Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամանորն ու Ս. Ծնունդը շատերու համար ամենասիրելի տօներն են: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ձեր Ս. Ծնունդի գիշերը. պահանջկո՞տ էք, ժուժկա՞լ… պատասխանեցէք հաւանական պատասխաններով այս փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք եւ իմացէք, թէ ինչպիսի՛ անձ մըն էք դուք:
– 1 –
Ո՞ւր կը սիրէք նշել Ս. Ծնունդը.
ա.- Ընտանիքին հետ, տան մէջ: (2)
բ.- Գիւղը, մարդոցմէ հեռու: (2)
գ.- Ճաշարանի մը մէջ: (3)
– 2 –
Ինչպիսի՞ շրջապատի մէջ կը ցանկաք անցընել Ս. Ծնունդը.
ա.- Ընտանիքի անդամներուն կամ մտերիմ բարեկամներու հետ: (5)
բ.- Անծանօթ միջավայրի մէջ: (4)
– 3 –
Ինչպիսի՞ երաժշտութիւն կը նախընտրէք լսել.
ա.- Այն, ինչ որ ճաշարանը կ՛առաջարկէ: (1)
բ.- Ձեր նախասիրած սկաւառակները: (2)
գ.- Դուք կ՛երգէք կամ երաժշտական գործիք կը նուագէք: (3)
– 4 –
Ինչպէ՞ս պէտք է Ս. Ծննդեան սեղանը.
ա.- Չափազանց առատ: (4)
բ.- Չափաւոր, առանց մսխումի: (2)
գ.- Համեստ, բայց` ներկաներու ճաշակին համապատասխան: (1)
– 5 –
Շնորհաւորական «SMS»-ներ կ՛ուղարկէ՞ք.
ա.- Բոլոր ծանօթներուն: (3)
բ.- Միայն մտերիմներուն: (2)
գ.- Ոչ ոքի: (1)
– 6 –
Յատուկ յայտագիր նախատեսա՞ծ էք Ս. Ծնունդի գիշերուան համար.
ա.- Այո՛, երգով, պարով եւ բաժակաճառով: (1)
բ.- Միայն բաժակաճառեր: (2)
գ.- Ոչ մէկ յայտագիր: (1)
– 7 –
Նուէրներ կը փոխանակէ՞ք.
ա.- Ս. Ծնունդին` ոչ. արդէն Նոր տարուան գիշերը նուէրի փոխանակում եղած է: (1)
բ.- Այո՛, նոյնիսկ բարեկամներու: (3)
գ.- Միայն ընտանիքի անդամներուն: (2)
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ առաւելագոյնը 10 կէտ հաւաքեցիք, դուք համեստ եւ ամչկոտ անձ էք: Կեանքի մէջ կը փնտռէք գործնականը, խնայողասէր էք եւ կը զգուշանաք մսխումէ: Յաճախ կը խուսափիք մեծ ու աղմկոտ շրջապատէ, հանգիստ կը զգաք ընտանեկան յարկին տակ, իսկ ձեր բարեկամները սակաւաթիւ են:
***
Եթէ 11-19 կէտ հաւաքեցիք, «ոսկեայ միջին» բնաւորութեան տէր անձ էք, պահանջկոտ չէք եւ կը զգուշանաք ծայրայեղութենէ: Ունիք բաւական լայն ընկերային շրջանակ, փնտռուած եւ հաճելի զրուցակից էք ձեր շրջապատին մէջ:
***
Եթէ 20-էն աւելի կէտ հաւաքեցիք, դուք մարդամօտ, խանդավառ եւ քէֆը սիրող անձ էք: Դուք չափազանց բարի եւ անկեղծ էք, այդ պատճառով ալ երբեմն կը տուժէք: Ձեր հրաշալի բնաւորութեան եւ շռայլութեան համար ձեր շրջապատի «հոգին» համարուած էք:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Արդեօք Պէ՞տք Է Երեխան Օրօրել.
Թեր Եւ Դէմ Կարծիքներ
Երեխան օրօրելու հարցին մասին ընդունուած օրէնք չկայ: Շատեր կ՛ըսեն, որ երեխան օրօրել ոչ միայն կարելի է, այլեւ` անհրաժեշտ: Մնացեալներն ալ փաստերով կը փորձեն ապացուցել, որ երեխան օրօրելը ճիշդ չէ: Ստորեւ կը ներկայացնենք թեր եւ դէմ կարծիքներն ու հիմնաւորումները:
Երեխան Պէտք Է Օրօրել
Շատերու կարծիքով, մօր արգանդին մէջ անցուցած ժամանակահատուածին երեխան գրեթէ անընդմէջ կ՛օրօրուի: Յղի կինը կը քալէ, կը պարէ, կը լողայ, իսկ մանուկը այդ ընթացքին, հեղուկի մէջ գտնուելով, դանդաղ կ՛օրօրուի: Հետեւաբար երեխային համար ասիկա բնական է, սովորական ու հաճելի, քանի որ ան ենթագիտակցօրէն կը վերյիշէ մօր արգանդին մէջ ունեցած զգացողութիւնները:
Նոյն այս անձերուն կարծիքով, երեխային համար շատ կարեւոր է մօր մօտ գտնուիլը, անոր սրտին զարկերը, բոյրն ու ջերմութիւնը զգալը: Ասոնք կ՛օգնեն, որ ան հանգստանայ, աւելի ապահով զգայ եւ աւելի արագ քունի անցնի:
Ապացուցուած է, որ օրօրուող երեխան շատ աւելի հանգիստ կը քնանայ, քան` այն երեխաները, որոնք ինքնաբերաբար քունի կ՛անցնին:
Երեխան Պէտք Չէ Օրօրել
Այս տեսակէտը պաշտպանողներու կարծիքով, երեխան օրօրելով` անոր մօտ ժամանակի ընթացքին պահանջի եւ սովորութեան կը վերածուի: Այս տեսակէտը պաշտպանողները համոզուած են, որ մանուկը ծնած օրէն պէտք է ինքնուրոյնութեան վարժեցնել, ան պէտք է որ առանց օրօրուելու ինքնաբերաբար քունի անցնի:
Որոշ մասնագէտներ նաեւ կը կարծեն, որ օրօրուող երեխային մօտ գլխապտոյտ կամ նոյնիսկ գիտակցութեան կորուստ կրնայ յառաջանալ:
Եզրակացութիւն
Կարեւոր է նկատի առնել, որ երեխան ամէնէն աւելի ունի մօր սիրոյ եւ գուրգուրանքի կարիքը, հետեւաբար զայն գրկելու, օրօրելու եւ երգելու մէջ «վնասակար» բան չկայ:
Հարկաւոր է, սակայն, չչափազանցել օրօրելու այս արարողութիւնը եւ քիչ-քիչ վարժեցնել, որ ինքնուրոյն քնանայ:
Օգտակար Խորհուրդներ` Օրուան Ընթացքին
Աւելի Եռանդուն Եւ Թարմ Ըլլալու Համար
-1-
Աւելի կանուխ քնացէք: Քունի պակասը նուազ արդիւնաբեր կը դարձնէ ձեր աշխատանքը եւ մնայուն յոգնածութիւն կը պատճառէ: Առողջ եւ կայտառ զգալու համար օրական առնուազն 6 ժամ պէտք է քնանալ:
-2-
Օրական մարզանք ըրէք: Մարզանքները երկար ժամանակի վրայ ներդրումներ են ձեր առողջութեան համար: Առանց մարզանքի` առողջութեան ընդհանուր մակարդակը կը նուազի, եւ ձեզի համար աւելի դժուար կ՛ըլլայ մտածել, կեդրոնանալ ու արտադրել:
-3-
Օրուան ընթացքին կարճ մրափ մը առէք: Ցերեկային այս կարճատեւ քունը շատ արագ կը կազդուրէ եւ կը վերալիցքաւորէ ձեզ:
-4-
Առաւօտեան կատարեցէք ձեր բարդ աշխատանքները` Աշխատանքային օրուան առաջին չորս ժամերը ամէնէն արդիւնաբերներն են: Իսկ երբ առաւօտեան շատ ժամանակ կը վատնէք ձեր բջիջայինին վրայ, արդէն օրուան երկրորդ կիսուն յոգնած կը զգաք:
-5-
Ծրագրեցէք յաջորդ օրուան ձեր ընելիքները: Եթէ պէտք ըլլայ, նոյնիսկ թուղթի մը վրայ արձանագրեցէք յաջորդ օրուան ձեր ընելիքները: Թէկուզ կարգ մը պարտականութիւններ անախորժ են, մի՛ ձգձգէք զանոնք եւ նախընտրաբար կատարեցէք օրուան առաջին կիսուն:
-6-
Ճիշդ եւ առողջ ձեւով սնանեցէք: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք Սէ. կենսանիւթով հարուստ պտուղներն ու բանջարեղէնները, ձկնեղէնը եւ այլն…
Երկարատեւ եւ անբացատրելի յոգնածութեան պարագային, նախընտրելի է, որ դիմէք բժիշկի մը կարծիքին եւ իմանաք պատճառը:ջին չորս ժամերը ամէնէն արդիւնաբերներն են:
Հետաքրքրական Միտքեր`
Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզէն
– Ես քեզ կը սիրեմ ոչ թէ անոր համար, թէ ո՛վ ես դուն, այլ` ան բանին համար, թէ ո՛վ եմ ես, երբ քու կողքիդ եմ:
– Ոչ ոք արժանի է քու արցունքներուդ, իսկ անոնք, որոնք արժանի են, երբեք քեզի չեն ստիպեր, որ լաս:
– Իսկական ընկերը ան է, որ կը բռնէ ձեռքդ եւ կը զգայ սիրտդ:
– Երբեք մի՛ դադրիր ժպտելէ, նոյնիսկ եթէ տխուր ես, կը գտնուի մէկը, որ կը սիրահարի քու ժպիտիդ:
– Հնարաւոր է, որ այս աշխարհի երեսին դուն ընդամէնը սովորական մարդ մըն ես, բայց կը գտնուի մէկը, որուն համար դուն ամբողջ աշխարհ մըն ես:
– Ժամանակդ մի՛ վատներ մարդու մը վրայ, որ չի փափաքիր զայն քեզի հետ անցընել:
– Մի՛ լար, որովհետեւ բան մը աւարտած է, այլ ժպտէ, որովհետեւ ատիկա պատահած է:
– Միշտ ալ պիտի գտնուին քեզի ցաւ պատճառող մարդիկ:
– Պէտք է շարունակես հաւատալ մարդոց` պարզապէս քիչ մը աւելի զգուշ գտնուելով:
– Անտեղի ջանքեր մի՛ թափեր: Ամենալաւ բաները անսպասելիօրէն կը կատարուին:
Կ՛արժէ մտածել…
Սննդագիտական
Ուտելիքներ` Դեղերու Փոխարէն
Մեր ինքնազգացողութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի ուտելիքը, զոր մենք կ՛օգտագործենք: Բժիշկներու կարծիքով, շատ մը մթերքներ` ձրի դեղեր են տուեալ հիւանդութիւններու պարագային: Եւ այսպէս`
– Տեսողութեան վատթարացման պարագային, Ա. կենսանիւթով հարուստ ուտելիք սպառեցէք: Կերէք ստեպղին, լեարդ, պանիր…
– Անքնութեան եւ գլխացաւի պարագային, կերէք Պէ. խումբի կենսանիւթերով հարուստ ուտելիքներ` ոլոռն, ընդեղէն, հացահատիկներ, կաթնեղէն…
– Թուլութեան եւ լինտերու արիւնահոսութեան պարագային, սպառեցէք Սէ. կենսանիւթ պարունակող ուտելիքներ` նարինջ, քիուի, ազատքեղ…
– Նիւթափոխականութեան խանգարման պարագային, հարկաւոր է Փէ. Փէ. կենսանիւթ պարունակող ուտելիքներ սպառել, ինչպէս` ձուկ, կաթ, հնդկահաւի միս…
– Ոսկորներու հետ կապուած անհանգստութիւններու պարագայի, կերէք Տէ. կենսանիւթով հարուստ ձուկ, կարագ, հաւկիթ…
Խոհագիր
Փուռը Եփած Գետնախնձոր
Բաղադրիչներ
1 քիլօ գետնախնձոր
2 սոխ
60 կրամ կարագ
200 մլ բանջարեղէնի արգանակ
200 մլ կաթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Լուալ, ցամքեցնել, կեղուել եւ շատ բարակ շերտել գետնախնձորները: Օղակաձեւ շերտել նաեւ սոխերը:
Փուռ գացող ափսէն կարագով ծեփել (20 կրամ կարագը բաւարար է միջակ ափսէի մը համար): Շարել մէկ շարք գետնախնձոր, յետոյ` սոխ, կրկնել քանի մը անգամ:
Բանջարեղէնի տաք արգանակն ու կաթը խառնել եւ թափել գետնախնձորին վրայ` առանց վերջին շերտը ծածկելու:
Մնացեալ կարագը հալեցնել եւ թափել գետնախնձորին վրայ ափսէն ծածկել փայլաթիթեղով եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 40 վայրկեան եփել 200 ջերմաստիճանով:
Փայլաթիթեղը հանել եւ 5 վայրկեան ալ եփել, մինչեւ որ գետնախնձորները ոսկեգոյն դառնան:
Մսեղէնի, ձկնեղէնի կամ աղցանի կողքին հրամցուող համեղ, աժան եւ ներկայանալի ուտեստ մը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Աղօթք
Աքսորական զոյգի մ՛համար,
Շատ հարուստ է երկինքըդ դեռ,
Բայց գանձերէդ քու անհամար
Զըրկըւած ենք մենք ու անտէր:
– Գըթա՛ մեզ, Տէ՛ր:
Բաւիղներուդ մէջ մըթասքօղ
Երկու ճամբորդ ենք ծանրաբեռ…
Ո՛չ լոյսի սիւն առաջնորդող,
Ոչ իսկ հեռուն աղօտ լապտեր:
– Լուսէ՛ մեզ, Տէ՛ր:
Մարմիններուն վրայ մեց թաց
Բոյն կը դնեն աղտոտ որդեր..
Մեր սըրտերուն մէջ մըթամած
Կը թանձրանան մեղքի շերտեր…
– Սըրբէ՛ մեզ, Տէ՛ր:
Հողին վրայ աղտոտ ու գէջ,
Տե՛ս, հինցեր ենք ու բորոտեր.
Մինչ բուրաւէտ դրախտիդ մէջ,
Կը կարկաչեն ոսկի գետեր:
– Լուա՛ մեզ, Տէ՛ր:
Անօթի ենք ու յանցաւոր
Բայց քեզմէ շա՛տ հեռու ենք դեռ.
Տաճարիդ մէջ քու լուսաւոր
Ոչ հըսկեր ենք, ո՛չ աղօթեր,
– Ներէ՛ մեզ, Տէ՛ր:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ