Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ֆրանսայի 64 տարեկան Առաջին տիկինը, որ ամուսինէն մեծ է 24 տարի, գրաւած է եւրոպացիներու սիրտերը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախկին ուսուցչուհին, հիմա արդէն կինը` Պրիժիթ Մաքրոնը ոճային է, ինքնատիպ եւ անկեղծ:
«Էլ» ամսաթերթին հետ վերջերս կատարած հարցազրոյցին մէջ Առաջին տիկինը անկեղծ եւ յանդուգն խոստովանութիւններ կատարած է. ստորեւ թարգմանաբար կը մէջբերենք անոնցմէ մէկ քանին:
– Եթէ ես մերժէի իմ ապագայ ամուսինս միայն տարիքի տարբերութեան պատճառով, կեանքիս մեծագոյն սխալը գործած կ՛ըլլայի:
– Ինքզինքս Առաջին տիկին չեմ զգար, այս տիտղոսը ամերիկացիներու յօրինումն է, ինծի հետ ոչ մէկ կապ ունի: Ինքզինքս ո՛չ առաջին, ո՛չ երկրորդ, ո՛չ ալ երրորդ տիկին կը զգամ: Ես Պրիժիթ Մաքրոնն եմ:
– Միակ մեղադրանքը, զոր կրնամ ուղղել ամուսինիս, ինձմէ երիտասարդ ըլլալն է…
– Երբ Էմանուէլը 17 տարեկան էր, ըսաւ. «Ի՛նչ ալ ընես, հետդ պիտի ամուսնանամ»:
– Մենք ժամերով կը խօսէինք հեռաձայնով: Իր համբերութեամբ ան կոտրեց իմ դիմադրութիւնս:
– Առաւօտեան մենք կը նախաճաշենք, ես` իմ կնճիռներովս, ան` իր թարմութեամբ: Այո՛, այդպէս է:
– Ես չափազանց ուշադիր եմ իմ արտաքին տեսքիս: Երբեք տունէն դուրս չեմ ելլեր առանց համապատասխան սանտրուածքի եւ հագուածքի:
– Կը կրեմ ծունկէս վեր հագուստներ, բայց ոչ մինի: Մինին կը կրէի, երբ աւելի երիտասարդ էի:
– Տարիքի հետ կապուած հարցումները սկիզբը կը ցաւցնէին զիս, բայց յետոյ ես ինծի ըսի` բերանդ փակէ եւ համբերէ:
– Կը կարծեմ, որ 21-րդ դարը կիներունը պիտի ըլլայ: Կիները պիտի կարենան ելք գտնել այս աշխարհին:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս
Երբ Երեխան Կրնայ Առանձին Լոգնալ
Հինգ-վեց տարեկան երեխան արդէն ինքնաբաւ կարելի է համարել, որպէսզի առանձինը լոգնայ ու հագուի:
Մայր մը պէտք է նախօրօք որոշ ցուցմունքներ տուած ըլլայ, իսկ լոգանքի ատեն երեխան ձեռքի տակ պէտք է ունենայ անհրաժեշտ պիտոյքները` շամփուէն, օճառ, սպունգ…
Միւս կողմէ` լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, իսկ ջուրին ջերմաստիճանը` ճշդուած:
Պէտք է յարգել երեխային մտերմութիւնը, փակել, բայց երբեք չկղպել բաղնիքին դուռը:
Լոգարանին առջեւ երեխան պէտք է մարմինը ցամքեցնէ փոքրիկ գորգին վրայ կանգնած, կողքին` մուճակները եւ հագուստները:
***
Ե՞րբ Երեխան Կրնայ Առանձին Խանութ Երթալ
Եօթը տարեկան երեխան կարելի է առանձին խանութ ղրկել, եթէ ճամբայ կտրելու անհրաժեշտութիւն չկայ:
Երեխան կարելի է ղրկել մօտակայ խանութպանին, որուն վրայ վստահութիւն ունիք:
Երեխային ձեռքը մեծ գումար տալու չէ, որպէսզի կարենայ դիւրաւ հաշուակցիլ:
Այսպիսով, երեխան հպարտ եւ պատասխանատու կը զգայ, եւ քչ-քիչ անոր ինքնավստահութիւնը կը զարգանայ:
***
Ե՞րբ Երեխան Գրպանի Դրամ Կրնայ Ստանալ
Եօթը-ութ տարեկան երեխաները կը սկսին դրամ ուզել իրենց ծնողքէն:
Շաբաթական դրութեամբ երեխային դրամ տալով` կարելի է զայն վարժեցնել, որ ինքզինք «կազմակերպէ», ծախսերը տնտեսէ, խնայել սորվի եւ այլն…
Ոմանք քանի մը օրէն կը ծախսեն իրենց տրուած դրամը, ուրիշներ, ընդհակառակը, կը պահեն:
Պէտք չէ, որ գրպանի դրամը կապուի պատիժի կամ վարձատրութեան հետ:
Ինչ կը վերաբերի գումարին, ատիկա ծնողներուն որոշելիքն է:
Քանի Մը Տողով
Սէուտցի Կիներուն Բողոքը…
Վերջերս սէուտցի կիներ իրենց ապայան հակառակ երեսով հագած լուսանկարներ ցուցադրեցին ընկերային ցանցերու վրայ` բողոքելու համար պարտադիր ապայա կրելու օրէնքին դէմ:
Թէեւ անցեալ մարտին գահաժառանգ իշխան Մոհամէտ պըն Սալմանը յայտարարած էր, որ ապայա կրելը պարտադիր չէ, բայց եւ այնպէս պահպանողական Սէուտական Արաբիոյ մէջ բան չէ փոխուած, եւ օրէնքը տակաւին ի զօրու է:
Արդարեւ, «Ապայան հակառակ երեսով» շարժումին մաս կազմող տասնեակ մը կիներ յոյս ունին, որ իրենց այս քայլով պիտի յաջողին ընդմիշտ ձերբազատիլ ապայայէն:
Ծուլութիւնը Վարակիչ Է
Աւստրալիական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ծուլութիւնը վարակիչ է: Այսպէս, երբ աշխատանքի վայրը մէկ ծոյլ պաշտօնեայ կայ, ատիկա բաւարար է, որ վարակէ մնացեալները, եւ գործը տուժէ:
Այս մասին Սիտնիի համալսարանէն հետազօտողներ փորձեր կատարած են 158 համալսարանականներու վրայ` զանոնք խումբերու բաժնելով եւ իւրաքանչիւր խումբին որոշ ձեւի աշխատանք մը վստահելով:
Փորձերը ցոյց տուած են, որ այն խումբերը, որոնց մէջ ծոյլ կամ անձնասէր ուսանող գտնուած է, անոր ընթացքը ազդած է մնացեալներուն աշխատելաձեւին վրայ, եւ արդիւնքը յստակօրէն տուժած է:
Գեղեցկագիտական
Դդումով Պատրաստուած
Դիմակներ
Դդումով կարելի է պատրաստել ոչ միայն համեղ կերակուրներ եւ անուշ, այլեւ` դէմքի օգտակար դիմակներ. ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական բաղադրատոմս:
Չոր Մաշկի Համար
Դդումը կեղուել, խաշել եւ հարել բուսաիւղի հետ: Ստացուած ծեփուկը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ: Ձգել շուրջ 20 վայրկեան, ապա` մաքրել գաղջ ջուրով:
Ճարպոտ Մաշկի Համար
Հում դդումը հարել 1 հաւկիթի ճերմկուցի հետ եւ ստացուած թանձրուկով ծեփել դէմքը եւ պարանոցը: Քառորդ ժամ ետք մաքրել պաղ ջուրով:
Սպիտակեցնող Դիմակ
Խաշած դդում հարել կիտրոնի հիւթի հետ, թանձրուկով ծեփել դէմքը, սպասել 15 վայրկեան, ապա` ցօղուել պաղ ջուրով:
Սնուցանող Դիմակ Բոլոր Տեսակի Մաշկերուն Համար
Խաշած դդումը հարել 1 հաւկիթի դեղնուցի եւ դգալ մը մեղրի հետ, թանձրուկը դէմքին եւ պարանոցին վրայ տարածել, սպասել 20 վայրկեան, ապա` մաքրել գաղջ ջուրով:
Սննդագիտական–Առողջապահական
Դդում Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ
Խոշոր դդումը շատ առողջարար բանջարեղէն է, հարուստ կենսանիւթերով` Սէ, Պէ, Էօ, Փէ Փէ եւ նոյնիսկ հազուագիւտ կենսանիւթերով` Թէ եւ Քա:
Բացի կենսանիւթերէն` դդումը հարուստ է հանքայիններով եւ «միքրօ էլեմաններ»-ով, որոնք անհրաժեշտ են մարմնին բնական փոխանակութեան համար:
Դդումի յաճախակի օգտագործումը կը կանխարգիլէ եւ կը դարմանէ շատ մը հիւանդութիւններ: Ահաւասիկ` դդում ուտելու համոզիչ պատճառներ:
– Դդումը միզեցնող է եւ թեթեւ լուծողական:
– Դդումը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
– Մեծ մասամբ ջուրէ եւ բնաթելէ կազմուած դդումի պտղամիսը կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Պեթա քարոթենը, Սէ կենսանիւթն ու բնաթելերը դդումը կը դարձնեն քաղցկեղի յառաջացումը կանխարգիլող մթերք:
– Դդումի սերմերը կը նուազեցնեն օսթէոփորոզի յառաջացման հաւանականութիւնը:
– Զինկով հարուստ դդումը կը կանխէ ոսկորներու փխրունութիւնը եւ, միւս կողմէ, կը մեղմացնէ ցաւերը յօդերու հիւանդութեան պարագային:
– Դդումին իւղը կը նպաստէ վէրքերու արագ սպիացման, իսկ դդումով պատրաստուած ապուրը օգտակար է կոկորդի ցաւէ եւ կրիփէ տառապողներուն:
– Դդումին հիւթը կ՛օգնէ երիկամներու, միզապարկի եւ լեարդի քարերու արագ տարրալուծման:
– Դդումի հիւթը կ՛օգնէ քունին, կը հանգստացնէ ջղային համակարգը, կը կանոնաւորէ նիւթափոխանակութիւնը:
– Դդումի հիւթը կը դարմանէ թութքը:
Խոհագիր
Դդումի Անուշ
Բաղադրութիւն` 6 անձի համար
– 1 քիլօ դդում
– 500 կրամ շաքար
– 1 թէյի դգալ նարինջի կեղեւի տաշուք
– 1 կիտրոնի հիւթ
Պատրաստութիւն
Դդումը կեղուել, կուտերն ու թելերը հանել եւ խորանարդաձեւ կտրտել:
Խոշոր կաթսայի մը մէջ փոխադրել կտրտուած դդումը, աւելցնել շաքարը, նարինջին տաշուքը եւ կիտրոնի հիւթը, խառնել, կաթսային կափարիչը գոցել ու ամբողջ գիշերը ձգել, որ հանգչի:
Առաւօտեան միջակ կրակի վրայ 15 վայրկեան եփել` մերթընդմերթ փայտեայ դգալով խառնելով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Լուռ մօտեցար,
Առանց թակել
Դուռս բացիր
Ու տուն մտար:
Յետոյ քնքուշ
Ինձ ժպտացիր
Այգի ելար
Ու վարդերիս
Ջուր տուեցիր:
Ծարաւ չէին,
Բայց խմեցին
Ու բուրմունքից
Ես արբեցայ,
Մենք հարբեցինք:
Առանց գինի
Մենք գինովցանք
Ու քամու հետ
Պար բռնեցինք:
Քամուն, պարդ
Շատ դուր եկաւ,
Քեզ գիրկն առաւ
Իր հետ տարաւ:
Դու հեռացար,
Լուռ հեռացար,
Ու քեզ թուաց
Վարդս մնաց
Առանց ջրի…
ՄԱՐԻԱՄ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ