Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Տօնածառը` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Խորհրդանիշը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան անբաժան խորհրդանիշն է տօնածառը, որ երկար ճամբայ կտրած է մինչեւ մեզի հասնիլը:

Գերմանիոյ կը վերագրենք տօնածառի զարդարման աւանդութեան սկիզբը (16-րդ դար), երբ հաւատաւոր քրիստոնեաները զարդարուած ծառեր կը բերեն իրենց տուները: Ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով ու նաեւ` մոմերով: Աստիճանաբար տօնածառի աւանդութիւնը տարածուեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:

Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին ամուսինը` իշխան Ալպերթը տօնածառը աւելի նորաձեւ դարձուց` 1841 թ. անգլիական առաջին տօնածառը  Ուինսորի պալատին մէջ զարդարելով մոմերով, տուրմերով, միրգերով եւ կրկնեփներով: Անշուշտ շուտով անգլիացի մեծահարուստներ հետեւեցան անոր օրինակին:

Քիչ-քիչ տօնածառի գաղափարը տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն. բացի տուներէն` տօնածառեր զետեղուեցան հրապարակներու վրայ, եկեղեցիներու բակերու, պարտէզներու մէջ, պետական շէնքերու մուտքերուն եւ այլն…

Մշտադալար Եղեւնին

Անցեալին, մարդիկ ծառերը կը զարդարէին` հաւատալով, որ անոնք օժտուած են բարի ուժերով, եւ անոնց մէջ կ՛ապրին բարի ոգիներ:

Ծառերէն նուէրներ կախելով` մարդիկ կը ջանային գոհացնել բարի ոգիները: Ծառերը զարդարող խնձորները կը խորհրդանշէին` պտղաբերութիւն, ընկոյզը` աստուածային նախախնամութեան անիմանալիութիւն, հաւկիթները` զարգացող կեանք, ներդաշնակութիւն եւ լիակատար բարեկեցութիւն:

Եղեւինը զարդարելու սովորութիւնը յառաջացած է աւելի քան 2000 տարի առաջ: Մշտադալար եղեւինը առանձնայատուկ տեղ գրաւած է բոլոր ծառերուն մէջ: Անիկա խորհրդանշած է կեանքը եւ կեանքի վերածնունդը` մութէն ու խաւարէն:

Շատեր կը կարծեն, որ մշտադալար եղեւինը դրախտին մէջ աճող անմահութեան ծառն է, վառուող լոյսերն ու մոմերը` մարդկային հոգիները, իսկ զարդարանքները` խորհրդանշական նուիրատուութիւնները:

Հին ատեն տօնածառերը կը զարդարուէին փերիներու եւ բարի ոգիներու պատկերներով, իսկ եղջիւրներն ու զանգակները կ՛օգտագործուէին չար ուժերը վանելու համար:

Տօնածառի Յարդարանքը`
Տարբեր Երկիրներու Մէջ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ հինէն ի վեր հայերը եղեւինի փոխարէն` ամանորին բնութեան պարգեւներով կը զարդարէին ձիթապտուղի կամ խնկենիի ծառը:

Նոր տարուան երեկոյեան անոնք ձիթենիի համեմատաբար հաստ ճիւղը կը խրէին նախապէս թխուած մեծ հացի կամ բաղարջի մէջ եւ զայն կը համարէին Կաղանդի ծառ:

Տան անդամները նախ ընկուզեղէնով կը զարդարէին ճիւղը, այնուհետեւ տանտէրը զայն եկեղեցի կը տանէր, քահանային օրհնել կու տար,  յետոյ կը բերէր տուն եւ կ՛ամրացնէր գերանին:

Տօնածառի խաղալիքները հասկերէ, ընկոյզներէ (թիւով` եօթը) պատրաստուած զարդեր էին, որոնց վրայ կը կախէին չարխափաններ, ինչպէս նաեւ` մարդակերպ եւ կենդանակերպ թխուածքներ:

Նոր տարուան ծառը նաեւ կը զարդարէին խնձորով, որ կը խորհրդանշէր պտղաբերութիւն, ցորենի հասկերով` որպէս առատութեան նշան, ինչպէս նաեւ` լուբիայի պատիճներով, որոնք աւանդաբար կը խորհրդանշէին ընտանիքին ամրութիւնը:

Տօնածառը կը պատրաստուէր փայտեայ խաչի վրայ, որ կը խորհրդանշէր տիեզերական չորս ուղղութիւնները:

Ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի կարծիքով, ամանորի ծառը զարդարելու համար պէտք է օգտագործել տարբեր խորհրդանշական իրեր` արական եւ իգական սեռի կապուած տիկնիկներ, հացահատիկ, նուռ, միրգեր, մետաղադրամներ, փուշեր` ուղղուած չար աչքի դէմ, փոքրիկ քսակներ` որպէս առատութեան ու լիութեան խորհրդանիշ`

– ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին հրեշտակներով, սիրամարգերով եւ այլ թռչուններով:

– ՇՈՒԷՏԻ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին վառ գոյներով ներկուած փայտեայ խաղալիքներով:

– ԴԱՆԻՈՅ ՄԷՋ տօնածառէն կը կախէին փոքրիկ դրօշակներ, զանգակներ, աստղեր, ձիւնի փաթիլներ եւ սրտիկներ:

– ԼԻԹՈՒԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ծառէն կը կախէն ծղօտէ թռչնավանդակներ, աստղեր եւ այլն…

– ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ քրիստոնեաները փոքրիկ հովահարներ եւ թուղթէ լապտերներ կը կախէին իրենց տօնածառերէն:

– ՉԵԽԻՈՅ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին հաւկիթի ներկուած կեղեւէն պատրաստուած զարդերով:

– ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին սարդերով եւ սարդոստայնով` որպէս յաջողութեան խորհրդանիշ:

* * *

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ շուտով պիտի օժտուի նոր տօնածառով մը: Արդարեւ, երկու օրէն Հանրապետութեան հրապարակի նոր տօնածառը արդէն կազմ ու պատրաստ կ՛ըլլայ դիմաւորելու համար Նոր տարին: Նոր տօնածառին բարձրութիւնը 37 մեթր է:

Քաղաքապետարանի աղբիւրներու համաձայն, տօնածառը, որ պատրաստուած է բարձրորակ արհեստական եղեւինի ճիւղերէ, պիտի զարդարուի 1500 խաղալիքներով եւ շուրջ 200 քիլոմեթր երկարութեամբ լուսատու շղթաներով: Այս տօնածառը արժած է շուրջ 146 հազար տոլար:

Նշենք, որ նախկին տօնածառը զետեղուած էր 2005 թուականին, եւ շատերու փափաքն էր, որ անիկա փոխարինուի նորով մը: Ստորեւ նկարներուն վրայ կը տեսնենք 2005 թուականին զետեղուած եւ ամբողջ 13 տարիներ ծառայած նախկին տօնածառը, ինչպէս նաեւ 1950-ական թուականներուն հրապարակը, զարդարած թերեւս անշուք, սակայն այնքան խորհրդաւոր տօնածառը…

Տօնական Սեղանը

Տօնական սեղանը իր յարդարանքով պէտք է դիւթէ բոլորը, եւ յատկապէս` երեխաները:

«Հիւրընկալ» տեսքով այս սեղանը պէտք է փայլի հազարումէկ գոյներով եւ տեղ-տեղ զետեղուած  մոմերով, Կաղանդը խորհրդանշող զարդերով, ձիւնի փաթիլներով, ոսկեզօծ տերեւներով եւ այլն…

Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը դիւրին եւ արագ իրագործելի յարդարանքներ, որոնք կրնան թռիչք տալ ձեր վառ երեւակայութեան:

Խոհագիր

Գաթայ

Բաղադրութիւն

– 1 քիլօ կարագ
– 500 կրամ թթուասեր
– 100 կրամ մածուն
– 3  հաւկիթ
– 2.5 քիլօ ալիւր
– 1 թէյի դգալ խնձորի քացախ
– 1 քիլօ շաքար
– 1 թէյի դգալ սոտա

Պատրաստութիւն

500 կրամ կարագը խառնել ալիւրին, շաքարին եւ սոտային հետ: Այս խառնուրդը խորիզն է:

Առնել 1 քիլօ ալիւր եւ խառնել 500 կրամ կարագի, 3 հաւկիթի, մածունի, թթուասերի, քացախի եւ սոտայի հետ, շաղել եւ ստացուած խմորը վեց կտորի բաժնել: Ձգել, որ 10 վայրկեան հանգչին:

Բանալ իւրաքանչիւր խմոր առանձին` օգտագործելով աւելցած ալիւրը, ապա խորիզը դնել մէջտեղը, խմորը կրկին գոցել, ձեռքով տափակցնել եւ երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել, գաթաները նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով` 25-30 վայրկեան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաղանդչէք

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս
Նուէրներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն իշխանականը զատած
Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քու անունիդ երկարած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը մընամ առանց քեզի սիրելիս
Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Պիտի գաս

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ-սիրելիս
Գիտնամ միայն
Թէ անպայման
Կաղանդներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Ես ամէնէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին
Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս:

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>