Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ամանորի Սովորութիւններ` Համշէնահայերուն Մօտ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր Նոր տարի, ինչպէս ամէնուր, այնպէս ալ համշէնահայերուն մօտ նոր յոյսի առիթ է:

Ամանորի առաւօտեան հիւր երթալը ընդունուած չէր, որովհետեւ տուեալ անձը կրնար բախտաբեր կամ դժբախտութիւն բերող համարուիլ: Միայն նախապէս հրաւիրուած փոքրիկ մը կրնար զինք հրաւիրողներուն տունը այցելել: Երեխային նուէրներ կու տային, իսկ ան տան անդամներուն ժողովրդական խազիկներ կ՛արտասանէր եւ անոնց միջոցով բարեմաղթանքներ կը կատարէր:

Ամանորի գիշերը երիտասարդ աղջիկներուն համար առանձնայատուկ խորհուրդ ունէր: Այդ օրը Համշէնի մէջ աղի կրկնեփներ կ՛ուտէին, զայն կը պատրաստէին եօթը տունէ գաղտագողի վերցուած եգիպտացորենի ալիւրով, որուն մէջ մեծ քանակութեամբ աղ կ՛աւելցնէին: Աղջիկները կը հաւատային, որ երազի մէջ որու տան առջեւ կենան ու ջուր խմեն, այդ տունն ալ հարս կ՛երթան…

Նոր տարուան գիշերը զարդարուած երիտասարդները` մրոտած երեսներով կամ դիմակներով, պարապ պարկերով կը թափառէին, ապա զանոնք կիսաբաց դուռներէն ներս կը նետէին եւ աւելի ուշ քաղցրաւենիներով եւ պտուղներով լեցուած պարկերը կը հաւաքէին ու կը տանէին տուն: Սովորութիւն էր նաեւ Նոր տարին դիմաւորել կրակոցներով:

Յունուար 1-ի առաւօտեան պէտք էր որ սեղանին վրայ առնուազն եօթը տեսակ ճաշատեսակ ըլլար: Պարտադիր էր խաշած դդումը, որ ընտանիքի անդամներու թիւին պէտք էր համապատասխանէր. անոնցմէ մէկուն մէջ մետաղադրամ մը կը զետեղուէր` յաջողութեան որպէս խորհրդանիշ:

Նոր տարուան օրը համշէնահայերը կը ջանային զիրար չնեղացնել եւ բարձր չխօսիլ, որպէսզի տարին խաղաղ անցնի:

Իրենց ախոռը ցուլ ունեցող ընտանիքները զայն տան աջ դռնէն ներս կը մտցնէին` հաւատալով, որ ցուլը բախտաբեր է, եւ տարին բարիքներով լեցուն պիտի ըլլայ:

Թէեւ համշէնահայերը կը նշեն Ս. Ծնունդը, Զատիկը, Վարդավառն ու այլ տօներ, սակայն անոնց համար Նոր տարին կը համարուի կարեւորագոյնը, եւ պարտադիր է, որ Նոր տարուան առաջին իսկ պահէն ամէն ոք իր տան մէջ ըլլայ եւ տան մէջ դիմաւորէ Ամանորը:

 Տիգրան Մանսուրեանի
Ամանորի Յուշերը

«Ընտանիքում վեցն ենք եղել` հայրս, մայրս եւ մենք` չորս երեխայ: Շատ սիրով ընտանիք ենք եղել: Տօնական օրերի մէջ Նոր տարին առաւել ընտանեկան է եղել մեզ համար: Մենք տունը սովորութիւն ենք ունեցել երգելու հայկական ժողովրդական երգեր` բոլորով: Նոր տարուան օրը երգել ենք սիրով: Յետոյ երեխաներով պէտք էր գնայինք մեր ընկերների տները: Ես սիրով եմ յիշում այդ տարիները` մանկութեան տարիների Նոր տարին, շատ սիրով եմ յիշում: Անպայման աւանդական ճաշեր կային: Աղանձը… Ի՜նչ համով էր: Գիտէ՞ք` համեստ սեղան էր, համեստ ուտեստ էր, բայց մէկն այնքան սիրով ես յիշում: Եւ դրանք տան ուտելիքներն էին աւանդական:

… Նոր տարուան տօնական նուէրներ իմ մանկութեան տարիներին աւելի շատ եղել են Պէյրութում: Այստեղ չեղաւ, ցաւօք սրտի: Եւ չեմ էլ կարծում, որ մենք նուէրներ էինք անում իրար: Դա մի տեսակ չափազանց մեծ շռայլութիւն էր: Մերը սեղանն էր եւ երգելը:

Ինչպէ՞ս տարին դիմաւորում ենք, այդպէս էլ շարունակւում է: Ես հէնց դրա համար եմ այդ գիշեր դաշնամուրի հետ: Դաշնամուրի առջեւ նստել ու նուագել, նոթագրել, որպէսզի դա ամբողջ տարին լինի: Ես հաւատում եմ, որ դա անպայման այդպէս է: Պէտք է տարին առաջին պահերից գոյացնել, տարուան ծրագիրը դնել հէնց առաջին պահերից: Բայց` նախ եւ առաջ մասնակցել մեր ուրախութեանը, համընդհանուր ուրախութեանը: Լսել մաղթանքները, գեղեցիկ երաժշտութիւն, որը հնչելու է այստեղից-այնտեղից: Ես սիրում եմ, մասնակից լինել, ինձ համար կարեւոր է լսել, թէ ինչպէ՛ս հրապարակում «հնչում» երիտասարդների ուրախութիւնը, ինչպէս են երգում, բայց նաեւ` ունենալ անձնական կարեւոր պահերը, երբ նոթայի հնգագծի հետ գործ ունես:

Երազանքներին անշուշտ հաւատում եմ: Այն, ինչը որ կարող է քեզ վաղուան օրուան ուղղութեամբ տանել, լուսաւոր վաղուան ուղղութեամբ, դրան պէտք է հաւատալ: Չի կարելի մտնել մութ տարածք, մտնել գետնայարկ ու այնտեղի հետ կապել քո վաղուան օրը: Չի կարելի դա, չի կարելի անել: Ինչ էլ լինի, պէտք է լուսաւոր ուժերին հաւատաս եւ վաղուան օրուան հաւատաս, ի՛նչ էլ լինի»:

Տօնական Մոմեր

Տօնական զարդերու շարքին Սուրբ Ծննդեան մոմը պարտադիր է, որ վառի հաւատացեալներու տուներէն ներս:

Վառուող մոմը հայ հաւատացեալներուն համար առաջին հերթին կը խորհրդանշէ Քրիստոսը եւ ապա` քրիստոնէութիւնը. «Ես եմ աշխարհի լոյսը», ըսած է Քրիստոս:

Քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ մոմը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը, ներողամտութիւնը, ուրախութիւնը եւ անշուշտ` լոյսը:

Ֆրանսայի մէջ սեղանին զետեղուած 3 մոմերը կը խորհրդանշեն Սուրբ Երրորդութիւնը:

Բրիտանիոյ մէջ սեղանին կը զետեղուի դալար ճիւղով զարդարուած կարմիր երկար մոմ մը, որ կը փոխարինէ կոճղը: Մոմը վառելու յատուկ արարողութիւն կայ, իսկ մարելու պարագային տան անդամները կը զգուշանան գէշ պատահարէ մը:

Իրլանտայի մէջ վառած մոմեր կը զետեղուին պատուհաններու եզրին` երեք մոգերուն ճամբան լուսաւորելու համար:

Դանիոյ մէջ երկու մոմ կը վառեն, մէկը կը խորհրդանշէ հայրը, միւսը` մայրը: Առաջինը, որ կը մարի, կը պարզէ, թէ նախ ո՛վ պիտի մահանայ…

Մեր օրերուն տօնական սեղանները զարդարող մոմերը առ հասարակ կ՛ըլլան ոսկեգոյն, ճերմակ, բայց մանաւանդ` կարմիր: Ստորեւ կը ներկայացնենք զարդարուած մոմերու հետաքրքրական տարբերակները, որոնցմէ կրնաք ներշնչուիլ եւ, ինչո՞ւ չէ, պատրաստել մէկ քանին:

 Կաղանդի Բոյր` Տան Մէջ

Եւ ի՜նչ Կաղանդ` առանց տօնական բոյրի: Ստորեւ կը ներկայացնենք տօնական բոյրի երկու տարբերակ` բնական բաղադրիչներով պատրաստուած:

– Առէք առողջ, ձեւաւոր նարինջ մը, անոր շուրջ ժապաւէն մը անցուցէք (նախընտրաբար` կարմիր) եւ կասիայի փայտիկ մը հաստատեցէք: Յետոյ առէք մեխակի գամեր եւ նարինջին չորս կողմը մխրճեցէք: Քանի մը նարինջով թէ՛ տունը զարդարած կ՛ըլլաք եւ թէ՛ կը վայելէք նարինջին բոյրը:

– Թէյամանին մէջ 2 բաժակ ջուր եռացուցէք, մէջը աւելցուցէք նարինջի կեղեւ, մեխակի գամեր, կասիայի փայտիկ մը եւ մշկընկոյզ մը, 10 վայրկեան չանցած տունը կը լեցուի Կաղանդի անուշ բոյրով:

Կ՛արժէ փորձել:

Խոհագիր

 Անուշապուր

Զուտ հայկական քաղցրաւենի անուշապուրը կը համարուի հայկական Ամանորի սեղանի եօթը պարտադիր ուտեստներէն մէկը: Նոյնիսկ եթէ պիւշ կարկանդակէն պիտի չհրաժարիք, նաեւ պատրաստեցէք մեր աւանդական անուշապուրը, որ շատ աւելի համեղ եւ առողջապահական է, քան` պատրաստի կարկանդակները:

Բաղադրութիւն

– Կէս քիլօ կորկոտ կամ ցորեն
– Կէս գաւաթ չիրեր (չամիչ, սալոր, ծիրան…)
– Մէկ գաւաթ ընկոյզ, կաղին, նուշ…
– Կէս գաւաթ մեղր
– Մէկ թէյի դգալ փոշի կասիա
– Ջուր` եփելու համար
– Նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Ցորենը խաշել, մինչեւ որ փափկանայ: Աւելցնել չիրերն ու ընկուզեղէնը եւ եփել թեթեւ կրակի վրայ:

Կրակը անջատելէ ետք, գաղջ խառնուրդին աւելցնել մեղրն ու կասիան:

Հրամցնելու պահուն երեսը զարդարել չիրերով, ընկուզեղէնով եւ նուռի հատիկներով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անդաստան

Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Ո՛չ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին.
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի`
Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ:

Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի,
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածանին`
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:

Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութիւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդին.
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի`
Բերկրութիւ՜ն թող ըլլայ:

Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերում թող ըլլայ…
Ծաղկի՜ մեղրը փեթակներուն,
Հորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի`
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>