Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կին Դէմքեր. Երբ Գեղեցիկ Կիներ Կը Բացայայտեն Իրենց Գեղեցկութեան Գաղտնիքը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մոնիքա Պելլուչի

Իտալացի դերասանուհի Մոնիքա Պելլուչին (54 տարեկան) կը համարուի աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կիներէն մէկը:

«Ինքզինքիս հետ լաւ եւ յարմարաւէտ կը զգամ ոչ այն պատճառով, որ գեղեցիկ եմ: Ես շատ գեղեցիկ մարդիկ կը ճանչնամ, որոնց կեանքը սարսափելի է: Ներքին յարմարաւէտութիւն զգալը այն չէ, թէ արտաքնապէս ինչ տեսք ունիս այլ այն, թէ ներքուստ որքանով հաշտ ես քու անձիդ հետ: Ես երջանիկ մարդ եմ, քանի որ զիս սիրողները շատ են, ես շատ մեծ ընտանիք ունիմ», կ՛ըսէ Պելլուչի:

Անժելինա Ժուլի

Ամերիկացի դերասանուհի Անժելինա Ժուլին արդէն 43 տարեկան է. ան Հոլիվուտի ամէնէն փնտռուած դերասանուհիներէն է:

«Ինծի միշտ թուեր է, որ խոշոր բերանով յիմար տիկնիկի տեսք ունիմ: Ժամանակի ընթացքին գիտակցեր եմ, որ պէտք է համակերպիմ արտաքինիս հետ: Յետոյ կու գայ ժամանակը, երբ կը համբուրես սիրելիդ եւ կը հասկնաս, թէ ինչո՛ւ համար են այդ շուրթերը: Կ՛անդրադառնաս, որ քեզ սիրող ունիս, եւ թէ` աշխարհի ամենագեղեցիկ կինն ես…»:

Շարոն Սթոն

Ամերիկացի դերասանուհի Շարոն Սթոնը (60 տարեկան) Հոլիվուտի «Սեքս սիմպոլ»-ը համարուած է:

«Իսկական գեղեցիկ կինը միշտ ազնիւ է մնացեալ կիներուն նկատմամբ: Անոր համար անընդունելի են մրցակցութիւնը, դաւն ու ստորութիւնը: Եթէ խելացի ես, ուրեմն նաեւ գեղեցիկ ես: Տգեղ կիներ չկան: Մէկը գեղեցիկ է վարդի նման, ուրիշ մը` քաքթիւսի», ըսած է շիկահեր դերասանուհին:

Էմմա Ուաթսըն

Փարիզ ծնած անգլիացի դերասանուհի Էմմա Ուաթսընը (28 տարեկան) կ՛ըսէ. «Գեղեցկութիւնը երկար մազերը, նուրբ սրունքներն ու սպիտակ ակռաները չեն: Գեղեցկութիւնը այն անձին դէմքն է, որ տակաւին նոր լացած է, սակայն յանկարծ կը ժպտի: Գեղեցկութիւնը ձեր ծունկին սպին է, որ մնացեր է ձեր մանկութեան օրերէն: Գեղեցկութիւնը աչքերու տակի շրջանակներն են, երբ սիրահարած էք եւ չէք կրնար քնանալ: Գեղեցկութիւնը այն է, ինչ մենք կը զգանք ներքուստ: Գեղեցկութիւնը մեր էութիւնն է»:

Օտրի Հեփպըրն` Ոճի Եւ
Կանացիութեան Չափանիշ

Իր խոշոր աչքերով եւ բարի ժպիտով ան գրաւեց բոլորին սիրտերը եւ դարձաւ հոլիվուտեան ոսկեդարու լաւագոյն դերասանուհիներէն մէկը: Բարեկազմ, քնքուշ եւ չափազանց վայելուչ Օտրի Հեփպըրնը 20-րդ դարու շարժապատկերի եւ նորաձեւութեան խորհրդանիշներէն մէկն է. ան 21-րդ դարուն ալ կը շարունակէ մնալ ոճի եւ կանացիութեան չափանիշ:

Ստորեւ հետաքրքրական միտքեր` Օտրի Հեփպըրնէն:

– «Որպէսզի շուրթերը գեղեցիկ ըլլան, բարի խօսքեր ըսէք: Որպէսզի աչքերը գեղեցիկ ըլլան, բարութիւն ճառագայթեցէք: Կնոջ գեղեցկութեան գաղտնիքը հագուստը չէ, ոչ ալ` կազմուածքը կամ սանտրուածքը: Կնոջ գեղեցկութիւնը անոր աչքերուն մէջ է, որովհետեւ աչքերն են, որ ցոյց կու տան դէպի անոր սիրտը տանող ճանապարհը, դէպի այն սիրտը, ուր կը բնակի սէրը»:

* * *

– «Սլացիք կազմուածք կ՛ունենայ ան, որ իր ուտելիքը կը կիսուի անօթիներուն հետ…»:

* * *

– «Եթէ քեզի օգնութեան ձեռք պէտք է, իմացիր, որ դուն ունիս այդ ձեռքը, եւ ատիկա քու սեփական ձեռքդ է: Իսկ երբ աւելի հասուն տարիքի հասնիս, կը հասկնաս, որ այդ ձեռքերը երկուք են. մէկը դուն քեզի օգնելու, միւսը` ուրիշներուն օգնելու համար»:

* * *

– «Ինքնավստահ զգալու համար քալէ՛ այն գիտակցութեամբ, որ մինակ չես»:

* * *

– «Ծերութիւնը զիս չի յուզեր, կը վախնամ առանձնութենէն»:

* * *

– «Երբեք չեմ մտածեր ամուսնալուծումի մասին: Նոյնիսկ չեմ հանդուրժեր այդ բառը ըսել: Երազեր եմ ամուսնանալ մէկ անգամ եւ ընդմիշտ…»:

Առողջապահական

Հազը Մեղմացնելու
6
Բնական Միջոցներ

Ձմրան եղանակի ամէնէն ընթացիկ հիւանդութիւններէն մէկը հազն է: Ատենին եւ ճիշդ ձեւով չդարմանուելու պարագային, անիկա շաբաթներ, երբեմն ալ ամիսներ կրնայ տեւել:

Հազը մեղմացնող շաքարներ եւ օշարակներէն բացի` կան բնական այլ միջոցներ, որոնց մասին քիչեր գիտեն: Ահաւասիկ 6 բնական միջոցներ` հազը դարմանելու համար:

-1-

Ապակեայ խորունկ ամանի մը մէջ տաք ջուր լեցնել, մէջը լուծել էօքալիփթիւսի (ջերմի) 5 կաթիլ հիմնաիւղով: Ամանին վրայ ծռիլ եւ շոգին շնչել` գլուխն ու ամանը մեծ անձեռոցով մը ծածկելով: Շնչել առնուազն 20 վայրկեան: Էօքալիփթիւսը կարելի է փոխարինել վիքսի մածուկով:

-2-

Բաժակ մը տաք թէյին կէս կիտրոնի հիւթ եւ դգալ մը մեղր լուծել եւ օրական 3 անգամ խմել:

Այս տաք խմիչքը ունի հակաբորբոքային եւ  մանրէասպան յատկութիւններ:

-3-

Ուրցի թէյը կը բանայ շնչառական անցքերը, կը բուժէ կոկորդի ցաւը եւ կը դարմանէ մասնաւորաբար չոր հազը:

Ուրցի թէյը աւելի համեղ կը դառնայ, եթէ անոր աւելցուի քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ եւ թէյի դգալ մը մեղր:

-4-

Յաճախ տուներուն մէջ օդը աւելի ապականած է, քան` դուրսը: Այսպէս, փոշին, քիմիական դեղերը, աքարիենները բաւարար պատճառներ են, որ օդը ապականի եւ դուռ բանայ շնչառական անցքերու գրգռման: Նոյնիսկ ձմրան բուքին օրական 20 վայրկեան պէտք է դուռ ու պատուհան բանալ` ապականած օդը մաքրելու համար:

-5-

Գիշերային հազը, որ ցերեկը արդէն չքացած է, կրնայ չոր օդի հետեւանք ըլլալ: Կան օդը խոնաւցնող գործիքներ, որոնք կը բարեխառնեն սենեակին օդը: Նոյն արդիւնքին կարելի է հասնիլ ջեռուցիչին վրայ խոնաւ անձեռոց մը փռելով: Պարզ միջոցներ` գիշերային հազը դարմանելու համար:

-6-

Մեղրը, կիտրոնին նման, հակաբորբոքային յատկութիւն ունի: Յատկապէս գիշերային հազերուն պարագային, մէկ-երկու դգալ մեղրը շատ արագ կը հանդարտեցնէ հազը` գրգռուածութենէն ձերբազատելով շնչառական անցքերը:

Առողջապահական

Չիփսը Կրնայ Վնասել
Երեխաներու Մտաւոր Զարգացման

Բրիտանացի հետազօտներ կը պնդեն, որ չիփսը վնասակար ազդեցութիւն ունի երեխաներուն մտաւոր զարգացման վրայ:

Արդարեւ, երեք եւ չորս տարեկան երեխաներու վրայ կատարուած փորձ մը ցոյց տուած է, որ այն երեխաները, որոնք օրական չիփս կերած են, անոնց ուղեղին աշխատանքը բոլոր առումներով աւելի վատ եղած է, համեմատած` չիփս չուտողներու:

Հետազօտները կը շեշտեն, որ առաջին խումբի երեխաներուն մօտ խախտած է յիշողութիւնը, տուժած է կեդրոնացումը, իսկ վարքը անհանգիստ եւ անհաւասարակշիռ դարձած է:

Բժիշկներու կարծիքով, մանկական ուղեղին համար վնասակար են յագեցած ճարպերը, եւ ճիշդ այդ ճարպերն են վատ ազդեցութեան պատասխանատուները:

Երեխաներուն սիրելի չիփսը, բացի յագեցած իւղերէն, նաեւ կը պարունակեն աքրիլամիտ կոչուած քիմիական նիւթը, որ քաղցկեղի ենթահող պատրաստելու հակամէտ է:

Սուրճի Մրուրը Օգտագործելու
5
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Օրական մեծ քանակութեամբ սուրճի մրուր կը թափենք աղբամանը կամ լուացարանին մէջ` առանց իմանալու, որ անիկա հրաշքներ կը գործէ թէ՛ խոհանոցին մէջ եւ թէ՛ պարտէզը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սուրճի մրուրը օգտագործելու 5 տարբերակներ:

-1-

Կը Չէզոքացնէ Սառնարանին Անախորժ Հոտերը

Պզտիկ, փոս ամանի մը մէջ սուրճի մրուր լեցուցէք եւ զայն տեղաւորեցէք սառնարանին դարաններէն մէկուն վրայ: Մրուրը շատ արագ կը չէզոքացնէ անախորժ հոտերը: Մրուրը նորով փոխարինեցէք երկու շաբաթը անգամ մը:

-2-

Կը Մաքրէ Բանջարեղէն Եւ Միս Կտրելու Տախտակը

Ոչ միայն բանջարեղէն եւ միս կտրելու տախտակը, այլեւ լուացարանին քարը մաքրելու եւ դարձեալ անախորժ հոտերը չէզոքացնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը սուրճի մրուրն է: Խոնաւ լաթը թաթխեցէք մրուրին մէջ եւ ուժգին շփեցէք տախտակը, ապա լուացէք օճառով եւ գաղջ ջուրով:

-3-

Տապակին Յատակի Իւղերը Մաքրելու Համար

Տապակին յատակին փակած եւ կարծրացած իւղը մաքրելու համար սպունգը թաթխեցէք սուրճ մրուրին մէջ եւ շփեցէք: Արդիւնքէն շատ գոհ պիտի մնաք:

-4-

Բոյսերը Պարարտացնելու Համար

Սուրճի մրուրը ոչ միայն կը պարարտացնէ հողը, այլեւ կ՛արգիլէ, որ հողը կարծրանայ ու քարանայ: Շնորհիւ մրուրին հողը կակուղ ու փխրուն կը մնայ:

-5-

Սխտորին, Ձուկին Հոտը Չէզոքացնելու Համար

Եթէ ձուկ մաքրած էք, սխտոր մաքրած կամ` սոխ կեղուած, օճառը միշտ ալ լաւագոյն լուծումը չէ:

Ձեր ափերուն մէջ քիչ մը խոնաւ մրուր առէք եւ 3- 5 վայրկեան շփեցէք` մարձելով մատներն ու ձեռքերուն երեսները: Գաղջ ջուրով ցօղուելէ ետք պիտի նկատէք, որ ոչ միայն անախորժ հոտը չքացած է, այլեւ ձեր ձեռքերը դարձած են չափազանց փափուկ:

Խոհագիր

Մեղրով Եւ Խնկունիով
Պրի Պանիր

Երկու անձին համար անհրաժեշտ են.-

– Մէկ կաղապար պրի կամ քամամպեր պանիր
– Լեցուն ապուրի դգալ մը մեղր
– Խնկունիի ճիւղ մը

Պատրաստութիւն.-

Նախապէս տաքցնել փուռը 200 ջերմաստիճանով:

Ափսէի մը մէջ դնել պանիր, երեսը ծեփել մեղրով, վրան տեղաւորել խնկունիի ճիւղը եւ փուռին մէջ եփել 15-20 վայրկեան:

Հրամցնել աղի կրկնեփի կամ խորոված հացի հետ:

Նոյն սկզբունքէն մեկնելով` կրնաք խնկունին զանց ընել եւ զայն փոխարինել մանրուած ընկոյզով կամ կաղինով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դեռ Հաւատա՜յ

Դու` փորձաքար իմ ժողովուրդ,
Ինչքան էլ որ խոր մոլորուես,
Երկրպագես կուռքերին սուտ,
Ես մօր նման ներում եմ քեզ:

Դու` տաքգլուխ Սասնայ Դաւիթ,
Դու` իմաստուն Սասնայ Մհեր,
Թէկուզ եւ ծեր ու ալեհեր,
Բայց մնում ես դու միամիտ:

Հաւատացիր, թէ յիրաւի
Գարին դարձաւ ընկուզաչափ,
Ու դուրս եկար քարանձաւուից
Ու խաբուեցիր դու չարաչար:

Այնքան դառն է կեանքդ ու գորշ,
Ու գալիքդ իրականում,
Որ փակում ես աչքդ ու քո
Խաբկանքին ես ապաւինում:

Ու տեսնում ես ամէն ի՛նչ վառ,
Թեւ ես առնում չեղած տեղից,
Նորոգւում ես բնազդաբար
Ու յառնում ես մոխիրներից:

Քո խաբուելն է քեզ պահպանում,
Ու հին խօսքդ` «աստուած կը տայ».
Դու` միֆերով ապրող մանուկ,
Դեռ հաւատա՜յ, դեռ հաւատա՜յ…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>