Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Առողջ Եւ Յաջողակ Երեխայ Մեծցնելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեխայի դաստիարակութիւնը բարդ եւ պատասխանատու աշխատանք է. ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մանկավարժներ եւ հոգեբաններ` յաջողակ երեխայ մեծցնել փափաքող ծնողներուն:

Երեխային Աճն Ու Զարգացումը Մրցոյթ Չէ
Շատ մը ծնողներու նման` կ՛ուզէք, որ ձեր երեխան արագ մեծնայ, սակայն նկատի չէք առներ, որ կեանքը շատ յաճախ կը նմանի պտուղի հասունացման: Որպէսզի պտուղը քաղցր ու հասուն դառնայ, ծառը պէտք է ունենայ ամուր արմատներ եւ լաւ սնուցուի: Պայման է, որ դուք ալ, ձեր կարգին, երեխային հետ յաճախ զբօսնէք, միասին զրուցէք եւ խաղեր խաղաք, իսկ եթէ ան քիչ մը մեծ է, անոր պատմեցէք ձեր սեփական մանկութեան մասին:

Ընտանեկան Աւանդութիւններու Կարեւորութիւնը
Ընտանեկան աւանդութիւնները կ՛օգնեն ընտանեկան կապերու ամրապնդման, սէր ու կապուածութիւն կը սերմանեն, այս ազնիւ զգացումը կը մնայ ձեր երեխային հետ անոր կեանքի ամբողջ տեւողութեան եւ զայն կը պաշտպանէ անյաջողութիւններէն:

Կեանքը Կ՛ընթանայ Գալարագիծով
Պէտք է միշտ նկատի ունենաք, որ կեանքը կ՛ընթանայ գալարագիծով, այսինքն մարդը ունի քանի մը հնարաւորութիւն` որեւէ բան սորվելու համար: Կեանքի ամէն մէկ փուլի մարդ արարածը կրկին ու կրկին կը բախի նոյն դասերուն, հետեւաբար ներողամիտ գտնուեցէք եւ մի՛ պահանջէք, որ ձեր երեխան ամէն ինչ ճիշդ ընէ առաջին իսկ անգամէն: Սխալելով ան շատ բան կը սորվի:

Աջակցութիւն
Իմացէք, որ աջակցութիւնը երեխային որեւէ բան ինքնուրոյն ընելու համար ուժ եւ ցանկութիւն տալն է, եւ ոչ թէ` անոր փոխարէն բաներ ընելը: Երեխան պէտք է զգայ ձեր անսահման սէրը, որուն շնորհիւ` ան վստահ կ՛ըլլայ, որ սխալելու պարագային զինք պիտի չմեղադրէք:

Աջակցութիւնը կրնայ դառնալ որեւէ մեծ գործի սկիզբ:

Պատրաստ Եղէք
Որպէսզի երեխային դիմադրական համակարգը ամուր ըլլայ, ան պէտք է «սորվի» հիւանդանալ եւ բուժուիլ: Հետեւաբար երեխային ամէն գնով հիւանդութիւններէն պաշտպանելով` դուք ձեր զաւակը կը զրկէք բուժուելու ունակութենէն: Մշտապէս վախի մթնոլորտի մէջ ապրելու փոխարէն` պատրաստ եղէք յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ օգնելու ձեր երեխային, որպէսզի ապաքինի:

Առողջապահական

Ձկան Իւղը`
Ստինքի Քաղցկեղի Դեղ

Ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ձկան իւղին օմեկա 3 ճարպաթթուները կը դարմանեն ստինքի քաղցկեղը:

Այսպէս, Փենսիլվանիա համալսարանի քաղցկեղի բաժանմունքի բժիշկներուն մէկ ուսումնասիրութիւնը եւ մուկերու վրայ կատարած փորձերը ցոյց տուած են, որ «թամսքսիֆին» դեղին կողքին, օմեկա 3 ճարպաթթուներու գործածութիւնը յստակօրէն կը նուազեցնէ ստինքի քաղցկեղի ուռերու զարգացումն ու տարածումը:

Բժիշկները մեծ յոյսեր կը կապեն այս նոր տեսութեան:

10 Կանոններ` Սիրտը Պաշտպանելու Համար

Որպէսզի մարզանք կիրարկողները չանհանգստանան եւ մարզանք կատարելով իրենց սրտին չվնասեն, սրտաբաններ 10 թելադրանքներ կը կատարեն բոլոր անոնց համար, որոնք թեթեւ կամ ծանր մարզանքի կը հետեւին:

1.- Նախքան մարզանքի սկսիլը` 10 վայրկեան մարմինը «տաքցնել» եւ պատրաստել մարզանքի:
2.- 3-4 կում ջուր խմել 30 վայրկեանը անգամ մը, մարզանքի ամբողջ տեւողութեան:
3.- Խուսափիլ ծանր մարզանքներէն, երբ ջերմաստիճանը -5-էն ցած կամ +30-էն բարձր է:
4.- Երբեք չծխել մարզանքէն մէկ ժամ առաջ եւ մարզանքի աւարտին յաջորդող երկու ժամերուն:
5.- Պաղ ջուրի լոգանք չառնել մարզանքի աւարտին յաջորդող 15 վայրկեաններու ընթացքին:
6.- Ծանր մարզանքէ խուսափիլ ջերմ ունենալու պարագային, ինչպէս նաեւ` կրիփին յաջորդող 8 օրերու ընթացքին:
7.- 35 տարիքը թեւակոխած տղամարդիկ եւ 45-ը թեւակոխած կիները բժշկական ընդհանուր քննութիւն կատարեն` նախքան ծանր մարզանք մը կիրարկելը:
8.- Բժիշկը տեղեակ պահել, եթէ մարզանքի ընթացքին կամ մարզանքէն ետք կուրծքի ցաւեր զգացուին:
9.-  Բժիշկը տեղեակ պահել նաեւ անբնական շնչասպառութեան կամ շունչի նեղութեան պարագային:
10.- Բժիշկը տեղեակ պահել մարզանքին կամ անկէ ետք զգացուող որեւէ անհանգստութեան պարագային:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Գարեջուր Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

– Գարեջուրը կը փափկացնէ միսը` առանց անոր համը փոխելու: Միսի կտորները մխրճեցէք գարեջուրի մէջ, ձգեցէք առնուազն երկու ժամ, ապա անցէք պատրաստութեան:

– Եղինձի ջուրը փոխարինեցէք գարեջուրով. այո՛, յատկապէս պասմաթի բրինձով պատրաստուած տեսակը շատ համեղ կ՛ըլլայ:

– Եթէ ձեր գորգին վրայ թէյ կամ գինի թափած է, արատը մաքրեցէք գարեջուրի մէջ թաթխուած մաքուր լաթով մը:

– Ձեր ոտքերուն մորթը փափկացնելու, ինչպէս նաեւ կոշտուկները դարմանելու համար ձեր ոտքերը մխրճեցէք գարեջուրով եւ գաղջ ջուրով լեցուն տաշտի մը մէջ:

– Գաւաթ մը գարեջուրով ցօղուեցէք ձեր մազերը. այդպէս պահեցէք ամբողջ գիշերը. առաւօտեան, երբ սովորականին պէս լուաք ձեր մազերը, պիտի զգաք, որ անոնց ծաւալը կրկնապատկուած է:

– Ձեր ոսկեայ զարդերը 15-20 վայրկեան մխրճեցէք գարեջուրի մէջ, չոր լաթով մը շփեցէք զանոնք: Ոսկեղէնները պիտի վերագտնեն իրենց փայլքը:

– Գարեջուրը կը մաքրէ եւ կը փայլեցնէ ձեր պղնձեայ իրերը: Աժան եւ ազդու միջոց մը: Կ՛արժէ փորձել:

Հետաքրքրական

Աշխատանքը Կրնայ Ազդել Կնոջ Իգականութեան Վրայ

Բրիտանական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, դուրսը աշխատող կիները աւելի շուտ կը ծերանան եւ յաճախ կ՛անհանգստանան, եթէ գործի մէջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց պաշտօնակիցներուն եւ յատկապէս գործատէրերուն կողմէ:

Այսպէս, գործատիրոջ վերաբերմունքը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ աշխատող կնոջ առողջութեան վրայ: Եթէ անոնց յարաբերութիւնը բնական եւ հաշտ չէ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած չէ, աշխատող կինը աւելի եւս ենթակայ կ՛ըլլայ արեան գերճնշումի եւ ընկճախտի: Ան կը դառնայ յարձակողական, անհանդուրժող եւ բնականաբար կը կորսնցնէ իր իգականութիւնը:

Հետեւաբար գործին միջավայրը, ինչպէս նաեւ գործատէր-պաշտօնեայ յարաբերութիւնները չափազանց կարեւոր են աշխատող կնոջ հոգեկան եւ ֆիզիքական հաւասարակշռութեան համար:

Գնում Ընելը Կեանքը Կ՛երկարէ

Թայուանցի բժիշկներու կարծիքով, շուկայ երթալ եւ գնում ընելը ոչ միայն առողջ կը պահէ, այլեւ կ՛երկարէ կեանքը:

Արդարեւ, Բրիտանիոյ «Պի. Պի. Սի.» ձայնասփիւռի կայանը յայտնած է, որ 65 տարիքը թեւակոխած 1850 անձերու վրայ կատարուած փորձ մը ցոյց տուած է, որ հետեւողական ձեւով շուկայ իջնող եւ գնում ընող անձերը աւելի երկար ապրած են, քան` շաբաթը անգամ մը գնում կատարողները:

Նոյն փորձին հիմամբ, ի յայտ եկած է, որ յաճախ շուկայ իջնող եւ գնում ընող անձերը աւելի աշխուժ կեանք կ՛ունենան, մտովին աւելի արթուն կ՛ըլլան եւ հոգեպէս` նուազ ընկճուած ու մելամաղձոտ:

Ձեռային Աշխատանք

Փոն-Փոն Զարդեր

Շատեր գիտեն բրդեայ փոն-փոններ պատրաստել, բայց տեսէք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչե՜ր յղացած են սովորական փոն-փոններէն…

Նկարները բաւարար խօսուն են. դուք ալ ձեր կարգին կրնաք պատրաստել ձեր բանալեկալը, էջացոյցը, պայուսակի կամ պատի զարդը: Այս աշխատանքին մասնակից դարձուցէք նաեւ ձեր երեխաները` անոնց մէջ ձեռային հմտութիւն եւ ստեղծագործ միտք զարգացնելու համար:

 Խոհագիր

Մատլեն Կարկանդակներ

Բաղադրութիւն

– 3 հաւկիթ
– 150 կրամ շաքար
– 200 կրամ ալիւր
– 2 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
– 8 կրամ թթխմոր
– 100 կրամ կարագ
– 50 կրամ կաթ

Պատրաստութիւն

Թեթեւ կրակի վրայ հալեցնել կարագը եւ մէկ  կողմ ձգել:

Հաւկիթները շաքարին հետ զարնել, մինչեւ որ փրփրին, ճերմկին: Աւելցնել կաթը եւ նարինջի հիւթը:

Ալիւրին աւելցնել թթխմորը, յետոյ` կարագը, խառնել եւ 15 վայրկեան ձգել, որպէսզի հանգչի:

Մատլենի յատուկ կաղապարը կարագով ծեփել եւ խառնուրդը լեցնել բաժանմունքներուն մէջ (ոչ բերնէ բերան, քանի որ խմորը պիտի ուռի), եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 12-15 վայրկեան եփել` 190-200 ջերմաստիճանով:

Այս փոքրիկ կարկանդակները շատ յարմար են ձմրան եղանակին` գաւաթ մը տաքուկ թէյի կողքին:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Պատուհանիս Տակ

Պատուհանիս տակ անձրեւ է մաղւում,
Իսկ ես չե՜մ յուզւում անձրեւից արդէն.

Ծիածաննե՛ր են դէմից ծիծաղում,
Բայց չե՜ն հմայում նրանք ինձ արդէն.

Շուտով գուցէ եւ արե՛ւը ծագի,
Բայց ես դրանից չե՜մ ուրախանում.

Լի՞ օր է այսօր, տօ՞ն, թէ՞ կիրակի`
Մէ՜կ է ինձ համար, ես չեմ իմանում.

Ո՞ւմ համար եմ ես այս երգը …հինում,
Կա՞յ մէկը, որին նա պէ՛տք է գալու…

Մեր տան առաջ ճամբա՛յ են շինում,
Իսկ ես…տեղ չունե՜մ արդէն գնալու:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles