Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւնները Կատարել Մերժող Երեխան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կարգ մը տուներու մէջ տնային աշխատանքները կատարելու ժամը կը վերածուի ծնողք-զաւակ ճակատումի. ծայր կ՛առնեն` պոռչտուքը, սպառնալիքները, լացը…

Իսկ երբ այս պատկերը օրական կը պարզուի, տան մթնոլորտը կը թունաւորուի, եւ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները կը տուժեն:

Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մասնագէտ եւ փորձառու անձեր` վերոյիշեալ անել վիճակէն դուրս գալու համար:

Ժամանակի Ընտրութիւն Տալ

Կան երեխաներ, որոնք կը նախընտրեն տնային պարտականութիւնները տուն դառնալէ անմիջապէս ետք կատարել, մինչ ուրիշներ հանգստանալու, քիչ մը խաղալու կարիքը կը զգան դասի անցնելէ առաջ: Հետեւաբար ծնողքը ժամանակի ընտրութեան առիթը պէտք է տայ իր զաւկին, որպէսզի վերջինիս աշխատանքը աւելի շինիչ եւ արդիւնաբեր ըլլայ:

Ամէնօրեայ Վարժութեան Վերածել

Ծնողքը իր դպրոցական զաւկին առաջին իսկ օրէն պէտք է հասկցնէ, որ տնային աշխատանքները անխուափելի եւ պարտադիր են, անոնք ամէնօրեայ պարտականութիւն են:

Օրէնքներ Ճշդել

Տնային աշխատանքներուն հետ կապուած օրէնքներ ճշդել, հեռատեսիլը անջատել, բոլոր տեսակի խաղերէն հեռու մնալ, համակարգիչը փակել…

Իսկ այս օրէնքները օրակա՛ն պէտք է գործադրուին առանց աչք փակելու:

Միշտ Երեխային Կողքին Ըլլալ

Կարեւոր չէ, թէ ծնողքը որքա՛ն զբաղած է եւ ընելիքներ ունի. երեխան պէտք է զգայ, որ մայրը կամ հայրը իր կողքին են եւ պատրաստ են ձեռք երկարելու, բացատրելու, քաջալերելու: Ծնողքին համար «անյետաձգելի» գործեր պէտք չէ ըլլան, առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի զաւկին:

Խրախուսել

Դասի նստող երեխան խրախուսանքի եւ, ինչո՞ւ չէ, վարձատրութեան արժանի է: Դրուատեցէք անոր գեղեցիկ գիրը, կոկիկ աշխատանքը, տրամաբանական պատասխանները: Որպէս վարձատրութիւն` դասի ժամանակ կարճ դադարներ տուէք եւ անոր առաջարկեցէք բաժակ մը թարմ պտուղի հիւթ, սիրած մէկ կրկնեփը, պտուղի աղցան մը…

Ինչպէս կը հաստատենք, կատարուած թելադրանքները անգործածելի չեն, սակայն քիչ մը կամք, յարատեւութիւն եւ համբերութիւն կ՛ենթադրեն: Չկայ ծնողք մը, որ այս զոհողութեան պատրաստ չէ:

Գեղեցկագիտական

Առոռջ Տեսքով
Մորթ Ունենալու Համար

Բոլորին չէ տրուած հարթ եւ առողջ մորթ ունենալ. բախտաւորներ անշուշտ կան, իսկ մնացեալներուն կը մնայ փորձել ստորեւ տրուած հնարքները` բարելաւելու համար իրենց գունաթափած, յոգնած մորթին որակը:

Սոտա

Մէկ թէյի դգալ սոտան թրջել քանի մը կաթիլ ջուրով, որպէսզի խիւսի վերածուի: Ստացուածը քսել դէմքին, թեթեւ մարձումէ ետք գաղջ ջուրով մաքրել:

Կիտրոնի Հիւթ

Կիտրոնի հիւթին ապուրի դգալ մը թանձր մածուն աւելցնել, խառնել միատարր նիւթ մը ստանալու համար: Դէմքը ծեփել այդ թանձրուկով սպասել 10-15 վայրկեան, ապա լուալ գաղջ ջուրով:

Սխտոր

Սխտորը մեծ քանակութեամբ եթերաիւղեր կը պարունակէ, որոնք կը սպիտակացնեն եւ մորթը եւ կը չէզոքացնեն մութ գոյնի արատները: Պարզապէս պէտք է սխտորը կիսել եւ անով դէմքը շփել օրական քանի մը անգամ…

Զինկ Եւ Սելենիոմ

Կը կարծուի, որ դէմքին վրայի մութ գոյնի արատներուն պատճառը զինկի եւ սելենիոմի պակասի, անբաւարարութեան հետեւանք է: Հետեւաբար պէտք է ուտելիքներուն մէջ ներառել այս նիւթերով հարուստ ուտելիքներ` ընկոյզ, կաթ, ոսպ, ձուկ, քրքում, ծովամթերք, լեարդ, շուշմայ եւ այլն…

Այս չորս միջոցները կ՛օգնեն սպիտակեցնել մաշկը, գունաթափել մութ գոյնի արատները եւ թարմացնել մորթը:

Սննդագիտական-Առողջապահական

Ապուր Ուտելու
Եօթը Համոզիչ Պատճառներ

-1-

Ապուրը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ: Բանջարեղէնով ապուր մը միջին հաշուով 25 ջերմուժ կը պարունակէ իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ: Այսպէս, բանջարեղէններուն տեսակը փոխելով եւ այլազանելով` կարելի է համեղ, կշտացնող եւ միեւնոյն ատեն չգիրցնող ապուրներ պատրաստել եւ ուտել:

-2-

Ապուրը հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Արդարեւ, բանջարեղէններուն այլազանութիւնը ապուրը կը դարձնեն առողջապահական եւ շատ սննդարար ուտելիք մը:

-3-

Ապուրը մեր մարմինը կը պաշտպանէ ջրազրկումէ: Անիկա յատկապէս յանձնարարելի է տարեցներուն, որոնք քիչ անգամ ծարաւ կը զգան եւ անոնց մարմինը ենթակայ է ջրազրկումի:

-4-

Ապուրը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ քաղցկեղի հաւանականութիւնը` դարձեալ իր պարունակած կենսանիւթերուն, բնաթելերուն եւ հակաօքսիտայիններուն պատճառաւ:

-5-

Ապուրը մարսողական է: Բնաթելերով հարուստ ապուրը կը դիւրացնէ մարսողութիւնը. անիկա յանձնարարելի է նաեւ որպէս ընթրիք, քանի որ ծանր եւ իւղոտ կերակուրներուն նման` քունը չի խանգարեր:

-6-

Ապուրը կը կշտացնէ: Դարձեալ շնորհիւ բնաթելերուն` ապուրը յագեցնող է. հետեւաբար յանձնարարելի բոլոր անոնց, որոնք սննդականոնի կը հետեւին:

-7-

Ապուրը ուտեստ մըն է, որմէ կարելի չէ ձանձրանալ: Այո՛, անոր բաղադրիչները փոխելով, այլազանելով` կարելի է առանց չափազանցութեան հարիւրի հասնող ապուրի տեսակներ պատրաստել:

Պէ՞տք Է Լուալ Նոր Գնուած Հագուստը

Նոր գնուած հագուստը նախքան հագնիլը արդեօք պէ՞տք է զայն լուալ:

Մասնագէտներու կարծիքով, հագուստ մը պէտք է անպայման լուալ նախքան կրելը, յատկապէս` առանձնացնելով այն հագուստը, որ ուղղակի մարմնին կը դպչի:

Նոյնիսկ եթէ հագուստը չէ փորձուած նախքան գնելը, միեւնոյնն է, անհրաժեշտ է զայն անպայման լուալ, քանի որ գրեթէ բոլոր մանուածքները կամ ներկուած հիւսուածքները քիմիական նիւթեր կը պարունակեն: Իսկ այդ նիւթերը կրնան մորթի գերզգայնութիւններ պատճառել:

Նիւ Եորքի Քոլիւմպիա համալսարանի բժշկական կեդրոնի մաշկաբան Տոնալտ Պելսթընը «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած է, որ հագուստ մը տարբեր մարդոց կողմէ փորձուելով` կրնայ վարակիչ հիւանդութիւններ փոխանցել: Հետեւաբար պարտադիր է, որ բոլոր տեսակի հագուստները, բայց մանաւանդ ներքնազգեստները լուացուին նախքան կրելը:

Հինը Նորի Վերածել

Լուսաւոր Գաղափարներ

Այսուհետեւ որեւէ իր թափելէ առաջ մտածեցէք, որ անոր երկրորդ կեանք մը կրնաք տալ:
Ահաւասիկ լուսաւոր գաղափարներ` հինը նորի վերածելու:

Հին թէյաման մը կրնաք վերածել ծաղկամանի:

Հին կախիչ մը կրնաք ներկել, վրան քանի մը լաթակալ հաստատել եւ գործածել որպէս սրբիչներու կախիչ:

Ակնոցի աման մը ճամբորդութեան ժամանակ տեղ չգրաւող ապահով տուփ մըն է եղունգի խնամքի հետ կապուած իրեր տեղաւորելու համար:

Եթէ որոշած էք մարզարան կամ քալելու երթալ եւ պայուսակ չէք ուզեր առնել, մետաղեայ այս փոքրիկ իրը թէ՛ դրամապանակի եւ թէ՛ բանալեկալի դեր կը կատարէ:

Թուղթէ թաշկինակին խաւաքարտէ տուփը թափելէ առաջ մտածեցէք, որ անոր մէջ կրնաք շատ կոկիկ ձեւով տեղաւորել շուկայի ձեր գնումներու կերպընկալ տոպրակները:

Կ՛արժէ Մտածել…

Իմաստուն Մը Ըսած Է…

3 բան երբեք չեն վերադառնար`
ժամանակը, խօսքը, հնարաւորութիւնը:

3 բան պէտք չէ կորսնցնել`
հանգստութիւնը, յոյսը, պատիւը:

3 բան կեանքի մէջ շատ թանկ են`
սէրը, յարգանքը, ընկերութիւնը:

3 բան կեանքի մէջ անկայուն են`
իշխանութիւնը, յաջողութիւնը, կարողութիւնը:

3 բան կեանքի մէջ կը բնորոշեն մարդը`
աշխատանքը, ազնուութիւնը, ձեռքբերումները:

3 բան կը կործանեն մարդը`
գինին, գոռոզութիւնը, չարութիւնը:

3 բան ամենադժուարն է ըսել`
քեզ կը սիրեմ, ներէ, օգնէ ինծի:

Խոհագիր

Պրասով Եւ Գետնախնձորով
Ապուր

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

50 սլ ջուր
20 սլ կաթ
200 կրամ գետնախնձոր
150 կրամ պրաս
100 կրամ սոխ
20 կրամ կարագ
Մշկընկոյզ
Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Պրասը եւ սոխը կեղուել եւ շատ մանր մանրել:

Կաթսային մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել մանրուած սոխն ու պրասը եւ թեթեւ կրակի վրայ 10 վայրկեան եփել:

Կեղուել եւ բարակ շերտել գետնախնձորը, աւելցնել սոխին եւ պրասին վրայ, աղել, համեմել:

Վերջապէս, աւելցնել կաթն ու ջուրը, բոլորը միատեղ խառնել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ 30 վայրկեան:

Խառնուրդը հարիչէ անցընել եւ հրամցնել տաք վիճակով, նախընտրաբար` խորոված հացի շերտերով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Մեր Սէրը

Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու մե՛րը եղար ու մերը չեղա՜ր,
Դրա համար էլ մենք քեզ սիրեցինք սիրահարի` պէս…
Դու մե՛րը եղար,
Ինչպէս որ մերն է մեր երակներում հոսող արիւնը,
Եւ մերը չեղար,
Ինչպէս մերը չէ Վարագայ սարի արեւածագը,
Սասնայ անտառին իջնող մանանան,
Մշոյ դաշտերը շոյող սօսափը …
Դու մօտի՛կ եղար`
Սրտիդ տրոփը մեր կոշտ ձեռքերին հաղորդելո՜ւ չափ,
Եւ հեռու եղար`
Սահմանից այն կողմ
Անիի կարմիր աւերակներից մեզ երեւացող
Մայր տաճարի՜ պէս:
Դու տաք հո՜ղ եղար`
Մեր պիրկ խոփերի տենչանքին հլու,
Մեր գգուանքներից ծլարձակող հո՜ղ,
Եւ միրաժ եղար
Կապոյտ, անշօշափ ու անբռնելի,
Մենք` անվերջ հասնո՛ղ,
Իսկ դու` հեռացո՛ղ, անվերջ հեռացո՜ղ…
Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու այդպէ՛ս եղար,
Եւ դրա համար մենք քեզ սիրեցինք
Ո՛չ հարազատի հանդարտիկ սիրով,
Այլ` սիրածի՛ պէս, սիրահարի՜ պէս.
Ցաւո՛տ, ցաւախա՜ռն
Երազով, լոյսով, երգող տխրութեամբ,
Մերթ խռովելով,
Մերթ հաշտուելով,
Քո գրկո՛ւմ անգամ` քեզ կարօտելո՛վ,
Քեզ կորցնելու ահից` տագնապա՛ծ,
Քեզ ունենալու խինդից` երջանի՜կ,
Եւ բախտիդ համար անվերջ, ամէն պահ մեռնել-ապրելո՜վ…
Հայաստա՜ն աշխարհ…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles