեայ, ինչպէս նաեւ արհեստական մորթէ տեսականի:

Առողջապահական

10 Ուտելիքներ, Որոնցմէ Պէտք Է Հրաժարին
Արեան Բարձր Ճնշում Ունեցողները

Արեան բարձր ճնշումը կ՛աւելցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ կաթուածներու հաւանականութիւնը` ատենին չդարմանուելու եւ սխալ սնանելու պարագային: Աշխարհի երեսին շատ մեծ է թիւը արեան ճնշումէ տառապող անձերուն, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր չափահասներուն 75 առ հարիւրը արեան բարձր ճնշումով ախտաճանաչուած են: Բարեբախտաբար այս հիւանդութիւնը կառավարելի է դեղերու եւ ճիշդ սննդականոնի ճամբով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ցանկը այն տասը ուտելիքներուն, որոնցմէ պէտք է հրաժարին արեան բարձր ճնշում ունեցող անձերը:

1.- ՊԱՀԱԾՈՆԵՐԸ, ինչպէս` լուբիան, ոլոռնը, թթուաշները, մեծ քանակութեամբ աղ կը պարունակեն, եթէ անպայման պիտի օգտագործէք, առնուազն նախապէս զանոնք քամոցի մէջ փոխադրեցէք եւ հոսող ջուրի տակ երկար ցօղուեցէք:

2.- ՊԱՏՐԱՍՏ ԱՊՈՒՐՆԵՐԸ, երբեք յանձնարարելի չեն արեան բարձր ճնշում ունեցողներուն, նախապատուութիւնը տուէք տունը պատրաստուածներուն եւ չափաւորեցէք աղին քանակը:

3.- ԼՈԼԻԿՈՎ ԹԱՑԱՆՆԵՐԸ, որոնց կարգին` քեչափը, փոխարինեցէք թարմ լոլիկով, տունը պատրաստուած տարբերակով:

4.- ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒԱԾ ՄԻՍԵՐԸ, ինչպէս` նրբերշիկը, խոզապուխտը, հաթտոկը, պէյքոնը, պէտք է վերջնականապէս դուրս մնան ձեր ճաշացուցակէն, բոլորն ալ մեծ քանակութեամբ աղ կը պարունակեն:

5.- ՍԱՌԱԾ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ, ինչպէս` ձուկ, փիցա, ծովային պտուղներ… Բոլորն ալ լաւ պահպանուելու համար աղով հարստացուած են: Ճիշդ է, որ անոնք գործնական են եւ դիւրին ու արագ պատրաստուող, սակայն վնասները ի մտի ունենալով` նախապատուութիւնը տուէք թարմ տարբերակներուն:

6.- ՇԱՔԱՐԵՂԷՆՆԵՐԸ.- Շաքարով եւ ջերմուժով հարուստ այս ուտելիքները նոյնքան վնասակար են արեան բարձր ճնշումին, որքան` աղ պարունակողները: Զանոնք փոխարինեցէք թարմ պտուղներով:

7.- ԶՈՎԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ նոյնպէս շաքարի եւ ջերմուժի հանք են: Նախապատուութիւնը տուէք ջուրին, որուն կրնաք կիտրոնի շերտ մը, անանուխի տերեւ մը եւ կամ քանի մը կաթիլ պտուղի հիւթ աւելցնել:

8.- ՔԱՂՑՐԵՂԷՆՆԵՐԸ, ինչպէս` կարկանդակը, արեւելեան անուշեղէնը, պաղպաղակը… Զանոնք փոխարինեցէք տունը պատրաստուած եւ քիչ շաքար պարունակող պտուղի քոմփոթներով, մեղրով, արմաւով, անշուշտ` միշտ ալ չափաւոր քանակով:

9.- ԹԱՑԱՆՆԵՐԸ իրենց բոլոր տարբերակներով` չինական, մեքսիքական, իտալական, հնդկական մեծ քանակութեամբ աղ կը պարունակեն, պիտակները լաւ կարդացէք նախքան գնելը:

10.- ՈԳԵԼԻՑ ԸՄՊԵԼԻՆԵՐԸ ընդհանրապէս յանձնարարելի չեն առողջական հարցեր ունեցողներուն համար, հետեւաբար կին մը օրական մէկ բաժակով, իսկ տղամարդ մը երկու բաժակով պէտք է բաւարարուին:

Խոհագիր

Խոզապուխտով Գետնախնձոր

Բաղադրութիւն

– 6 գետնախնձոր
– 100 կրամ խոզապուխտ
– 1 ապուրի դգալ բուսաիւղ
– 3 պճեղ սխտոր
– 1 սոխ
– 1 ապուրի դգալ լոլիկի ռուպ
– 1 կարմիր, կծու պղպեղ (ըստ ճաշակի)
– 15 կրամ կարագ
– 100 կրամ տաշուած պանիր
– Աղ, սեւ եւ կարմիր պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Փուռ գացող ափսէին յատակը ծածկել խոշոր աղով:

Գետնախնձորները շատ լաւ լուալ (ի հարկին` խոզանակել, որպէսզի հող չմնայ), ցամքեցնել եւ կիսել ու շարել աղին վրայ: 30 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ:

Մինչ այդ բուսաիւղին մէջ դարձնել մանրուած սոխը, մանրուած խոզապուխտը, մանրուած թարմ կարմիր պղպեղը, մանրուած սխտորը: Խառնուրդին աւելցնել լոլիկի ռուպը, կրկին խառնել եւ կրակը մարել:

Փուռէն հանել գետնախնձորները, միջուկը զգուշութեամբ պարպել եւ փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ: Պատառաքաղով ճզմել միջուկը, վրան աւելցնել` խոզապուխտով պատրաստութիւնը, ընկոյզի մեծութեամբ կարագի կտոր մը, տաշուած պանիրին կէսը, աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ:

Ստացուած խառնուրդը լեցնել փորուած գետնախնձորներուն մէջ, երեսը մէկական պզտիկ կտոր կարագ եւ տաշուած պանիր աւելցնել եւ 10 վայրկեան եւս փուռին մէջ եփել, մինչեւ որ պանիրը հալի ու ոսկեգոյն դառնայ: Հրամցնել տաք վիճակով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ոչ

Ես ոսկեմատ դերձակ եմ –
Ձեր սիրտերն երբ այդքան շատ
Սէր փարփակել չկրնան
Չդիմանան ու պատռին –
Կարեմ կ՛ըսեմ – ոչ կ՛ըսէք

Ես յաւակնոտ գրչակ եմ
Կարօտ կ՛երգեմ – սէր կ՛երգեմ
Ձեր աչքերէն յայտնի է
Հազարումէկ տենչ ունիք –
Գրեմ կ՛ըսեմ – ոչ կ՛ըսէք
Վարպետորդի ստահակ եմ –
Սեւ է որ կ՛ըսեմ սեփսեւ չկարծէք
Սեւութեանը մէջ աչքերը դեղին են
Դեղին որ կ՛ըսեմ արեւ չկարծէք
Արեւը մէկ է – աչքերն երկու են

Երկու որ կ՛ըսեմ զատ զատ չկարծէք
Երկուքին խորն ալ երազը մէկ է
Երազ որ կ՛ըսեմ մեծ բան չկարծէք
Մարդու մը կողմէ սիրուիլն է

ԶԱՀՐԱՏ 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>