Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Արագ աչք մը նետեցէք նկարին. այն, ինչ տեսաք առաջինը, կը բացայայտէ ձեզ:
Պատուհանին Մօտ Նստած Կին
Դուք մարդամօտ անձ էք, դիւրաւ կը յարաբերիք մարդոց հետ: Ձեզ շրջապատողները ուշադիր լսելու, զանոնք հասկնալու, ի հարկին ձեռք երկարելու եւ օգտակար խորհուրդներ տալու բարի յատկութիւնը ունիք:
Աղուէս
Առողջ փառասիրութիւն ունիք, միշտ կը ձգտիք լաւագոյնին հասնիլ եւ առաջինը հանդիսանալ: Նպատակասլաց անձ էք: Եսասիրական մղումներ չունիք, կ՛ուզէք ձեր նպատակին հասնիլ` առանց ուրիշներուն վնասելու:
Վարագոյր
Հաւասարակշռուած եւ հանդարտ անձ էք: Ունիք ձեր սեփական համոզումները: Ըստ ձեզի, կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անձ իր ուղին ընտրելու իրաւունք ունի:
Կին Եւ Տղամարդ
Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող անձ էք: Կը սիրէք օգնել ուրիշներուն եւ մեծ բաւարարութիւն կը զգաք, երբ կը յաջողիք: Վստահութիւն ունիք մարդոց հանդէպ եւ ատիկա փոխադարձ է:
Բնապատկեր
Անհաղորդ եւ դաժան անձի տպաւորութիւն կը ձգէք: Չէք սիրեր ուրիշներէն կախեալ ըլլալ, կը նախընտրէք ինքնուրոյն հասնիլ ձեր նպատակին: Թէեւ կը գնահատէք ֆինանսական կայունութիւնը, բայց գումարը ձեզի համար առաջնահերթութիւն չէ:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ինչպէ՞ս Յանդիմանել Երեխան
Երեխայի դաստիարակութիւնը շատ մեծ պատասխանատուութիւն է եւ` բարդ աշխատանք: Երբ երեխան սխալ մը գործէ, բնական է, որ ծնողքը պիտի յանդիմանեն, սակայն յանդիմանութիւնն ալ ունի իր կանոնները: Ստորեւ քանի մը օգտակար խորհուրդ` նման կացութեան դիմաց գտնուող ծնողներուն համար:
Ճիշդ Պահուն Յանդիմանել
Երեխան պէտք է յանդիմանել ճիշդ պահուն, ոչ ուշացումով, որպէսզի ան կապը հաստատէ իր սխալին եւ յանդիմանութեան միջեւ:
Հանդարտ Մնալ Եւ Չգոռալ
Երեխային հետ գոռալով խօսիլը թէ՛ արդիւնքի չի հասցներ եւ թէ՛ կը նուաստացնէ զայն: Կարեւոր է պաղարիւնութիւնը պահել, խօսիլ մեղմ, սակայն` կտրուկ եւ վճռական ոճով:
Չսպառնալ
Երեխան յանդիմանել` անոր սխալը մատնանշելով, բայց անոր ներաշխարհը յուզող սպառնալիքներէ հեռու մնալ: Այսպէս, «քեզ այլեւս պիտի չսիրեմ», «դուն իմ տղաս չես», «ես տունը պիտի ձգեմ ու հեռանամ»` այս արտայայտութիւնները մի միայն կը խանգարեն երեխային ներաշխարհը եւ մնայուն անձկութեան կը դատապարտեն զայն:
Դատապարտել Արարքը Եւ Ոչ` Երեխան
Յանդիմանելու ժամանակ քննադատել երեխային արարքը եւ ոչ` երեխան:
Չհամեմատել
Իւրաքանչիւր երեխայ իւրայատուկ չէ, զայն պէտք չէ ուրիշներու հետ համեմատել եւ, աւելի՛ն, նուաստացնել:
Բացատրել
Առանց հիմնաւորումներու եւ բացատրութեան` չյանդիմանել երեխան, ան յստակօրէն պէտք է հասկնայ իր յանցանքին ծանրութիւնը եւ անոր հետեւանքները:
Հետեւողական Ըլլալ
Եթէ օր մը երեխան ծանր յանդիմանութիւն ստացած է տուեալ յանցանքի մը համար եւ շաբաթներ ետք նմանօրինակ յանցանքի մը դիմաց աչք կը փակուի, ան եւս շփոթութեան կը մատնուի եւ կը դառնայ անուղղայ:
Յիշենք, որ վատ վերաբերմունքը, գոռոցը, վիրաւորական խօսքերն ու ծեծը ոչ միայն դաստիարակիչ չեն, այլեւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան անոր մտային եւ հոգեկան զարգացման վրայ:
Գործնական Թելադրանքներ
Կարմիր Գինիի Արատը Մաքրելու
Գործնական Միջոցներ
Եթէ կարմիր գինի թափեցիք ձեր հագուստին կամ միագոյն գորգին վրայ եւ անճրկած էք, թէ ինչպէ՛ս պիտի մաքրէք արատը, ահաւասիկ` դիւրին եւ արագ միջոցներ, որոնք անկասկած պիտի գոհացնեն ձեզ:
Ճերմակ Գինի Եւ Սոտա
Սոտային ճերմակ գինի աւելցուցէք, խառնեցէք եւ ստացուած թանձրուկով ծեփեցէք արատը. ձգեցէք 2-3 ժամ, ապա մաքրեցէք խոնաւ լաթով մը:
Սոտա
Եթէ արատը տակաւին նոր է, անմիջապէս սոտա ցանել վրան եւ մէկ-երկու ժամ ետք օճառով եւ ջուրով մաքրել:
Տաք Կաթ
Այո՛, որքան որ ալ զարմանալի թուի, տաք կաթը ազդու միջոց է կարմիր գինիի արատը չէզոքացնելու համար:
Ալիւր Կամ «Թալք»
Կայ այն սխալ կարծիքը, որ աղը ազդու միջոց է կարմիր գինիի արատը մաքրելու համար: Փորձառուներու կարծիքով, ալիւրը կամ «թալք»-ը աւելի ազդու կամ վստահելու միջոց են:
Ճերմակ Քացախ
Ճերմակ քացախը նոյնպէս լաւ եւ ազդու միջոց է կարմիր գինիի արատը մաքրելու համար:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Գործնական Հնարքներ
Տօները հասան իրենց աւարտին, եւ արդէն ժամանակն է տօնածառն ու զարդեղէնները հաւաքելու: Վստահաբար քիչեր հաճոյքով կը կատարեն այս պարտականութիւնը:
Փորձառու եւ հնարամիտ մարդիկ գործնական առաջարկներով կը դիւրացնեն տօնածառը հաւաքելու տհաճ գործը: Զարդեղէններն ու լոյսերը ճիշդ ձեւով եւ ապահով տուփերու մէջ տեղաւորելու համար ձեզի կը ներկայացնենք քանի մը հետաքրքրական տարբերակ: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք տան մէջ կամ գետնայարկը պահեստ սենեակ ունին, կրնան պարզապէս տօնածառը փաթթել կերպընկալ թերթով` առանց զարդերն ու լոյսերը հանելու: Այսպիսով, յառաջիկայ տարի ծառը արդէն յարդարուած` կրկին կը զետեղեն տան մէջ…
Առողջապահական
Կրիփով Չվարակուելու
Օգտակար Խորհուրդներ
Կրիփը լայնօրէն տարածուած ժահրային հիւանդութիւն է: Կրիփով կը հիւանդանան բոլոր տարիքի անձերը: Հիւանդութեան հիմնական ախտանշաններն են` ջերմը, հազը, կոկորդի ցաւը, մարմնի կոտրտուքը, յոգնածութիւնը եւ գլխացաւը:
Կրիփի վարակի աղբիւրը հիւանդ անձն է, որ շրջապատին համար վտանգաւոր է հիւանդութեան առաջին օրէն մինչեւ լրիւ ապաքինումը: Ան խօսելու, հազալու, փռնգտալու կամ համբուրելու ատեն վարակը շատ արագ կը փոխանցէ շրջապատին:
Բժիշկները խորհուրդ կու տան`
– Կարելի եղածին չափ հեռու մնալ շփումներէ (համբուրուիլ, ձեռք թօթուել, գիրկընդխառնուիլ…), առաւելագոյնս պաշտպանուելու համար վարակէն:
– Կարելի եղածին չափ հեռու մնալ ընկերային հանդիպումներէ, մանաւանդ եթէ փակ տարածքներու մէջ են:
– Հրաժարիլ հիւանդանոց այցելելէ հիւանդտեսի պատրուակով: Հիւանդանոցը վարակներու բոյն է:
– Հրաժարիլ ինքնաբուժումէ եւ զգուշանալ անթիպիոթիքներէ, որոնք միշտ ալ ճիշդ ընտրութիւն չեն:
– Հագուիլ եղանակին համապատասխան:
– Յաճախ օդափոխել փակ տարածքները:
– Շատ հեղուկ խմել:
Հետաքրքրական Միտքեր`
Աւետիք Իսահակեանէն
– Սիրո՛վ չափեցէք, թող այն լինի ձեր միակ չափը` ամէն բան չափելիս:
– Կեանքը շօշափելի երազ է, իսկ երազը` շօշափելի կեանք:
– Երազը մեր չխոստովանած, անկեղծ ցանկութիւնների հայելին է:
– Լուսինը լճակի մէջ բանաստեղծութիւն է, իսկ երկնքում` իրականութիւն եւ նուազ գեղեցիկ ու հմայիչ:
– Քո ամենամռայլ ամպամած օրը միտքդ բեր, որ ամպերից վերեւ արեւ կայ:
– Աշխատանք, սէր, ընկերութիւն, ողջախոհութիւն, որոնք միջոցներ են ապրելու համար:
– Ճշմարտութիւնը ոտքով է գնում, սուտը` թեւերով:
– Կանանց խօսել սովորեցնելու համար հազար հնարքներ կան, լռեցնելու համար` ոչ մէկ:
– Խղճի վէրքերը երբեք չեն սպիանում:
– Ամէն ինչ դեղ է եւ ամէն ինչ` թոյն: Կարեւորը չափն է:
– Եւ ի՞նչ է փառքը. այսօր քեզ մարդիկ եղջիւրներից վեր կը բարձրացնեն, վաղը նոյն մարդիկ սմբակների տակ ճզմելու համար քեզ վար կը նետեն:
– Կեանքի սափորը լիքն է աղի ջրով, որ ինչքան խմում ես, այնքան աւելի ծարաւանում, այրուելով խմում վերստին եւ զզւում, բայց բնաւ չես յագենում:
– Չկայ այլանդակ սէր, ինչպէս չկայ գեղեցիկ բանտ:
– Ոգեշնչումը մի հիւր է, որը չի ստիպում այցելել ծոյլերին, նա յայտնւում է նրանց մօտ, ովքեր իրեն կանչում են:
Խոհագիր
Խոշոր Դդումով Եւ Կաղինով Ապուր
Բաղադրութիւն` 4 անձի համար
– 1 քիլօ խորանարդաձեւ կտրտուած խոշոր դդում
– 1 խոշոր սոխ
– 1 լիթր արգանակ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 10-15 կաղին
– 4 շերտ պէյքըն
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ ձէթը տաքցնել եւ աւելցնել մանրուած սոխը: Երբ սոխը թափանցիկ դառնայ, աւելցնել խորանարդաձեւ կտրտուած դդումը (մանր կտրտուածը աւելի արագ կ՛եփի) եւ խառնել:
Աւելցնել արգանակը (նախընտրաբար` հաւի), եռալէն ետք կաթսային կափարիչը գոցել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ 30 վայրկեան:
Երբ դդումը փափկանայ, խառնուրդը հարիչէ անցընել եւ կրկին կաթսային մէջ փոխադրել. աւելցնել աղն ու սեւ պղպեղը: Ըստ ճաշակի, կարելի է նաեւ քիչ մը հեղուկ թարմ սեր աւելցնել:
Տապակի մը մէջ առանց իւղի խարկել կաղինները, ապա` մանր կտրտել:
Նոյն տապակին մէջ չորցնելու աստիճան խորովել պէյքընի կտորները:
Ներկայանալի փոս ամաններու մէջ լեցնել ապուրը եւ երեսը զարդարել կաղինով եւ պէյքընով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ասում են, թէ միանգամից կեանքում ոչի՜նչ չի կատարւում.
Միանգամից ո՛չ մի կարպետ եւ ո՛չ մի գորգ չի պատըռւում,
Միանգամից բերդ չի շինւում ու չի քանդւում միանգամից,
Միանգամից ձիւն չի գալիս եւ չի փչում անգամ քամին:
Մի՛րգ չի հասնում միանգամից, ո՜ւր մնաց թէ` խելօքանան,
Զո՛յգ չեն կազմում միանգամից, ո՜ւր մնաց թէ` երեքանան:
Միանգամից չեն կշտանում եւ չեն զգում ջրի կարիք,
Ո՛չ այսօրն է անցեալ դառնում, ո՛չ էլ վաղն է դառնում գալիք:
Այս ամէնը ճիշդ է, հարկա՛ւ,
Հէնց այսպէս է, ինչպէս որ կայ:
Սակայն եթէ իմ կեանքի մէջ գէթ հարցնէին մի՛ անգամ ինձ,
Թէ ես ի՞նչ եմ գերադասում,
Ի՞նչ եմ ուզում
Ու երազում,
Ես կ՛ասէի.
– Ինչ լինում է` թող որ լինի միանգամի՜ց…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ