Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դպրոցէն տրուած տնային պարտականութիւնները յաճախ հակադրութիւն, վէճ եւ անհաճոյ կացութիւններ կը ստեղծեն ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ: Մանկավարժներու կարծիքով, տնային աշխատանքներու պահը վէճի, յանդիմանութիւններու, սպառնալիքներու վիճակէն դուրս պէտք է բերուի եւ վերածուի հաճելի պահի մը, եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա օգտակար եւ արդիւնաւէտ դառնայ: Այս նպատակով ալ մանկավարժները հետեւեալ լուծումները կ՛առաջարկեն բոլոր այն ծնողներուն, որոնք այս կացութեան մէջ կը գտնուին:
Երեխային Արտօնել, Որ Ինք Ընտրէ Իր Աշխատանքին Վայրը
Մենք` մեծերս ունինք այն հաստատ համոզումը, որ միայն լռութեան մէջ դպրոցականը կրնայ կեդրոնացած աշխատիլ: Մինչդեռ սենեակը առանձնացած երեխային համար ատիկա բանտարկութեան համազօր բան է: Նստասենեակը, մեծերով շրջապատուած, թերեւս ան աւելի «ապահով» եւ հանգիստ կը զգայ: Աշխատանքի յարմարագոյն պայմաններուն շուրջ երկար կարելի է վիճիլ. անձէ անձ անոնք կը փոխուին: Հետեւաբար արտօնենք, որ փոքրիկը ի՛նք ընտրէ իր աշխատանքի վայրը:
Կողքին Նստիլ, Բայց Անոր Փոխարէն Չաշխատիլ
Հոս ալ լուրջ կացութիւն մը կայ: Երբ կ՛արտօնենք մեր զաւկին, որ նստասենեակը աշխատի, պատկերասփիւռը պէտք է անջատուի, եւ ան հասկնայ ու գիտնայ, որ աշխատանք ունի կատարելիք: Մեր ներկայութիւնը, ուշադրութիւնը եւ թելադրանքները դրական ազդեցութիւն կը գործեն աշխատող մանուկին վրայ: Սակայն պէտք է գիտնանք միջամտութեան մեր սահմանները եւ անոր փոխարէն` մենք չկատարենք տրուած պարտականութիւնները, եթէ կ՛ուզենք օրին մէկը ինքնաբաւութեան հասցնել զայն:
Օգնել, Որպէսզի Երեխան Իր Աշխատելաոճը Ունենայ
Փորձենք մեր երեխային հետ գտնել աշխատելու եւ սորվելու իրեն յարմարող աշխատելաոճը: Ոմանք դաս մը կը սորվին բարձրաձայն կարդալով եւ բազմաթիւ անգամներ կրկնելով, ուրիշներ` դասը ամփոփելով կամ գլխաւոր կէտերու վերածելով, ուրիշներ ալ` դասը գծապատկերի վերածելով: Հետեւաբար փորձենք փնտռել եւ միասնաբար գտնել, թէ ո՛րն է մեր զաւկին յարմարող աշխատելաոճը:
Դասին Եւ Դպրոցին Իմաստ Տալ
Ոչ ոք կ՛աշխատի եւ ճիգ կը թափէ` առանց հասկնալու պատճառը: Նոյնն է պարագան դպրոցականներուն: Երբ մեր զաւկին կ՛ըսենք` «Սորվէ՛, որ մարդ դառնայ», կամ` «Եթէ սորվիս, ապագային բարձր պաշտօններու պիտի արժանանաս», այս բոլորը վերացական խօսքեր են մանուկին համար, մինչդեռ անոր պէտք է բացատրենք, որ աշխատելով` հանգիստ ամառնային արձակուրդ մը պիտի անցընէ` առանց վերաքննելի նիւթեր ունենալու, կամ` աշխատելով յաջորդ օրը ինքնավստահ դասարան պիտի մտնէ եւ շատերու նման պիտի մասնակցի դասին, գնահատուի ուսուցչուհիին կողմէ եւ հոգեպէս ուրախ զգայ: Այս խօսքերը աւելի շօշափելի եւ խթանող են անոր համար:
Ընդունիլ, Որ Ընկերոջ Մը Հետ Աշխատի
Եթէ նկատենք, որ դասի, պարտականութեան պատճառով լարուածութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի, պարբերաբար արտօնենք, որ դասընկեր մը գայ եւ միասին սորվին յաջորդ օրուան դասերը: Մենք մեր կարգին բազմապատկութեան աղիւսակի մրցում մը կազմակերպենք, ոտանաւորը երկու ձայնով արտասանելու փորձ ընել տանք, պատմութեան դասը հաւանական պատասխաններով հարցումներու խաղի վերածենք եւ այլն… Մանուկները շատ աւելի դիւրին կը սորվին հաճելի, քան ճնշուածութեամբ եւ լարուածութեամբ լեցուն պայմաններու մէջ:
Մեր Առօրեան
Դիւրացնող Հնարներ
1
Ձեր մազերուն փայլք եւ առողջ տեսք տալու համար կապոց մը լուացուած ազատքեղ խաշեցէք 2 լիթր ջուրի մէջ, քամոցէ անցուցէք եւ շամփուէնէն ետք ձեր մազերը ցօղուեցէք այդ ջուրով:
2
Ճաշէն ետք խնձոր մը կամ ստեպղին մը խածնելով կերէք: Ասիկա լաւ միջոց է ակռաները մաքրելու եւ լինտերը զօրացնելու համար:
3
Որպէսզի տարուան բոլոր եղանակներուն կանաչ սոխ ունենաք, լուացուած եւ ցամքեցուած սոխը մանրեցէ՛ք եւ լեցուցէ՛ք հանքային ջուրի փոքրիկ շիշերու մէջ եւ սառցարանը պահեցէք:
4
Կոճապղպեղը սառցարանը պահեցէք. այսպիսով, աւելի դիւրին զայն քերոցէ կ՛անցընէք, եւ աւելի երկար կը դիմանայ:
5
Կարգ մը զարդեղէններ սեւ արատներ կը ձգեն մաշկին վրայ: Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար անոնց ներսի երեսը ծեփեցէք եղունգի ներկով:
6
Ժամանակի ընթացքին կարգ մը բրդեղէններու վրայ փոքրիկ գունդեր կը գոյանան, զանոնք մաքրելու համար օգտագործեցէք սափրուելու գործիքը:
7
Ձիթապտուղը պահեցէք ապակեայ շիշի մէջ, անոր աւելցուցէք ձէթ, թարմ ծոթրին եւ երկու պճեղ սխտոր: Ձիթապտուղը սպառելէ ետք կարելի է ձէթը օգտագործել աղցաններու պատրաստութեան մէջ:
8
Պահարանէն ցեցերը հեռացնելու համար նարինջի մը վրայ մեխակի գամեր հաստատեցէք եւ դարաններէն մէկուն վրայ զետեղեցէք: Նարինջը նաեւ անուշ բոյր պիտի տայ ձեր հագուստներուն:
Գեղեցկագիտական
Պտուղներով Եւ Բանջարեղէններով
Դիմակներ
Դիմաքսուկները աւելի արդիւնաւէտ կը դառնան, եթէ պատրաստուին բնական ձեւով:
Օգտուելով հիւթեղ, թարմ եւ սննդարար պտուղներէն ու բանջարեղէններէն` ծեփուկներ պատրաստենք տան պայմաններուն մէջ:
– Մաքրութիւնը չափազանց կարեւոր է` նախքան սեր կամ ծեփուկ պատրաստելը:
– Ընտրուած պտուղներն ու բանջարեղէնները պէտք է ըլլան թարմ, հասուն, բայց` ոչ չափազանց հասուն ու թթուած:
– Պատրաստուած սերը կամ ծեփուկը օգտագործել պատրաստելէ անմիջապէս ետք` անոր բոլոր բարիքներէն առաւելագոյն չափով օգտուելու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք տունը պատրաստուող դիւրին, աժան եւ ազդու դէմքի ծեփուկներ, որոնք ունին մաշկը թարմացնելու, մորթը երիտասարդ պահելու եւ այլ յատկութիւններ:
Երիտասարդացնող Դիմակ
Առնել առողջ, թթուաշ երկու խնձոր, կեղուել, կտրտել եւ կաթի մէջ եփել, մինչեւ որ փափկանան: Պաղելէն ետք պատառաքաղով ճզմել եւ ստացուած խիւսը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ: Պահել 15-20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Մաշկը Թարմացնող Դիմակ
Ստեպղինը քերիչէ անցընել, աւելցնել սուրճի դգալ մը մեղր եւ քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ: Խառնուրդը տարածել դէմքին վրայ, սպասել 15 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Մաշկը Սահուն Դարձնող Դիմակ
Թարմ, պզտիկ դդումները լուալ, ապա քերիչէ անցընել եւ տարածել դէմքին վրայ: Ձգել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ կաթով:
Մաշկը Մաքրող Եւ Սնուցանող Դիմակ
Հասուն պանանը ճզմել, թէյի դգալ մը մեղր աւելցնել, խառնել եւ ստացուած ծեփուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ: 20 վայրկեան ետք ցօղուել գաղջ ջուրով:
Մաշկը Սնուցանող Եւ Փափկացնող Դիմակ
Հասուն աւոքատօ մը պատառաքաղով ճզմել, թէյի դգալ մը մեղր աւելցնել, խառնել եւ ստացուած ծեփուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ: Ձգել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Խոհագիր
Չոր Լոլիկով Եւ Ձիթապտուղով
Կարկանդակ
Բաղադրութիւն.
¬ 200 կրամ ալիւր
– 4 հաւկիթ
– 100 կրամ սեւ ձիթապտուղ
– 200 կրամ չոր լոլիկ
– 180 կրամ մոցարելլա պանիր
– 10 սլ. կաթ
– 10 սլ. ձէթ
– 2 թէյի դգալ քիմիական թթխմոր
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն.
Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել ալիւրն ու թթխմորը: Խառնել, կեդրոնը փոսիկ մը բանալ եւ յաջորդաբար աւելցնել` կաթը, ձէթը, աղը, սեւ համեմն ու հաւկիթները եւ փայտեայ դգալով մը կտրուկ շարժումներով շատ լաւ խառնել:
Չոր լոլիկները եւ պանիրը մանր կտրտել, սեւ ձիթապտուղը շերտել եւ երեք բաղադրիչները աւելցնել խմորին ու խառնել:
Կարկանդակին կաղապարը իւղել, խմորը լեցնել եւ 40 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ: Սպասել, որ պաղի, որմէ ետք միայն կաղապարէն հանել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Աղէտ
Այս ինչ պատահեց հայոց աշխարհին
Ողբերգութիւն է համաշխարհային
Մի բուռ ազգ էինք, դարձել ենք կէս բուռ
Իսկ այդ կէս բուռն էլ արտասուք է լուռ:
Մենք այլոց տունը երբեք չենք քանդել,
Էլ ինչո՞ւ պիտի մեր տունը քանդուէր.
Մեր պաշտած հողը մեզ իր գիրկն առաւ
Մեր պաշտած քարը մեր գլխին ընկաւ:
Այո՛, կը յիշենք, նոյնիսկ կը գրենք,
Եթէ շատերս չխելագարուենք:
Բայց այս օրերին կայ լոկ մի՛ խորհուրդ`
Պիտի դիմանա՛ս, իմ հայ ժողովուրդ,
Դեռ պիտի յաղթես, ապրելո՛վ յաղթես.
Եւ նաեւ, նաեւ ծիծաղո՛վ յաղթես:
Մենք չմնացինք աշխարհում մենակ.
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ յենակ
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ թիկունք,
Շնորհակալ ենք` բոլորին յատուկ:
Մարդիկ զոհուեցին` ազնուութիւնը ո՛չ:
Սա՛ է պահելու ժողովուրդին ողջ:
Եւ ասա՛ Աստուած, եթէ խիղճ ունես,
Ի՞նչ ճակատագիր տուեցիր դու մեզ:
Մենք այսօր շատ ենք ցնցուած, բզկտուած,
Թող վերջին վիշտը լինի սա, Աստուա՛ծ:
ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ