Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամանորեայ տօներէն ետք կուտակուած քիլոներէն ձերբազատելու համար սննդագէտները խորհուրդ կու տան`
Անօթի Չմնալ
Խիստ կամ չսերտուած սննդականոնը ոչ միայն չ՛օգներ նիհարնալու, այլ ձեզ կը դարձնէ ջղագրգիռ: Կարեւոր է կարգի բերել սննդականոնը եւ սնանիլ փոքր չափաբաժիններով, սակայն` յաճախ: Օրուան ընթացքին դուք պէտք է յարգէք ճաշի 3 ժումերը` ի հարկին անոնց միջեւ պտուղ մը անցընելով:
Չուտել Քնանալէ Անմիջապէս Առաջ
Սննդագէտները կարեւորութեամբ կը շեշտեն, որ քնանալէ անմիջապէս առաջ ուտելը չափազանց վնասակար է: Հետեւաբար պէտք է հրաժարիք այս սովորութենէն եւ ընթրէք անկողին մտնելէ առնուազն 3 ժամ առաջ:
Ածխաջուրերն Ու Սպիտակուցները Ճիշդ Օգտագործել
Աւելորդ քիլոներէն ձերբազատելու համար կարեւոր է ճիշդ ձեւով սնանիլ: Ածխաջուրերը (glucides) հարկաւոր է օգտագործել օրուան առաջին իսկ կէսին, իսկ սպիտակուցները (proteines)` երկրորդ: Այս երկուքին միատեղ օգտագործումը կը խանգարէ ձեր սննդականոնը:
Ջուր Խմել
Առանց ջուր խմելու` կարելի չէ նիհարնալ… Օրական 1,5 – 2 լիթր ջուր խմեցէք, կրնաք բաժին մը փոխարինել կանաչ թէյով: Քնանալէ երկու ժամ առաջ հրաժարեցէք ջուր խմելէ, իսկ նախաճաշէն կէս ժամ առաջ անպայման բաժակ մը ջուր խմեցէք:
Հրաժարիլ Վնասակար Ուտելիքներէն
Տօները ձեր ետին մնացին, ժամանակն է, որ հրաժեշտ տաք վնասակար ուտելիքներուն` իւղոտ ու տապկուած մսեղէններուն, ֆասթ ֆուտին, թացաններուն… Կարեւոր է սահմանափակել նաեւ քաղրաւենիքները, տուրմը եւ այլն…
Ճիշդ Ժամերու Ուտել
Մասնագէտներու կարծիքով, պէտք է նախաճաշել մինչեւ ժամը 11:00-ը, ճաշել ժամը 2:00-ին եւ ընթրել երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Ընթրիքին Ապուր Ուտել
Եթէ կը փափաքիք նիհարնալ, լաւագոյն տարբերակը երեկոյեան ապուր ուտելն է: Ապուրներու այնքան հարուստ տեսականի կայ, որ դուք երբեք չէք ձանձրանար ուտելէ: Սակայն ի մտի ունեցէք, որ կաղամբով ապուրները շատ աւելի կ՛օգնեն արագ նիհարնալու:
Սահմանափակել Խմիչքը
Պէտք է սահմանափակէք թէ՛ ալքոլ պարունակող խմիչքները, թէ՛ զովացուցիչները եւ ոչ թարմ պտուղի հիւթերը:
Կաղամբով Ապուրի Բաղադրատոմս
Կաղամբով ապուրին գլխաւոր բաղադրիչը կաղամբն է: Այս ապուրը ունի իրեն յատուկ սննդակարգ, որ կ՛երկարի 7 օրերու վրայ: Այս սննդակարգը ոմանց կ՛օգնէ, որ մէկ շաբթուան ընթացքին 5 – 7 քիլօ կորսնցնեն` անշուշտ զանց ընելով ջերմուժ պարունակող շատ մը ուտելիքներ:
Կաղամբով ապուրի համար անհրաժեշտ են` կաղամբ, լոլիկ, ստեպղին, կարոս (céleri), սոխ, սխտոր, պրոքոլի, դդում, կանաչ լուբիա… Այս բանջարեղէններէն ընտրեցէք ձեր ճաշակին համապատասխանողները, պայմանաւ որ կաղամբը մնայ հիմնական բաղադրիչը:
Բանջարեղէնները կտրտեցէք եւ 2 լիթր ջուրի մէջ եփեցէք, մինչեւ որ փափկանան: Աւելցնել աղ, սեւ պղպեղ, կանաչ համեմունքներ, քիչ քանակութեամբ լոլիկի մածուկ, դգալ մը ձէթ կամ մէկ խորանարդ խտացուած բանջարեղէնի հիւթ:
Նոյնիսկ սննդականոնի չհետեւողներուն թելադրելի է շաբթուան ընթացքին երեկոյեան ընթրիքները մէկ-երկու անգամ փոխարինել այս օգտակար եւ ճարպերը «այրող» ապուրով:
Փորձ-Հարցարան
Յոռետե՞ս, Թէ՞ Լաւատես Անձ Էք
Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն` իմանալու համար, թէ յոռետե՞ս էք, թէ՞ լաւատես:
– 1 –
Երգ մը կ՛ունկնդրէք, եւ յիշատակներ կ՛արթննան ձեր մէջ.
ա.- Երգին հետ կ՛երգէք` պարելով:
բ.- Անմիջապէս կ՛անջատէք:
գ.- Կը յուզուիք, կու լաք:
– 2 –
Անձրեւոտ օր մը…
ա.- Ձեզ կը մղէ երազելու:
բ.- Կ՛ուզէք անկողինէն դուրս չելլել:
գ.- Արդէն ազդուած էք օդէն եւ անտրամադիր էք:
– 3 –
Ձեր տարեդարձն է.
ա.- Կ՛արժէ տօնել եւ զուարճանալ:
բ.- Յանկարծ կը զգաք, որ մեծցեր էք:
գ.- Մտահոգութիւնը կը պատէ ձեզ:
– 4 –
Ձեր գործատէրը կը գանգատի վերջին շրջանին գործի մէջ ձեր ցուցաբերած եռանդի պակասէն.
ա.- Կը ժամադրուիք յաւելեալ լուսաբանութեան համար:
բ.- Ճիգ կը թափէք հակառակը փաստելու համար:
գ.- Ամբողջ շաբաթ մը ձեր քունը կը փախցնէք:
– 5 –
Կռնակի ցաւեր ունիք, բժիշկը զանոնք հոգեկան ընկճուածութեան կը վերագրէ.
ա.- Երկրորդ բժիշկի մը կարծիքին կը դիմէք:
բ.- Չէք համոզուիր եւ ցաւազերծող դեղերու կը դիմէք:
գ.- Չէք զարմանար:
– 6 –
Արեւոտ վայրի մը մէջ ժամանցը լաւ առիթ է…
ա.- Կ՛որոշէք ծովափ երթալ եւ քալել:
բ.- Պատշգամը մարզանք կ՛ընէք:
գ.- Երաժշտութիւն կ՛ունկնդրէք` սեւ միտքերը վանելու համար:
– 7 –
Ձեր սիրած անձը վերջ կը դնէ ձեզի հետ իր յարաբերութեան.
ա.- Կը ցաւիք, բայց կ՛որոշէք ձեր կեանքը շարունակել:
բ.- Կու լաք:
գ.- Մեծ բաց մը կը զգաք եւ կը յուսալքուիք:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, որքան ալ սեւ ըլլան ձեզ պատող միտքերը, չէք ձգեր, որ անոնք երկար ժամանակ չարչարեն ձեր միտքը: Ձեւ ու հնար կը գտնէք ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու: Ձեր խառնուածքին մէջ լաց ու ափսոսանք չկայ, կացութիւնը անմիջապէս ձեռք կ՛առնէք եւ կը շրջանցէք դժուարութիւնները: Այս ինքնավստահութիւնն ու լաւատեսութիւնը կը պարտիք ձեզ շրջապատող հարազատներուն եւ ընկերներուն, որոնք պատրաստ են հոգեկան եւ բարոյական աջակցութեան:
****
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, ապա իրականութենէն փախուստ տուող անձ էք: Շատ զգայուն էք, եւ սեւ միտքերը շուտով կ՛ազդեն ձեր վրայ, ահա թէ ինչո՛ւ կը փորձէք անտեսել զանոնք, չմտածել անոնց մասին եւ կեդրոնանալ ուրիշ բաներու վրայ: Իրականութենէն փախուստը միշտ ալ լաւ լուծում չէ, քանի որ հարցերը կը կուտակուին եւ օրին մէկը մեծ գլխու ցաւ կը պատճառեն ձեզի: Ընդհանուր առմամբ, ձեզ կարելի չէ յոռետես համարել:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ապա զարմանալիօրէն կարծէք հաճոյք կ՛առնէք սեւ միտքեր հիւսելէ եւ դուք ձեզ դժբախտացնելէ: Չէք փորձեր ձերբազատիլ անոնցմէ: Յոռետեսութիւնը սկսած է հիւանդագին դառնալ, թերեւս ժամանակն է, որ հոգեբանի մը կարծիքին դիմէք:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ո՞ւր Մնաց Սկզբունքը…
Նախքան ծնողք դառնալը բոլորս ալ դաստիարակչական մեծ սկզբունքներէ կը ճառենք, բայց անգամ մը որ զաւակներու տէր ենք խոստովանինք, որ մեր գինիին շատ ջուր կը խառնենք եւ մեր սկզբունքներուն մէկ կարեւոր մասը կը ցնդի օդին մէջ:
Արդեօ՞ք սխալ ընթացքի մէջ ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք…
Առնենք օրինակ մը. «Նուէրներու չափազանցութիւնը կը վնասէ երեխային»: Այո, երբ առանց առիթի երեխային բաներ կը նուիրենք, կը հասնինք տեղ մը, ուր երեխան գլուխը կը կորսնցնէ եւ քիչ-քիչ նուէրը իր իմաստէն կը պարպուի ու այլեւս հաճոյք չի պատճառեր: Ոմանց մօտ յաճախակի նուէր ստանալը անբաւարարութեան զգացում կ՛արթնցնէ, եւ երեխան տեւաբար աւելին կը պահանջէ: Աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, երբ զաւակը իր ստացած նուէրներուն արժէքով եւ քանակով կը չափէ ծնողական սէրը:
Առնենք հարցին միւս երեսը. մենք մեծ ու խելահաս ըլլալով կը տարուինք ու կը շլանանք նորութիւններով, ալ ուր մնաց երեխան: Երբ լսենք, որ մեր զաւակը կը պատմէ իր դասընկերներուն մէկ նոր խաղին մասին, խաղ մը, որուն նիւթը կ՛ընեն բոլոր զբօսանքներուն կամ կը խաղան, երբ քով-քովի գան, մեր սիրտը կը ճմլուի եւ որպէսզի մեր զաւակը զրկուած չմնայ, մենք ալ իրեն կը գնենք հատ մը` այն հաստատ համոզումով, որ այսպիսով ընկերներուն շրջանակին կողմէ «ընդունուած» պիտի ըլլայ:
Բայց ո՞ւր մնաց սկզբունքը…
Նախընտրելի է, որ մեծ նուէրները վերապահենք Կաղանդին եւ տարեդարձին համար: Մնացեալները թող ըլլան խորհրդանշական նուէրներ: Ձգենք, որ երեխան երազէ եւ ցանկայ իր սիրած մէկ բանը, անհամբեր սպասէ եւ ոչ թէ ուզածը ուզած վայրկեանին ստանայ: Վերջապէս` անակնկալի հաճոյքը չմարենք հոգիին մէջ:
Ձեռային Աշխատանք
Փրինկըլզի Տուփերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տուէք
Այսուհետեւ Փրինկըլզ չիփսի տուփերը մի՛ թափէք, հետեւեցէք հնարամիտ մարդոց օրինակին եւ երկրորդ կեանք մը տուէք անոնց:
Նախ շատ լաւ մաքրեցէք զանոնք, ապա ծածկեցէք գեղեցիկ, կպչուն թուղթերով եւ օգտագործեցէք որպէս` կերպընկալ տոպրակներու պահեստի տուփ, դդմաճի տեսակներ կամ ընդեղէններ պահելու տուփ, ձեր երեխային գունաւոր մատիտները դասաւորելու տուփ, փոքր չափի կրկնեփներ պահելու կամ նուիրելու տուփ:
Նոյնպէս, կարելի է օգտագործել Փրինկըլզի պզտիկ չափի տուփերը` դասաւորելու համար ձեր շպարի վրձիններն ու մատիտները: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:
Խոհագիր
Ազատքեղով Կարկանդակ
Բաղադրութիւն 6 անձի համար
– Մէկ կապոց մանրուած ազատքեղ
– 100 կրամ ալիւր
– Մէկ ծրար թթխմոր
– Մէկ մանրուած սոխ
– 6 հաւկիթ
– 100 կրամ տաշուած Կրիւյէր պանիր
– 80 կրամ հալած կարագ
– 100 կրամ մանրուած ընկոյզ
Պատրաստութիւն
Բոլոր բաղադրիչները խառնել եւ փոխադրել կարկանդակի կաղապարի մը մէջ:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 180 ջերմաստիճանով եփել 40-45 վայրկեան:
Հրամցնել գաղջ` պանրեղէնի եւ նախուտեստներու կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կաթիլներ
Երդիկներէն
Անհամար երդիկներէն մէկ հատին
Եզրին վրայ կամ ծայրին
Ջուրի կաթիլ մը կը սահի կը հանդիպի ուրիշի մը ու
կ’ըսէ –
Գիտե՞ս ինչ բան
Քու մէջդ ինչ բան ամէնէն շատ
Ամէնէն շատ կը սիրեմ –
Դուն ոչ մէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս…
Տանիքներէն
Բիւրաւոր տանիքներէն
Մէկուն ծայրին կամ եզրին
Ջուրի երկու կաթիլներ – կաթիլներուն պէս բոլոր
Արեւուն նոյն ճառագայթէն նետահար
Ու նորաբաց ծիածանովն արբեցած
Կը միանան իբրեւ պտուկ մը լոյսի
Կը միանան իբրեւ պտուղ երկնածին
Ու միաձոյլ- ծանրացած
Կ’իյնան հողին երջանկութեան արտասուքի պէս վճիտ
Ու մին կ’ըսէ միւս կէսին –
Գիտե՞ս ինչ բան ամէնէն շատ
Պիտի ուզեմ յաջորդ անգամ
Երբ աշխարհ գամ ու կաթիմ –
Յար եւ նման քեզի նման կաթիլի մը հանդիպիլ…
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ